Կեանքը Քեսապի Մէջ
Ասմունքի երեկոյ.- Քեսապի թաղական Խորհուրդի հրաւէրով, սիրուած վիպասող Յ. Կիւլոյ եան անմոռանալի պահ մը շնորհեց մեզի` Պարոյր Սեւակի «Անլռելի զանգակատուն»-ը արտասանելով:
Օգոստոս 14-ի գիշերը Ս. Աստուածածին եկեղեցին բերնէ բերան լեցուն էր: Հանդէսին կը նախագահէր Գարեգին սրբազան: Ներկայ էին Մաշտոց վարդապետ Յովսէփեան, վերապատուելիներ Արտաշէս Գերպապեան եւ Սողոմոն Նիւճքեան, Կոմիտաս վարդապետ Պէօճիւքեան:
Սրբազան հօր բացման խօսքէն ետք, Կոմիտասի «Անտունին» կը փշաքաղէր հանդիսականներուն մարմինները… Որմէ ետք Յակոբ բեմ կը բարձրանար, ձայնի դիւթող ալիքներով եւ դէմքի ու ձեռքերու ճարտար արտայայտութիւններով Սեւակի տողերը ապրումի վերածելու համար:
Աւելի քան երկու ժամ ամբողջ սրահը կախուած մնաց Յակոբին շրթներէն: Գիշերուան ժամը 1:00-ին սրբազան հայրը ոտքի ելաւ եւ գոհացաւ շնորհակալութեան երկու խօսք ուղղելով վիպասողին եւ ժողովուրդին:
Աստուածածնայ տօնը.- Յաջորդ օր, կիրակի առաւօտ, մասնաւոր պատարագ մատուցուեցաւ Ս. Աստուածածնայ տօնին առիթով: Պատարագէն ետք Գարեգին սրբազան օրուան իմաստը դրսեւորող գեղեցիկ քարոզ մը արտասանեց:
Ապա տեղի ունեցաւ խաղողի եւ ձէթով բոկեղի օրհնութեան արարողութիւնը:
Նոյն օրը երեկոյեան, Ներքի գիւղի հսկայ սօսիին տակ, մատուռին կից տեղ մը, մորթուեցան ոչխարներ, եւ աւանդական հերիսան պատրաստուեցաւ: Մինչեւ ուշ գիշեր թմբուկով եւ զուռնայով խրախճանք տեղի ունեցաւ:
Առաւօտեան հսկայ բազմութիւն մը լեցուցած էր մատրան շրջակայքը: Հեռաւոր Տէր Զօրէն, Լիբանանէն, Հալէպէն, Դամասկոսէն եւ շրջակայքէն եկողներուն թիւը բաւական մեծ է:
Մաշտոց վարդապետ Յովսէփեան մատոյց պատարագը, ապա ան Գարեգին սրբազանը, Եագուպիէի հովիւը եւ տեղւոյս Զաւէն քահանան թափօրով ուղղուեցան հերիսան օրհնելու: Օրհնութենէն ետք ժողովուրդը կերակրուեցաւ հերիսայով:
Այնուհետեւ թմբուկներն ու զուռնաները իրենց դերին մէջն էին կրկին:
Իսկ ամբողջ շրջակայ պարտէզները դարձած էին բացօթեայ իջեւաններ, ուր սաղարթախիտ ծառերուն տակ, ընտանիքներ ճոխ սեղաններուն շուրջ բոլորուած, խրախճանքը կը շարունակէին մինչեւ արեւմար:
Ակնարկ
Միշտ Նոյն Անուղղաները
Ցիրիմաքոսի կազմած հելլէն նոր դահլիճը այսօր կը ներկայանայ խորհրդարան: Անկախ վստահութեան քուէարկութեան արդիւնքէն, զոր նախատեսել դժուար է, Յունաստանի քաղաքական մթնոլորտը, որ տարապայմանօրէն ծանրացաւ վերջին 48 ժամերու ընթացքին, կը մտահոգէ քաղաքական դիտողները:
Ուրբաթ իրիկուն բուռն ցոյցեր տեղի ունեցան Աթէնքի փողոցներուն մէջ: Առաջին անգամն ըլլալով այդ ցոյցերը ապստամբական բնոյթ կը կրէին: Այլեւս «Կեցցէ՛ Փափանտրէուն» աղաղակող չկար, այլ` «Անկցի թագաւորը»: Շարժումը ակնբախ կերպով ուղղուած էր միապետութեան դէմ:
Փափանտրէու այլեւս տէրը չէ կացութեան: Իրմով սկսած շարժում մը, թունաւորելով քաղաքական մթնոլորտը, երկիրը հասցուցած է քաղաքացիական պատերազմի մը սեմին: Համայնավարական կազմակերպութիւնները սկսած են գլուխ ցցել, օգտուելով այն անորոշ կացութենէն, որ ստեղծուեցաւ երկրին մէջ:
Ուրբաթ գիշերուան ցոյցերուն ընթացքին, յստակօրէն ի յայտ եկաւ, որ շարժումին ղեկավարները կտրուկ հրահանգներ տուած էին ցուցարարներուն` պատնէշներ կանգնելու եւ ոստիկանութեան հետ բախում ունենալու:
Այս ցոյցով համայնավարները ծանր հարուած մը տուած եղան Փափանտրէուի, որ այսուհետեւ պիտի չկարենայ իր պայքարը նոյն ինքնավստահութեամբ շարունակել, որովհետեւ հելլէն հանրային կարծիքը կը նախզգայ ժողովրդային ճակատի մը կազմութեան վտանգը:
Յունաստանի համայնավարներուն համար կ՛երեւի դաս չեն եղած 1945-48-ի եղերական դէպքերը: Նոյն անուղղաներն են անոնք` հելլէն քաղաքական բեմին վրայ, ուր 17 տարի առաջ անխնայ ճզմուեցան, թոյլատուութեամբ Ստալինի, որ ազատ ձգած էր Չրչիլի ձեռքերը, փոխարէնը Լեհաստանի մէջ ներկելու համար իր մանածը:
Ապահով կարելի է ըլլալ, թէ համայնավար արկածախնդիրներու այս շարժումը բոլորովին պիտի փոխէ հելլէն քաղաքական մթնոլորտը` ի նպաստ ազգայնական ուժերուն:
Յանուն ժողովրդավարութեան սկսած արդար պայքար մը անգամ մը եւս ողբալիօրէն պիտի ձախողի համայնավարներու ինքնակոչ միջամտութեան պատճառով: