Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (17 Օգոստոս 1965)

Օգոստոս 17, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Սիրոյ Հիւանդ»-ներու
Դարմանատուն

 

Անգլիոյ մայրաքաղաքին մէջ, պողոտայի մը բոլոր տուները սովորաբար իրարու կը նմանին:

Այդպէս է նաեւ Չելզիի շրջանին մէջ, որ Լոնտոնի ամէնէն ազնուապետական շրջաններէն մէկը կը նկատուի:

Հոս քառայարկ շէնքի մը մէջ կը գտնուի աշխարհի ամէնէն ինքնատիպ դարմանատունը, որուն պաշտօնական անունն է «Սիրոյ հիւանդանոցներու դարմանատուն»:

Դարմանատան վարիչը հոգեբուժ-ջղաբուժ մըն է, որ չ՛ուզեր ներկայանալ իր բուն անունով: Կը կոչուի տոքթոր Ճ:

Վերջերս, տեսակցութեան մը ընթացքին, տոքթ. Ճ., ի միջի այլոց ըսաւ.

– Հո՛ս, այս դարմանատան մէջ կը բուժենք անոնք, որոնք կը հիւանդանան սէրով: Առաջին առթիւ այնպէս կը կարծուի, թէ սիրահարած մարդիկը չեն կրնար հիւանդանալ: Եւ սակայն սիրային հիասթափութիւն ունեցողներէն շատեր կը հիւանդանան:

Հարցը հոգեբուժօրէն քննելով, պէտք է ընդունինք, թէ իսկապէս գործ ունինք հիւանդներու հետ, այսինքն մարդոց, որոնք տագնապի մէջ են: Ասիկա կը նշանակէ, թէ մենք` բժիշկներս, պէտք է զբաղինք այս պարագայով:

Եւ սակայն սիրային յուսահատութեան մատնուած անհատներէն շատեր երբեք չեն մտածեր բժիշկի երթալու մասին:

Այսուհանդերձ, փորձառութիւնը ցոյց տուաւ, թէ պարագաներու աւելի քան իննսուն առ հարիւրը կրնան դարմանուիլ:

Անգլիացի բժիշկը ապա ըսաւ, թէ այս դարմանատան մէջ հիւանդը ինքզինք հանգիստ կը զգայ եւ կրնայ իր հոգեկան անդորրութիւնը վերագտնել:

Բոլորովին բուժուելու համար, երկու ամիսէն մինչեւ մէկ տարի ժամանակ պէտք է: Փորձառութիւնը մեզի սորվեցուց, թէ սիրային հիասթափութենէն ետք, այր մարդիկը աւելի շուտ կրնան իրենք զիրենք վերագտնել եւ իրենց բնականոն կեանքին վերսկսիլ: Ընդհակառակն, կիները, սիրային հիասթափութենէն ետք, անձնասպանութեան կը դիմեն:

Մեր դարմանատան նպատակը յուսախաբ եղած կիներուն ինքնասպանութեան առաջքը առնելն է:

Վիճակագրական քննութենէ մը երեւան եկաւ, որ իրենց ամուսիններէն լքուած կիներուն հարիւրէ վաթսուներկուքը կ՛որոշեն վերջ տալ իրենց կեանքին: Հետեւաբար մեր դերը կարեւոր է:

ԳԻՏՈՒՆՆԵՐԸ, բժիշկները եւ կենսաբանները կը կարծեն, թէ սէրը խենթութեան եւ հիւանդութեան պէս բան մըն է, որ կրնայ նոպայ յառաջացնել եւ ամէն տեսակ ծայրայեղութեանց առաջնորդել:

Ուրիշ գիտնականներ ալ այն կարծիքին են, թէ սէրը օրկանիզմի թունաւորում մըն է, գեղձերու գերծորում մը, որ արբեցութեան վիճակ մը կը ստեղծէ:

Ֆրանսացի հոգեբուժ Էլիթ այն կարծիքին է, թէ սէրը կ՛առաջնորդէ սիրային տագնապի մը, թէ մարդիկ մանուկի պէս կ՛ըլլան:

Յատկանշական է, որ ամէնէն փոքր տագնապի ընթացքին այրերը եւ կիները կու լան:

Տոքթ. Ճ. յայտնեց նաեւ, թէ երբ հիւանդները տագնապը անցընեն, կրնան կրկին իրենց գործին սկսիլ եւ հանրային կեանքին մէջ դեր վերցնել:

Հարցը ա՛յն է, որ հիւանդը կարելի եղածին չափ շուտ յարմարի իր միջավայրին: Ամէն ինչ կախում ունի իրերը դիտելու կերպէն:

Սկիզբը մեր գործը կոյր մարդոց հետ է: Սակայն աւելի ուշ բոլորն ալ կը սկսին հետզհետէ աւելի յստակ տեսնել:

Թարգմ. ՎԷՆ

 

Հայաստան

Շամշատինի Տնկարանը

Տաուշ գետին ձախ ափին գտնուող Շամշատինի պետական տնկարանը, որ քանի մը տարի առաջ խոպան էր, այժմ արդէն սկսած են աճիլ տեսակ-տեսակ պտղատու ծառեր: 2500 քառ. մեթր մակերեսով ջուրի աւազանը կարելիութիւն կու տայ ոռոգելու ամբողջ պարտէզը: Վաղահաս դեղձի ծառերը կը գրաւեն հինգ հեկտար տարածութիւն: Խնձորենիները, թզենիները, նոճիները նոյնպէս կլիմայական յարմարութիւն գտած են Շամշատինի շրջանին մէջ: Այս տարի առատ բերք կը սպասուի: Արդէն հաւաքուած եւ յանձնուած է պահածոներու գործարանին «Մայիսեան ծաղիկ» կոչուած դեղձի առաջին բերքահաւաքը:

Վերամշակման պիտի ուղարկուի նաեւ «Հայրենական» կոչուած վաղահաս դեղձի առաջին բերքը:

 

Հանդիպում` Գրագէտ
Ս. Սմիռնովի Հետ

Հայաստանի լրագրողներու միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ, Հայաստանի «Լրագրողներու տան» մէջ տեղի ունեցաւ գրագէտ Սերգէյ Սմիռնովի հետ հանդիպման հաւաքոյթ: Անոր «Պրեսթի ամրոցք» գիրքը կը բացատրէ, մինչեւ հիմա անծանօթ մնացած, հայ ժողովուրդի հեքիաթային հերոսներու մարտնչումը, վերջին պատերազմի ընթացքին, պաշտպանելու համար Պրեսթի ամրոցը:

Գրագէտը իր ճառին մէջ յարգանքի եւ գնահատութեան ջերմ խօսքեր ուղղեց ներկաներուն մէջ գտնուող Պրեսթի հերոսներէն Սամուէլ Մաթէոսեանի, Սօս Նուրիջանեանի եւ Արծուիկ Աղակիւլեանի:

Այս առթիւ ներկաները եւս ջերմութեամբ ողջունեցին Պրեսթի խիզախ պաշտպանները:

Հայաստանի Գրողներու միութեան քարտուղար Եդ. Թոփչեան գրագէտ Սմիռնովին յանձնեց Մարտիրոս Սարեանի մէկ կտաւը, որ ընդունուեցաւ յուզումով եւ շնորհակալութեամբ:

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Օտարութիւն

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In