Պաալպէքի Փառատօնը
«Տոն Ժուան» Օփերան
Մասնակցութեամբ
Լուիզա Պոզապալեանի
Մասնագիտացման փշոտ ու դժուարին ճամբուն մէջ նետուելու վճռակամութեամբ Լիբանանէն Եւրոպա «գաղթած» Անայիս Պոզապալեան, քանի մը տարուան կարճ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին դարձաւ փոքրիկ աստղ մը եւրոպական օփերաներու երկնակամարին վրայ: Հիմա եկած է Պէյրութ, պաշտօնապէս իր առաջին ելոյթը ունենալու իր ծննդավայրին մէջ, Մոցարտի «Տոն Ճովաննի» օփերայի խումբին հետ, Տոննա Աննայի դերով…
Երաժշտասիրութեան հետ խառնած մեր ազգային հպարտութիւնն ու գոհունակութիւնը, փութացինք Պաալպէք, անձամբ ստուգելու «Լուիզա»-ի նուաճումները եւ ականատես ըլլալու իր տաղանդին ցուցադրութեան:
Անմիջապէս ըսենք, թէ այդ կողմէ յուսախաբ չեղանք: Որոշ վաստակ ունեցող եւ միջազգային համբաւի տիրացած երգիչ-երգչուհիներու կողքին` «սկսնակ» Անայիս Պոզապալեան եղաւ յուզիչ ու հաղորդական Տոննա Աննա մը: Այն ինչ, որ ան չկրցաւ ամբողջութեամբ արտայայտել իր խաղարկութեամբ, կրցաւ աւելիով արտայայտել իր ջինջ ու ուժեղ ձայնին հարուստ նրբութիւններով. մերթ քնքուշ, մերթ ընդվզող, մերթ տառապող եւ մերթ վրէժխնդիր: Դերին պահանջած ձայնական բոլոր նրբերանգումներն ու այլազան ելեւէջները տուաւ վարպետի մը հեշտութեամբ եւ ճարտարութեամբ:
«Տոն Ժուան» օփերայէն մենք ունեցանք սակայն յուսախաբութիւններ ալ: Պաալպէքի բացօթեայ «սրահ»-ին վատ աքուստիկը եւ այդ օփերային բացօթեայ բեմադրութեան մը անյարմար ըլլալը (ուժեղ արիաներու եւ ճոխ խմբերգներու պակասէն), պատճառ դարձաւ, որ ընդհանուր տպաւորութիւնը ըլլայ թոյլ ու տժգոյն եւ գործողութեան ընթացքը` տեղ-տեղ ձանձրացուցիչ եւ յոգնեցուցիչ: Եթէ «Տոն Ժուան»-ը տրուէր գոց սրահի մը մէջ, անկասկած որ տպաւորութիւնը պիտի ըլլար շատ աւելի ուժեղ:
Հակառակ Փարիզի երաժշտանոցին սքանչելի նուագախումբին եւ ղեկավար Տիմիթրի Խորոֆասի մոգական ճպոտին բերած անփոխարինելի գործակցութեան, օփերան չփրկուեցաւ իր միջակութենէն:
Այդ միջակութեան պատճառները մէկէ աւելի են. նախ խումբին ընդհանուր կազմին մէջ խաղարկութեան տկարութիւնը: Իւրաքանչիւր երգիչ պէտք է նաեւ խաղա՛յ իր դերը, դերասանական արուեստին պահանջած հմտութեամբ եւ ոչ թէ արձանային անտարբերութեամբ եւ ռեսիթալ տուողի մը դիրքով, դուրս տայ երգ ու բառ, ինչպէս որ ըրին քանի մը դերակատարներ, մանաւանդ ամերիկացի թենոր Ուիլիըմ Պլանքենշիփը, որ նոյնիսկ իբրեւ երգիչ չարդարացուց իր վրայ դրուած յոյսերը եւ թուլցուց Տոն Օթթաւիոյի կարեւոր դերը:
Դերակատարներու երբեմն անճիշդ մուտքերը, ձեռքի եւ մարմինի անտեղի ու անիմաստ շարժումները, Տոննա Աննայի հօր ուրուականին անժամանակ ու անյաջող տեղափոխութիւնները եւ, վերջապէս, երգչախումբի անդամներուն բեմական կեցուածքի պակասն ու մէկ-երկու հոգիի աւելորդ միմոսութիւնները վնասեցին ընդհանուր բեմադրութեան յաջողութեան: Բեմադրութիւնը տուժեց մանաւանդ լոյսերու վատ միջամտութենէն կամ, աւելի ճիշդ, լոյսերու ներդաշնակ միջամտութեան պակասէն: Առանց բեմայարդարումի բեմադրութեան մը յաջողութեան մեծագոյն մասը կախեալ է լոյսերու խաղերէն` ուսումնասիրուած ու տպաւորիչ ձեւով: Պաալպէքի լոյսերը առաւելագոյն չափով չօգտագործուեցան եւ կարծես ձգուած էին պատահականութեան:
Անայիս Պոզապալեանի հետ չորս դերակատարներ կրցան փրկել «Տոն Ժուան»-ը ստոյգ ձախողութենէ` շնորհիւ իրենց ձայնին ու խաղարկութեան: Սպանացի երգչուհի Փիլար Լորենկար յաջող տրամաթիք անձնաւորութիւն մը մարմնաւորեց, թէ՛ ձայնով, եւ թէ խաղարկութեամբ:
Իտալացի երգչուհի Նիքոլեթթա Փաննի կատարեալ Ցերլինա մըն էր:
Գերմանացի երգիչ Թոնի Պլանքենհայմ, Տոն Ժուանի ծառայ Լեփորելլոյի դերին մէջ լաւագոյն խաղարկութիւնը ցուցաբերեց (թէեւ մէկ-երկու անգամ ինկաւ զաւեշտական արտայայտութիւններու մէջ, բայց ատիկա արդէն ըմբռնումի եւ մեկնաբանութեան տեսակէտի հարց է): Իր պաս ձայնը սակայն տեղ-տեղ ունեցաւ սայթաքումներ:
Օրուան լաւագոյն մեկնաբանողը եղաւ անկասկած ֆինլանտացի Թոմ Քրաուսը, որ Տոն Ժուանի դերին մէջ, իր ուժեղ ու տաք ձայնով եւ հարազատ ու տպաւորիչ խաղարկութեամբ ծայրէ ծայր տիրապետեց բեմին: Դժուար է երեւակայել իրմէ աւելի յաջող Տոն Ժուան մը:
«Սկսնակ» եւ «նորահաս» Անայիս Պոզապալեան ոչ միայն տկար չմնաց տաղանդաւոր ու վաստակաւոր Թոմ Քրաուսի կողքին, այլեւ եղաւ անոր արժանի խաղակից մը: Ասիկա մեծագոյն գրաւականն է այն յաջող ու արագ վերելքին, զոր Անայիս կատարելու վրայ է:
Վստահ ենք, որ քանի մը տարիէն կը դառնայ մեծ ԱՍՏՂ մը համաշխարհային չափանիշով:
Նախապաշարումներ Եւ
Աւելորդապաշտութիւններ
Երբ անգիտութեան խաւարին մէջ կ՛ապրէին մարդիկ, աստուածային պաշտպանութիւն մը կը փնտռէին զիրենք շրջապատող մութ ուժերուն դէմ: Այս անձկալից եւ բնազդական փնտռտուքը անոնց մէջ ստեղծեց նախապաշարումներ եւ աւելորդապաշտութիւններ, որոնց կարելի է հանդիպիլ բոլո՛ր ժողովուրդներուն մօտ, կարծես` բոլոր մարդոց բնական մէկ հակումը ըլլար:
Ներկայիս անգիտութեան խաւարը թէեւ փարատած է, այսուհանդերձ, նախապաշարումները եւ աւելորդապաշտութիւնները կը մնան դեռ: Բոլորս ալ, որոշ չափով, նախապաշարուած ենք, բոլորս ալ ունինք թապու մը, զոր ոտնակոխել չենք համարձակիր:
Երբեք թաշկինակ մը նուէր չենք տար սիրելի անձի մը, որովհետեւ, այդպիսով, զայն ամբողջ տարին լալու կը դատապարտենք:
Աւագ ուրբաթ օր կիները երբեք լուացք չեն ըներ, որովհետեւ, դժբախտութիւն կը բերէ ատիկա:
Աղջիկները սեղանին անկիւնը չեն նստիր երբեք, որովհետեւ տունը կը մնան…
Տան մէջ երբեք հովանոց չենք բանար, գլխարկ մը անկողինին վրայ չենք ձգեր, հացը շրջուած վիճակի մէջ չենք դներ:
Ու հազարաւորներ սուրճին սկահակին մէջ մարդոց ապագան կը կարդան:
Իտալիոյ մէջ մինչեւ այսօր կը հաւատան, թէ ձիու պայտի գամէ շինուած մատանի մը կը դարմանէ ակռայի ցաւը եւ յօդացաւը:
Նոյնիսկ աւելի լաւ արդիւնք կու տայ, եթէ գամը գողցուած ըլլայ… Ամէն պարագայի, իտալացիք երբ ճամբան ձիու պայտի գամ մը գտնեն, կը վերցնեն, որովհետեւ կը կարծեն, թէ այլապէս մեծ չարիք կը հասնի իրենց: Բարեբախտաբար ինքնաշարժի դարաշրջանը պակսեցուց այս վտանգը, որովհետեւ ներկայիս շատ քիչ ձիեր կ՛անցնին փողոցներէն:
13 թիւին վրայ կը կեդրոնանան աշխարհի բոլոր նախապաշարումները: Շատեր կը կարծեն, թէ բարեբեր չէ, ուրիշներ ալ ճիշդ հակառակ կարծիքը ունին:
Հին հելլէններն ու լատինները այդ թիւը չէին սիրեր եւ դեռ այսօր ալ շատ մը պանդոկներ 13 թիւով սենեակ չունին:
Ընդհակառակն, ամերիկացիք, պնդելով, թէ այդ նախապաշարումները չունին, 1946 սեպտեմբեր 13-ին հիմնեցին «13-երու ազգային յանձնախումբը», որ շատ մը շարժանկարի սրահներու տէրերուն թելադրեց ամէն ժամու 13-րդ վայրկեանին, 13-րդ յաճախորդը ձրի ընդունիլ սրահ:
Լուրջ հիւանդութեան մը կամ մահուան մասին խօսելու ատեն սովորութիւն ըրած ենք տախտակի զարնել: Այս նախապաշարումը հաւանաբար արդիւնք է հնադարեան կարծիքի մը, թէ տախտակը կամ փայտը հիւանդութիւն կը փոխանցէ:
Հապա ի՞նչ ըսել սեւ կատուին համար: Անվնաս է տան մէջ, սակայն վտանգաւոր կ՛ըլլայ, երբ ուղղահայեաց կ՛անցնի ճամբէ մը:
Այսուհանդերձ, նուազ վտանգաւոր է ագռաւէն, որ նշան է մահուան, երբ նստած է հիւանդի մը տան վրայ, սովի, երբ բազմաթիւ ագռաւներ կը համախմբուին արտի մը մէջ, ու պատերազմի, երբ կռկռան օդին մէջ: