Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (19 Օգոստոս 1965)

Օգոստոս 19, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անժամանցելի Մուրհակը

(Սեւրի Դաշնագրի 45-Ամեակին Առթիւ)

1920 օգոստոս 10:

Պատմական անմոռանալի թուական մը հայոց պատմութեան մէջ:

Դարձակէտ մը` հայ ազգի քաղաքական պահանջներու բիւրեղացման եւ անկախ ու միացեալ Հայաստանի ճանաչման համար` միջազգային դիւանագիտութեան կողմէ:

Քառասունհինգ տարիներ անցած են արդէն այն երջանիկ օրերէն ի վեր, երբ հայութիւնը հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ կ՛ապրէր դարաւոր երազի իրականացման եւ լաւագոյն ապագայի մը յոյսերով խանդավառ:

Վերածնունդի նոր շրջան մը սկսեր էր ծաղկիլ 1918-ի մայիսին, մանաւանդ նոյն տարուան աշնան զինադադարէն ի վեր:

Թրքական բանակը չարաչար պարտուած էր բոլոր ճակատներուն վրայ: Օսմանեան կայսրութիւնը` բաժան-բաժան եղած. Պոլիս եւ Կիլիկիան գրաւուած: Իթթիհատի ջարդարար վարիչները վատօրէն փախուստի դիմած: Յաջորդները ծնրադիր յաղթական դաշնակիցներուն առջեւ: Հելլէն բանակի յաղթական յառաջխաղացում դէպի Անգարա:

Երազ օրե՜ր:

Հայ ժողովուրդի ոգեւորութիւնը իր գագաթնակէտին կը հասնէր, երբ 1920 օգոստոս 10-ին փարիզեան արուարձան Սեւրի յախճապակիներու թանգարանին մէջ կը ստորագրուէր հաշտութեան դաշնագիրը` Թուրքիոյ եւ դաշնակիցներուն միջեւ:

Թուրք երեք պատուիրակները` Հատի փաշա, «փիլիսոփայ» Ռիզա Թեւֆիք եւ Ռեշատ Խալիլ գլխիկոր ներս կը մտնէին հանդիսասրահէն եւ կը նստէին «ամբաստանեալ»-ի աթոռին վրայ:

Իրենց դիմաց դիրք բռնած էին յաղթական դաշնակիցներուն պատուիրակները, որոնց շարքին նաեւ  Աւետիս Ահարոնեան, նախագահ Հայաստանի պատուիրակութեան, որ արդար հպարտութեամբ, պատմական դարձած իր ոսկի գրիչով կը ստորագրէր միջազգային այդ մուրհակը` յանուն Հայաստանի կառավարութեան:

Ջարդարար ցեղի մահավճիռը կը կնքուէր այդ օր: Կը քայքայուէր օսմանեան կայսրութիւնը: Անոր փլատակներուն տակէն կեանքի կը կոչուէին ազատագրուած նոր ազգեր: Անսահման տարածութեամբ հողամասեր ընդմիշտ կը ձերբազատուէին թրքական անարգ լուծէն:

Սեւրի դաշնագիրը ստորագրած են դաշնակից գլխաւոր պետութիւնները` Մեծն Բրիտանիա, Ֆրանսա, Իտալիա եւ Ճափոն: Ապա նաեւ` լատինական այբուբենի կարգով` հետեւեալ երկիրները.- Հայաստան (Արմենիա), Պելճիքա, Յունաստան, Հիճազ, Լեհաստան, Փորթուգալ, Ռումանիա, Սերպ-Խրուաթ-Սլովէն պետութիւնները (ներկայիս Եուկոսլաւիա), Չեխոսլովաքիա եւ Թուրքիա:

Մինչ Ալեքսանտրէթի ծոցէն դէպի հարաւ արաբախօս հողամասերը.- Սուրիա, Լիբանան, Միջագետք, Պաղեստին, Եմէն, Արաբական թերակղզի եւ այլն – կ՛ազատագրուէին կամ Անգլիոյ ու Ֆրանսայի հոգատարութեան կ՛ենթարկուէին, արդար էր, որ հայերն ալ ստանային իրենց բաժինը: Մանաւանդ որ մեծ պատերազմէն ամէնէն աւելի տուժած էինք մենք: Մեր համրանքին կէսէն աւելին – մէկուկէս միլիոն – զոհ տուած էինք թրքական բարբարոսութեան:

Սեւրի դաշնագիրը ստորագրող մեծ ու փոքր դաշնակիցները, ինչպէս նաեւ Թուրքիա, հանդիսաւորապէս կը ճանչնային հայոց իրաւունքները եւ կը նուիրագործէին անկախ եւ միացեալ Հայաստանը:

89-րդ յօդուածով կը ճանչցուէին հայութեան իրաւունքները Էրզրումի, Տրապիզոնի, Վանի եւ Պիթլիսի նահանգներուն վրայ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահը կը նշանակուէր իրաւարար` գծելու համար Հայաստանի եւ Թուրքիոյ վերջնական սահմանները: Այս յօդուածն ալ կը նուիրագործէր միացեալ Հայաստանը:

Երեքուկէս ամիս ետք, 1920 նոյեմբեր 22-ին, նախագահ Ուիլսըն իրեն յանձնուած պարտականութիւնը կատարելով, մեծ դաշնակիցներու ժողովին կը ներկայացնէր իր իրաւարարական վճիռը:

Գնահատելի արդարամտութեամբ, Միացեալ Նահանգներու բարի նախագահը կը վճռէր Հայաստանի Հանրապետութեան կցել Էրզրումի, Վանի, Պիթլիսի եւ Տրապիզոնի նահանգներէն կարեւոր հողամասեր` Սեւ ծովու վրայ նաւահանգիստով մը:

Կ՛իրականանային մեր երազները: Մէկուկէս միլիոն նահատակներու հոգիները կը խայտային անդենականին մէջ: Իրենց արեան գինը կը հատուցուէր: Արդարութիւնը կը գործադրուէր վերջապէ՜ս:

Վերջապէ՞ս: Աւա՜ղ: Խաբուսիկ երազի պէս շուտով յօդս ցնդեցաւ ամէն ինչ:

Հարաւը եւ Հիւսիսը ձեռք ձեռքի տուած խեղդեցին մանուկ Հայաստանի անկախութիւնը:

Ուիլսընեան վճիռէն շաբաթ մը ետք, կարմիր պատմուճանը կը պարտադրուէր Հայաստանի:

Յաղթական մեծ դաշնակիցները, որոնք թերեւս ակամայ ստորագրեր էին Սեւրի դաշնագիրը, յարմար պատրուակ մը գտան չվաւերացնելու համար զայն:

Մոռցան եւ ուրացան մեր արդար Դատը եւ այսօր ալ տրամադիր չեն գործադրելու իրենց հանդիսաւոր խոստումները: Վճարելու իրենց ստորագրութիւնը կրող պարտամուրհակը:

Սակայն 46 տարիէ ի վեր չենք դադրած պահանջելէ անոր վճարումը եւ պիտի չդադրինք այսուհետեւ եւս, որովհետեւ անժամանցելի է այդ պատուոյ մուրհակը:

ՀՐԱՆԴ – ՍԱՄՈՒԷԼ

«Յառաջ»

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Օդանաւային Եւ Հրետանիի Ռմբակոծումներ Եւ Ցամաքահանումի Փորձ Հարաւի Մէջ. Մահափորձ Տոքթոր Մելգոն Էպլիղաթեանի Դէմ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?