Ժամ Մը` Ա. Խաչատուրեանի Հետ
Մտերմիկ Եւ Սրտբաց Խօսակցութիւն Աշխարհահռչակ
Հայ Երգահան-Երաժշտագէտին Հետ
Քանի մը օրէ ի վեր Հելլագայի հռչակաւոր մայրաքաղաքը` Աթէնք կը հիւրընկալէ հայ ժողովուրդի հանճարեղ զաւակներէն աշխարհահռչակ երգահան-երաժշտագէտ Արամ Խաչատուրեանը:
Հելլէն բոլոր թերթերուն էջերը լեցուն են անոր նուիրուած յօդուածներով ու լուսանկարներով:
Մեր գաղութի միակ օրաթերթին` «Ազատ Օր»-ին կողմէ երկուշաբթի, 16 օգոստոսի երեկոյեան, հեռաձայնեցի «Հիլթըն» պանդոկը` հանդիպում մը խնդրելու համար մեծանուն արուեստագէտէն:
Հեռաձայնի լսափողէն կը լսուի բամբ եւ առնական ձայն մը.
– Ո՞վ է…
– Աթէնքի «Ազատ Օր» հայ օրաթերթի աշխատակիցներէն Կ. Մինասեան: Արդեօք կարելի՞ է ձեզի հետ հանդիպում մը ունենալ, պ. Խաչատուրեան:
– Ամենա՛յն սիրով: Հրամեցէք: Քանի՞ վայրկեանից հոս կը լինէք:
– Տասը վայրկեանէն հո՛տ եմ:
Անմիջապէս «Ազատ Օր»-ի ֆոթօ-ռիփորթըր Վարուժան Սաւուլեանին հետ թաքսի մը կ՛առնենք եւ կը հասնինք «Հիլթըն» պանդոկ:
Կը բարձրանանք 11-րդ յարկ եւ կը հնչեցնեմ սենեակին զանգը: Յուզումէս սիրտս ուժգնօրէն կը բաբախէ:
Հազիւ վայրկեան մը անցած` կը բացուի դուռը: Շնորհալի երիտասարդ մը կը դիմաւորէ մեզ. Խաչատուրեանի որդին` Կարէնն է, որուն կը յայտնենք մեր ինքնութիւնը եւ այցելութեան նպատակը:
– Մի՛ րոպէ,- կ՛ըսէ ու կ՛երթայ կը բախէ իր հօր սենեակին դուռը:
Դուռը կը բացուի եւ ահա դուրս կ՛ելլէ ինք Արամ Խաչատուրեան, մեծանուն հայը, որուն անունը տարիներէ ի վեր կը թրթռայ մեր շրթներուն վրայ, եւ որուն նկարները միայն տեսած էինք հայ եւ օտար թերթերուն մէջ:
Յաղթանդամ մարմնի մը վրայ առնական ու փառաւոր գլուխ մը` աղ-պղպեղ մազերով: Լեցունկեկ դէմք մը, որուն վրայ կը փայլին իր սեւ ու խոշոր հայկական աչքերը` հաստ ու թաւ յօնքերուն տակ:
Ժպտադէմ կը մօտենայ եւ անսեթեւեթ ու մտերմիկ ձեւով մեզի կ՛երկարէ ձեռքը, զոր կը սեղմենք յարգանքով եւ հպարտութեամբ մտածելով, որ աշխարհի մեծագոյն արուեստագէտներէն մէկուն թանկագին եւ հայո՛ւ ձեռքն է, որ կը սեղմենք:
Մեր ձեռքի սեղմումէն իրարու կը հաղորդուին մեր հոգիները: Անկեղծօրէն: Հայօրէ՛ն:
Վայրկենաբար կը մտածեմ.- Ինչպէ՞ս այսքան համեստութիւն ու պարզութիւն մարդու մը մէջ, որուն անունը այսօր յարգանքով ու հիացումով կ՛արտասանեն աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ միլիոնաւոր մարդիկ: Թերեւս իր ցեղային յատկանիշին հետեւանքն է այս պարզութիւնը, համակրելիութիւնն ու սրտբաց հիւրընկալութիւնը:
Կը նստինք կողք-կողքի: Մեր հոգիները կը խօսին իրարու հետ: Եւ կը սկսին խօսիլ նաեւ լեզուները:
Խօսակցութիւնը կը սկսի Խաչատուրեան, մաքուր ու սահուն հայերէնով: Ժպտերես եւ հեզահամբոյր շեշտով:
Քաջալերուած իր մօտիկութենէն, իրեն կ՛երկարեմ «Ազատ Օր»-ի 13, 14 եւ 16 օգոստոսի թիւերը: Կը բանայ թերթին էջերը, ուշադրութեամբ ակնարկ մը կը նետէ մասնաւորաբար այն բաժիններուն վրայ, ուր գրուած է իր ժամանումի մասին: Ակնարկը պահ մը կ՛իյնայ օգոստոս 14-ի թիւին մէջ հրատարակուած իր լուսանկարին վրայ: Եւ յանկարծ կ՛ըսէ.
– Ասիկա ե՞ս եմ: Շատ երիտասարդ եմ: Ուրկէ՞ գտաք այս նկարը:
– Հայաստանէն եկողներ բերած էին մեզի:
– Կարծէք որդիս լինէր,- կ՛ըսէ ժպտելով:
Ուրիշ սիւնակի մը մէջ կը կարդայ իր կենսագրականը:
– Հոս ալ մէկ տարիով ծերացուցեր էք զիս. 1902-ին չեմ ծնած, այլ 1903 յունիս 6-ին, կ՛ըսէ հիւմըրով:
Եւ կու տայ իր ամբողջ կենսագրութիւնը եւ արագընթաց բարձրացումը երաժշտութեան մարզին մէջ:
Արամ Խաչատուրեան 1921-ին իր եղբօր` Սուրէնին ջանքերով Թիֆլիսէն կ՛երթայ Մոսկուա եւ բախտը համեմատաբար ուշ կը կապէ երաժշտական ասպարէզին: Բայց շնորհիւ իր բնածին ընդունակութեան, վերելքը կ՛ըլլայ շատ արագ:
Հակառակ երկար տարիներ Մոսկուայի մէջ ապրած ըլլալուն, Արամ Խաչատուրեան երբեք չէ մոռցած հայերէնը եւ հայութիւնը:
– Հայաստանից եւ սփիւռքից Մոսկուա եկող գրեթէ բոլոր հայերը անպայման այցի կու գան ինծի:
– Ուրեմն Մոսկուայի հայութեան դեսպանը եղած էք,- կ՛ըսեմ կատակելով:
Ինք ալ կը ժպտի:
Մեծատաղանդ արուեստագէտը իր առաջին ամուսնութենէն (հայուհիի մը հետ) ունի աղջիկ մը` Նունէ անունով, ինչպէս նաեւ թոռնիկ մը` Օլա:
Երկրորդ ամուսնութիւնը կնքած է ռուսուհիի մը հետ` Նինա, որմէ ունի մանչ զաւակ մը` Կարէնը, այժմ 24 տարեկան:
Ինչպէս ծանօթ է, Արամ Խաչատուրեան այցելած է երեսուն երկիրներ, ուր տուած է նուագահանդէսներ:
Այն երկիրներուն մէջ, ուր հայ գաղութներ կան, հետաքրքրուած է հայ կեանքով եւ այցեր տուած է հայկական հաստատութիւններուն:
Մեր տեսակցութեան ընթացքին հռչակաւոր արուեստագէտը տեղեկութիւններ ուզեց նաեւ մեր գաղութի մասին:
Իր միակ բաղձանքն է, որ հայերը ամէն տեղ եւ ամէն ատեն ըլլան համերաշխ ու ապրին եղբայրօրէն:
Երբ իրեն առաջարկեցինք շփման մէջ մտնել յունահայ գաղութի շրջանակներուն հետ, Խաչատուրեան իրաւացիօրէն դիտել տուաւ, թէ յոգնեցուցիչ աշխատանքը դժբախտաբար չի թոյլատրեր այդ բանը ընելու:
– Չէք կարող երեւակայել,- ըսաւ,- թէ ի՛նչ սպառիչ յոգնութիւն են պատճառում մի նուագահանդէսի համար լինելիք նախափորձերը: Եթէ ուզում էք, վաղը եկէք ձայնասփիւռի կայանի փորձի սրահը, զարկէք դուռը եւ ասացէք, թէ Խաչատրեանն էք ուզում տեսնել: Ձեզ կը թողնեն: Եւ դուք կը տեսնէք, թէ ինչ վիճակի եմ ենթարկւում փորձերի վերջաւորութեան: Եւ ասիկա` օրը երկու անգամ, երկու երեք ժամ` իւրաքանչիւր փորձի համար:
Իրաւունք ունէր արուեստագէտը եւ չուզեցինք պնդել մեր խնդրանքին վրայ:
Աւելի քան մէկ ժամուան մեր զրոյցէն ետք, խնդրեցինք արուեստագէտէն իր վերջին լուսանկարներէն մէկը տրամադրէ մեզի, «Ազատ Օր»-ին մէջ հրատարակելու համար:
Արամ Խաչատուրեան ամենայն սիրով ընդառաջեց մեր խնդրանքին եւ տուաւ իր մեծադիր լուսանկարը, ստորագրելով անոր տակ:
Հրաժեշտի պահուն, երբ ձեռքը սեղմեցինք, մենք անոր բիբերուն մէջ նշմարեցինք մեծ արուեստագէտի կողքին, իսկական հայը, հայրենի աշխարհը, Հայաստանը եւ հոն շնչող մեր եղբայրներն ու քոյրերը:
Արամ Խաչատուրեան խնդրեց մեզմէ իրեն ուղարկել «Ազատ Օր»-ի այն թիւերը, որոնց մէջ գրութիւններ պիտի ըլլան իր մասին:
Խոստացանք սիրով:
Կ. Մ.