Խմբագրական
«Խաղաղութեան Սահման»-ը
(Թուրքեւխորհրդային Գլխագիր
Կեղծիքին Առիթով)
Բ.
Խորհրդային Համայնավար կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի անդամներէն Նիքոլայ Փոթկոռնի, Անգարա իր վերջին այցելութեան առիթով, 4 յունուար 1965-ին, ողջունելով թուրքեւռուս հայադաւ գործակցութեան եւ բարեկամական նոր յարաբերութեանց մեղրալուսինը, կը պատգամէր.
«Թուրքեւխորհրդային ՍԱՀՄԱՆԸ ԿՈՉՈՒԱԾ Է ԴԱՌՆԱԼՈՒ ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԵԱՆ ՍԵՐՏԱՑՄԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇ, ՍԵՒ ԾՈՎԸ ՊԻՏԻ ԴԱԴՐԻ ՄԵՐ ԵՐԿՈՒ ԵՐԿԻՐՆԵՐԸ ԲԱԺՆԵԼԷ` ԴԱՌՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՅԱՐԱՃՈՒՆ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒԹԵԱՆՑ ՈՒՂԻ ՄԸ…» («Ազդակ», 5 յունուար 1965, Ա. էջ):
Ըսուած է շատ յստակ եւ շատ վճռական շեշտով:
Հո՛ս եւս ըսուածը երկու տող է միայն, սակայն ամէն ինչ կ՛ըսէ եւ կ՛ըսէ աւելի՛ քան յատկանշական եղանակով ու ոգիով:
Սակայն ամէն բան այսքան յստակօրէն ըսելէ ետք խորհրդային լիազօր ներկայացուցիչը կը լռէ ուրիշ էական կէտի մը մասին:
Կը լռէ թուրքեւխորհրդային կովկասեա՛ն սահմաններու մասին եւ կը լռէ շատ խորհրդապա՜հ փափկանկատութեամբ:
Յամենայն դէպս այս լռութիւնը նուազ պերճախօս եւ նուազ դաւադիր չէ, սակայն, իր բնոյթով, քան` վերոյիշեալ պայծառօրէն ըսուած երկու տողը:
Փոթկոռնի չ՛ըսեր, թէ ի՛նչ ճակատագիր վերապահուած է արեւելեան նահանգներուն կամ Արեւմտեան Հայաստանի` թուրքեւռուս նոր բարեկամութեան շրջագիծին մէջ:
Չ՛ըսեր, թէ ի՛նչ քանի «խորհրդանիշ» պիտի մնան Թուրքիոյ արեւելեան սահմանները Ռուսիոյ հետ: Ի՞նչ պիտի ըլլայ Արա՛քս գետը: Սեւ ծովուն պէս ա՞ն ալ պիտի դառնայ թուրքեւխորհրդային «տնտեսական յարաճուն փոխանակութեանց ուղի», թէ՞ կոմունիզմի եւ թուրանիզմի «բարեկամութեան սերտացման խորհրդանիշ»:
Չ՛ըսեր նոյնպէս, թէ ի հաշիւ ո՛ր երկրին, ո՛ր ժողովուրդին կը ստեղծուին թուրքեւռուս «բարեկամութեան» այս «խորհրդանիշ»-ները: Չ՛ըսեր դարձեալ, թէ ինչո՛ւ կոմունիզմն ու թուրանիզմը այս աստիճան ոճրային պաղարիւնութեամբ կը թաղեն Հայ դատը` իբրեւ խորհրդանիշն ու միակ գրաւականը երիցս խաչեցեալ եւ բիւրիցս անիրաւեալ հայ ժողովուրդի նուիրական յոյսերուն ու անմեռ իղձերուն:
Փոթկոռնիները չեն ըսեր, սակայն պատմութիւնը կ՛ըսէ, թէ կամրջընկէց Արաքսը չի՛ հանդուրժեր դաւանենգ ոչ մէկ սադրանք եւ, ուշ կամ կանուխ, գիտէ խորտակե՛լ իր վրայ նետուած բռնապետական բոլո՛ր կամուրջները:
Պատմութիւնը կ՛ըսէ եւ պատմական այդ անվերանայելի ճշմարտութեան մասին հազարամեակներէ ի վեր, յաջորդաբար ու տիրաբար, կը վկայեն ամբարտաւան Հռո՛մը, Բիւզանդիո՛նը նենգ, աւարառու Իրա՛նը եւ Թուրա՛նը տնաւեր:
