Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (15 Օգոստոս 1965)

Օգոստոս 15, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. Աստուածածնայ Տօնը
Լիբանանի Մէջ

Լիբանանահայութիւնը մեծ ուրախութեամբ եւ ջերմեռանդ հաւատքով տօնակատարեց Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը:

Շաբաթ, 14 օգոստոսի երեկոյեան, Պէյրութի թէ գիւղագնացութեան հայաշատ կեդրոններուն մէջ,  Ս. Տիրամօր անուանակոչութիւնը տօնակատարուեցաւ ընտանեկան խրախճանքներով եւ հրավառութեամբ:

Կիրակի, 15 օգոստոս, աւանդապահ եւ հաւատացեալ հայ ժողովուրդը այս տարի եւս հոծ բազմութեամբ Պէյրութէն թէ գիւղագնացութեան վայրերէն ուխտի գնաց Պիքֆայա, կաթողիկոսարանի Ս. Աստուածածին եկեղեցի եւ խոր երկիւղածութեամբ հետեւեցաւ սրբազան արարողութիւններուն:

Պատարագեց Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոս:

Պատարագիչ սրբազանը «Վարանիք ի մեղաց դու ազատիչ մեզուեցելոյս ո՜վ Տիրամայր» բնաբանով հոգեշունչ քարոզ մը խօսեցաւ, առաւել ամրապնդելով հաւատքը ժողովուրդին` հանդէպ Հայաստանեայց Ս. եկեղեցին ու աւանդութիւնները:

Յաւարտ Ս. պատարագի տեղի ունեցաւ աւանդական խաղողօրհնէք եւ Անթիլիասի եկեղեցասէր տիկնանց խնամակալութեան կողմէ պատրաստուած մատաղի օրհնութիւնը` հանդիսութեամբ Երուսաղէմի ամենապատիւ պատրիարք Եղիշէ Ս. արքեպիսկոպոսի:

Ապա, Ամենապատիւ պատրիարքն ու պատարագիչ սրբազանը թափօրով առաջնորդուեցան դահլիճ եւ արարողութիւնները վերջ գտան պատրիարք հօր պահպանիչով:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Խորէն Ա. կաթողիկոս աջահամբոյրով շնորհաւորութիւնները ընդունեցաւ ուխտագնաց ազգայիններու:

Մատաղի բաշխումը տեղի ունեցաւ կարգապահութեամբ, որուն կը հսկէին ՀՄԸՄ-ի սկաուտները:

Լիբանանահայ միւս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ եւս, որոնք լեցուեցան հաւատացեալներով, տեղի ունեցան հանդիսաւոր Ս. պատարագ եւ խաղողօրհնէք:

Պատարագիչ հայր սուրբերն ու քահանայ հայրերը աւուր պատշաճի քարոզներ խօսեցան:

ՀՄԸՄ-ի Ճաշկերոյթ-Պարահանդէսը
Պուա Տը Պուլոնէի Մէջ

Մերձաւոր Արեւելքի ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած ճաշկերոյթ-պարահանդէսը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 14 օգոստոս 1965-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Պուա տը Պուլոնէի Օթէլ Մուքարզելի շքեղ սրահներուն մէջ:

Այս տարի առաջին անգամ ըլլալով պարահանդէսը տեղի կ՛ունենար ճաշկերոյթի դրութեամբ` արձանագրելով աննախընթաց յաջողութիւն մը: Արդարեւ, չնախատեսուած բազմութիւն մը ներկայ գտնուեցաւ: Շատեր հարկադրուեցան ետ դառնալու:

Պարահանդէսի խանդավառութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ, երբ Խանճեան եղբայրներու ղեկավարած «Սիփան» պարախումբը ելոյթներ ունեցաւ: Մասնաւորաբար Մարի Փելթեքեան իր մեներգով ուղղակի հիացուց ներկաները, որոնց բուռն ծափերուն տեղի տալով հարկադրուեցաւ քանի մը անգամ կրկներգել:

Բարոյապէս թէ նիւթապէս յաղթանակ մը եղաւ ճաշկերոյթ-պարահանդէսը, որ տեւեց մինչեւ առաւօտեան ժամերը:

 

Հայաստան. Սրախօսութիւններ

Չար Սուսանը

Չորս տարեկան Սուսանը շատ չար է: Մայրը յաճախ զայն կը սաստէ եւ կ՛ըսէ, թէ զինք պիտի փոխէ ուրիշ բարի երեխայի մը հետ:

– Չես կրնար, մայրիկ,- կը պատասխանէ Սուսան:

– Ինչո՞ւ:

– Դէ, ո՞վ է խենթացեր, որ չար երեխայի մը տեղ քեզի բարի մը տայ:

 

Մոռացկոտ Տղան…

Հայրը կը հարցնէ տղուն.

– Ատ ի՞նչ հանգոյց է թաշկինակիդ ծայրը:

– Մայրիկը կապեց, որպէսզի ծրարը փոստարկղ ձգել չմոռնամ:

– Եւ դուն ձգեցի՞ր:

– Ոչ, որովհետեւ մայրիկը մոռցաւ ծրարը ինծի տալ:

 

Սխալող Հայրիկներ

– Հայրիկ,- կ՛ըսէ դպրոցական տղան,- այն խնդիրը, որ լուծեցիր, սխալ էր:

– Ի՞նչ կ՛ըսես: Ի՞նչ անախորժ բան եղաւ ուրեմն:

– Հոգ չէ, հայրիկ, ուրիշ հայրիկներու ալ անախորժ բաներ պատահեցան այսօր թուաբանութեան պահուն:

 

Վիպասանը Քննադատին

– Տես, թէ ի՛նչ սարսափելի բան պատահեցաւ: Երեք տարեկան տղաս վառարան նետեց նոր վէպիս յիսուն էջերը:

– Ինչպէ՞ս, երեք տարեկանին արդէն կարդա՞լ գիտէ տղադ…

 

Մեծ Մարդոց
Փոքր Տկարութիւնները

ՊՐԱՄՍ-ը, շատ յաճախ, նոյնիսկ երբ պէտք չէր զգացուեր, կը մաքրէր կօշիկները: Կը պնդէր, թէ այդ պահուն է, որ մտքին մէջ ծնունդ կ՛առնեն իր լաւագոյն մեղեդիները:

ՄԷՅԻՐԲԷՐ շոգեկառք կը նստէր եւ կ՛երթար մինչեւ ո՛ւր որ աչքը կը կտրէր, որովհետեւ վակոնին մէջ աւելի դիւրութեամբ երաժշտական կտորներ կը յօրինէր:

ԼԻՍՏ իւրաքանչիւր երկ աւարտելէ ետք, հիւանդ կը զգար:

ՊԵԹՀՈՎԷՆ կը հաւատար, թէ սափրուիլը արգելք կ՛ըլլար իրեն յաջող ստեղծագործութիւններ յօրինելու. այս պատճառով ալ հազուադէպօրէն կը սափրուէր:

ԿԷՕԹԷ կ՛աշխատէր ամուր փակուած սենեակի մէջ, ուր ոչ մէկ ձայն կրնար թափանցել, նոյնիսկ մաքուր օդը:

ՏԻՔԸՆԶ ամէն անգամ յիսուն տող գրելէ ետք գաւաթ մը տաք ջուր կը խմէր:

ՊԱՅՐԸՆ երբ աշխատելու կը նստէր, կը նայէր, որ մօտերը աղաման չըլլայ: Աղին տեսքը կատաղութիւն կը պատճառէր իրեն:

ՊԱԼԶԱՔ` հանճարեղ մարդոց նկատմամբ իբրեւ յարգանքի նշան, գլխարկը կը հանէր, երբ… ինք իր մասին խօսէր:

ՖՐԱՆՔԼԻՆ աշխատած ատեն, հաց ու պանիր կը դնէր քովը, «մտային կորուստները հատուցանելու համար»:

ՆԱՓՈԼԷՈՆ թուղթ խաղացած ատեն անխիղճ խարդախութիւններ կ՛ընէր:

 

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ծովահէնները Իսկապէս Գոյութիւն Ունեցա՞ծ Են

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?