Ակնարկ
Խրուշչեւեան Լեզու
Նիքիթա կրնար անվարան իր ստորագրութիւնը դնել այն յայտարարութեան տակ, որ անցեալ երեքշաբթի ունեցաւ Խորհրդային Միութեան վարչապետ Ալեքսի Քոսիկին` ընդունելով «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի խմբագրապետը:
Քոսիկին, որ կշռադատ եւ ծանրախոհ ղեկավարի համբաւ ունէր ցարդ եւ իր պաղարիւնը չէր կորսնցուցած նոյնիսկ այն օրը, երբ ամերիկացիք առաջին անգամ ըլլալով ռմբակոծեցին Հիւսիսային Վիեթնամը` իրեն բարիգալուստ մաղթելու եզակի եղանակով մը, այս անգամ գործածեց այնպիսի լեզու մը, որ կը յիշեցնէ խորհրդային եւ ամերիկեան Պաղ պատերազմի ամէնէն տաք օրերը:
Այլեւս սովորական դարձած երեւոյթով մը Քոսիկինի յայտարարութեան զուգադիպեցան բողոքի ցոյցեր Մոսկուայի եւ խորհրդային այլ քաղաքներու մէջ` ընդդէմ Վիեթնամի ամերիկեան քաղաքականութեան:
Եթէ այս երեւոյթները կապենք այն իրողութեան, որ խորհրդային իշխանութիւնները յառաջիկայ տարուան համար նախատեսած են զինուորական պիւտճէի 5 առ հարիւրի յաւելում մը, որ հարիւր միլիոններու տարբերութիւն մը կը գործէ, կը գտնենք նոր կացութիւն մը, որ արհեստականօրէն ստեղծուած ըլլալու տպաւորութիւնը կը թողու` համայնավար աշխարհին յատուկ ներքին պատճառներով:
Վիեթնամի պատերազմին հանդէպ Մոսկուայի հետաքրքրութիւնը եղաւ այն աստիճան ձեւական, որ համայնավար երկիրները սկսան դժգոհութեան արտայայտութիւններ ունենալ: Փեքին, հակառակ այն իրողութեան, որ տեղէն շարժելու փորձ մը չկրցաւ ընել, երբ Հիւսիսային Վիեթնամ կը կքէր ամերիկեան ռումբերու տարափին տակ, կրցաւ սակայն վարպետօրէն իր անզօրութիւնը վերագրել «համայնավարութեան հայրենիք»-ին անտարբերութեան:
Միւս կողմէ` ամերիկեան դիւանագիտական յարձակողականը, որ կ՛ընկերանայ վիեթնամեան պատերազմին սաստկացման, Մոսկուան դրած է ահաւոր կացութեան մը առջեւ` Երրորդ աշխարհի ղեկավարներուն ներշնչելով այն համոզումը, թէ այլեւս չեն կրնար ապաւինիլ Մոսկուայի օժանդակութեան, իրենց ազգային պայքարներու ընթացքին:
Այս բոլոր երեւոյթները, որոնք վտանգաւոր կերպով կ՛անդրադառնային խորհրդայիններու միջազգային դիրքին վրայ, չէին կրնար անհետեւանք մնալ եւ հակազդեցութեան մը անհրաժեշտութիւնը չզգացնել Քրեմլինի վարիչներուն:
Առաջին քայլը առնուեցաւ, երբ նոյեմբեր 8-ի տողանցքին, Կարմիր հրապարակին վրայ, ցուցադրուեցան շաւիղային երկու հրթիռներ: Արեւմտեան լրագրողները իրար անցան ռազմավարական տուեալները յեղաշրջող այս երեւոյթը մէկ վայրկեան առաջ հաղորդելու համար իրենց թերթերուն: Երկու տարի առաջ Խրուշչեւ խօսած էր այդ «բացարձակ զէնք»-ի մասին, յետոյ Մոսկուա հրատարակած էր ճշդում մը` փարատելու համար մարդկութեան երկիւղը: Երբ Քոսիկինի նման ղեկավար մը հարկ տեսաւ խրուշչեւեան «կաֆ»-ը իւրացնելու, կը նշանակէ, թէ մասնաւոր պատճառներ ունէր Խորհրդային Միութեան ուժին ցուցադրութիւնը կատարելու:
Այդ ցուցադրութենէն ետք, երեքշաբթիի յայտարարութիւնը կասկած չի թողուր այլեւս, որ խորհրդային ղեկավարները վերջին մէկ տարուան յարաբերական հանդարտութիւնը` խորհրդային եւ ամերիկեան յարաբերութեանց ճակատին վրայ, շահաբեր չեն նկատեր Ռուսիոյ համար:
Բայց արդեօք ուշ չէ՞ կացութեան հոլովոյթը շրջելու համար:
X
Ամենայն Հայոց Հայրենիք
Հայաստան այցելողներուն թիւը տարուէ տարի կ՛աւելնայ, կը գրեն Հայաստանի թերթերը:
Ուրախալի է այս իրողութիւնը ա՛յն իմաստով, որ արտասահմանի հայը, քանի մը շաբաթ ապրելով հայրենի հողին վրայ, «կը պատուաստուի» ընդդէմ այն օտար միջավայրին, որուն ամէնօրեայ ազդեցութեան ենթակայ է:
Արտասահմանէն Հայաստան հայերու այցը իր նպաստաւոր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ նաեւ երկրի ժողովուրդին վրայ:
Բայց Հայաստան այցելողներէն անոնք, որոնք կամովին կ՛երթան, եւ ոչ թէ` մասնաւոր հրաւէրներով, երեւան կը բերեն աննպաստ կողմ մը:
Ի՞նչ բան կը մղէ զիրենք մինչեւ Երեւան սաւառնելու: Ի՜նչ տարօրինակ հարցում, պիտի զարմանայ ընթերցողը: Կ՛երթան տեսնելու հայրենիքը: Տեսնելու` առաւել կամ նուազ չափով իրականացած դարերու Երազը:
Կը հաւատա՛մ: Կը հաւատամ նաեւ, թէ հոգեփոխում մը կ՛ունենան, ինչպէս կ՛ըսէի:
Իմ վրայ բոլորովին աննպաստ տպաւորութիւն կ՛ընեն սակայն բոլոր անոնք, որոնք բացառիկ շռայլանքներ կը յեղյեղեն, երբ կը խօսին իրենց տպաւորութիւններէն:
Սխալ չհասկցուիմ: Ըսել չեմ ուզեր, թէ նուաճումներ չկան հայրենիքի մէջ: Կա՛ն անշուշտ: Եւ զանազա՛ն մարզերու մէջ: Փոխուած են նաեւ կեանքի պայմանները: Եւ այժմ կարելի՜ է բնակիլ Հայաստանի մէջ: Բայց ճիշդ այս իրողութիւններն են, որ իմ մէջ կը շեշտեն մտահոգութիւն մը:
Կիրակի առաւօտ մը բացեր էի Երեւանը: Երգերէն ետք կարգը եկաւ, ինչպէս միշտ, «արտասահմանից Հայաստան այցելող հայերի տպաւորութիւններին»: Եւ խօսք առաւ ամերիկահայ կին մը: Էականը այն չէր, թէ կիսով արեւելահայերէն եւ կիսով արեւմտահայերէն էին «իր» խօսքերը: Կամ` ի՞նք էր գրած, թէ՞ միայն կարդացողն էր ինք: Կինը կ՛ըսէր, թէ ինք եւ իր ամուսինը երկրորդ անգամ ըլլալով կ՛այցելեն Հայաստան: Եւ անցեալ քանի մը տարիներուն մեծ փոփոխութիւններ տեղի ունեցած են: Ու կը խօսէր շռայլելով ածականներ: Կամ` «բերնին ջուրերը վազցնելով»: Եւ այնքան խանդավառուած էր, որ կրկին այցելելու բաղձանք կը յայտնէր:
Բացառի՞կ է այս կինը` իբրեւ խանդավառուող: Ո՛չ: Եւ միայն ինք ու իր ամուսի՞նն են, որ կ՛երթեւեկեն Հայաստան: Դա՛րձեալ ոչ:
Անցողակի ըսեմ, թէ Հայաստանի վարիչները աւելի ուղղամիտ, աւելի վայելուչ եւ աւելի գնահատելի գործ կատարած կ՛ըլլան, եթէ միանգամ ընդմիշտ հրաժարին երկիր ոտք դնողին թուղթ մը տալու եւ ձայնասփիւռին առջեւ հանելու իրենց սովորութենէն: Պետականութիւնը իր պատշաճութիւններն ու վայելչութիւնը ունի, որոնց երբեք չի համապատասխաներ գովասանքներ մուրալու, այդ հասարակ ձեւը: Լրջութենէ բոլորովին զուրկ եւ քարոզչական ծիծաղելի ձեւ մըն է այդ, որ, երբ մանաւանդ ամէն հեղ ու ամէն օր կը կրկնուին նոյն բաները ըսել ու ըսել տալու համար, առնուազն տաղտկալի կը դառնայ: Ան աւելի կը հասարակնայ երբ կը վճարուի… Խօսքը պէտք է ըլլայ ինքնաբուխ եւ ոչ թէ` առաջարկի մը արդիւնք: Եւ, վերջապէս, քանի որ այցելողը պիտի վերադառնայ արտասահման, բեմ ու մամուլ չի պակսիր` իր տպաւորութիւնները տալու այնպէս, ինչպէս որ են:
Ամերիկայէն Հայաստան այցելող կինը կրնայ առարկել, թէ ինք արձագանգն է եղած իր ներքին ձայնին: Այսինքն երկիրը այժմ ունի պայմաններ ու գոյավիճակ մը, որոնք զինք իր ամուսինը եւ իրենց պէս շա՜տ շատեր կը խանդավառեն:
Այս հաստատումը, սակայն, ոչ թէ կը մատնանշէ իրենց հայրենասիրութիւնը, այլ աննպաստ վկայութիւն մը կ՛ըլլայ: Որովհետեւ հայրենասիրութիւնը միայն այցելութիւն ու խօսք չէ: Ոչ ալ` ուրիշ երկիրներու կարգին քանի մը տարին անգամ մը այցելել նաեւ Հայաստան` մի՜շտ իբրեւ… զբօսաշրջիկ անշուշտ: Այսինքն` իջնել «Արարատ» պանդոկը: Շաշլիկով ու գինիով հիւրասիրուիլ: Այցելել Մատենադարան: Երթալ Դիլիջան կամ Սեւան: Անշուշտ` ճաշակել նաեւ իշխանաձուկը: Եւ յետոյ, սրբելով շրթները, կանգնիլ ձայնասփիւռին առջեւ, յաջորդ օրը, կռնակը տուած Երեւանին, վերադառնալու համար «մեր Ամերիկան»:
Կը բնորոշեմ իրողութիւնները եւ չեմ մեղադրեր: Կ՛ուզեմ մատնանշել սակայն, թէ նոյն այդ իրողութիւններուն ետին կայ մտավիճակ մը եւ հոգեվիճակ մը, որ ենթական հեռացուցած է իրական հայրենասիրութենէն: Եւ եթէ լրջօրէն քննենք զայն, պիտի գանք այն եզրակացութեան, թէ արտասահմանի հայութեան որոշ մէկ տոկոսը ենթարկուած է հոգեկան գաղթարարութեան մը, եթէ կարելի է այսպէս բնորոշել: Հոգեկան այդ գաղթարարեալ վիճակն է, որ անձնական նախասիրութիւնը գերադասել կու տայ իրական ու ամբողջական հայրենասիրութենէն եւ անոր պահանջած ու պարտադրած զոհողութիւններէն: Եւ հայրենիքը կը վերածէ տեսակ մը զբօսավայրի, որ, ապահովաբար, իրենց մէջի «հայուն» բաղձանքները կը բաւարարէ, բայց երբ կարգը կու գայ նոյն այդ խանդավառող գոյավիճակին մէջ իրենց անձերը եւս դնելու (բնակելու Հայաստան), իրենց մէջի «հայրենասէրները» կ՛ընդդիմանան: Կամ չե՜ն իսկ խորհիր այդ մասին:
Այլապէս, ինչպէ՞ս բացատրել այն իրողութիւնը, որ տարուէ տարի Հայաստան այցելողներուն թիւը կ՛աւելնայ, բայց անոնց մէջ չգտնուեցաւ գոնէ մէկ հոգի, նոյնիսկ` համայնավար կամ համայնավարամիտ տարրերէն, որ իրական հայրենասիրութեան ապացոյցը տար` ինքնակամ կերպով մնալով երկրին մէջ:
Այս իրողութեան անտարակոյս կ՛անդրադառնան նաեւ Հայաստանի վարիչները: Կը խորհի՞ն պատճառներու մասին` անկախ այն իրողութենէն, թէ իրենք կրնան վերցնել այդ պատճառները:
Փաստը այն է, որ Հայաստան կը հայաստանանայ, այո՛, բայց նոյնիսկ զայն փառաբանողներուն համար ան դեռ «ամենայն հայոց հայրենիքը» չէ:
ԴԷՏ