«Յառաջ»
(Հպանցիկ Նոթեր` Իր Քառասնամեակին Առթիւ) (*)
«Յառաջ» բացառութիւն մը չեղաւ, անշուշտ, այն տեսակէտէն, թէ լոյս կը տեսնէր գրեթէ նորակազմ գաղութի մը մէջ:
Բայց, «գաղութահայ թերթ» եւ «գաղութի մը թերթը», այս որակումները, որոնցմէ մէկը քիչ մը աշխարհագրական բնորոշում է` արդիւնք մեր այժմու գոյավիճակին, իսկ միւսը` տուեալ թերթին միայն տուեալ գաղութին շրջագիծէն ներս դերի մը չափանիշն է, հաւասարապէս անբաւարար են բնորոշելու համար «Յառաջ»-ը:
Տարակոյս չկայ, թէ վայրը եւս իր դերը ունեցաւ: Մանաւանդ` մինչեւ Բ. Աշխարհամարտ, երբ Փարիզ իր մէջ կեդրոնացուցած էր ընդհանրապէս արտահայաստանի մտաւորականութեան կորիզը եւ մասնաւորապէս ՀՅ դաշնակցութեան մտաւորական ընտրանին:
Այս իրողութիւնը սակայն, որ նպաստ մը բերած է «Յառաջ»-ի, վկայութի՛ւն մըն է` կարենալ նման ընտրանի մը իրեն հետ նոյնացնելու, զայն յենարան դարձնելու եւ դրօշ մը բարձր պահելու տեսակէտէն:
Նաեւ այդ էր պատճառը, անշուշտ, որ «Յառաջ» կրցաւ դուրս գալ գաղութի մը անձուկ սահմաններէն եւ իր «Խօսք»-ը ո՛չ միայն լսելի, այլեւ սպասելի ու փնտռելի դարձնել մեր բոլոր գաղութներուն մէջ:
Ինքզինք փնտռել տալու այս առաւելութեան մէջ խոշոր դեր ունեցաւ, անտարակոյս, խմբագրապետին` Շաւարշ Միսաքեանի տաղանդը: Որովհետեւ իր այդ տաղանդին շնորհիւ էր, որ ան կրցաւ թերթին ամէն մէկ բաժինը անզիջող բծախնդրութեամբ մը ձեւաւորել ու դասաւորել, թերթին գաղափարական գիծը տեւապէս շեշտուած ու նաեւ գրաւիչ դարձնել եւ, էապէս միշտ հարազատ մնալով հանդերձ իր պատկանած կուսակցութեան, ձեւի ու բովանդակութեան ուրոյն ու նոյնիսկ գեղագիտական արժէք մը ընծայել անոր:
«Յառաջ»-ի ուշագրաւ գիծերէն մէկը եղաւ նաեւ այն ջերմեռանդ, զեղո՜ւն, ներշնչող ու վարակիչ շունչը, որ մասնաւորապէս խմբագրական սիւնակին յատկանիշը մնաց:
«Յառաջ» յատկանշուեցաւ նաեւ այն խոր գուրգուրանքով, զոր ան ցոյց տուաւ, միշտ իբրեւ արդիւնք իր խմբագրապետին ներաշխարհին, ամէն մէկ արժէքի, ամէն մէկ ցաւի, ամէն մէկ բեկորի նկատմամբ, որ «հայ» կամ «հայկական» ըլլալու առաւելութիւնը ունէր:
Այդ գուրգուրանքը իրեն հետ ունեցաւ նոյնքան խոր հաւատք մը` մեր ժողովուրդի ամէնէն յուսահատ ու անկայուն օրերուն մանաւանդ:
Հաւա՛տք մը, որ, քարոզչական ըլլալէ բոլորովին զերծ եւ հեռու, հակազդող ու ողողող ալիքի մը պէս իր էջերուն հետ տարածեց` վարակելով զինք թերահաւատութեամբ կամ սկեպտիկ ժպիտով մը կարդացողներն իսկ:
