Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (7 Օգոստոս 1965)

Օգոստոս 7, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներքին Կեանք

Վեց Միլիոն Լ. Ոսկի Պէյրութի Համար

Քաղաքապետական խորհուրդը իր վերջին նիստին վաւերացուց վեց միլիոն լ. ոսկիի յաւելեալ վարկի մը բացումը` աւարտելու համար քաղաքաշինական այն մեծ ծրագիրները, որոնց սեփականազրկումի ձեւակերպութիւնները աւարտած են կամ` վարկերը սպառած: Այս գումարը, ինչպէս նաեւ այլ ծրագիրներէ խնայուած 1.500.000 լ՞ ոսկիի գումար մը հետեւեալ աշխատանքներուն պիտի յատկացուին:

– Արդարութեան պալատ – Թայունէ ճամբուն սրբագրութիւնը` 1.500.000 լ. ոսկի:
– Հանրային պարտէզէն մինչեւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ ճամբու ընդլայնում` 3.500.000 լ. ոսկի:
– Մսէյթպէի հանրային պարտէզ` 1 միլիոն լ. ոսկի:
– Լիոն փողոցի աւարտում` 900.000 լ. ոսկի:
– Պշարա Խուրի եւ Պասթա փողոցի միացում` 600.000 լ. ոսկի:

Քաղաքապետական խորհուրդը նոյնպէս պարտականութիւն տուաւ Ժիրայր Խաչատուրեանին եւ Մոհամետ Պայտունին` ձեռնարկելու ուսումնասիրութեանը նոր սպանդանոցներու շահագործման, գործակցութեամբ գերման մասնագէտին, որ սպանդանոցներու վերաբերեալ յատակագիծերը պատրաստեց:

Խալտէի Օդակայանը Պիտի Պահուի՞

Հանրօգուտ շինութեանց նախարար Ժորժ Նաքքաշ երէկ դարձեալ ընդունեց Փարիզի օդակայանի ընդհանուր տնօրէն եւ ճարտարագէտ Փիեռ Քոթն ու Հանրի Վիքարիոն , որոնց կ՛ընկերանային Հանրի Նաքքաշ եւ Ֆերտինան Տաղեր:

Խօսակցութեանց նիւթ դարձաւ Պէյրութի օդակայանը տասը տարի չանցած` արդիական պայմանները գոհացնող օդակայանի մը վերածելու հարցը:

Երեւան եկաւ, որ բացարձակապէս անհրաժեշտ է ընդարձակել  օդակայանը, որպէսզի կարողանայ 250-500 ճամբորդ փոխադրող գերձայնային օդանաւեր ընդունիլ:

Երկու հնարաւորութիւններ կան. ընդարձակել այժմու օդակայանը կամ նոր օդակայան մը շինել:

Շատ հաւանական է, որ այժմու օդակայանը ընդարձակուի:

Լուիզա Պոզապալեանի Յաղթանակը
Պաալպէքի Մէջ

Միջազգային երգչուհի Լուիզա Պոզապալեան երէկ գիշեր նոր յաղթանակ մը տարաւ Պաալպեքի Բագոսի տաճարին աստիճաններուն վրայ` խաղալով Տոննա Աննայի դերը Մոցարթի «Տօն Ճիովաննի»-ին մէջ:

Ծանօթ քննադատ Մարք-Հանրի Մենկի կը գրէ այս առթիւ.

«Լուիզա Պոզապալեան երէկ իրիկուն աստուածներու բեմին վրայ եղաւ դարերու չափանիշով Տոննա Աննա մը` ոչ միայն իր ձայնին որակով եւ զօրութեամբ, այլ նաեւ` տրամադիք կեանքովը եւ ազնուականութեան կնիքով, որ կրցաւ տալ անձնաւորութեան մը, որ եթէ սխալ հասկցուէր, ճղճիմ պիտի երեւնար: Լուիզա Պոզապալեան որքան գեղեցիկ «ձայն» է, նոյնքան ալ դերասանուհի է բառին ամէնէն գեղեցիկ  առումով, եւ որուն դերակատարութիւնը կը համապատասխանէ Տոննա Աննայի զգայուն ազնուականութեան»:

Լուիզա Պոզապալեան
Սայիտ Աքլի Մրցանակին Արժանացաւ

Բանաստեղծ Սայիտ Աքլի այս ամսուան մրցանակին արժանացած է համբաւաւոր հայ երգչուհի Լուիզա Պոզապալեան, որ իր յաջողութիւններով պատիւ կը բերէ ո՛չ միայն մեր ժողովուրդին, այլ նաեւ Լիբանանի:

Մրցանակը (1000 լ. ոսկի) երկուշաբթի օր ժամը 12:00-ին Մամլոյ սենտիքայի կեդրոնին մէջ պիտի յանձնուի տաղանդաւոր հայուհիին:

 

Մարզական
Աթլեթ

 Լիբանանի Ախոյեանութեան Մրցումները

ՀՄԸՄ-ական Զեփիւռ Գասապեան Հաստատեց
80
Մեթր Արգելարշաւի Նոր Մրցանիշ Մը

Լիբանանի աթլեթի ախոյեանութեան զտումի մրցումները երէկ կէսօրէ ետք տեղի ունեցան Մարզաւանի մէջ:

Երէկուան մրցումներուն կոտրուեցաւ Լիբանանի մրցանիշ մը: ՀՄԸՄ-ական մարզիկ Զեփիւռ Գասապեան 80 մեթր արգելարշաւը վազեց 15 երկվայրկեան 8/10-էն: Նախկին մրցանիշն էր 17 վայրկեան 7/10 եւ կը պատկանէր Մարսել Ապի Նատերի:

Նոյն մրցումին երկրորդ հանդիսացաւ Տալալ Նասսար (Գ. Ս.), երրորդ` Մարի Գալփաքեան (ՀՄԸՄ):

Հարիւր մեթր վազքի մէջ, խոստմնալի մարզիկ Եսթեր Մեծմօրուքեան (ՀՄԸՄ) շահեցաւ առաջնութիւնը 13 վայրկեան 9 երկվայրկեան 10-էն: Երկրորդ դիրքը գրաւեց, դարձեալ ՀՄԸՄ-էն, Արտա Գալփաքեան:

110 մեթր մանչերու արգելարշաւին մէջ, ՀՄԸՄ-ական Մկրտիչ Քրիսեան երկրորդ հանդիսացաւ 20 երկվայրկեանէն: Առաջին տեղը գրաւեց Մոհամետ Համմուտ 17 վայրկեան 1/10-ով:

Գունտ նետելու մէջ, ա) Մ. Մողապղապ (Անդրանիկ) 12 մեթր 92, բ) Վարուժան Գէորգեան (ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ) 11 մեթր 71, գ) Գրիգոր Սատաքեան (ՀՄԸՄ  Ժունիէ) 11 մեթր 34:

Հայ Հանճարը Ափրիկէի Մէջ

Որքա՜ն մեծ եղաւ զարմանքս, երբ դիպուածով հանդիպեցայ երեք հայ ճարտարագէտներու Ղանայի մայրաքաղաք Աքրայի մէջ, որ Կեդրոնական Ափրիկէի արեւմտեան կողմը կը գտնուի: Խորհրդային կառավարութիւնը, Ղանայի Հանրապետութեան դիմումին վրայ, ճարտարագէտներու այդ խումբը ղրկած է` գլխաւորութեամբ Աշոտ Տէր Յովհաննէսեանի, ջրելեկտրական կայանի մը շինութեան ծրագիրը ուսումնասիրելու եւ պատրաստելու համար: Կայանը պիտի կառուցուի Սեւ Վոլթա գետին վրայ մեծ ջրաթումբով: Ելեկտրակայանը պիտի արտադրէ 260 հազար ելեկտրուժ:

Տեղական թերթերը մասնաւոր յօդուածներով փառաբանեցին յիշեալ մեծ ծրագիրը, որ մեր երեք հայ ճարտարագէտներուն հանճարին կը պարտին: Նախագահը սիրալիր ընդունելութիւն մը ըրաւ անոնց, եւ թերթերուն մէջ անոնց նկարը երեւցաւ նախագահին հետ: Ծրագիրը վաւերացուեցաւ կառավարութեան կողմէ եւ մօտ ատենէն գործադրութեան պիտի դրուի:

Հոս պիտի ուզէի յիշել, թէ նոյն ճարտարագէտներն են, որ Հայաստանի Հրազդան գետի եւ ուրիշ գետերու վրայ ջրաթումբեր ու ելեկտրակայաններ կառուցելու աշխատանքներուն հսկած են եւ` գնահատանքի արժանացած:

Խորհրդային կառավարութիւնը մասնաւոր առաքելութեամբ զանոնք Ղանա ղրկելով` կ՛ուզէ, որ այս նորաստեղծ հանրապետութիւնը օգտուի անոնց հմուտ փորձառութենէն:

Յիրաւի, հայ ազգը միշտ եղած է շինարար ժողովուրդ, նոյնիսկ` միջազգային գետնի վրայ: Ապրի՛ մեր ազգը:

ԱՒԵՏԻՍ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Տեսակէտ. Հայաստանի Քաղաքացիական Շարժումները Եւ Սպասուած Վտանգները

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?