Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (2 Դեկտեմբեր 1965)

Դեկտեմբեր 2, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուղեւորը Ուղեգիր

(Ս. Վրացեանի Գիրքին Առիթով)

Կեանքի ուղիներուն վրայ լման վաթսուն տարի դեգերելէ ետք, մեր երախտաւոր ընկերը` Սիմոն Վրացեան հիմա դարձեալ եղած է այդ ուղիներուն անխոնջ վիպերգուն: Այս աշխատանքին համար բացառաբար օգտագործած է իր համապարփակ ու լայնածիր յիշողութիւնը: Երեւակայութիւնը գրեթէ դեր չունի իր գործին մէջ, որ աւելի շատ դիտողութեան ու դատողութեան արդիւնք է, քան` վերասլաց երեւակայութեան:

Կեանքի մէջ սակաւախօս, գրականութեան մէջ առատաբան, մշտարթուն եւ զգաստ այս ուղեւորը ի յայտ բերած է նոյնքան արթուն ու սթափ ուղեգիրի անժխտելի ձիրքեր:

Որո՞ւ մտքէն կ՛անցնէր, որ «ձախողած» վարժապետը եւ «ձախողած» վարչապետը յաջողակ գրագէտը պիտի դառնար իր կեանքի վերջընթեր հանգրուաններէն մէկուն մէջ:

Կրնամ վկայել, թէ գրական զգայարանքն է, որ շարժման մէջ դրած է իր յայտ եւ անյայտ առաքինութիւնները` գրողի, դիտողի, պատմողի, յուշագրի, հիւմորիսթի առաքինութիւններ, որոնցմով հարուստ է իր կեանքը, որոնցմով հարուստ է նաեւ իր գործը:

«Կեանքի ուղիներով»-ի առաջին հատորը կարդալէ ետք ես այն տպաւորութիւնը ունեցայ, թէ ամէն բանի մէջ «ձախողած» այս նախկին վարժապետը կամ նախկին վարչապետը օժտուած է գրագէտի շեշտ խառնուածքով, որ չի գոհանար միայն հանրային հետաքրքրութիւններով, այլ անոնցմէ անդին կ՛երկարաձգուի` արդիւնքէն պատճառին կամ պատճառէն արդիւնքին հասնելու համար:

«Լրագրողը եւ քաղաքական գործիչ, երկուսն էլ մտերիմ էին իմ հոգուն», կը գրէ իր գործի չորրորդ հատորին մէջ:

Լրագրողը չմնաց դժբախտաբար, քաղաքական գործիչ ալ չմնաց բարեբախտաբար: Այս երկու «մտերիմ»-ները հեռացան իրմէ, ինք ալ անոնցմէ հեռացաւ: Միւսը, որուն յիշատակութիւնը չ՛ըներ, բայց որ ապահովաբար աւելի մտերիմ էր իր հոգուն, ետքէն յայտնուեցաւ, թերեւս` հակառակ իր կամքին:

Տուի արդէն այս «միւս»-ին, վերջամնաց մտերիմին անունը` գրագէ՛տը: Եթէ բան մը կորսնցուց լրագրողը, եթէ բան մը չշահեցաւ քաղաքական գործիչը, սակայն վստահօրէն յաղթանակը տարաւ միւսը` գրագէ՛տը:

Սիմոն Վրացեան համեստ անուն մը տուած է ինք իրեն եւ իր գործին: Առաջինը կոչած է յուշագրող, երկրորդը` յուշագրութիւն (իր բացատրութեամբ` «պարապ վախտի խաղալիք»):

Գէթ այս կէտին մէջ, թերեւս` միայն ա՛յս կէտին մէջ, ես համաձայն չեմ իրեն: Որովհետեւ կը համարձակիմ հաստատել ահաւասիկ, որ «Նոյեմի»-ն եւ անոր կաղապարով ուրիշներ ո՛չ յուշագրութիւն են, ո՛չ պատմութիւն. ո՛չ դէպք են, ո՛չ դէմք: Ո՛չ ալ մանաւանդ «պարապ վախտի խաղալիք» են: Պարզապէս գրականութիւն են: Կրնամ աւելցնել նոյնիսկ` զո՛ւտ գրականութիւն են:

Կեանքի ուղիներուն վրայ մազ ու մօրուք ճերմկցուցած, տաք ու պաղ տեսած այս անխոնջ ուղեւորը այնքան շատ մարդիկ կը ճանչնայ, որ անոնցմով կարելի է «յատուկ անուանց» բառարան մը կազմել: Հայաշխարհի կէսը ծանօթ է իրեն, միւս կէսին ալ ի՛նք ծանօթ է: Այս երկու կէսերը մտած են իր գործին մէջ` իբրեւ դէպք, դէմք, յուշ եւ եղելութիւն:

