Զարեհ Ա. Կաթողիկոսի
Երկրորդ Տարելիցը
Երէկ` կիրակի 21 փետրուար 1965, կաթողիկոսարանին մէջ տեղի ունեցաւ երջանկայիշատակ Զարեհ Ա. կաթողիկոսին երկրորդ տարելիցը:
Երանաշնորհ Հայրապետին յիշատակը յարգող հոծ բազմութիւն մը դարձեալ լեցուցած էր Մայր Տաճարն ու շրջափակը: Կարգապահութեան կը հսկէին ՀՄԸՄ-ի սկաուտները:
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ հանդիսաւոր արարողութեամբ տեղի ունեցաւ Ս. պատարագ: Պատարագիչն էր լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոս:
Արարողութեանց կը նախագահէր Խորէն Ա. կաթողիկոս:
Յաւարտ Ս. պատարագի, վեհափառ հայրապետն ու պատարագիչ սրբազանը թափօրով առաջնորդուեցան լուսահոգի Զարեհ Ա. կաթողիկոսի հողակոյտին մօտ:
Հոգեհանգստեան հանդիսաւոր ու սրտայոյզ արարողութենէն ետք, պատարագիչ սրբազանը հոգեշունչ քարոզ մը խօսեցաւ ներկայացնելով երջանկայիշատակ հայրապետին անբասիր ու օրինակելի կեանքը:
Օրհնութեան աղօթքը ըրաւ Խորէն Ա. կաթողիկոս: Անգամ մը եւս կրկնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբանութեան ուխտը. հաւատարմօրէն հետեւիլ երանաշնորհ հայրապետի ուղիին եւ բարձր պահել Կիլիկիոյ դարաւոր Աթոռին անկախութեան դրօշակը:
Օրհնեց Հայց. եկեղեցւոյ նուիրապետական Ս. Աթոռները եւ իր օրհնութիւնը վերջացուց` «Խաղաղութիւն մեր հանգուցեալ հայրապետի հոգւոյն եւ օրհնութիւն իր յիշատակին» աղօթքով:
«Հայր Մեր»-էն ետք խմբերգուեցաւ «Երբ որ բացուին դռներն յուսոյ…» երգը, եւ վեհափառ հայրապետը թափօրով առաջնորդուեցաւ Վեհարան, ուր տեղի ունեցաւ աջահամբոյր: