«Ազատամարտ»-ի Ճանապարհով
«Ազատամարտ»-ը ազատագո՛ռ:
«Ազատամարտ»-ը արիաբա՛նց:
Համիտեան եւ իթթիհատական հալածանքի եւ արհաւիրքի սեւ ու դաժան օրերուն, հուրի ու ջարդի, զուլումի ու սարսափի թոհուբոհին մէջ, հայ յեղափոխութեան կիրքով սաղմուած, հայ ժողովուրդին ալեծուփ ու մխացող ցաւերուն արիւնաթաթաւ երկունքէն ծնաւ ան, 10 յունիս
1909-ի առաւօտը, ամառնաշող արեւուն հետ, ինքն ալ արեւ մը` հրաշափառ ու բոցակէզ:
Փա՜ռք անոր վահագնեան ծնունդին: Մատա՜ղ անոր ազատատենչ առաքելութեան:
Ծնաւ «Ազատամարտ»-ը հայապանծ: Առիւծասիրտ արքան հայ մամուլին, արքայից արքայ Տիգրան Մեծի վահանով զրահուած:
Ծնաւ Պոլիս, Համալ-Պաշիի բարձրադիր շէնքին մէջ, հակառակ մեծազօր ու մենատէր` յարաճուն ու ծաւալուն իթթիհատի խափանարար կեղծիքին ու թշնամանքին, եւ խիզախօրէն փողահարեց Դաշնակցութեան խօսքը, խօ՛սքը անկաշառ ու արի` ի խնդիր հայ ժողովուրդի իրաւունքին, հայօրէն, մարդկօրէն ապրելու կամքին:
Անոր յուսավառ ծնունդը թունդ հանեց Սասունէն Կիլիկիա անթեղուած Եղեռնի մեր բոլոր բացաչք մեռելները, բոլոր բզկտուած զոհերը, որոնք ոտքի միահամուռ որոտացին.
Ողջո՜յն եւ փա՜ռք քեզի:
«Ազատամարտ»-ը վրիժացայտ հրաբուխ էր, հայ լեռնակուտակ ցաւերուն բարձրակատար սարերէն ժայթքող հրաբուխ, որ անդադար կրակ ու բոց կը տեղար բռնապետութեան հայակեր հորդաներուն դէմ:
Անոր արու եւ հուժկու ձայնը ձայնն էր հայ պատմութեան անիմանալի խորերէն, անհասանելի դարաւանդներէն հրեղէն այն վրէժին, որ զուլումի ու տառապանքի քուրային մէջ արոյրուած ու հնչեղ` հայ յեղափոխութեան թեւերով թափանցեց կարմիր Եըլտըզներէն ներս, թափանցե՛ց բռնապետութեան պատերէն ու կարգերէն ներս եւ ցնցեց պաշտօնական թէ անպաշտօն թշնամին:
Անոր կաղամարը հա՛յ սիրտն էր:
Անոր մելանը հայ արիւնն էր:
Հայրենանուէր, աննահա՛նջ պահակը մեր ցեղային սրբութիւններուն ու տոհմային առաքինութեանց, ազգային կեանքի մէջ խափանեց քննողն ու սողացողը, ձաղկեց վատերն ու հտպիտները: Արհամարհեց գաճաճները, միջակութիւններուն վայնասունը, քոսոտ պնակալէզներուն կաղկաձիւնը: Աւլեց ու մաքրեց ազգային մարմիններէ եւ հաստատութիւններէ ներս մտած, սպրդած ամբարտաւան ցեցերն ու տզրուկները ու քալեց, քալեց վեհօրէ՛ն, քալեց բարձրօրէն, քալեց հայօրէ՛ն:
Փա՜ռք անոր արմենական անմահական խոյանքին:
«Ազատամարտ»-ը եղաւ ահազանգը հայ ցաւին ու վէրքին: Եղաւ ցայտաղբիւրը հայ խռովքին ու հրայրքին, հայ ճիգին ու թռիչքին:
Եղաւ ջրվէժը հայ լուսայորդ միտքին:
Անոր խիզախ ու հայաշունչ ձայնը արձագանգեց ամէնուրեք: Հասաւ հայրենի ամէնէն հեռաւոր անկիւնները`
Սփռելով լոյս ու յոյս,
Տալով եռանդ ու խանդ,
Ներշնչելով ոգի ու կորով:
Հասաւ մերթ հայրենաբորբ երգի մը պէս` բամբ բորոտանի բոմբիւններով, Սիփանայ սէգ սարին խաղերովն ու կանչերով:
Հասաւ` մերթ ցասման ու վրէժին մարտահրաւէրով, մերթ սուրբ գործին որոտումներով:
«Ազատամարտ»-ը եղաւ սուրբ ժամադրավայրը արմենական գաղափարի սերմնացան փաղանգին: Հոն էին հայ շքեղագոյն տիտաններէն անկրկնելի վարպետը` Զարգարեան, Զաւարեանն ու Վարանդեանը, Ակնունին ու Վռամեանը, Խաժակն ու Շահրիկեանը, Սիամանթոն ու Վարուժանը, Զոհրապն ու Շանթը, Հրանդն ու Գեղամը, Շահպազն ու Շաւարշը եւ պատկառելի հոյլը ժամանակի պոլսահայ ու գաւառահայ գաղափարապաշտ երիտասարդութեան:
Հայ մարդը, Վոսփորէն մինչեւ Աղթամար, ցայգալոյսէն վերջալոյս անոր կը սպասէր, սրտատրոփ ու անհամբեր, ծարաւի անոր տեսքին ու հայու ջերմ խօսքին: Փնտռուած ու սիրուած թերթն էր ան քաղքենիին ու գեղջուկին, վարժապետին ու վանականին, հայդուկին ու հայուհիին:
Ան կը մտնէր գիւղէն ներս, երդիքէն ներս ու ժողովուրդը ի՛նք մամուլ կը դառնար կրկնելու, տարածելու համար անոր հայասուրբ պատգամը:
Անոր կաղամարը հայ սի՛րտն էր:
Անոր մելանը հա՛յ արիւնն էր:
«Ազատամարտ»-ը եղաւ մահազանգը ապրիլեան սեւագոյն Եղեռնին եւ զարկաւ անդադար, զարկաւ քաջաբար, զարկաւ հերոսաբար ու ի վերջոյ ինկաւ պատնէշին վրայ դիւցազնօրէն, ինկա՛ւ անմահօրէն հայ ժողովուրդին հետ` մնալով լուսեղէն ճանապարհը հայ յաղթապանծ Ազատամարտին: «Ազատամա՜րտ» դո՛ւն անվեհեր ու աննահանջ զինուոր հայ ազատագրական պայքարին, դո՛ւն անլռելի հրետանին հայ գրչին ու խօսքին, դո՛ւն անմահանուն դարբին մեր անշէջ ու անսասան հաւատքին:
Փա՛ռք քեզի:
Փառքով օծուն «Ազատամարտ»-ի շէնքը, իւրայատուկ հաղբատանման բերգավանք, դեռ կը մնայ հպարտ ու կանգուն, վեհօրէն, նոյն տեսքով, նո՛յն ծեփով, նո՛յն տարազով, նո՛յն անպաճոյճ լապտերով ու անփեղկ պատուհաններով, յիսուն անխնամ տարիներու ձմեռնաշունչ փոթորիկներուն մէջէն անաղարտ ու անայլայլ:
Հպարտօրէն կանգուն է նաեւ, իր անցեալի փառքով, մեր երախտապարտ ու յուզումնայորդ հոգիներուն խորը, մեր մշտահոս յարգանքին ու գուրգուրանքին վսեմօրէն առարկայ:
Հայ պերճաբարբառ ու լուսարձակ գրչի հնոց ու կոթող, այսօր անմարդաբնակ, ամայի է ան:
Անցեալ տարի, մայիս 28-ի պայծառ ու հայափայլ առաւօտը, այդ լուռ, անշշուկ ու վեհաշուք շէնքին մէջ խոհերուս հետ միս մինակ, տենդահոս ու խորասոյզ ծունկի եկայ անոր մատուռի վերածուած, ո՜վ անիմանալի սփոփանք, ապարանին փակ դրան առջեւ: Անձնուէր ու անկախ առաջնորդս դուրսը պահակ կեցած, այո, խոհերուս հետ միս մինակ, իբրեւ ուխտաւոր խլեակ, երկիւղահած ու ինքնամատոյց, ծնրադիր պաշտամունքի եկայ, ապարանին փակ դրան առջեւ` ապրելով պահ մը ցեղիս աստուածադող արհաւիրքը:
Հոն կայ անվերջ ու անխափան պատարագ հայ բազմաչարչար խաչելութեան:
«Ազատամարտ», հայկազեան ցեղապաշտ կրօնին դուն մեսրոպաշունչ հին ու նոր կտակարան ոգեղէն, դուն հայասո՛ւրբ տաճարը մեր լուսահեղեղ հաւատքին:
Յաւերժակա՛ն փառք քեզի:
ԳԵՂԱՐԴ ՇԱՐԱՅԵԱՆ