Գրագէտին քով, անկէ առաջ կամ անկէ ետք, ուշագրաւ է դիմանկարիչը:

Քիչ անգամ տրուած է մեզի հաստատել, թէ կարելի է այնքան անձնադրոշմ ըլլալ իբրեւ գրագէտ, որքան` իբրեւ դիմանկարիչ: Միտքս կու գայ անկրկնելի: Զոհրապը` գրագէտ, դիմանկարիչ եւ ուղեգիր: Այս երեք «կտաւ»-ներուն վրայ իր վրձինը փորձած է ահաւասիկ նաեւ մեր վաստակաւոր ու երախտաշատ ընկերը` Սիմոն Վրացեան:

Ընթերցողի իմ պարկեշտութիւնս պիտի չվտանգեմ` ըսելու համար, թէ այս երկուքէն ո՛րը ի՞նչ կ՛արժէ: Պիտի ըսեմ միայն, որ երկուքն ալ հարուստ խառնուածքով մարդիկ են, թերեւս աւելի մեծ են իրենց անձով, քան գործով: Այսինքն ամբողջ ունեցածնին չէ, որ տուած են, մինչեւ յատակը պարպուած չեն, բան մըն ալ իրենց պահած են:

«Կեանքի ուղիներով»-ի հեղինակը կը վկայէ… «հեղինակի կողմից», որ աշխատած է ըլլալ առարկայական եւ անանձնական, «եթէ անանձնական լինելը հնարաւոր է մեր մոլորակի վրայ»:

Անանձնական կրնան ըլլալ հետեւակները, զօրաւոր անհատականութիւն ունեցող մարդիկ չեն կրնար անանձնական ըլլալ, եթէ «հնարաւոր իսկ լինի»: Ի՞նչն է, որ լուսանկարիչը նկարիչ կը դարձնէ եւ գրոտողը` գրագէտ: Չեմ վարանիր ըսելու` դրո՛շմը, այսինքն` անձնական, անձնադրոշմ լինե՛լը:

Այս առումով, հնարաւոր չէ անանձնական լինել մեր մոլորակի վրայ: Կամ` «չէզոք» լինել գրականութեան մէջ:

Իբրեւ դիմանկարիչ` շեշտուած նախասիրութիւններ, համակրութիւններ ու հակակրութիւններ ունի մեր ընկերը: Իր սիրած ու նախասիրած դէմքերն են` Ռոստոմ, Դրօ, Քաջազնունի, Նիկոլ Աղբալեան: Եւ` ուրիշներ ալ անշուշտ:

Կրնամ վկայել, որ դիմանկարիչի իր ձիրքերը պիտի արժեցնէր նորէն, ուրիշներու մէջ թերութիւններ, այլոց մէջ առաքինութիւններ միայն տեսնելով, յիրաւի կամ յանիրաւի:

Գահիրէի մէջ, տասը տարի առաջ, առիթով մը հարցուցի «Կեանքի ուղիներով»-ի հեղինակաւոր հեղինակին.

– Ընկե՛ր Վրացեան, կրնա՞ք ըսել, թէ ձեր վրայ ո՞վ ամէնէն խոր տպաւորութիւնը ձգած է:

Կը սպասէի, որ ծոծրակը քերէր, մտածէր պահ մը, իւրովի յիշէր ծանօթ դէմքեր եւ դժուարանար անոնց մէջ գտնելու ՄԷԿԸ, բացառիկը:

Սակայն այս բաները չպատահեցան եւ, հարցումս դեռ լիովին չձեւակերպած, պատասխանեց.

– Ռոստո՛մը:

«Յատուկ անուանց» բառարան մը կազմելու չափ մարդ ճանչցող, աշխարհի կէսին ծանօթ իմ աննման ընկերս Ռոստոմը ընտրեց` առանց իսկ դոյզն վարանումի: Ժամանակ չունեցայ իր նախընտրութեան պատճառները հարցնելու: Բայց իր չորս հատորները կարդալէ ետք պատասխանը կարծեմ գտած եղայ:

Յետոյ կու գան` Դրոն, Աղբալեանը, Քաջազնունին եւ ուրիշներ: Բոլորն ալ` Ռոստոմէն ետք: Գահակալը Ռոստոմն է: Միւսները պալատականներ են, բայց գահերէց չեն: Եպիսկոպոս են, նոյնիսկ արքեպիսկոպոս են, բայց կաթողիկոս չեն: Կաթողիկոսը Ռոստոմն է:

Կեանքի մէջ ալ, գրականութեան մէջ ալ հիւմըր ունեցող մարդ մըն է ընկ. Վրացեան, ինչ որ կրկնապէս շահեկան ու հաճելի կը դարձնէ իր խօսքը, ինչպէս` գործն ալ: Բայց հիւմըրը շինծու բան մը չէ, ուզուած, փնտռուած բան մը չէ: Ան ուղղակի իր անձէն կը բխի, ինչպէս ջուրը` ակէն:

Ժպիտը կը գեղեցկացնէ մարդ արարածը, կը գեղեցկացնէ նաեւ գրականութիւնը: Ժպիտով ըսուած խօսքը ո՛չ կը ձանձրացնէ, ո՛չ կը դառնացնէ մեզ: Անժպիտ խօսքն է, որ յօրանջել կու տայ մեզի: «Կեանքի ուղիներով»-ին չորս հատորներն ալ երկու անգամ կարդացած եմ մեծ հաճոյքով եւ կը պատրաստուիմ երրորդ անգամ մը եւս կարդալու:

Անտրէ Ժիտ կ՛ըսէր, թէ գրագէտի մը համար յաջողութիւնը այն  չէ, որ շատ կարդացուի, այլ այն է, որ վերստին կարդացուի: Այսինքն քանակէն աւելի ժամանակն է, որ կը ճշդէ գործի մը արժէքը: Արդ, եթէ գործ մը երկու անգամ կարդացուի, կը նշանակէ` նուաճած է ժամանակը, ապրելու, տեւելու ամէնէն ապահով եղանակը:

Սիմոն Վրացեան բարեխառն մարդ մը չէ: Անգամ մը ըսի կարծեմ, թէ անհատականութիւն ունեցող մարդ մըն է եւ անհատականութիւն ունեցող գրագէտ մը: Կրքոտ է, կամրջընկէ՛ց տեսակէն: Այս տողը պիտի չգրէի անշուշտ, եթէ կիրքը թերութիւն մը նկատէի: Պոտլեր առիթով մը ըսած է, թէ գրողը եւ քննադատը պէտք է կրքոտ ըլլան, այսինքն անհատականութիւն ունենան: Բարեխառն խառնուածքները բարեխառն գործեր միայն կրնան տալ:

Անկարելի է, որ Սիմոն Վրացեանը տեսնող մը եւ Սիմոն Վրացեանի գործը կարդացող մը որեւէ տպաւորութիւն չստանայ: Կամ ունենայ այն տպաւորութիւնը, թէ տեսածը մարդ մը չէր, երեւորդ մըն էր: Կամ թէ` կարդացածը գիրք մը չէր, կիրակնօրեայ քարոզ մըն էր:

«Կեանքի ուղիներով»-ը պատմութիւն չէ, պատմութեան համար նիւթ է եւ ատաղձ: Հեղինակը վստահելի տեղեկատու մըն է. ո՛չ միայն ժամանակակից է իր պատմած դէպքերուն, այլեւ ականատես է ու մասնակից: Եւ ասիկա անշուշտ կ՛աւելցնէ իր գործին արժէքն ու տեսակարար կշիռը:

Սիմոն Վրացեան ո՛չ միայն պատմել գիտէ, այլեւ համոզել գիտէ: Ասիկա փոքր առաքինութիւն մը չէ հանրային գործիչին, պատմիչին եւ յուշագրողին համար: Գոնէ ես իր գործին չորս հատորներուն մէջ վստահութիւն խախտող կարծիքներու չեմ հանդիպած: Թերեւս պատճառն այն է, որ հազուադէպօրէն ծանօթ եմ ներկայացուած դէպքերուն ու դէմքերուն:

Իր դատումները տեսութիւն չեն, իրողութիւններ են, առնուազն հիմնուած են իրողութիւններու վրայ: Եթէ այս վերջինները ճիշդ են, ուրեմն ճիշդ են նաեւ առաջինները: Պիտի խոստովանիմ, որ կասկածելի բան չեմ տեսած իր գրածներուն մէջ, եթէ հաշուի չառնենք իր ըսածները, որոնք ըսուած են միայն, բայց գրուած չեն:

Արմէն Գարօ եւ Վահան Մինախորեան ակամայ գրագէտներ են: Ատեն մը այն կարծիքը ունէի, թէ Վրացեան նոյնպէս ակամայ գրագէտ մըն է: Հիմա փոխած եմ այս կարծիքս: Ակամայ գրագէտ մը չէ այլեւս, գոնէ ինծի համար, այլ կոչումով գրագէտն է:

Ս. Վրացեանի մէջ ես աւելի շատ կը սիրեմ գրագէտը, քան յուշագրողը: Միաժամանակ նոյնքան կը սիրեմ յուշագրողը, որքան գրագէտը:

Բան մը հասկցա՞ք ըսածէս…

… Հիմա նստիմ եւ անգամ մը եւս կարդամ իր գիրքը: Իր գիրքե՛րը:

Բ. ԹԱՇԵԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Շէյխ Պեշիր Ժըմայէլի Սպանութիւնը Եւ Իսրայէլեան Ուժերու Մուտքը Պէյրութ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?