Խմբագրական
Վարդանի Ոգին
Հայոց պատմութիւնը երկար ու անընդհատ շարք մըն է լոյսի ու մութի, շքեղ յաղթանակներու եւ ծանր պարտութիւններու, դիւցազնական խոյանքներու եւ կոտորածներու, ամբողջովին կաղապարուած` մեր ժողովուրդի հոգեկան կաղապարին մէջ, չափուած ու ձեւուած անոր նկարագրային իւրայատուկ գիծերով, որոնք իմաստ ու սահմանում կու տան դարերու ընթացքին պատահած դէպքերուն:
Տասնեւհինգ դար առաջ, Աւարայրի դաշտին վրայ, Տղմուտ գետի ափերուն մղուած գոյամարտը հայ ժողովուրդի նկարագրին եւ անոր հոգեկան բարդ կառոյցին լաւագոյն արտայայտութիւնն է թէ՛ այն պայմաններով, որոնց մէջ տեղի ունեցաւ եւ թէ՛ այն անդրադարձներով, որ այդ պատմական դէպքը գտաւ անմիջական եւ հեռաւոր ապագային:
Վարդանանց դիւցազնամարտի պատմական արժէքը, հակառակ իր անկշռելի ծանրութեան եւ կարեւորութեան, կը նսեմանայ այն ոգիին առջեւ, որ այդ ծանր օրերուն ցուցաբերեց հայ ժողովուրդը` իբրեւ վկայութիւնը իր անընկճելի կամքին եւ իբրեւ ինքնուրոյն ազգ գոյատեւելու իր անդառնալի վճիռին:
Նման պարագաներու, ինչպէս` հետագային բազմաթիւ առիթներով, հայ ժողովուրդի բնազդական հակազդեցութիւնը կարելի չէ սահմանել սովորական չափանիշներով: Հայ ժողովուրդը կը հանդուրժէ մարմնական ամէն հալածանք եւ նիւթական ամէն տեսակի զրկանք, բայց անգամ մը, որ նետերը կ՛ուղղուին իր հոգեկան բերդերուն դէմ, կը ծառանայ եւ կ՛ըմբոստանայ` առանց նկատի ունենալու թիւ եւ ուժ, կենաց մահու պայքարին մէջ նետելով իր ամբողջական զօրութիւնը, որ հոգեկան ըլլալով` անպարտելի է:
Տարբեր բացատրութիւն կարելի չէ տալ Վարդանի խիզախութեան, ինչպէս կարելի չեղաւ տարբեր բացատրութիւն տալ ատկէ դարեր ետք մղուած այլ ճակատամարտի մը, որ ազատութեան եւ անկախութեան արեւը պիտի շողացնէր մեր հայրենիքին վրայ, մայիսեան փառաւոր յաղթանակով:
451 թուականին պարսից բանակը, երբ իր փիղերով, այդ օրերու հրասայլերով, կ՛արշաւէր Հայաստան, հայ ժողովուրդի ֆիզիքական բնաջնջումէն եւ անոր հայրենիքի գրաւումէն աւելի, իր զէնքերը ուղղած էր մեր հոգեկան անկախութեան դէմ, մեր մշակոյթին ու հաւատքին դէմ, որոնցմէ ուժ կը ստանայ հայ ժողովուրդը` իբրեւ ինքնուրոյն ազգ իր գոյութիւնը պահպանելու համար թշնամի հզօր տէրութեան մը ախորժակներուն դէմ:
Վարդան եւ այդ օրերու պատասխանատուները հայ ժողովուրդի ճակատագրին` գիտէին, թէ հոգեկան ենթակայութիւնը Տիզբոնի, կը նշանակէ պատմութեան բեմէն անհետացումը ժողովուրդի մը, որ գոյատեւման իր ազդակները կը գտնէր հոգեկան անկախութեան մէջ: Վարդանանց հերոսները գիտակցաբար դէպի մահ կ՛երթային պահելու համար այդ անկախութիւնը ու կ՛իյնային ճակատամարտի դաշտին վրայ, այն խոր հաւատքով, թէ յետնորդ սերունդները ոչ միայն պիտի գնահատեն իրենց խիզախութիւնը, այլ նաեւ նմանօրինակ պարագաներու, գալիք բոլոր հերոսամարտերու ընթացքին իրենց նահատակութիւնը օրինակ պիտի ծառայէ եւ ներշնչման աղբիւր պիտի դառնայ:
Այսօր ալ Վարդանի ոգին կը մրրկէ հայ ժողովուրդը: Այդ ոգիին հաւատարիմ կը մնայ հայութիւնը իր ազգային պայքարի բոլոր փուլերուն մէջ` այն խոր հաւատքով, թէ իր հոգեկան անբաւ հարստութեան պահպանման նախանձախնդիր ժողովուրդ մը չի՛ մեռնիր ու անպայման կը հասնի իր մեծ երազին:
Այդ մեծ երազի ճամբուն վրայ հայ ժողովուրդը անպարտելի է, որովհետեւ Վարդանի ոգին անմար կը մնայ իր մէջ, որովհետեւ այսօր մեր հոգեկան անկախութեան հանդէպ նոյնքան բծախնդիր ենք, որքան Աւարայրի հերոսները, որոնց դրօշը մերն է այսօր, մերը պիտի ըլլայ դարեր շարունակ` փոխանցուելով սերունդէ սերունդ, ի՛նչ պայմաններ ալ ստեղծուին:
Այդ դրօշին հաւատարիմ հայութիւնը այսօր կը վերանորոգէ իր ուխտը` հոգեկան այն զօրութեամբ որ մեզի կու տան մեր պատմութեան հսկաները:
Գ. Չաթալպաշեանի Ազնուական Նուիրատուութիւնը
Նոր Վեհարանը Պիտի Կառուցուի
Նախկին Վեհարանին Տեղը
Մեր երէկուան թիւով հաղորդած էինք, որ Գէորգ Չաթալպաշեան, ընդառաջելով Խորէն Ա. կաթողիկոսի խնդրանքին, յանձն առած է կաթողիկոսարանի համար նոր եւ փառաւոր վեհարանի մը շինութեան բարերարութիւնը:
Երանաշնորհ Զարեհ Ա. կաթողիկոսի եւ վեհափառ հօր տարիներու երազը` հին վեհարանը փոխարինելու արդիական շքեղ վեհարանով մը, շուտով պիտի դառնայ իրականութիւն:
Երկյարկանի նոր վեհարանը մեծածախս շինութիւն մը պիտի ըլլայ եւ պիտի արժէ շուրջ 300,000 լ. ոսկի, թերեւս` քիչ մը աւելի կամ քիչ մը պակաս:
Պիտի կառուցուի նախկին վեհարանին տեղը, քիչ մը ետ քաշուելով դէպի ծովեզերք, որպէսզի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին եւ վեհարանին միջեւ գտնուած բակը շուրջ 30 մեթր ընդարձակուի:
Շուտով պիտի հրաւիրուին անուանի քանի մը ճարտարապետներ, որպէսզի տեղւոյն վրայ անհրաժեշտ ուսումնասիրութիւնները կատարեն:
Վեհափառ հայրապետը, ազգին եւ Կիլիկիոյ Ս. Աթոռին բարերարը պիտի նկատէ Գէորգ Չաթալպաշեանը եւ իր յարմար ժամանակին, հայրապետական պաշտօնական կոնդակով պիտի հռչակէ ազգային բարերար` պարգեւատրելով նաեւ նոր հաստատուած Կիլիկեան Ս. Աթոռի «Մեծ խաչ» շքանշանով:
Գէորգ Չաթալպաշեան պիտի ըլլայ երկրորդ անձը` այս մեծ շքանշանը ստացող: Առաջինը ստացած էր Եթովպիոյ Հայլէ Սելասիէ կայսրը:
Ապրիլեան Յիսնամեակի Տօնակատարութեանց
Կեդրոնական Յանձնախումբին Գործունէութիւնը
Ազգային ընդհանուր ժողովը, որ գումարուած էր 12 փետրուարին, Անթիլիասի վեհարանին մէջ եւ որոշած` համազգային փառաշուք հանդիսութիւններով տօնակատարել ապրիլեան Մեծ եղեռնին յիսնամեակը, ընտրած էր Կեդրոնական յանձնախումբ մը` կազմակերպելու համար տօնակատարութիւնները եւ պատրաստելու հանդիսութեանց յայտագիրը:
Կեդրոնական յանձնախումբը իր առաջին նիստը ունեցաւ երկուշաբթի, 15 փետրուարի երեկոյեան, հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ, նախագահութեամբ երեք հոգեւոր պետերուն` Խորէն Ա. կաթողիկոսի, Իգնատիոս-Պետրոս ԺԶ. Պաթանեան պատրիարքի եւ վերապատուելի Ահարոնեանի:
Յանձնախումբը բազմատեսակ կարգադրութիւններու մասին խորհրդակցելէ ետք, վերջնական որոշումներ տալէ առաջ յարմար նկատած է նախ տեսակցութիւն մը ունենալ երկրի պետին` հանրապետութեան նախագահ Շարլ Հըլուի հետ:
Նախապէս առնուած ժամադրութեամբ, երկուշաբթի, 22 փետրուարին, երեք հոգեւոր պետերը` Խորէն Ա. կաթողիկոս, հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի ընդհանուր փոխանորդ Մերսոպ եպս. Թերզեան, որ կը փոխարինէր պատրիարքը (Հռոմ մեկնած) եւ վեր. Նիւյիւճիւքեան, որ կը փոխարինէր վեր. Ահարոնեանը (Երուսաղէմ մեկնած) եւ պետական հայ երեսփոխաններ` Մովսէս Տէր Գալուստեան, մեթր Խաչիկ Պապիկեան, մեթր ժոզեֆ Չատր, Սուրէն Խանամիրեան եւ Անտրէ Թապուրեան, Սարպայի նախագահական ապարանքը գացին եւ տեղեակ պահեցին նախագահ Շարլ Հելուն, ապրիլ 24-ին եկեղեցական եւ ապրիլ 25-ին հանդիսական տօնակատարութիւններով` ապրիլեան Մեծ եղեռնի յիսնամեակը ոգեկոչելու Ազգային Ընդհանուր ժողովի կողմէ ընտրուած Կեդրոնական յանձնախումբին առնելիք որոշումներուն մասին:
Նախագահը համակրանքով արտայայտուած է որոշումներու մասին եւ խոստացած` անհրաժեշտ կարգադրութիւններով իր բարոյական աջակցութիւնը բերել հայ ժողովուրդի ազգային սուգին:
Ազգային ներկայացուցիչները նախագահական ապարանք իրենց մուտքին ու ելքին արժանացած են զինուորական պատիւներու:
Կեդրոնական յանձնախումբը իր երկրորդ նիստը պիտի գումարէ ուրբաթ, 26 փետրուարի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ գրասենեակին մէջ, Ս. Նշանի դիմաց, նախագահութեամբ երեք հոգեւոր պետերուն: