Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (18 Oգոստոս 1965)

Օգոստոս 18, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նոթեր Ու Նետեր

Յիշատակ Մը
Ալճերիական Կռիւներուն Օրերէն

Ալճերիական երկարամեայ կռիւները ստեղծած էին մղձաւանջ մը նաեւ մայր երկրին մէջ: Մանաւանդ այն ընտանիքներուն համար, որոնք զինուոր զաւակ ունէին` մեկնած Ալճերիա:

Այդ օրերուն պատահեցան նաեւ դէպքեր, որոնք պահ մը ժպիտ կը ծաղկեցնէին մռայլ դէմքերու վրայ, թէեւ այդ ժպիտն ալ ըլլար դառն:

Ահաւասիկ այդ կարգի իրական ու անտիպ մանրավէպ մը.

Ծանօթներէս մէկը` հայր երեք մանչերու, յարատեւ տագնապի մէջ էր, որովհետեւ իր զաւակներէն մէկը կը գտնուէր Ալճերիա, ուր կը կատարէր իր զինուորական ծառայութիւնը, այդ վտանգաւոր օրերուն:

Այդ բարեկամս ամէն անգամ որ դիմացս ելլէր,  ճամբու վրայ, բնականաբար, լուր կ՛ուզէի իր զինուոր զաւակէն:

Պէտք եղած տեղեկութիւնները հաղորդելէ ետք, կ՛աւելցնէր.

– Եղբայր, թո՛ղ տան սա Ալճերիան ալճերիացիներուն ու ամէն խնդիր վերջանայ: Մեր զաւակներն ալ ազատին մահուան վտանգէ: Ինչո՞ւ չեն տար ալճերիացիներուն անկախութիւն, երբ մարդակեր վայրենիներուն անգամ տուին: Մեղք չե՞ն մեր զաւակները, մեղք չե՞ն ծախսուող միլիառները: Պէտք է տան ու վերջացնեն խնդիրը: Բան մը, որ պիտի ըլլայ արդէն, ուզեն չուզեն պիտի տան. անխուսափելի է, ճար չկայ: Աւելի լաւ չէ՞ որ կանուխ տան, որպէսզի զոհը եւ ծախսը քիչ ըլլան: Ա՛լ կը բաւէ:  Շատ երկարեցաւ աս խնդիրը: Նախագահին հասակին նմանեցաւ: Կը բաւէ…: Երկու տարի է, որ բոլոր տնեցիներով ու ազգականներով ամէն օր հաւկիթ կ՛ածենք, հակառակ անոր որ կը տեղեկանանք, թէ ողջ եւ առողջ է. որովհետեւ կը մտածենք ու կ՛ըսենք.- Գուցէ նամակը գրելէն ետք սպաննուած է կամ ինկած է գերի: Կռիւը անխիղճ է, անխնայ…

Նոյն խօսքերը յանկերգի մը պէս կը կրկնէր իւրաքանչիւր հանդիպումի:

Այս ծանօթիս զաւակը, երկար ատեն Ալճերիա մնալէ ու մասնակցելէ ետք բազմաթիւ կռիւներու, վերջապէս վերադարձաւ ողջ եւ առողջ:

Առաջին հանդիպումիս յայտնեցի սրտագին խնդութիւնս:

Սկսանք քալել միասին:

Մարդը փոխած էր իր յանկերգը ու կ՛ըսէր.

– Եղբայր, կա՛մ կառավարութիւնն է, որ թոյլ կը վարուի, կա՛մ բանակը: Պէտք է մեծ, բուռն, վճռական յարձակողականով մը ջախջախեն ըմբոստութիւնը: Ալճերիան մնալու է ֆրանսական: Արդէն ապրուստը սղած է ահաւոր կերպով: Եթէ Ալճերիան ձեռքէ ելլէ, ա՛լ ապրուստը անկարելի պիտի ըլլայ: Մեծ յարձակողական մը անհրաժեշտ է: Պէտք է երթալ մինչեւ ծայրը…

– Բայց մէկ ծայրը ծով է, միւս ծայրն ալ` անապատ. անել է…

– Ի՛նչ կ՛ուզէ ըլլայ: Ապրուստի խնդիր է աս: Միակ ու մեծ ճակատամարտով մը ճզմելու է ըմբոստութիւնը: Ալճերիոյ արտադրութիւնները անհրաժեշտ են մեզի…

– Բայց երբ վայրենիներուն անգամ անկախութիւն տրուեցաւ, ինչո՞ւ չտան նաեւ ալճերիացիներուն…

– Ալճերիան գաղութ չէ, նահանգ մըն է անբաժանելի: Մտածէ՛ մեր ապրուստին մասին…: Ալճերիա պէտք է մնայ ֆրանսական: Ալճերիացիներուն համար ալ շահաւոր կ՛ըլլայ միացած մնալը Ֆրանսայի: Մեծ յարձակողական մը ու ֆինիշ…

Այնուհետեւ, ամէն անգամ որ պատահեցայ իրեն, կ՛երգէր իր նոր յանկերգը, եւ ճոխացեալ.

– Մեծ, շա՜տ մեծ յարձակում մը կատարելու եւ ամէն բան վերջացնելու է: Պէտք է մտածուի, որ Ֆրանսա բնակողերուն ապրուստը խնդրոյ առարկայ է: Ա՜հ, ա՜հ, եթէ սպայակոյտի պետը ըլլայի…

Որոշեցի յառաջիկայ հանդիպումին զինք խաղի բերել:

Քանի մը օր յետոյ` տեսնելով զինք բացօթեայ շուկային մէջ, քովս կանչեցի ու տանելով զինք դրան մը մէջ, խորհրդաւոր լրջութեամբ ըսի.

– Գիտե՞ս, փափաքդ պիտի իրագործուի…

– Ո՞ր փափաքս…

– Մեծ փափաքդ. սա մեծ յարձակողականը, վերջնականը, վճռականը…

– Վերջապէ`ս, վեհափա՜ռ, որոշում: Բայց կեցի՛ր, կեցի՛ր…

– Կեցած եմ. եւ կեցած եմ կազմ ու պատրաստ:

– Յարձակմա՞ն մասնակցելու…

– Ո՛չ, եղբայր, ըսելիքդ լսելու համար:

– Հա՜, այո՛, սակայն ձայնասփիւռէն ու թերթերէն ատ զգայացունց որոշումը չհաղորդեցին:

– Առայժմ գաղտնիք է:

– Իսկ դուն ուրկէ՞ տեղեկացար:

– Բարձրաստիճան զինուորականէ մը:

– Կը տեսնես, իրաւունք չունէի՞ ըսելու, որ միակ միջոցը ատ է: Տեսա՞ր շուկային գիները. կրակ. դեռ ասիկա ոչինչ. եթէ Ալճերիան ձեռքէ երթայ, գիները պիտի ըլլան գեհե՛ն, դժո՛խք: Այո՛, մե՛ծ ու վճռական եւ ջախջախիչ յարձակողական մը. ուրիշ ճար չկայ…: Հիանալի որոշում:

– Բայց բարձրաստիճան զինուորականը յայտնեց ուրիշ որոշում մըն ալ, որ վստահաբար պիտի գտնես անհաճոյ…

– Ի՞նչ, ըսէ՛, ի՞նչ…

– Կեցիր որ ըսեմ…

– Կեցած եմ կորովի: Ըսէ՛…

– Այդ մեծ, վճռական, ջախջախիչ յարձակողականը կարենալ կատարելու համար, որոշուած է բոլոր ազատ արձակուած զինուորները կրկին զէնքի տակ առնել: Անհրաժեշտ պահանջ կայ կռիւներու մէջ եփած, փորձառու դարձած զինուորներու…

Ռազմապաշտին դէմքը թթուեցաւ, թունաւորուեցաւ եւ պատասխանեց փութանակի.

– Ատ որոշումը տուողները ապուր են կերեր… Ատիկա խայտառակութիւն է… Տղաս նորէ՞ն զինուոր պիտի երթայ… Այս անգամ յեղափոխութիւն կը պայթի… Պարագլուխներէն մէկը ե՛ս կ՛ըլլամ…: Թո՛ղ զգուշանան: Թո՛ղ հրաժարին ատանկ յարձակողականէ: Մեզի պէտք եղածը յարձակողական չէ, հաշտութիւն է, թո՛ղ տան Ալճերիան ալճերիացիներուն ու պրծա՜ւ…

Բաժակը յորդած էր եւ ըսի.

– Ծօ՛, խայտառակ գետնառիւծ, տղադ զինուոր եղած ատեն դէմ էիր կռիւներուն: Տղադ երբ ազատ արձակուեցաւ, առանց մտածելու բազմաթիւ ուրիշ ընտանիքներու զաւակներուն մասին, դարձար թունդ զինապաշտ: Հիմա, երբ այս լուրը տուի, վերածուեցար կրկին խաղաղասէրի: Դուն սկզբունք, ուղղութիւն ունի՞ս…

– Ես սկզբունք ալ ունիմ, ուղղութիւն ալ, միայն թէ ինծի դպելու չեն: Դպա՞ն. բնականաբար, ուղղութենէս դուրս կ՛ելլեմ… Դուն ան ըսէ, թէ ճի՞շդ է ըսածդ…

– Ճիշդ չէ: Քեզ խաղի բերելու, քեզ խայտառակելու համար ըսի, քեզ պատժելու, պահ մը պատժելու համար ըսի…

– Ահ պատիժը բան մը չէ. մեծ պատիժը, նոյնիսկ պատուհասը մեծ յարձակողականն է, եթէ ատանկ տխմարութիւն մը մտածուի եւ մանաւանդ գործադրուի…

– Եւ վերջապէս, ուղղութեանդ ի՛նչ ըլլալը յայտնի եղաւ բացորոշ կերպով…

– Եւ ի՞նչ է ուղղութիւնս…

– Ուղղութիւնդ ծռութիւնն է, շահն է, փոփոխամտութիւնդ է, բայց խոտոր ընթացքիդ մէջ մինակ չես: Բազմութեան մը մէջ ես, եւ բաւական ալ հանրածանօթ առիւծներ կան հետդ: Երթաս բարով ուղեկիցներուդ հետ:

ՆՇԱՆ ՊԵՇԻԿԹԱՇԵԼԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Պապի՛կ, Քու Քաղաքիդ Անունը Ի՞նչ Է…

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?