Հանրային գործիչի մը, բայց մանաւանդ խմբագրի մը համար, որ առօրեային պարտադրած ակնկալութիւններէն վեր` միայն գաղափարական հանգանակէ մը կ՛առաջնորդուի եւ կը ձգտի անո՛վ առաջնորդել զանգուածները, մեծագոյն արժանիք մը պէտք է համարել, կը խորհիմ, մասնաւորապէս արտահայաստանի եւ այն ալ 20-30 թուականներու յուսաբեկիչ պայմաններուն մէջ բազմութիւնները տեւապէս հոգեշարժի ենթարկել հաւատաւոր շունչով մը, եւ յամառ ու աննկուն կերպով ջանալ ու յաջողիլ յոռետեսութեան թանձր մթնոլորտը փարատել` յոյսի ու լոյսի ճառագայթներ ցոլացնելով անոնց տեսողութեան առջեւ:
Իրեն գաղափարակից թերթերուն պէս, «Յառաջ»-ի հաւատքը ունեցաւ նաեւ այն առաւելութիւնն ու արժանիքը, որ ամենաթերահաւատին մէջ իսկ հաւատք ստեղծեց իր հաւատքի մասին:
«Յառաջ» եթէ հաւատացեալներէն եղաւ մեր ժողովուրդին, իր արդար վարձատրութիւնը եղաւ այն, որ հանրութիւնը փոխադարձաբար հաւատաց իրեն: Անոր հայրենասիրական ոգիին եւ անշահախնդիր նուիրումին:
Խիստ եղաւ «Յառաջ»: Խիստ` իր գաղափարական ընդդիմադիրներուն նկատմամբ: Խիստ` նաեւ իր աշխատակիցներուն հանդէպ:
Առաջինը ոչ միայն արգելք չեղաւ իր տարածման եւ զինք փնտռելի դարձնելու` իր ընդդիմադիրներուն համար եւս, այլեւ բարձրացուց իր բարոյական վարկը, որովհետեւ իր այդ խստութեան մէջ ան գիտցաւ ու կրցաւ ըլլալ զերծ հատուածային նախասիրութիւններէ, թէեւ միշտ առաջնորդուեցաւ իր պատկանած կուսակցութեան հիմնական առաջադրութիւններով:
Երկրորդը դժգոհեցուց եւ երբեմն խրտչեցուց նոյնիսկ անոնցմէ ոմանք, որոնք իր կողքին կամ իր թիկունքը կեցած էին: Բայց ատկէ նպաստաւորուեցաւ թերթին մակարդակը: Ու նաեւ այն հիմնական տեսակէտը, թէ թերթ մը, եթէ լոկ լրատու կամ լրագիր չէ, պէտք է ունենայ անհրաժեշտ ողնայարը` չենթարկուելու համար աշխատակիցներու նախասիրութիւններուն:
«Յառաջ» յատկանշուեցաւ մանաւանդ իր լեզուով:
Անոր հաւաքածոն քննողը բարոյական պարտաւորութիւնը պիտի ունենայ գնահատանքի տուրք մը տալու նաեւ Շ. Նարդունիին, որ օրաթերթ «Յառաջ»-ին բարգաւաճման մէջ իր նկատելի եւ անժխտելի բաժինը ունեցած է:
Երկու Շ-երուն գործակցութիւնը համեստ ու պարզունակ «խմբագրատան» մը նոյնքան համեստ ու պարզունակ սեղաններուն վրայ, մեր լրագրական պատմութեան ընծայեց շքեղ ու բարձրորակ թերթ մը եւս` օժտելով զայն հայ լրագրութեան մէջ հազուադէպ բարձրութեան հասնող հայերէնով մը: Որով եւ արժէք մը բերելով ընդհանրապէս հայ լրագրութեան եւ իր շնորհիւ զայն բարձրացնելով առօրեայ ու ընթացիկ խմբագրութեան լեզուէն մինչեւ ընտրեալ ու գեղարուեստական լեզուին:
ՍՕՍԵԱՑ ՏՂԱՆ
(*) «Յառաջ» սկսած է լոյս տեսնել 2 օգոստոս 1925-ին Փարիզի մէջ: