Նշանաւոր Հայեր Ամերիկայի Մէջ
Երգչուհի Լիլի Չուգազեանի
Յաջողութիւնները
1950-ին, երբ Մեթրոփոլիթըն օփերայի թենորներէն հռչակաւոր երգիչ Ճիովաննի Մարթինելլի Պոսթընի մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը լսէր քոնթրալթօ Լիլի Չուքազեանի ձայնը, առանց վարանելու ուղղակի կը հարցնէր երգչուհիին. «Ինչո՞ւ օփերայի մէջ չէք երգեր»:
Լիլի Չուքազեան պատասխանեց քանի մը ամիս ետք, երբ լրագրող մը Շիքակոյի իր տան մէջ տեսակցութեան մը ընթացքին կը հարցնէր, թէ կը փափաքէ՞ր օփերայի մէջ երգել կամ Եւրոպա երթալ ուսանելու համար: Այո՛, կը պատասխանէր ան: Սակայն այդ ծրագիրը ապագայի համար էր: Ներկային համար ան ունէր ընտանիք մը` կազմուած ամուսինէ մը եւ երեք երեխաներէ, փոքրագոյնը տակաւին մանուկ էր:
1951-ին տեղի ունեցած այս տեսակցութեան ընթացքին երգչուհին կը բացատրէր. «Երեխաներուն փոքրութեան չեմ կարծեր, թէ պէտք է զանոնք լքել եւ անոնց դաստիարակութիւնը զոհել յօգուտ ասպարէզին: Թերե՛ւս, երբ 15 կամ 20 տարեկան ըլլան»:
Յաջորդ ութ տարիներուն ան գրեթէ ամբողջ կեանքը նուիրեց իր ընտանիքին: Միաժամանակ շարունակեց դասեր առնել Ֆիլիփ Մանուէլէն, որ հեղինակութիւն մըն էր Վերածնունդի եւ պարոքի շրջաններու երաժշտութեան: Այդ շրջանին շարունակեց նաեւ պատահական կերպով երգել եկեղեցիներու եւ երգչախումբերու մէջ:
1955-ին Պրիւնօ Ուոլթը զայն հրաւիրեց երգելու Մահլէրի «Յարութիւնը» Շիքակոյի սիմֆոնիքին հետ: Յաջորդ տարին ան սկսաւ երգի դաս տալ Էւանսթընի Նորթուեսթըրն համալսարանին մէջ:
Ապա 1959-ին, Արքանսոյի Լիթըլ Ռոք քաղաքի օփերայէն կը ստանար հեռաձայնային հրաւէր մը, զոր կ՛ընդունէր:
Օփերայի իր առաջին դերէն ետք, Նիւ Եորք Ֆիլհարմոնիայի խմբավար Թոմաս Շիփփըրզ կը հրաւիրէր Լիլի Չուքազեանը ունկնդրութեան մը համար: Շիփփըրզ անմիջապէս առաջարկեց Պրոկոֆիեւի «Ալեքսանդր Նեւսկի»-ն: Կ՛ընդունէր դարձեալ:
Պր. Շիփփըրզ հայ երգչուհիին դեր կու տայ նաեւ Իտալիոյ Սփոլեթթօ քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք փառատօնին: Ամերիկա վերադարձին, Լիլի հանդէս կու գայ Նիւ Եորքի Ֆիլհարմոնիային եւ Պալթիմոր Սիվիք օփերային մէջ:
Յաջորդ տարին ան դարձեալ կը մասնակցի Սփոլեթթոյի փառատօնին, ուր «Սալոմէ»-ի մէջ կ՛երգէ Հերոստիայի դերը: Նիւ Եորք վերադարձին երկրորդ ունկնդրութիւն մը կ՛ունենայ Մեթրոփոլիթըն օփերային մէջ: Լիլի այս ունկնդրութիւնը կը կոչէ կեանքին ամենաանուշ մէկ պահը:
Լիլի Չուքազեան ծնած է Շիքակօ: Հայրը` Վահան Չուքասըզեան անցեալ դարու վերջաւորութեան գաղթած է Սըվազ քաղաքէն: Թէեւ Վահան Չուքասըզեան եղած է արհեստաւոր, սակայն սիրած է եւ զբաղած նաեւ գրականութեամբ: Այժմ հայրն ու մայրը մեռած են:
«Մենք հպարտ ենք մեր հայկական ծագումով,- կը յայտարարէ Չուքազեան,- տունը հայերէն կը խօսինք, որպէսզի մեր զաւակները կարենան սորվիլ իրենց նախնիներուն լեզուն: Անդամ ենք Հայ առաքելական եկեղեցւոյ»:
Երբ քոնթրալթօ երգչուհին իր առաջին ելոյթը ունեցաւ 1961 մարտին, «Լա Ճիսքոնաս»-ի մէջ Լա Չիեքայի դերով, գրեթէ անծանօթ մըն էր հասարակութեան համար: Անցեալ չորս տարիներուն անուն մը շինած է ըլլա՛յ Ամերիկայի, ըլլա՛յ միջազգային մակարդակի վրայ: Մեթրոփոլիթըն օփերայի դերով այնքան մեծ տպաւորութիւն ձգած է, որ Նիւ Եորքի երկրորդ մեծ օփերայի ընկերութիւնը` Սիթի Սենթըր վերջերս փոխ առած է երգչուհին Ճիան Քարլօ Մենոթ Թիի «Տը Միտիում»-ին համար: 1964 յունուարին Մենոթթիի «Վերջին վայրենին» օփերայի Մահարանիի դերը այնքան լաւ ներկայացուցած է, որ քննադատները միաձայնութեամբ գովաբանած են երգչուհին:
1963-ին Պերլինի մէջ ան կ՛արձանագրէ փայլուն յաջողութիւն մը` իբրեւ մենակատար հանդէս գալով Վերտիի «Ռըքիէմ»-ին մէջ, Թոմաս Շիփփըրզի ղեկավարութեան տակ: Յաջորդ տարին ան շաբաթ մը մնաց Վիեննա, ուր հանդէս եկաւ Լա Սքալայի եւ Պայրէօթի մէջ: Պայրէօթի նուագի փառատօնի տնօրէն Ուայլանտ Ուակներ այնքան տպաւորուեցաւ երգչուհիին ձայնէն, որ պայմանագրութիւն մը ստորագրել տուաւ իրեն, երգելու համար Ուակների «Ռինկ» օփերաներու շարքին մէջ, եօթնական շաբաթ` 1965-ի եւ 1966-ի ամառը:
Ճափոններ Կ՛ուսումնասիրեն
Հայերէնը
Ճափոնական «Եամեուրի» օրաթերթը, որ օրական չորս միլիոն տպաքանակ ունի, մայիս ամսուան իր թիւերէն մէկուն մէջ կը գրէ.
Ներկայիս աշխարհս այնքան փոխուած է, որ ոճրախոյզ ոստիկանութիւնը յաճախ կարիք կը զգայ միջազգային ոստիկանութեան (էնթերփոլ) գործակցութեան:
Վերջերս, Թոքիոյի կեդրոնական ոստիկանութիւնը միջազգային մաքսանենգ կազմակերպութեան մը հետքը գտաւ, երբ ձեռք անցուց վերոյիշեալ կազմակերպութեան ուղղուած նամակ մը Պէյրութ նստած Թոքիոյի ներկայացուցիչէն, որմէ բառ մը անգամ չկարողացաւ թարգմանել:
Այս նամակին բանալին հայերէնն էր, որ լեզուն էր հայկական թագաւորութեան (600 Ք. Ա.):
Այս թագաւորութիւնը կը տարածուէր այժմու Պարսկաստանի հիւսիսը եւ Թուրքիոյ արեւելքը: Հայաստանը պատմութեան ընթացքին բազմիցս ներխուժումներու ենթարկուած է տարբեր-տարբեր ցեղերու կողմէ եւ այսօր այս երկիրը, ինչպէս նաեւ անոր ժողովուրդը կորսուած են: Այսուհանդերձ, դեռ կան շուրջ մէկ ու կէս միլիոն հայեր Խորհրդային Միութեան մէջ եւ մէկ միլիոն յիսուն հազար ալ Միջին Արեւելքի, Լատին Ամերիկայի մէջ եւ այլուր:
Ներկայիս հայերէնը կը խօսուի միայն հայկական գաղութներուն մէջ եւ ճիշդ ասոր համար է, որ Ճափոնի մէջ ոչ ուսուցիչներ եւ ոչ ալ ուսանողներ կան, որ այդ լեզուն ուսումնասիրեն:
Նամակը անցած էր Թոքիոյի ոստիկանութեան ձեռքը, երկու էջերէ կը բաղկանայ: Ահա մաս մը այս նամակէն.
(Թերթը կը հրատարակէ նամակի մէկ մասին լուսանկարը):
Նկատի ունենալով, որ նամակը լի էր զարմանալի եւ անըմբռնելի ձեռագիրներով, ոստիկանութիւնը արտաքին գործոց նախարարութենէն տեղեկութիւններ ուզեց: Այս վերջինը, կարգ մը փնտռտուքներէ ետք, յայտնեց, որ կ՛ենթադրուէր, թէ թերեւս այդ գիրերը հայերէն էին:
Ապա Թոքիոյի համալսարանի օտար լեզուներու ճիւղի եւ ուրիշ կարգ մը գրադարաններու մէջ կատարուած հետազօտութիւնները ապարդիւն անցան:
Ասոր վրայ Թոքիոյի գաղտնի փոխ ոստիկանապետներէն մէկը, որ Բ. Աշխարհամարտին խորհրդային բանակին կողմէ գերի բռնուած էր եւ ռուսերէն լեզուն սորված, գործի կանչուեցաւ, որպէսզի վերծանէ այս նամակը:
Այս վերջինը դիմեց Ճափոնի խորհրդարանի գրադարան-թանգարանը եւ ձեռք անցուց ռուսերէն- հայերէն բառարան մը, սակայն հոն հայերէն գիրերը տպագիր էին, մինչ նամակը` ձեռագիր: Ապա դիպուածով նոյն թանգարանին մէջ գտաւ արժէքաւոր հին ձեռագիր մը` «թրքական առակներ» վերնագիրով, եւ որ սակայն հայերէն ձեռագիրով գրուած էր: Բաղդատելով` սկսաւ հայերէն ձեռագիր այբուբենը սորվիլ, ապա նամակը ձեռագիրէ տպագիրի վերածեց ռուսերէն-հայերէն բառարանը օգտագործելով:
Երեք շաբաթ, գիշերը ցերեկին խառնելով կարողացաւ ճիշդ տասը օր առաջ ճափոներէնի թարգմանել 135 բառ որոնց մեծ մասը մաքս, գոհարեղէն, ոսկի եւ նման բաներ կը նշանակէին:
Այս թարգմանութիւնը մղեց Թոքիոյի կեդրոնական ոստիկանութիւնը երեք սպաներ ղրկելու Պէյրութ, հոն տեղւոյն վրայ ուսումնասիրութիւններ կատարելու համար:
Այս նամակին թարգմանեալ պարունակութիւնը դեռ գաղտնիք է, եւ ոստիկանութիւնը տակաւին տեղեկութիւն չ՛ուզեր յայտնել, սակայն հոս կրնանք ըսել, որ այս թարգմանութեան համար տարուած աշխատանքները ոչ միայն օգնեցին ոճիր մը մէջտեղ հանելու, այլեւ հայերէն այբուբենը առաջին անգամ ըլլալով Ճափոնի մէջ ճանչցնելու…