Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (12 Օգոստոս 1965)

Օգոստոս 12, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

ՀՄԸՄ-ի Պասքեթպոլի Եւ Փինկ Փոնկի
Խումբերը Հալէպի Մէջ

Ուրբաթ, 6 օգոստոս, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, հսկայ օթոպիւս մը դէպի Հալէպ ճամբայ ելաւ, իրեն հետ տանելով Պէյրութի ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի եւ փինկ փոնկի խումբերը` անոնց համակիրներով: Շաբաթ առաւօտեան խումբերը Հալէպի մէջ դիմաւորուեցան իրենց հիւրընկալներուն` Հալէպի ՀՄԸՄ-ի վարչութեան կողմէ եւ տեղաւորուեցան պանդոկ:

Ակումբին մէջ նախաճաշէն ետք, յոգնած մարզիկները քաշուեցան իրենց սենեակները հանգստանալու եւ պատրաստուելու երեկոյեան մրցումներուն: Կէսօրուան ճաշէն ետք, կրկին հանգիստ եւ երեկոյեան` ճամբու յոգնութենէն կազդուրուած, խումբը կ՛ուղղուի Սերքլի դաշտը:

Առաջին մրցողները կ՛ըլլան աղջիկներուն խումբերը: ՀՄԸՄ-ի խումբը պասքեթպոլի «հարլիմեան» ցուցադրութիւն մը կ՛ընէ` մեծ խանդավառութիւն ստեղծելով հանդիսականներուն մէջ: Մարի, Յասմիկ, Սիլլա, Սրբուկ, Ֆլորա, Հուրիկ թոյլ չեն տար, որ հակառակորդները առիթ ունենան աչք բանալու, անվերջ կը հարուածեն Սերքլի կողովը եւ խաղը կը վերջացնեն 74 – 18 արդիւնքով:

Սերքլի տղաքը վճռած են, ամէն գնով, իրենց աղջիկներուն վրէժը լուծել, բայց խաղի առաջին վայրկեանին ՀՄԸՄ-ի տղաքը կը նշանակեն 4 կէտ: Խաղը կ՛ընթանայ արագ եւ երկու խումբերը կը նշանակեն յաջորդական կէտեր` արդիւնքը պահելով միշտ հաւասար (10 – 10, 14 – 14): Սերքլ փոքր յառաջդիմութիւն մը արձանագրած է (16 – 20) եւ ՀՄԸՄ-ի տղաքը մեծ ճիգ կը թափեն հաւասարելու, ա՛լ աւելի արագացնելով խաղը, ինչ որ Սերքլի խումբին համար նպաստաւոր չէ: Հոս է, որ իրաւարարները կատարեցին իրենց պարտականութիւնը` ՀՄԸՄ-ին սուլերով 3 յաջորդական ֆաուլեր, որոնք օգտագործուեցան Սերքլի կողմէ: Արդիւնքը` 16 – 26:

ՀՄԸՄ-ի տղաքը սկսան ցոյց տալ ջղայնութեան նշաններ, որովհետեւ իրաւարարները այն խստութեամբ, որ կը վարուին ՀՄԸՄ-ի տղոց հետ, նոյն վերաբերումը բնաւ չունին Սերքլի խաղացողներուն հանդէպ, եւ կիսախաղը վերջացաւ ի նպաստ Սերքլի` 20 – 33 արդիւնքով:

Երկրորդ կիսախաղին իրաւարարները շատ աւելի խիստ էին եւ կարելիութիւն չտուին ՀՄԸՄ-ի տղոց` իրենց խաղը խաղալու: Բողոքելու համար պէյրութցիք պահ մը կը դադրեցնեն խաղը, երբ արդիւնքը ցոյց կու տայ 60 – 34` ի նպաստ Սերքլի: Բողոքը իր հետեւանքները ունեցաւ, իրաւարարները ա՛յնքան մեղմացան, որ սկսան սուլել… ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի: Բայց ամէն բան կորսուած էր, եւ խաղը վերջացաւ 68 – 49 արդիւնքով` ի նպաստ Սերքլի:

Սերքլը ամբողջ Սուրիոյ ախոյեանն է եւ ՀՄԸՄ-ի դէմ մրցելու համար ուրիշ ակումբներէ խաղացողներով զօրացուցած էր իր խումբը, այնպէս որ ՀՄԸՄ-ի դէմ մրցող կազմը կարելի է նկատել Հալէպի խառն խումբը: Սերքլի խաղացողները աւելի ճշգրիտ էին իրենց հեռուէն տուած հարուածներուն մէջ, ինչ որ պակսեցաւ ՀՄԸՄ-ի տղոց: Անկողմնակալ իրաւարարներով ՀՄԸՄ-ի տղաքը կրնային Սերքլի հաւասար խաղարկութիւն մը ցուցաբերել, ինչ որ շատ աւելի պիտի բարձրացնէր մրցումին որակը, եւ մարզասէր հասարակութիւնը հաճելի մարզական երեկոյի մը ներկայ պիտի ըլլար:

Կիրակի երեկոյ, հալէպահայութիւնը հաւաքուած է ՀՄԸՄ-ի դաշտը, ուր առաջին շարքերուն վրայ կ՛երեւին պետական եւ զինուորական բարձրաստիճան հիւրեր: Հոս մթնոլորտը տարբեր է, յաղթողի եւ պարտուողի հարց չկայ, ժողովուրդը հիմնականին մէջ հետաքրքրուած է մարզիկներուն ցուցաբերելիք խաղարկութեամբ եւ կը ծափահարէ ամէն գեղեցիկ շարժումի: Այստեղ ալ Պէյրութի աղջիկները ներկաներու հիացումին կ՛արժանանան իրենց շատ զուսպ եւ շնորհալի խաղարկութեան համար: Մասնաւորաբար աչքի զարկին Յասմիկ Սաաթճեան, որ թէ՛ պաշտպանողական, եւ թէ՛ յարձակողականի մէջ անզսպելի էր: Սելլան, Հուրիկը եւ Ֆլորան, իրենց ճարպիկութեամբ եւ արագութեամբ, միշտ նոր անակնկալներ եւ առիթներ ստեղծեցին կէտ նշանակելու համար, իսկ Սրբուկը առանձինն հմայեց բոլոր մարզասէրները: Պէյրութի աղջիկներուն այս «փառատօնը» վերջացաւ 52 – 18 արդիւնքով` ի նպաստ Պէյրութի:

Տղոց խաղն ալ ընթացաւ պէյրութցիներու տիրապետութեան տակ: Մինչեւ կիսախաղ Պէյրութի խումբը ունէր 20 կէտի առաւելութիւն մը (40 – 20). խաղը վերջացաւ 80 – 65 արդիւնքով:

***

Պասքեթի մրցումներուն զուգընթաց, կիրակի օր տեղի ունեցան փինկ փոնկի հանդիպումները ՀՄԸՄ-ի ակումբին մէջ:  Պէյրութի խումբը կը կազմէին Սամուէլ Մաթոսեան, Ժորժ Պաֆիթ եւ Հայկ Աշգարեան: Խումբին կ՛ընկերանար նաեւ ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մարզիչ եղբ. Պօղոս Յովհաննէսեան, որ իր երկարամեայ եւ լռակեաց աշխատանքին շնորհիւ ՀՄԸՄ-ի համար պատրաստած է արժէքաւոր մարզիկներ, որոնք տարիներէ ի վեր կը պահեն Լիբանանի փինկ փոնկի ախոյեանութիւնը:

Կիրակի առաւօտ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Հալէպ-Պէյրութ մրցումը, որ վերջացաւ 5 – 0 արդիւնքով: Յիշատակելի են Ժորժ Պաֆիթ – Ասպետ Վասիլեան (Պէյրութ) եւ Հայկ Աշգարեան – Նուպար Գոնտրաճեան (Հալէպ) մրցումները, որոնք երկուքն ալ վերջացան լիբանանցիներու յաղթանակով` 2/0:

Կէսօրէ ետք, ժամը 3:30-ին ՀՄԸՄ-ի տղաքը մրցեցան Սերքլի դէմ, որ Սուրիոյ ախոյեան խումբն է եւ 5 – 1 արդիւնքով յաղթեցին. Ճորճ Պաֆիթ եւ Սամուէլ Մաթոսեան յաջորդաբար յաղթեցին Սուրիոյ ախոյեան Ճորճ Լեւոնի, 2/0 արդիւնքով: Փինկ փոնկի մարզիկներուն միակ պարտութիւնը կրեց Հայկ Աշգարեան, որ առաւօտեան Սուրիոյ նախկին ախոյեան Ն. Գոնտրաճեանի դէմ կատարած դժուարին մրցումին յոգնած, կէսօրէ ետք չկրցաւ իր լաւագոյն խաղը խաղալ: Աշգարեան ՀՄԸՄ-ի խումբի ապահով տարրերէն է եւ ի վիճակի է լաւագոյն արդիւնքներու հասնելու: Ժորժ Պաֆիթ եւ Սամուէլ Մաթոսեան, աշխարհի ախոյեանական մրցումներուն մասնակցելէ ետք, մեծապէս յառաջդիմած են եւ Հալէպի մէջ իրենց ցուցաբերած խաղը բոլորովին նորութիւն էր հալէպցիներուն համար:

Ստորեւ մրցումներու թեքնիք արդիւնքները.

Ճ. Պաֆիթ – Ժոզէֆ Լոզա (Սերքլ) 2/0
Ս. Մաթոսեան – Ճորճ Լեւոն (Սերքլ) 2/0
Հ. Աշգարեան – Ժոզէֆ Ճինի (Սերքլ) 2/0
Ճ. Պաֆիթ – Ճորճ Լեւոն (Սերքլ) 2/0
Հ. Աշգարեան – Ժոզէֆ Լոզա (Սերքլ) 0/2
Ս. Մաթոսեան – Ժոզէֆ Ճինի (Սերքլ) 2/0

Կիրակի օրուան մրցումներէն ետք, վարչութիւնը սարքած էր հրաժեշտի սեղան մը, պարտէզին մէջ, որ ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն գիշերային ժամանցի, վայրն է եւ ուր ամէն երեկոյ ընտանիքներ կու գան ընթրելու:

Երկուշաբթի առաւօտ խումբերը ճամբայ ելան դէպի Պէյրութ գեղեցիկ յիշատակներով եւ մանաւանդ խորապէս տպաւորուած Հալէպի եղբայրներու ցուցաբերած ջերմագին եւ սրտբաց ընդունելութենէն, որուն համար իրենց խորին շնորհակալութիւնները կը յայտնեն Հալէպի բոլոր ՀՄԸՄ-ականներուն, վարչութեան եւ Հալէպի ՀՄԸՄ-ի վարչութեան ատենապետ Ժոզէֆ Պայրամեանի, որ միշտ եղաւ մեր խումբերուն հետ:

ՎԱՐՈՒԺԱՆ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Իսրայէլեան Օդանաւային Վայրագ Ռմբակոծումներ Հարաւային Լիբանանի Վրայ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?