Խմբագրական
«Խաղաղութեան Սահման»-ը
(Թուրքեւխորհրդային Գլխագիր Կեղծիքին Առիթով)
Ա.
Կարելի՞ է դոյզն իսկ տարակոյս ունենալ այն մասին, թէ աշխարհի ամէնէ՛ն լայնածաւալ աշխարհակալութիւնը եւ ամէնէ՛ն մեծ ու արիւնոտ բռնապետութիւնը Խ. Միութիւնն է վերջին յիսնամեակին:
Հնարաւո՞ր է հեռաւոր կասկածն անգամ սնուցանել նաեւ այն մասին, թէ մեր մոլորակի ամէնէն արիւնռուշտ բռնապետութիւնը եւ անմրցելի ցեղասպանը Թուրքիա՛ն է վերջին աւելի քան եօթը հարիւր երկար ու խուժդուժ տարիներու ընթացքին:
Եթէ մենք լռենք, քարե՛րը կ՛աղաղակեն այս անլռելի ճշմարտութիւնը հեռաւոր Խաղաղականէն սկսեալ մինչեւ Ատլանտեանի ափերը, բեւեռային հիւսիսէն մինչեւ Կարմիր ծով եւ մինչեւ… դժո՛խք:
Այս երկու անօրինակ բռնապետութիւններն են ահա, որ Հայ դատի «դիակ»-ին վրայէն բարեկամութեան ձե՜ռք կ՛երկարեն իրարու` տրորելով հայ ժողովուրդի ամէնէն արդար ու անժամանցելի իրաւունքները:
Աւելի՛ն. թիկունք թիկունքի տալով, 1920-ական թուականներէն սկսեալ, կը ճնշեն ու կը տրորեն իրենց հպատակ բոլոր ժողովուրդները, կ՛ոտնակոխեն մարդկային ամէն սրբութիւն եւ ուրանալով կ՛ուրանան իրենց արիւնոտ լուծին տակ հեծող ազգերուն ամէնէն տարրական իրաւունքներն ու նուիրական իղձերը:
Եւ, ո՜վ հեգնանք, նոյն այս երկու բռնապետութիւնները, միացեալ զեկոյցի մը մէջ, որ դեռ նոր հրատարակուեցաւ Մոսկուայի եւ Անգարայի մէջ միաժամանակ` 16 օգոստոս 1965-ին, երջանիկ ինքնագոհութեամբ եւ խաղա՜ղ խղճով կը յայտարարեն միաբերան.
«Երկու կողմերը համաձայն են, թէ Ամէն Ազգ իրաւունք ունի անկախ եւ ինքնիշխան ապրելու, եւ թէ` ոչ մէկ պետութիւն պէտք է բռնաբարէ անոնց այդ իրաւունքը: Գաղթապետական դրութիւնը (մտայնութիւնը) պէտք է միանգամ ընդմիշտ լուծարքի ենթարկուի:
«Կողմերը այն համոզումը ունին, թէ գաղութարարութեան (քոլոնիալիզմ) վերջնական լուծարքը մնայուն խաղաղութեան հաստատման գլխաւոր պայմաններէն մէկն է: Ուստի պէտք է գործադրել ՄԱԿ-ի ուխտագրի համապատասխան սկզբունքները այս մասին… («Ժամանակ» 17 օգոստոս, 1965, Դ. էջ):
Այո՛, «գաղթապետական դրութիւնը պէտք է լուծարքի՜ ենթարկուի» եղեր ի սպառ:
«Ամէն ազգ իրաւո՜ւնք ունի» եղեր «անկախ եւ ինքնիշխա՛ն ապրելու»:
Իսկ Խ. Միութիւն եւ Թուրքիա կու գան ահա քաջաբա՜ր յայտարարելու, թէ միացեալ ուժերով պաշտպա՜ն կը կանգնին ազգերու «անկախ եւ ինքնիշխան ապրելու այդ իրաւունքին», թիկո՜ւնք կը կենան ՄԱԿ-ի ուխտագրին…
Տեղը չէ՞ հառաչողաբար բացագանչելու անմխիթար բանաստեղծին հետ. «Ո՛հ, ի՜նչ անուշ փչես, հովի՛կ»:
Սակայն ո՞ւր տեղի պիտի ունենան այս բոլորը:
Յամենայն դէպս ո՛չ Թուրքիոյ, ո՛չ Խ. Միութեան մէջ, ուր ո՛չ… «գաղթապետական դրութիւն» կայ (ի հա՜րկէ) եւ ոչ ալ գերեալ ու տրորեալ ազգեր կան, այլ կան միայն ազա՜տ, «անկա՜խ եւ ինքնիշխան ապրելու» իրենց իրաւունքը երջա՜նկաբար վայելող ժողովուրդներ:
Այդ բոլոր «լուծարք»-ներն ու «իրաւունք»-ները վերապահուած են միայն ու բացառաբար Ափրիկէի, Լատին Ամերիկայի եւ Ասիոյ ժողովուրդներուն:
Այսպէս կամ այնպէս, «անկախ եւ ինքնիշխան ապրելու իրաւունք ունին» բոլորը, բոլո՜րը, բոլո՛րը, բացի Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ արիւնոտ լուծին ենթակայ հին կամ նոր ազգերէն:
«Ո՛չ մէկ պետութիւն պէտք է բռնաբարէ» եղեր ազգերու «անկախ եւ ինքնիշխան ապրելու իրաւունքը», բացի, անշուշտ… Խ. Միութենէն եւ Թուրքիայէն, որոնք ամէ՛ն իրաւունք կ՛ուզեն վերապահել իրենց թէ՛ «գաղթապետական դրութիւն»-ը պահպանելու եւ թէ՛ ազգերու ամէ՛ն իրաւունք ոտնակոխելու, յանո՜ւն… սոցիալիզմի եւ թուրանիզմի:
Եւ մտածել, որ երկու չափ-երկու կշիռի այս դաւանենգութիւնը, գլխագիր այս Կեղծիքը միացեալ զեկոյցի մը մէջ վաւերագրած են Խորհրդային Միութեան եւ Թուրքիոյ գերագոյն պետերը` իբրեւ իրենց արտաքին (խաղաղութեա՜ն եւ բարեկամութեան) քաղաքականութեան հիմնական սկզբունքներէն մէկը:
Պատմութիւնը դարձեալ կը կրկնուի երեւի:
Երէկ Լենինն ու Աթաթիւրքն էին, որ կ՛եղբայրացնէին սոցիալիզմն ու թուրանիզմը, զորս իբրեւ զոյգ տապանաքար կը զետեղէին Հայ դատին վրայ` միեւնո՛յն գլխագիր Կեղծիքով բարեկամութիւ՜ն խաղալու համար:
Այսօր, յամի Տեառն 1965, Իւրկիւպլիներն ու Քոսիկիններն են, որ անարգաբար կը դաւեն Հայ դատին եւ միացեալ Հայաստանի գաղափարին դէմ, մէկ ու կէս միլիոն հայ նահատակներու արեան մէջ եղբայրացնելու համար նո՛յն կոմունիզմն ու թուրանիզմը:
Այսօր դարձեալ, նո՛յն անարի ոգիով եւ միեւնոյն հայադաւ վատանենգութեամբ, խորհրդային կոմունիզմն ու թուրանիզմը, ձեռք ձեռքի եւ սի՛րտ սրտի, կը դաւեն ու կը դաւադրեն հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանի դէմ, ամէ՛ն տեղ եւ ամէ՛ն առիթով, ընդմիշտ գերեզմանելու համար Հայ դատը:
Թուրքեւռուս նոր բարեկամութեան զուգահեռ, յիշենք թարմագոյն փաստ մը եւս թուրքեւխորհրդային հայադաւ գործակցութեան մասին:
Արդարեւ, Լիբանանի մէջ Մեծ եղեռնի յիսնամեակի տօնակատարութեան նախօրեակին, ԵՓԻ տեղեկատու գործակալութիւնը, ամերիկեան մեծազդեցիկ օրաթերթերէն «Ն. Ե. Թայմզ»-ի հրատարակած մէկ հեռագրին մէջ, կը հաղորդէր.
– Պէյրութի Խորհրդային եւ Թուրք դեսպաններուն լիբանանեան կառավարութեան մօտ կատարած դիմումներուն պատճառով, Մեծ եղեռնի յիսնամեակին առիթով հայերուն Պէյրութի փողոցներուն մէջ ընելիք ցոյցը արգիլուած է:
Յիսնամեակի տօնակատարութիւնը, ի հարկէ, չարգիլուեցաւ եւ չէր կրնար արգիլուիլ ազատութեանց այս երկրին մէջ:
Սակայն էականը այդ չէ, էականը փա՛ստն է, թուրքեւխորհրդային եղբայրակա՜ն ու ներդաշնակ գործակցութեան անհերքելի փաստը հայ ժողովուրդին եւ Հայ դատին դէմ:
Դաւանենգ գործակցութի՛ւն մը, որ աւելի՛ քան քառասունհինգ տարուան մռայլ պատմութիւն մը ունի իր ետին:
Տխուր իրականութիւն է, իրաւամբ, որ թուրքը եւ ռուսը, յամառօրէն եւ հետեւողականօրէն, ամէ՛ն տեղ եւ ամէ՛ն առիթով միասնաբար ցցուեցան հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի դէմ: Միասնաբա՛ր դաւեցին եւ կը շարունակեն ահա դաւել Հայ դատին դէմ:
Ճիշդ է, նշուած փաստը հոս երկու տող է միայն, սակայն ամէն բան կ՛ըսէ եւ կ՛ըսէ աւելի քան պերճախօս ձեւով:
Սակայն տեսնենք, թէ ի՛նչ կ՛ըսէ պատմութիւնը` իբրեւ գերագոյն ու անդաւաճան դատաւոր: