Մարզական
ՀՄԸՄ-ի Ախոյեան Աղջիկները
Անցեալ կիրակի վերջացան Լիբանանի աթլեթիզմի ախոյեանական մրցումները, որոնց ընթացքին ՀՄԸՄ-ի աղջիկներու խումբը շահեցաւ բոլոր առաջնութիւնները` հաստատելով նոր մրցանիշներ: ՀՄԸՄ-ի խումբին մարզիկները այս սքանչելի արդիւնքներուն կրցան հասնիլ շնորհիւ իրենց կատարած կանոնաւոր փորձերուն`հսկողութեամբ Վարդգէս Էսկիպաշեանի, Ալեքս Տեղիկեանի եւ Ալիս Խըլխաթեանի, որոնք իրենց ցուցմունքներով ուղղութիւն տուին երիտասարդ մարզիկուհիներուն:
Ստորեւ` ախոյեան հայուհիներուն նկարները, իրենց հաստատած մրցանիշներով:
ԵՍԹԵՐ ՄԵԾՄՕՐՈՒՔԵԱՆ շահեցաւ`
100 մեթր վազքը` 13՛՛ 9/10 (նոր մրցանիշ)
200 մեթր վազքը` 28՛՛ 6/0 (նոր մրցանիշ)
1 քայլ ոստումը` 4 մեթր 76 սմ (նոր մրցանիշ)
ՄԱՆԻՇԱԿ ԳԱՍԱՊԵԱՆ շահեցաւ`
Գունդ նետել 10 մեթր 18 սմ. (նոր մրցանիշ)
Նիզակ նետել 24 մեթր 26 սմ. (նոր մրցանիշ)
400 մեթր վազք (երրորդ) եւ 200 մեթր վազք (երկրորդ):
ՄԱՐԻ ՔՐԻՍԵԱՆ շահեցաւ`
Բարձրութիւն ցատկել 1 մեթր 30, լիբանանեան մրցանիշին հաւասարած:
ԱՐՏԱ ԳԱԼՓԱՔԵԱՆ շահեցաւ`
800 մեթր վազքը` 2՛ 54՛՛ 6/10
100 մեթր վազքը` (երկրորդ) եւ բարձրութիւն ցատկել (երկրորդ):
ԶԵՓԻՒՌ ԳԱՍԱՊԵԱՆ շահեցաւ`
80 մեթր արգելարշաւը` 15′ ՛8/10 (նոր մրցանիշ)
Սկաւառակ նետել (երկրորդ) եւ գունդ նետել (երրորդ):
ԱՆԱՀԻՏ ՍԱԱԹՃԵԱՆ շահեցաւ` 400 մեթր վազք (երկրորդ):
* * *
Դրօշարշաւի ՀՄԸՄ-ի խումբը (Եսթեր Մեծմօրուքեան, Արտա Գալփաքեան, Անահիտ Մեծմօրուքեան եւ Անահիտ Սաաթճեան) շահեցաւ 4×100 մեթր դրօշարշաւի առաջնութիւնը` հաստատելով լիբանանեան նոր մրցանիշ (56՛՛ 8/10):
ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբը առաւելաբար կազմուած է շատ երիտասարդ տարրերէ, որոնք հակառակ իրենց փոքր տարիքին, երկու երրորդութիւն եւ մէկ երրորդութիւն շահեցան: Յարատեւ փորձերով, յառաջիկայ տարի անոնք շատ աւելի լաւ արդիւնքներու կրնան հասնիլ: Վարուժան Գէորգեան գունդ նետելու մէջ շատ աւելի լաւ արդիւնքներ տուած է, բայց անհանգստութեան պատճառով առաւելագոյնը չկրցաւ տալ: Մկրտիչ Քրիսեան շահեցաւ 110 մեթր արգելարշաւի երրորդութիւնը: