Խմբագրական
Խաղաքարտը…
(Թուրքեւխորհրդային «Բարեկամութեան Սահմանները)
Խաղը սկսաւ 1953 մայիս 31 չարաշուք թուականին` Ստալինի մահէն երեք ամիս ետք, երբ օրուան խորհրդային արտաքին գործոց նախարար Մոլոտով ծանուցագիր մը յղելով Անգարայի կառավարութեան «յանո՛ւն Հայաստանի եւ Վրաստանի», ի լուր աշխարհին ուրանալով կ՛ուրանար Հայ դատը եւ պաշտօնապէս կը յայտարարէր:
«ԽՈՐՀՐԴԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՀՈՂԱՅԻՆ ՈՐԵ՛ՒԷ ՊԱՀԱՆՋ ՉՈՒՆԻ ԹՈՒՐՔԻԱՅԷՆ:
Այնուհետեւ, խորհրդային վարիչները յամառօրէն ու հետեւողականօրէն կիրարկեցին միեւնո՛յն դիւային քաղաքականութիւնը եւ ամէն անգամ որ պէտք եղաւ Թուրքիան սիրաշահելու նոր փորձեր ընել, երբե՛ք չվարանեցան աճուրդի հանելու հայ ժողովուրդին արդար իրաւունքները, միանգամընդմիշտ թաղելու համար Հայ դատը թուրքեւռուս տապանաքարերուն տակ:
Արդարեւ, քանի մը տարի առաջ Ինտոնեզիա կատարած իր այցելութեան առիթով, վարչապետ Խրուշչով նախագահ Սոքառնոյի հետ միջազգային քաղաքական կացութիւնը քննած ատեն` անդրադառնալով թուրքեւխորհրդային յարաբերութեանց բարելաւման հարցին, հանգամանօրէն կը հաստատէր.
«Սովետական Միութիւնը հողային որեւէ պահանջ չունի Թուրքիայից…»:
1963 յունիսին Մոսկուայի մէջ ընդունելով թուրք խորհրդարանական պատուիրակութիւնը, զոր կը գլխաւորէր այժմու վարչապետ Սուատ Իւրկիւպլիւ, իբրեւ Ազգ. ժողովի նախագահ, Խրուշչով նոյն հաւաստիքը կու տար Անգարային` պնդելով, որ Թուրքիոյ նկատմամբ հողային պահանջներ դնելու հարցին մէջ Ստալինը եւ Բերիա՛ն էին յանցաւորը, մինչդեռ իր կառավարութիւնը նման ծրագիր չունէր:
Նո՛յն հաւաստիքները զանազա՛ն ձեւերով ու առիթներով Թուրքիոյ տրուեցան խորհրդային մեծ եւ փոքր գրեթէ բոլոր վարիչներուն կողմէ, կառավարական պաշտօնաթերթ «Իզվեսթիա»-ի խմբագրապետէն սկսեալ մինչեւ խորհրդային Համայնավար կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի ազդեցիկ անդամներէն Պոտկոռնի, մինչեւ Կրոմիքօ եւ Միկոյեան:
Այդ հաւաստիքները տրուեցան 1963-ին, 1964-ին, 1965-ին, գաղտնի եւ յայտնի բոլոր խօսակցութեանց ընթացքին, քողարկեալ կամ քողամերկ բոլոր ձեւերով ու եղանակներով` թո՛ւրքը ողոքելու, թո՛ւրքը սիրաշահելու եւ անոր թանկագի՜ն բարեկամութեան արժանանալու համար:
Այսպէս. 6 յունուար 1965-ին: ԱՖՓ տեղեկատու գործակալութիւնը Անգարայէն կը հաղորդէր, թէ Նիկոլա Պոտկոռնի, խորհրդային խորհրդարանական պատուիրակութեան նախագահի իր հանգամանքով, հաստատեց, որ Խ. Միութեան վարիչներուն կողմէ անցեալին կատարուած ԱՆՏԵՂԻ ԵՒ ԱՆՊԱՏԵՀ յայտարարութիւնները պատճառ եղած են, որ լարուին թուրքեւխորհրդային յարաբերութիւնները:
Խօսքը, անշուշտ, դարձեալ «հողային պահանջներու» մասին է, զոր այժմ «անտեղի եւ անպատեհ» կը հռչակէ խորհրդային Կոմունիստ կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի լիազօր ներկայացուցիչը եւ կ՛եզրակացնէ.
«Այսուհետեւ այլեւս որե՛ւէ խոչընդոտ չկայ երկու երկիրներու բարեկամական յարաբերութեանց զարգացման դէմ»:
Մայիս 18-ին, Կրոմիքոյի Անգարա այցելութեան առիթով, ներկայ թուրք արտաքին գործոց նախարար Հասան Ըշըգ, իր ռուս պաշտօնակիցին կու տայ մեծ հացկերոյթ մը, որուն ներկայ կ՛ըլլան նաեւ վարչապետ Իւրկիւպլիւ, փոխվարչապետ Տեմիրել եւ Իսմէթ Իւնէօնիւ:
Այս առթիւ Ըշըգ կը յայտարարէ.
«Ինչ կը վերաբերի մեզի, թուրք կառավարութիւնը վճռած է իրեն բաժին ինկող ամէն ինչ ընել` ընթանալու համար Լենինի եւ Աթաթիւրքի գծած ճամբէն, եւ ցարդ ատոր ակնբախ փաստերը տուած է արդէն: Վստահ ենք, որ խորհրդային կառավարութիւնը եւս նոյն համոզումը ունի»:
Կրոմիքօ ի պատասխան Ըշըգի, իր կարգին կը շեշտէր. «Անհրաժեշտ է հետեւիլ Աթաթիւրքի եւ Լենինի օրինակին, որովհետեւ անոնք գծած են երկու երկիրներու շահերուն ամէնէն աւելի համապատասխանող ուղին»:
Ի լրումն այս բոլորին, քանի մը ամիս առաջ խորհրդային ներկա՛յ վարչապետ Կոսիգին տեսակցութիւն մը տալով Իւնէօնիւի փեսայ եւ «Աքիս» թուրք շաբաթաթերթի խմբագրապետ Մեթին Թոքերի, բառ առ բառ կը կրկնէր իր նախորդներուն յայտարարութիւնը` ըսելով.
«ԽՈՐՀՐԴԱՅԻՆ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ՀՈՂԱՅԻՆ ՈՐԵ՛ՒԷ ՊԱՀԱՆՋ ՉՈՒՆԻ ԹՈՒՐՔԻԱՅԷՆ: Կը փափաքինք բարեկամական նոր դաշինք մը կնքել Թուրքիոյ հետ, 1925-ի թուրք եւ խորհրդային բարեկամական եւ ոչ-յարձակման դաշնագրի սկզբունքներուն հիման վրայ, նկատի առնելով միաժամանակ ստեղծուած նոր պայմանները…»:
Ապա, քիչ վարը, կ՛ընդգծէր.
«Պատրաստ ենք ամէն ինչ ընել` Թուրքիոյ հետ բարեկամական յարաբերութիւններ մշակելու նպատակով…
«… Ոչ մէկ արգելք կը տեսնենք այդ նպատակին հասնելու համար: Ձեզի կը հաւաստեմ, որ Խորհրդային Միութիւնը որեւէ պահանջ չունի Թուրքիայէն եւ գիտեմ, որ դուք եւս նման պահանջ չունիք մեզմէ…: Ձեր բարեկամութիւնը կարեւորութիւն, արժէ՛ք ունի մեզի համար: Խորհրդային Ռուսիա պատրաստ է ամէ՛ն ինչ ընել այդ ուղղութեամբ»:
Ահա այսքան խոնարհ, ա՛յսքան ջերմ եւ այս աստիճան հաճոյակատա՜ր դարձած է Կրեմլը Թուրքիոյ նկատմամբ:
Ամէ՛ն ինչ ընել` Թուրքիոյ բարեկամութիւնը ապահովելու ձգտումով: Իսկ ամէն ինչ ընելու այս արշաւին մէջ եթէ անհրաժեշտ է նոխազ մը ճարել, պատրա՛ստ է արդէն Լենինի եւ Աթաթիւրքի օրերէն,- հայ ժողովո՛ւրդը:
Եւ խորհրդային վարիչները յօժար են զոհելու ո՛չ միայն հայ ժողովուրդի անժամանցելի իրաւունքները, այլ նաեւ ընդմիշտ այրելու Հայ դատը թուրքեւռուս բարեկամութեան արիւնոտ ատրուշանին վրայ:
(Մնացեալը յաջորդով)