Անձնական Կարծիք
Հանրային կարծիքը տկար է մեր մէջ, բայց զօրաւոր է անձնակա՛ն կարծիքը: Կարելի է աւելցնել նոյնիսկ, թէ հանրային կարծիքը ուղղակի ճնշումին տակն է անձնական կարծիքին:
Հանրային կարծիքը կ՛երկմտի ու կը դեդեւի. անձնական կարծիքը ո՛չ կ՛երկմտի ոչ կը դեդեւի: Առաջինը հպատակ է, երկրորդը իշխան է:
Հանրային կարծիքը յաճախ կը վախնայ արտայայտուելէ. անձնական կարծիքը այդ վախը չունի գրեթէ: Տեղին եւ պարագային համեմատ` անձնական կարծիքն է, որ կը գործէ իբրեւ հանրային կարծիք եւ կը կատարէ անոր դերն ու պաշտօնը:
Ժամանակին, համայն Ռուսիոյ մէջ Ստալինի անձնական կարծիքը կ՛իշխէր իբրեւ հանրային կարծիք: Նոյն բանը կարելի է ըսել Հիթլերի համար, Մուսոլինիի եւ բազում ուրիշներու համար: Տէրը Ստալինն էր. Հիթլերն էր: Մուսոլինին էր. ազգը հպատակ էր:
Ատեն մը սովորութիւն էր ըսել.- Բազմաց ձայնը Աստուծոյ ձայնն է: Հիմա արդէն շրջուած է այս… շրջաբանութիւնը, բազմաց ձայնը Աստուծոյ ձայնը չէ այլեւս:
Երբեմն ես ինծի հարց կու տամ.
– Ի՞նչ կը նշանակէ ընտրութիւն: Եւ կը պատասխանեմ. Ընտրութիւն` այս կը նշանակէ շատերուն մէջէն մէկը կամ բան մը նախապատիւ համարիլ: Ուրիշ խօսքով` ընտրութիւնը հանրային կարծիք է, հանրութեան ձայնն է, որ կ՛արտայայտուի անձի մը, սկզբունքի մը կամ տեսակէտի մը շուրջ:
Ընտրութիւնը նաեւ շատերուն յաղթանակն է քիչերուն վրայ, մեծամասնութեան գերակշռութիւնն է փոքրամասնութեան վրայ, հանրային կարծիքին գերազանցութիւնն է անձնական կարծիքին վրայ:
Անձնական կարծիքը եսասէր է, հանրային կարծիքը այլասէր է: Դա՛րձեալ, անձնական կարծիքը ներողամիտ չէ, վեհանձն չէ: Հանրային կարծիքը, ընդհակառակն, քիչ մը շատ ներողամիտ է եւ քիչ մը շահ վեհանձն է:
Սակայն, հանրային կեանքի մէջ ներողամտութիւնը թուլութիւն է, վեհանձնութիւնը յետադիմութիւն է: Հանրային կարծիքը պէտք է կարենայ պաշտպանել իր… կարծիքը: Մէկ կէտի մէջ պարտուիլ` կը նշանակէ պարտուիլ ամէն կէտի մէջ: Մէկ ճակատի վրայ տեղի տալ` կը նշանակէ տեղի տալ ամէնճակատի վրայ:
Չթուլնա՛լ, այլ ըլլալ աւելի պիրկ: Զիջում չընել, այլ ըլլալ աւելի անզիջող: Երկու պարագային ալ-թուլնալ եւ զիջիլ-հանրային կարծիքը կը դադրի ուժ մը ներկայացնելէ եւ կը դառնայ տկարութիւն: Կը դադրի մակընթացութիւն ըլլալէ եւ կը դառնայ տեղատուութիւն:
Պիտի առարկուի – եւ իրաւամբ-, թէ հանրային կարծիքը չի՞ սխալիր կամ չի՞ փոխուիր բնաւ: Չենք կրնար ըսել` ո՛չ, թէ՛ կը սխալի, թէ՛ կը փոխուի: Հին եւ նոր ազգաց պատմութեան մէջ շատ են օրինակները սխալանքի եւ փոփոխութեան, նահանջի եւ յառաջխաղացման:
Բոլոր յեղափոխութիւնները- այսինքն` դէպի առաջ կատարուած բոլոր շարժումները – հետեւանք են հանրային կարծիքի ճնշումին: Բոլոր բռնատիրութիւնները – այսինքն` դէպի ետ կատարուած բոլոր շարժումները – արդիւնք են անձնական կարծիքի ճնշումին եւ հանրային կարծիքի նահանջին:
Այս ճշմարտութիւնը ընդունուած է հիմա – ընդունուա՞ծ է արդեօք-նաեւ աշխարհի մէկ վեցերորդ մասին մէջ, ուր անհատական ղեկավարութիւնը թուղթի վրայ փոխարինուեցաւ հաւաքական ղեկավարութեամբ:
Սակայն «հաւաքական» ղեկավարութիւնը իրապէս հաւաքական կրնայ ըլլալ այն ատեն միայն, երբ ունկնդիրը հպատակ է ժողովուրդի ձայնին, որ Աստուծոյ ձայնն է: Արդ, ամէն ո՛ւր որ ժողովուրդին ձայնը բացակայ է, հոն բացակայ է Աստուծոյ ձայնը:
Հանրային կարծիքը սկզբունքով բռնութեան դէմ է, իր ուժը կը ստանայ ժողովուրդէն եւ ժողովուրդին կը վերընծայէ զայն:
Եթէ անհրաժեշտ ըլլար եզրակացութեան մը յանգիլ, պիտի ըսէինք անվարան.- Հանրային կարծիքը ի վերջոյ ի՛նքն է միակ յաղթականը նոյնիսկ ինք իրեն դէմ…
Այս եզրակացութեան հասնելէ ետք այլեւս վախ չունինք, որ հանրային կարծիքն ալ կրնայ սխալիլ, մեղանչել կամ փոխուիլ, ինչպէս անձնական կարծիքը:
Չենք կարծեր, թէ յանդուգն խօսք մը ըրած կ՛ըլլանք, եթէ ընդունինք, թէ սխալիլը, մեղանչելը, փոխուիլը կը ծառայեն ժողովուրդներուն մէջ ստեղծելու այն միակ փրկարար ուժը,- միա՛կը գրեթէ,- որ կը կոչուի փորձառութիւն:
Փորձառութիւնը խտացած իմաստութիւն է:
Անձ մը շատ-շատ կրնայ հարիւր տարի ապրիլ (անկէ անդին գերեզման է): Ժողովուրդները կ՛ապրին ո՛չ թէ տարիներով, այլ կ՛ապրին դարերով «(անկէ անդին… օրօրոց է): Եւ յանդգնութիւն չէ դարձեալ յայտարարել, թէ դարերու փորձառութիւնը, յամենայն դէպս, գերիվեր է տարիներու փորձառութենէն:
Ժողովուրդները կրնան սխալիլ երբեմն, բայց չեն կրնար սխալիլ միշտ:
Նոյնը չէ պարագան մեզի համար. որ, իբրեւ անձնական կարծիք, հարիւրամեայ ենք լոկ, մինչ ժողովուրդները, իբրեւ հանրային կարծիք, տասնեակ դարերու կուտակուած իմաստութիւն ունին իրենց մէջ:
Այս է պատճառը, որ մենք հանրային կարծիքի՛ն կու տանք գերագահութիւնը թէ իսկ սխալի ու մեղանչէ, թէ իսկ նուազ «յառաջդիմական» ըլլայ, քան անձնական կարծիքը:
Եսը յետադիմութիւն է. մե՛նքն է յառաջդիմութիւնը:
Անձնական կարծիքը ես մըն է. հանրային կարծիք մենք մըն է:
Երբ ժողովուրդ մը կը դադրի ես ըլլալէ (այսինքն` կը դադրի անձնական կարծիք ըլլալ) եւ կը դառնայ մենք (այսինքն` կը դառնայ հանրային կարծիք), ազգային միասնականութիւնը քայլ մը աւելի մօտեցած կ՛ըլլայ մեզի, ինչպէս մենք ալ քայլ մը աւելի մօտեցած կ՛ըլլանք ազգային միասնականութեան:
Կ՛ուզէինք այս կէտին հասնիլ արդէն,- ազգային միասնականութեան, որ պարզ փափաք մը չէ մեզի եւ մեր ժողովուրդին համար, այլ պահանջ մըն է, գրեթէ «կապոյտ երազ» մը, դարերով տենչացուած, բայց դեռ լիովին չիրագործուած երազ մը, որուն կը հաւատանք, թէ պիտի հասնինք օր մը, երբ այժմէն հետամուտ ըլլանք վերստեղծելու մեծութեան յատկանիշներէն մէկը` ազգային նկարագիրը, զոր կորսնցուցինք պատերազմներու, գաղթերու, հալածանքներու, թափառիկ կեանք մը մութ ու մռայլ ճամբաներուն վրայ:
Այո՛, գաղթական եւ անկայուն կայքով ժողովուրդի մը նկարագիրը հարկադրաբար պիտի ըլլայ իրենց պէս գաղթական եւ անկայուն:
Անձնական նկարագիրը շատ լաւ բան է անշուշտ, բայց աւելի լաւ բան է ազգային նկարագիրը:
Իբրեւ ազգ` մենք նկարագիր մը ունինք, ինչպէս գէշ աղէկ նկարագիր մը ունինք իբրեւ անձ….: Այսքանը չի բաւեր սակայն. նկարագիրը նոյնպէս պէտք ունի կրթուելու եւ դաստիարակուելու: Առանց այս հիմնական պայմանին, այսինքն` առանց կրթութեան եւ դաստիարակութեան, ազգային նկարագիրը վտանգին տակն է դառնալու ազգային… աղէտ: Շուարած-շլմորած կը հարցնենք մենք մեզի.
– Ի՞նչ շահեցանք հանրային կարծիք չունենալով, այսինքն` Մենք չըլլալով:- Գրեթէ ոչինչ:
– Ի՞նչ պիտի շահինք հանրային կարծիք ունենալով, այսինքն` Մենք ըլլալով:- Գրեթէ ամէն ինչ:
Ո՛չ ոք, վստահաբար ո՛չ ոք պիտի ուզէ, որ մենք կորսնցնենք «գրեթէ ամէն ինչ»-ը եւ շահինք… «գրեթէ ոչինչ»-ը:
Այս կէտին մէջ, միա՛յն այս կէտին մէջ, ով որ մեզի հետ չէ, ուրեմն ազգին դէմ է:
Բ. ԹԱՇԵԱՆ