Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (13 Օգոստոս 1965)

Օգոստոս 13, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նոթեր Ու Նետեր

 Սէր Եւ Անկախութիւն

 Եւրոպայում

Երկու երիտասարդ եւրոպացիներ կը խօսին:

Առաջինը կը հարցնէ.

– Ինչպէ՞ս ես սիրոյ մէջ…

– Բացակայ եմ:

– Իսկ ամուսնութեան համար…

– Բացարձակապէս բացակայ…

– Եւ ինչո՞ւ…

– Որովհետեւ սէրը կը վիրաւորէ անկախութիւնս, իսկ ամուսնութիւնը կը մահացնէ անկախութի՛ւնն ալ, սէ՛րն ալ:

– Իրաւունք ունիս, բարեկամութիւնը անգամ շղթայ մըն է: Անկախութիւնը կապ, չուան, շղթայ, հանգոյց չ՛ուզեր ճանչնալ. համոզուեցայ, որ կատարեալ ես իբրեւ եւրոպացի:

– Բայց Արեւմտեան Եւրոպայէն եմ, ուր միայն կը ծաղկի ու կը բարգաւաճի անկախութիւնը:

– Մարգարէական ոգի ունեցող ժողովուրդները իրենց հայրենիքը հիմնած են Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ:

– Սէրը ըրած ենք գերի, իսկ անկախութիւնը` ծառայ…

– Հապա՞ ամուսնութիւնը…

– Պարտիզպան, որ հասցնէ ծաղիկներ, պտուղներ ու բանջարեղէններ:

Միացեալ Նահանգներու Մէջ

Աղջիկը.- Դո՛ւն, որ տոլարապաշտ ես, արդեօք զիս ալ կանաչ տոլարի չափ կը սիրե՞ս…

Տղան.- Ես քեզ կը սիրեմ ոսկի տոլարի պէս, որ շրջանառութեան մէջ չէ, այլ կը պահուի անկիւն մը:

Աղջիկը.- Ոսկի տոլարը կլոր է ու կրնայ թաւալիլ:

Տղան.- Իսկ եթէ գաղտնօրէն պահուած ըլլայ…

Աղջիկը.- Կը ցատկէ, ձայն կը հանէ:

Տղան.- Իսկ եթէ բեհեզի, թաւիշի, սնդուսի, մետաքսի, բուրգի կամ բամպակի մէջ ըլլայ…

Աղջիկը.- Ամուսնալուծում կը պահանջէ, յանուն ազատութեան եւ անկախութեան:

Ափրիկէի Մէջ

Ափրիկեան նորանկախ երկիրներէն Կ.ի մէջ սիրահար զոյգ մը  նստած է լուսնի լոյսին տակ:

Աղջիկը.- Դո՛ւն, որ հայրենասէր մըն ես, զիս ալ մեր հայրենիքին չափ կը սիրե՞ս…

Տղան.- Մեր հայրենիքը, դժբախտաբար, ընդարձակ չէ: Ատկէ զատ, մտադրած է օգտուիլ թէ՛ դեղիններէն, թէ՛ կարմիրներէն, թէ՛ սպիտակներէն: Ես կ՛ուզեմ, որ դուն ո՛չ ոքէ օգտուիս, ոչ ոք ալ օգտուի քեզմէ:

Աղջիկը.- Ուրեմն ինչպէ՞ս կը սիրես զիս…

Տղան.- Քեզ կը սիրեմ երկրի մը պէս, որուն բացարձակ բռնակալն ու գերին եմ միաժամանակ: Քեզ կը սիրեմ երկրի մը պէս, որ ըլլայ անկախ ու անբնակ, եւ որուն մէջ գործ պէտք է ունենան ո՛չ դրսեցիները, ոչ իսկ տեղացիները:

Աղջիկը.- Բայց ի՞նչպէս երկիրը պիտի շէննայ ու քաղաքակրթուի…

Տղան.- Սա քաղաքակրթութիւն ըսուածը մէկ կողմ նետէ, իսկ շէնութիւնը պիտի բերեն մեր բերելիք զաւակները:

Աղջիկը.- Բայց ես կ՛ուզէի քաղաքակրթուիլ…

Տղան.- Իրական քաղաքակրթութիւնը սէրն է, սիրելիս:

Խ. Միութեան Մէջ

Մոսկուայի շրջակայքը, գիշեր ատեն (քանի որ ցերեկները նուիրուած են անտուզիաստ աշխատանքի) կոլխոզական մը եւ կոլխոզուհի մը հարուածային հեւքով կը համբուրուին եւ կը սիրաբանին:

Վերջապէս տղան կ՛ըսէ.

– Մաշա, կը սիրեմ քեզ աջակողմեանի մը յամառութեամբ…

– Սաշա, ինչ նոր բան կ՛ըսես. դուն առաջ ինծի կ՛ըսէիր, թէ կը սիրես զիս ձախակողմեանի մը յարատեւութեամբ…

– Իմ սիրելի Մաշա, մենք ռուսերս առաջ ձախակողմեան էինք, բայց հիմա եղած ենք աջակողմեան:

– Իսկ ձախակողմեանները ո՞վքեր են հիմա…

– Չինացիները, որոնք հիմնեցին համայնավարական նոր կեդրոն մը եւ եղան անկախ:

– Ուրեմն համայնավարութիւնը ունեցաւ երկո՞ւ կեդրոն…

Դեռ ուրիշ կեդրոններ ալ կրնայ ունենալ: Բայց ես հէրն եմ անիծած բոլոր կեդրոններուն. իմ նախասիրած կեդրոնս դո՛ւն ես:

Արտասահմանեան Հայ Սիրերգութիւն

Երկու հայ նշանածներ հիւրասենեակի մը մէկ անկիւնը կը խօսակցին:

Օրիորդը կը հարցնէ.

– Ամիսներէ ի վեր մեր տունը կու գաս: Սակայն, մինչեւ հիմա ո՛չ մէկ կարծիք, ո՛չ մէկ տպաւորութիւն տուիր ընտանիքիս անդամներուն մասին: Սանկ բաց սիրտ անկեղծութեամբ խօսէ…

Տղան, վարանումէ մը ետք կը պատասխանէ.

– Ուրեմն` խօսիմ: Մեծ հայրդ զիս կը խնդացնէ ու կը խոստովանեցնէ: Մեծ մայրդ խնդիրները թէ՛ կը խորացնէ, թէ՛ կը խառնակէ: Հայրդ զիս ե՛ւ կը խօսեցնէ, ե՛ւ կը խաբէ: Մայրդ պատճառ կ՛ըլլայ, որ խորհիմ ու խրտչիմ: Եղբայրդ զիս կը խեղդէ խմցնելով: Մեծ քոյրդ զիս կը խռովէ ու կը խորովէ: Փոքրը կը խեղկատակէ եւ կը խարանէ: Գալով քեզի, դուն ալ զիս մերթ կը խելօքցնես, մերթ ալ կը խենթացնես:

– Եզրակացութիւն:

– Ձեր տունը խառնարան մըն է, որով մենք` մեր ամուսնութենէն ետք ունենալու ենք առանձին բնակարան, ըլլալու համար անկախ: Դարը անկախութիւն կը պահանջէ: Սէրը նմանապէս, յանուն անկախութեան, կախուելու ես հօրդ վիզէն ու քսակէն: Մեզի պէտք է յարկաբաժին մը կահաւորուած եւ կառք մը…

– Մանաւանդ կով մը կթան:

– Աշխարհի մէջ, առանց կովու ո՛չ սէր կայ, ո՛չ անկախութիւն, ոչ ալ ապրելու հնարաւորութիւն:

ՆՇԱՆ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Նոր Հրատարակութիւններ «Վերապրածներ»

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?