Կը վկայեն, թէ պատմութիւնը ունի իր երկաթէ տրամաբանութիւնը, որուն սասանեցուցիչ գրոհին դէմ անզօր` փո՛ւլ եկած են եւ փո՛ւլ կու գան բոլոր ժամանակներու բոլո՛ր բռնապետութիւններն ու աշխարհակալութիւնները:
Կը վկայեն նոյնպէս, թէ Հայկական Բարձրաւանդակը, արեւելքի եւ արեւմուտքի, հիւսիսի եւ հարաւի հաղորդակցութեան ու առեւտրական մեծ ճանապարհներու եւ շա՛տ աւելի մեծ շահերու խաչաձեւման գօտին կազմելով` ո՛չ մէկ աշխարհակալութեան եւ, առաւե՛լ եւս, ո՛չ մէկ բռնապետութեան «բարեկամութեան» կամ խաղաղութեան «սահման» դարձաւ երբեւէ:
Ընդհակառակն, ո՛րքան ճնշեցին Հայաստանի վրայ, ա՛յնքան աւելի բուռն եղաւ ժայթքումը` իբրեւ Մերձաւոր Արեւելքի հրաբխային ամէնէն աւելի ուժական խառնարանը:
Նո՛յն վկայութիւնը կու տայ նաեւ վերջին մէկուկէս դարու պատմութիւնը` թուրքեւռուս եւ շահագրգիռ այլ պետութեանց յարաբերութեանց լոյսին տակ:
Ապացո՛յց այն իրողութիւնը, որ հարիւր յիսուն տարի շարունակ ռուսը եւ թուրքը գետերով արիւն ու քրտինք թափեցին, որպէսզի Սեւ ծովը եւ Արաքսը կամ Եփրատը դառնան «բարեկամութեան», «խաղաղութեան սահման» եւ «տնտեսական յարաճուն փոխանակութեանց ուղի»` հայ ժողովուրդի գերեզմանին վրայ:
Ծովերով արիւն եւ քրտինք թափեցին, բազմաթիւ դաշինքներ ու դաշնակցութիւններ կնքեցին, զանազան ու զարմանազան ձեւեր փորձեցին իրենց այդ քա՜ղցր երազին տիրելու նպատակով:
Սակայն չարաչա՛ր ձախողեցան: Եւ Հայկական Բարձրաւանդակը երբե՛ք չդադրեցաւ հրաբխային պայթուցիկ խառնարան մը ըլլալէ թէ՛ մէկուն եւ թէ՛ միւսին, թէ՛ Արեւելքի եւ թէ՛ Արեւմուտքի, թէ՛ Հիւսիսի եւ թէ՛ Հարաւի համար:
Եւ պիտի ձախողին մի՛շտ, ինչպէս որ մէկը միւսին ետեւէն ձախողեցան Հռո՛մը, Բիւզանդիո՛նը, Իրա՛նն ու Թուրանը դարե՜ր շարունակ եւ դարեր անընդհա՛տ:
Արդարեւ, հո՛ն, ուր յաջորդաբա՛ր ձախողեցան «հռոմէական խաղաղութիւն»-ը, բիւզանդականն ու մնացեալ բոլոր «խաղաղութիւն»-ները, չի՛ կրնար յաջողիլ նաեւ թուրք եւ ռուս «խաղաղութիւն»-ը, ինչպէս ամէ՛ն «խաղաղութիւն», բացի «հայկակա՛ն խաղաղութենէն»:
Որովհետեւ միակողմանի ո՛չ մէկ դաշինք, ո՛չ մէկ դաշնակցութիւն, ո՛չ մէկ «բարեկամութիւն» կրնայ մնայուն խաղաղութիւնը երաշխաւորել աշխարհի այս մասին մէջ:
Ճշմարտապէս թերի եւ… անընդունելի, ինչպէս եւ անըմբռնելի ու անկիրառելի է միակողմանի ամէ՛ն կարգադրութիւն:
Վկա՛յ հին եւ նոր դարերու պատմութիւնը:
Ուստի` թուրքեւռուս խաղաղութեան եւ «բարեկամութեան սահման»-ը ո՛չ Սեւ ծովէն կ՛անցնի եւ ո՛չ ալ Եփրատէն կամ Արաքսէն:
Թուրքեւխորհրդային խաղաղութեան ու «բարեկամութեան սահմանը» կ՛անցնի Սեւրէ՛ն, Սեւրի անժամանցելի դաշնագրին կենսագործմա՛ն, Հայ դատի իրականացման ճանապարհէն:
Ճշմարիտ խաղաղութեան եւ անդաւաճան բարեկամութեան ուրիշ ուղի, Մերձաւոր Արեւելքը սասանող հրաբուխը հանգչեցնելու ուրի՛շ միջոց գոյութիւն չունի, ո՛չ Արեւելքի, ո՛չ Արեւմուտքի, ո՛չ Հիւսիսի, եւ ո՛չ Հարաւի համար:
Անկախ եւ միացեալ Հայաստանի նուիրական գաղափարականին իրականացո՛ւմն է մնայուն խաղաղութեան միա՛կ ուղին թուրքեւխորհրդային սահմաններուն վրայ, «հայկական խաղաղութեան» ստեղծման ուղին:
Մնաց որ անկախ եւ միացեալ Հայաստանի կերտումը`
Ա.- Աշխարհագրակա՛ն (հրամայակա՛ն) անհրաժեշտութիւն է:
Բ.- Տնտեսակա՛ն անհրաժեշտութիւն է:
Գ.- Քաղաքական անհրաժեշտութիւն է:
Դ.- Ռազմավարակա՛ն, պատմակա՛ն ու մարդկայի՛ն անհրաժեշտութիւն է, միաժամանակ բոլորի՛ն համար անխտիր:
Ամէնէն առաջ այս կը պահանջէ թուրքի՛ն շահը, ռուսի՛ն շահը, հայ ժողովուրդի՛ն շահը, շա՛հը բոլոր «մեծ»-երուն եւ «փոքր»-երուն հաւասարապէս:
Շահը բոլո՛ր անոնց, որոնք այսպէս կամ այնպէս, հետաքրքրուած են Մերձաւոր Արեւելքի հրաբուխը մարելու եւ անոր մնայուն, ու բեղո՛ւն, խաղաղութիւնը ապահովելու կենսակա՛ն, մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան համար կենսական գործով:
Բոլոր պայմաններուն մէջ, անխտիր բոլորին շահը կը պահանջէ, իրաւա՛մբ, ստեղծել անկախ եւ միացեալ Հայաստան մը` ընդմէջ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի կամ Հարաւի եւ Հիւսիսի, իբրեւ Մերձաւոր Արեւելքի նոր Զուիցերիա, իբրեւ խաղաղութեան մնայուն գօտի եւ իբրեւ միջազգային «տնտեսական յարաճուն փոխանակութեանց» ծաղկուն քառուղի:
Ահա՛ այն միակ ճանապարհը, ըսէ՛ եւ կրկնէ՛ զոր մեզի ցոյց կու տայ Հայկական Բարձրաւանդակի աւելի՛ քան չորս հազարամեակներու պատմական բազմակողմանիօրէն հարուստ փորձառութիւնը, պատմական անվերաքննելի՛ ճշմարտութիւնը:
Իւրկիւպլիւներն ու Քոսիկինները իրե՛նք ալ գիտեն արդէն, թէ «մնայուն խաղաղութեան գլխաւոր պայմաններէն մէկը» ա՛յն ատեն միայն կ՛իրագործուի, երբ «ամէն ազգ անկախ եւ ինքնիշխան ապրելու իր իրաւունքը» ձեռքը կը բերէ, երբ «միանգամ ընդմիշտ լուծարքի կ՛ենթարկուի գաղթապետական դրութիւնը» սահմանէն ասդի՛ն թէ անդի՛ն, բովանդա՛կ երկրագունդի մէջ:
Միմիայն այն ատեն, երբ հայ ժողովուրդը ե՛ւս, բոլոր ժողովուրդներու կողքին, անկախ` եւ միացեալ Հայաստանի ստեղծումով, կը լծուի իր պատմական առաքելութեան իրականացման եւ համաշխարհային խաղաղութեան կերտման նուիրական գործին:
Երբ Հայկական Բարձրաւանդակը, անկա՛խ՝ Արեւելքէն եւ Արեւմուտքէն, Հիւսիսէն ու Հարաւէն հաւասարապէ՛ս, կը դառնայ ճշմարիտ խաղաղութեան ՄՆԱՅՈՒՆ ԳՕՏԻ:
Ահա թէ ուրկէ կ՛անցնի ոչ միայն Մերձաւոր Արեւելքի, այլեւ, այլ մանաւա՛նդ թուրքեւխորհրդային խաղաղութեան եւ իրական «բարեկամութեան սահման»-ը:
Այսօր եւ ընդմի՛շտ:
(Վերջ)