Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (18 Նոյեմբեր 1965)

Նոյեմբեր 18, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սորպոն`
Փառահեղ Հանդիսութեամբ Մը
Կը Մեծարէ Վիկտոր Համբարձումեանը

«Յառաջ», 11 նոյմբեր 1965.

Երեքշաբթի առաւօտ, 9 նոյեմբեր, ժամը 10:00-ին, բերնէ բերան լեցուած էր Սորպոնի մեծ ամփիթատրոնը: Հազուադէպ էր տեսնել այսքան բազմութիւն. պատշգամ, դստիկոն, վերնատուն, հսկայ սրահին բոլոր բաժինները` լեցուած: Ընդարձակ բեմին վրայ, որ դարձած էր մարդկային իմացականութեան Ողիմպոսը, տեղ գրաւած էին համալսարաններու վերատեսուչը, բարձրագոյն ուսումնարաններու տեսուչները, ակադեմականներ, փրոֆեսէօրներ, բոլորը` իրենց աւանդական զգեստաւորումով, խայտաճամուկ նափորտներու մէջ փաթթուած, ճաճանչաւուխտ շքանշաններով զարդարուած: Բեմին առջեւ` կրթական նախարարը` Ֆուշէ, իր կողքին դեսպանները` ամերիկեան, անգլիական, գերմանական, պելճիքական, զուիցերիական, իտալական, պրազիլեան եւ Խ. Միութեան (Զորին): Անմիջապէս ետեւը` բարձրագոյն վարժարաններու տեսուչներ, մտաւորականներ:

Հանրապետական պահակազօրաց նուագախումբը կը հնչեցնէ «Մարսէյեզ»-ը եւ ծով բազմութիւնը կը կանգնի ոտքի:

Ապա համալսարաններու վերատեսուչը` Ժան Ռոշ մի ըստ միոջէ կը հրաւիրէ.

1.- Իրաւաբանական համալսարանի տեսուչը` Ժորժ Վետել, կարդալու համար իր ներբողեանը, նուիրուած` նախ Փոլ Կիւկժընհայմի, փրոֆեսէօր` Ժընեւի Իրաւաբանական համալսարանին եւ բարձրագոյն ուսմանց միջազգային հիմնարկութեան, երկրորդ` Մաքս Քազերի, փրոֆեսէօր` Համպուրկի համալսարանի հռոմէական իրաւագիտութեան ամպիոնին, երրորդ` Ուորրընի, նախագահ` Միացեալ Նահանգներու Գերագոյն ատեանին:

2.- Բժշկական համալսարանի տեսուչը` Ժորժ Պրուէ, կարդալու համար իր ներբողեանը, նուիրուած` նախ Լիւտօ Վան Պոկաէրթի, փրոֆեսէօր` Պրիւքսելի բժշկական համալսարանի ջղաբանութեան ամպիոնին, յետոյ` Ռապըրթ Ռէյսի, տնօրէն` Լոնտոնի Լիսթեր հիմնարկութեան:

3.- Գիտութեանց համալսարանի տեսուչը` Մարկ Զամանսկի, կարդալու համար իր ներբողեանը, նուիրուած` Վիկտոր Համբարձումեանի, նախագահ Հայաստանի Գիտութեանց ակադեմիայի, անդամ` Խ. Միութեան Գիտութեանց ակադեմիայի եւ նախագահ Աստեղագիտական միջազգային միութեան, յետոյ Ճորճ Սիմփսընի, փրոֆեսէօր Հարվըրտ համալսարանի հնէագիտութեան ամպիոնին:

4.- Դպրութեանց եւ մարդկային գիտութեանց համալսարանի տեսուչը` Մարսել Տիւրրի, կարդալու համար իր ներբողեանը, նուիրուած` Ճիլպերթօ Փրերէի, պատուակալ փրոֆեսէօր Պրազիլեան համալսարանի մարդաբանութեան ամպիոնին, յետոյ Ճիորճիօ Լեւի Տելլա Վիտայի, պատուակալ փրոֆեսէօր` Հռոմի համալսարանի:

5.- Դեղաբանութեան համալսարանին տեսուչը` Կիյոմ Վալեթ, կարդալու համար իր ներբողեանը, նուիրուած` Ռեմոն Պույէնի, փրոֆեսէօր` Լիէժի համալսարանին բուսաբանական աշխարհագրութեան ամպիոնին, յետոյ Հերըլտ Պըրնի, պատուակալ փրոֆեսէօր` Օքսֆորտի համալսարանի:

Ամէն անգամ որ ներբողեանը կ՛աւարտէր եւ տոքթոր Օնորիս Քաուզա կը հռչակուէր գիտնականը, ընտրեալը ոտքի կը կանգնէր եւ բարապանին ընկերակցութեամբ կը ներկայանար համալսարաններու վերատեսուչին, որ ընտրեալին աջ ուսը կ՛անցընէր մետաքսեայ վարշամակ մը` վրան ագուցուած շքանշան մը, յետոյ կը յանձնէր փառընկալ վարդապետի վկայականը` կարմիր գլանակի մը մէջ դրուած: Վերատեսուչին շնորհաւորութենէն ետք, ընտրեալը կը դառնար հասարակութեան, որ կը թնդացնէր սրահը ծափահարութիւններով, յետոյ կ՛իջնէր մէկ աստիճան` ընդունելու համար կրթական նախարարին շնորհաւորութիւնը:

Ընտրեալներէն Պրազիլեան եւ Իտալական համալսարաններու երկու պատուակալ փրոֆեսէօրները կը բացակայէին` առողջական պատճառներով: Անոնց վկայականները պիտի յանձնուին դիւանագիտական խողովակով:

Ամէն անգամ ներբողեանները կ՛ընդմիջուէին հանրապետական պահակազօրաց նուագախումբին երաժշտական կտորներով:

Ի վերջոյ համալսարաններու վերատեսուչը` Ժան Ռոշ կարդաց իր ճառը, որով շնորհակալութիւն կը յայտնէր կառավարութեան ներկայացուցիչին եւ դեսպաններուն, անգամ մը եւս շնորհաւորելէ ետք պսակաւոր գիտնականները, կը յայտնէր, թէ ֆրանսական համալսարանները կը յորդին ուսանողութեամբ, տարուէ տարի կ՛աւելնայ ուսանողներուն թիւը եւ նեղ կու գան համալսարանները:

– Վիկտոր Համբարձումեանի պսակաւորումով Ռուսիա իններորդ անգամն է, որ կը ստանայ Սորպոնի տոքթոր օնորիս քաուզա բարձրագոյն տիտղոսը, ֆրանսական այս տիտղոսը գերագոյն պսակն է գիտական աշխարհի մէջ: Առաջինը ստացած է հանճարեղ Փաւլով` 1925-ին, իսկ 1945-ին` չորս գիտնականներ, Պեռընշտայն, Կապիցցա, Եոֆէ, Տարլէ, 1946-ին` Եուտին, 1955-ին` Ան Կոլմոկորով, 1959-ին` Փաւլովսքի, 1965-ին` Վիկտոր Համբարձումեան:

 

Հայ Կեանք

Տիկ. Արաքս Սվաճեան
– Սոփրանօ Լիրիք –

Յառաջիկայ նոյեմբեր 23-ին, ռումանահայ երգչուհի Արաքս Սվաճեան համերգ մը պիտի տայ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հանդիսասրահին մէջ:

Արաքս Սվաճեան ծանօթ անուն մըն է արուեստի աշխարհին մէջ` իբրեւ երգչուհի Պուքրէշի պետական երաժշտանոցին ու նաեւ` բազմավաստակ ուսուցչուհի ձայնամարզութեան:

Բեմի վրայ իր երեւումները համրանք չունին: Տարիներ շարունակ եղած է փնտռուած աստղը Պուքրէշի թատերասրահներուն, ուր մեծապէս գնահատուած է ոչ միայն իր սոփրանօ լիրիք ուժեղ ձայնը, այլ նաեւ` երգի իր բարձր արուեստը:

Ռումանահայերը մեծ գովեստով կը խօսին իր մասին` մանաւանդ յիշելով այն գլխաւոր դերերը, զորս ստանձնած է հռչակաւոր օփերաներու մէջ:

Ա. Սվաճեանի յաջողագոյն իրագործումները եղած են Վիոլեթթա` «Թրաւիաթա»-ի մէջ, Մարկրիթ` «Ֆաուսթ»-ի մէջ, Զոչօ Սան` «Մատամ Պաթըրֆլայ»-ի, Միմի` «Պոէմա»-ի, Սիւզաննա` «Ֆիկասոյի հարսանիք»-ին մէջ:

Օփերայի իր գործունէութեան կողքին, Ա. Սվաճեան անտարբեր չէ եղած նաեւ հայ երաժշտութեան հանդէպ: Ընդհակառակն, մասնագէտ է հայկական երգարուեստին:

Նոյեմբեր 23-ի իր ելոյթը առիթ մը պիտի ըլլայ, որպէսզի Պէյրութի երաժշտասէր հասարակութիւնը եւս հնարաւորութիւն ունենայ գնահատելու զինք:

Շարլ Ազնաւուրի
Նոր Ձեռնարկները

Ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ, յօրինող, դերասան Շարլ Ազնաւուր իր բազմակողմանի տաղանդը հիմա ալ կ՛ուզէ ցոյց տալ առեւտրական գետնի վրայ: Այս նպատակով, Ժան Լուի Ժուպերի հետ հիմնած է նոր երկու առեւտրական ու ճարտարարուեստական տուներ, առաջինին անունն է «Լէ զ՛էտիսիոն միւզիքալ» եւ պիտի զբաղի ձայնատետրերու հրատարակութեամբ, տեսակ մը` երաժշտական հրատարակչական: Իսկ նորակազմ միւս ընկերութիւնը կը կոչուի «Սոսիէթէ տէ փրոտիւքսիոն զ՛արթիսթիք տէ քոմփանիոն տը լա շանսոն»:

Այս ընկերութիւնն ալ ունի հսկայ եւ լայն կազմակերպութիւն մը, որուն գործունէութեան ծիրին մէջ կ՛իյնայ կազմակերպումը երգահանդէսներու, նուագահանդէսներու եւ ամէն տեսակ երաժշտական երեկոյթներու, ինչպէս նաեւ պատրաստութիւնը` ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի յայտագիրներու: Ընկերութիւնը, առաջին հերթին, կազմակերպեց նուագահանդէսներու շարք մը, որ 29 հոկտեմբերին սկսաւ Փարիզի «Օլիմփիա» թատրոնին մէջ:

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Սկիզբ` Պաղեստինեան Ուժերու Պէյրութէն Հեռացման

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?