Խմբագրական
«Արդարութի՛Ւն` Հայաստանի»
(«Տարօրինակ Լռութիւնը» Եւ
«Տարօրինակ Ներողամտութիւնը»)
Ահա՛ խորագիրը` «Արդարութի՛ւն` Հայաստանի այն յօդուածին, որ Փարիզի «Քոպա» թերթը հրատակարած է 11 նոյեմբերի իր թիւով` ստորագրութեանը տակ Կապրիէլ Մացնեֆի:
Անկախաբար յօդուածի բովանդակութենէն` խորագիրը ինքնին պատի՛ւ կը բերէ ոեւէ ազնիւ մարդու, ոեւէ մտաւորականի, ոեւէ հրապարակագրի, որ գիտէ արժանի ըլլալ իր կոչումին:
Որովհետեւ արդարութիւն պահանջել Հայաստանի համար` կը նշանակէ աշխարհի ամէնէն արդար դատին դրօշակիրը հանդիսանալ: Կը նշանակէ աշխարհի ամէնէ՛ն հալածական ու իրաւազրկուած ժողովուրդին զօրավիգ կանգնիլ` մարդո՛ւն, քաղաքակրթութեա՛ն վայել բարոյական ու մտաւորական արիութեամբ:
Կը նշանակէ, նուազագոյն պարագային, մարդանալ:
Արդարութիւն բոլոր ազգերուն եւ բոլոր մարդերուն: Ահա՛ խաղաղութեան, մնայուն ու բեղո՛ւն խաղաղութեան առաջնորդող միակ ուղին:
Իմաստութիւնը կը պահանջէ, քաղաքակա՛ն, միջազգայի՛ն, ազգայի՛ն, մարդկային իմաստութիւնը կը պահանջէ, որ բիրտ ուժին փոխարէն, ուժերու ա՛յս կամ ա՛յն հաւասարակշռութեան տեղ, մանաւանդ ժամանակաւոր շահերու լաբիւրինթոսէն վե՛ր, մեծ ու փոքր պետութեանց, մեծ եւ փոքր ժողովուրդներուն քաղաքական վարքագիծին լծակը կազմէ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆԸ:
Խաղաղութիւն չեղաւ մեր ծեր մոլորակին վրայ, որովհետեւ արդարութի՛ւն չեղաւ մարդոց որդիներուն միջեւ:
Եւ ինչպէս որ անբաժանելի է խաղաղութիւնը, անբաժանելի է քաղաքակրթութիւնը, մարդկութի՛ւնը, այնպէս ալ մի՛ եւ անբաժանելի է արդարութիւնը:
Որովհետեւ խաղաղութիւնը արդարութեան արգասիք է միայն: Առանց արդարութեան` խաղաղութիւն չկա՛յ, մարդկային պատմութեան հնագոյն թէ նորագոյն հազարամեակնե՛րը ապացոյց:
Որովհետեւ Հայ դատին լուծումը արդարութեա՛ն գործ է գերազանցօրէն, մարդկութեան համար խղճի՛ գործ մըն է էապէս եւ քաղաքակրթութեան համար արժանապատուութեան հարց մըն է ըստ ամենայնի՛:
Ուստի կարելի չէ ամբողջական ընծայել խաղաղութիւնը, ամբողջական ընել արդարութիւնը` առանց արդարութիւն ընելու նաեւ, ու մանաւա՛նդ, Հայաստանի:
Մինչեւ որ «Քոպա»-ներուն հետ ձայն չբռնեն բոլո՛ր քաղաքակիրթ երկիրները եւ արիաբար ու վեհափառօրէն չվճռագրեն. «Արդարութի՛ւն Հայաստանի»: Բոլո՛ր Հայաստաններուն:
Մինչեւ որ Միացեալ ազգերու պալատի ճակատին մարդկութեան մաքրազարդեալ խղճին պէս պայծառ տառերով չարձանագրուի ոսկետառ. «Արդարութիւն Հայաստանի»: Բոլո՛ր Հայաստաններուն:
«Թուրքիոյ պատմութիւնը ջարդերու, թալաններու երկար շարք մըն է,- կը գրէ «Քոմպա»-ի աշխատակիցը,- եւ արեւմտեան մամուլը ՏԱՐՕՐԻՆԱԿ ՆԵՐՈՂԱՄՏՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ցոյց կու տայ Թալէաթի հայրենակիցներուն հանդէպ»:
Ապա, քիչ վարը, նոյնքա՛ն իրաւացիօրէն կ՛եզրակացնէ.
«Քաղաքակիրթ աշխարհի եւ Թուրքիոյ միջեւ ՇԱՏ ԴԻԱԿՆԵՐ կան, որպէսզի կարենայինք դեռ ԼՌՈՒԹԻՒՆԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼ»:
Այսուհանդերձ, միայն արեւմտեա՞ն մամուլն է եւ միա՞յն մամուլն է, որ տարօրինակ ներողամտութիւն մը ցոյց կու տայ» ցեղասպան թուրքին հանդէպ:
Իսկ ի՞նչ կ՛ընէ քաղաքակիրթ աշխարհը ինք, հակառակ այն իրողութեան, որ հայ ժողովուրդը, աւելի քան քառասունհինգ տարիէ ի վեր, աշխարհի բոլո՛ր մայրաքաղաքներուն մէջ եւ բոլորի՛ ականջին անխտիր կը գոռայ տեւաբար. «Արդարութի՛ւն Հայաստանի»:
Նո՛յն այդ քաղաքակիրթ աշխարհը չէ՞, որ իր արեւմտեա՛ն եւ արեւելեա՛ն թեւերով եւ աւելի քան քառասունհինգ տարի կ՛ընէ ահա, տարօրինակ լռութիւն կը պահէ Հայաստանի հանդէպ եւ նո՛յնքան տարօրինակ ներողամտութիւն մը ցոյց կու տայ Թո՛ւրքիոյ նկատմամբ:
Եւ այդ աւելի՛ քան տարօրինակ լռութիւնը եւ ներողամտութիւնը ցոյց կու տայ, հակառակ անո՛ր որ աշխարհ մը դիակ կայ ի՛ր եւ Թուրքիոյ միջեւ:
Աւելի՛ն. քաղաքակիրթ աշխարհը ոչ միայն տարօրինակ ներողամտութիւն, այլեւ տարօրինակ գուրգուրանք ցոյց կու տայ միեւնոյն ցեղասպան թուրքին հանդէպ եւ զօրավիգ կը կանգնի անոր` բարոյապէս, տնտեսապէս, քաղաքական եւ ռազմական մարզի մէջ:
Միայն վերջին քանի մը ամիսներուն հեռագրալուրերը զանազան առիթներով հաղորդեցին, թէ հետեւեալ նիւթական օժանդակութիւնները պիտի ըլլան ժողովրդավա՜ր եւ «քաղաքակիրթ» Թուրքիոյ` ճարտարարուեստական ծրագիրներու համար.
Ա.- Խ. Միութիւն` 200 միլիոն տոլար:
Բ.- Մ. Նահանգներ, 200 միլիոն տոլար պարտքի յետաձգումէն ետք, 125 միլիոն տոլար` իբրեւ նոր օժանդակութիւն:
Գ.- Եւրոպայի Միացեալ շուկայի անդամ երկիրներէն 175 միլիոն տոլար: Իսկ Քեպան վիթխարի ջրելեկտրակայանի (Եփրատի վրայ) ծրագրին, որուն գործադրութիւնը պիտի սկսի 1966-ին եւ պիտի աւարտի 1971-ին, 337 միլիոն տոլար:
Դ.- Մեծն Բրիտանիա` 100 միլիոն սթերլին:
Ա՛լ խօսքը չենք ըներ այլ անուղղակի եւ գաղտնի վարկերուն, որոնք կը տրամադրուին Թուրքիոյ միեւնո՛յն քաղաքակիրթ աշխարհին կողմէ, իր եւ Թուրքիոյ միջեւ եղած աշխարհ մը դիակներո՛ւն վրայէն:
Ահա՛ թէ ինչ կ՛ընէ քաղաքակիրթ աշխարհը տարիներէ ու տասնամեակներէ ի վեր:
Եթէ այսպէս չըլլար, եթէ արեւմտեան, նաեւ արեւելեան մամուլը, բովանդա՛կ քաղաքակիրթ աշխարհը նման տարօրինակ լռութիւն մը չպահէր Հայաստանի հանդէպ եւ նման տարօրինակ ներողամտութիւն ու նո՛յնքան տարօրինակ գուրգուրանք ցոյց չտար Թուրքիոյ նկատմամբ, այսօր արդէն շատո՜նց արդարութիւն եղած կ՛ըլլար Հայաստանի…
Ո՞ւր գրուած է սակայն, արդարութեան ու մարդկայնութեան ո՛ր տոմարին մէջ արձանագրուած է, արդարեւ, որ ժողովուրդի մը, ամբո՛ղջ ազգի մը մէկ կէսը յուղարկաւորը ըլլար միւս կէսին` համաշխարհային մամուլին եւ բովանդա՛կ քաղաքակիրթ աշխարհի աչքին ու խղճի՛ն առջեւ, պա՛րզ այն պատճառով, որ պայքարի էր ելած միակ եւ արդարագո՛յն նշանաբանով մը. Արդարութի՛ւն` Հայաստանի:
Ո՞ւր գրուած է, արդարութեան ու մարդկայնութեան ո՛ր օրէնսգիրքին մէջ արձանագրուած է, որ տակաւին այսօր, մի՛ եւ նո՛յն քաղաքակիրթ աշխարհի աչքին առջեւ, ամբո՛ղջ ազգի մը մէկ կէսը (իր մայր երկրի մետասաներորդ մասին մէջ ծուարած) յուղարկաւորը ըլլայ միւս կէսին (աշխարհի չորս ծագերուն տարասփիւռ, բախտի քմայքին եւ ճերմակ ջարդի տեւական գրոհներուն ենթակայ):
Իսկ անդին, Թուրքիոյ արիւնոտ լուծին տակ, ամայի ու անմարդաբնակ վիճակի մէջ մնայ պատմական Հայաստանի մեծագոյն մասը:
Ո՞ւր է արդարութիւնը, ի՞նչ կ՛ընեն մարդկային խիղճն ու անկաշկանդ բանականութիւնը հոս, երբ ամէնէ՛ն յետամնաց ժողովուրդներն անգամ ազատութիւն եւ անկախութիւն ձեռք կը բերեն, երբ արժանն ու անարժանը հաւասարապէս տեղ կը գրաւեն Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան մէջ, երբ արդարութիւն կ՛ըլլայ բոլորին անխտիր, բայց լռութիւն կը պահուի համամարդկային զոհին` Հայաստանի մասին եւ տարօրինակ ու անըմբռնելի, նաեւ` աններելի՛, ներողամտութիւն ցոյց կը տրուի համամարդկային զոհարարին` Թուրքիոյ նկատմամբ:
Ո՛չ. անհրաժեշտ է խզե՛լ այս տարօրինակ լռութիւնը եւ հրամայաբար վե՛րջ տալ այս տարօրինակ ներողամտութեան եւ անպայման ու անյապաղ արդարութի՛ւն ընել Հայաստանի:
Նաե՛ւ Հայաստանի: