50 Տարի Առաջ (6 Օգոստոս 1965)
Հալեպահայ Կեանք Առաջնորդ Սրբազանը Ղընեմիյէի Եւ Արամոյի Մէջ Ա՛լ աւանդական դարձած սովորութեան մը համաձայն, Բերիոյ թեմի առաջնորդ Ղեւոնդ արք. ամէն տարի կ՛այցելէ իր թեմին բոլոր շրջանները, մանաւանդ` այն կարգ մը գիւղերը, որոնք դարաւոր անցեալ ունին, հիմնուած ըլլալով Ը. դարէն սկսեալ դէպի Արեւմուտք գաղթող հայերուն կողմէ: Այդ գիւղերը` Արամօ, Ղընեմիյէ, եւն., երկար ատեն խզուած էին հայ եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդի օրկանական ամբողջութենէն: Վերջին տարիներուն կատարուած ուխտագնացութիւնները այն բարի արդիւնքին յանգեցան, որ յիշեալ գիւղերուն բնակիչները հետզհետէ աւելի մօտեցան իրենց ազգակիցներուն, աւելի հայացան` հակառակ երբեմն իրենց օտարահունչ անուններուն, եւ ճիգ թափեցին սորվելու եւ խօսելու համար իրենց հայրերու լեզուն: Կիրակի, 18 յուլիսին, Ղեւոնդ սրբազան,...
Կարդալ ԱւելինDetails


