«Քափիթոլ»-ի Ընդարձակ Սրահին Մէջ Եւ Խուռներամ Բազմութեամբ
ՀՅ Դաշնակցութեան 75-Ամեակը Փառահեղ
Շուքով Եւ Տպաւորիչ Հանդիսութեամբ
Տօնակատարուեցաւ Երէկ
ՀՅ դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կազմակերպութեամբ, փառահեղ եւ արժանավայել շուքով տօնուեցաւ Դաշնակցութեան 75-ամեակը, երէկ` 5 դեկտեմբեր, առաւօտեան ժամը 10:30-ին սինեմա «Քափիթոլ»-ի ընդարձակ սրահին մէջ, ուր խուռներամ բազմութեամբ փութացած էին ընկերներ, համակիրներ ու բարեկամներ` լսելու մեր կուսակցութեան խօսքը:
Հանդիսութեան ներկայ եղան պետական երեսփոխաններ, քաղաքական անձնաւորութիւններ, ազգային ծանօթ դէմքեր եւ ՍԴ հնչակեան կուսակցութենէն պատգամաւորութիւն մը:
Երէկուան հանդէսով, ՀՅ դաշնակցութիւնը անգամ մը եւս առիթը ունեցաւ իր շունչին ջերմութիւնը եւ հմայքին զօրութիւնը փոխանցելու ժողովրդային լայն զանգուածներուն, որոնք խոր տպաւորութեամբ ունկնդրեցին բանախօսներու կատարած բնորոշումները Դաշնակցութեան գործին եւ ունեցած ժողովրդավարութեան մասին:
Հանդէսին բացումը կատարեց Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ տոքթ. Եղիկ Գոնիալեան:
Լիբանանի ազգային քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան նախագահ Սիմոն Վրացեան:
«Եօթանասունհինգ տարիներ առաջ,- ըսաւ Վրացեան,- 1890 թուականի ամառը, Թիֆլիսի մէջ հիմը դրուեցաւ մի կազմակերպութեան, որի 75-ամեակը կը տօնենք այսօր. այդ կազմակերպութիւնը ՀՅ դաշնակցութիւնն է»:
«ՀՅ դաշնակցութիւնը, կազմակերպչականօրէն, իր գաղափարներով, հայ ժողովուրդի ոգիից եւ մտքից դուրս եկած միութիւն էր, գործի մարդոց միութիւն, որ տուաւ նոր կերպ Հայաստանին:
«ՀՅ դաշնակցութիւնը իրեն նպատակ ըրաւ հայկական նահանգներու բարենորոգման հարցը, դառնալով ժողովուրդի ընդհանուր համակրանքին ու աջակցութեան առարկայ` ծաւալելով հայութեան բոլոր խաւերուն մէջ: Եղաւ ժամանակ մը, երբ Դաշնակցութեան պատմութիւնը եղաւ հայոց պատմութիւն, իսկ հայոց պատմութիւնը` Դաշնակցութեան պատմութիւն»:
Շարունակելով իր խօսքը, Ս. Վրացեան ըսաւ.
«Կեանքի կոչուեցաւ հայ հանրապետութիւն, այսինքն` հայ ժողովուրդը դարձաւ պետութիւն, պետական ազգ, որքան ալ դժուարին պայմաններու մէջ, բայց հայոց ազգ, հայոց պետութիւն, ճանչցուած ընդհանուր մարդկութեան կողմէ:
«Դաշնակցութիւնը եղաւ եզակի երեւոյթ հայոց կեանքին մէջ եւ ինչպէս երէկ, այսօր ալ հայ ժողովուրդի մեծագոյն մասի գաղափարներուն արտայայտիչն է»:
Նախագահին հրաւէրով, ժողովուրդը, երկիւղած լռութեամբ վայրկեան մը յոտնկայս յարգեց յիշատակը մեր բիւրաւոր հերոսներուն եւ նահատակներուն:
Այնուհետեւ, տոքթ. Ե. Գոնիալեան արաբերէն լեզուով կարդաց ողջոյնի խօսք մը` ուղղուած լիբանանեան հայրենիքին:
«Եօթանասունհինգամեակի այս հանդիսաւոր պահուն,- ըսաւ Ե. Գոնիալեան,- երբ մեր հոգիները լի են ցնծութեամբ ու հպարտութեամբ, ողջոյնի մեր խօսքը կ՛ուղղենք լիբանանեան հայրենիքին, անգամ մը եւս տալով հաւաստիքը մեր նուիրումին եւ հաւատարմութեան»:
Շեշտեց, թէ Դաշնակցութեան առաջնորդութեամբ, հայ ժողովուրդը իր այս նոր հայրենիքին մէջ, կը վայելէ ամբողջական վստահութիւն եւ լայն համակրանք: Ան կը վայելէ հաւասար իրաւունքներ եւ լրիւ կը գիտակցի քաղաքացիի իր պարտականութիւններուն` ի խնդիր լիբանանեան հայրենիքին վերելքին ու բարգաւաճման: Կ՛ուզէ զոհել ամէն ինչ, որպէսզի Լիբանան մնայ լոյսի ու գիտութեան կեդրոն, իր ժայռերուն նման ամուր, մայրիներուն պէս` դալար եւ Սաննինի նման անբիծ»:
Առաջին բանախօսն էր Հրաչ Տասնապետեան, որ խորիմաստ վերլուծումով տուաւ Դաշնակցութեան գործի չորս ժամանակաշրջանները` իրապաշտ մօտեցումով եւ համոզիչ տուեալներով:
Անոր ճառը գնահատուեցաւ բուռն ծափերով, երբ մանաւանդ իր եզրակացութեան մէջ յայտարարեց.
«Բայց ես ինչպէ՞ս կրնամ, ես` դաշնակցական շարքային, մէկը` տասնեակ հազարաւորներէն, թերեւս հաւատաւոր, վստահօրէն հպարտ, բայց ի վերջոյ անցաւոր մահկանացու, ինչպէ՜ս կրնամ յստակ ու վերջնական բանաձեւում մը գտնել` բնորոշելու համար հայածին ու հայակերտ անմահ այս կազմակերպութիւնը, իր գործունէութեանց ու գաղափարներու համապարփակ ամբողջութեամբ: Եւ որովհետեւ կ՛անճրկիմ, որովհետեւ միտքս անզօր է գտնելու վերջնական այդ բանաձեւումը` օրուան վեհութեան արդարօրէն արժանի, փոխ կ՛առնեմ Դաշնակցութեան գրչի անմահներէն Վարուժանի խօսքը` ուղղուած Դաշնակցութեան զէնքի անմահներէն, Պարսկաստանի ազատագրութեան հերոս Եփրեմին` ըսելու համար իր, իմ ու մեր բոլորին կողմէ 75-ամեայ այս յաւերժական երիտասարդին.
«Կարիպալտին Հռոմինն է, եւ Պոնափարթ` ոճիրին,
Կը պատկանիս դուն միայն` ազատութեան ոգիին,
Զքեզ խրճիթ մը ծնաւ, հայ վիշտը քեզ օրօրեց,
Այդ վշտին չափ եղար մեծ»:
Անկէ ետք սրահը ամբողջութեամբ մթնցաւ եւ դաշնակցական անմահ դիւցազներգակ Սիամանթոյի քերթողական հանճարէն առնուած` փառքի ու փառաբանանքի խօսքեր սկսան սփռուիլ բարձրախօսով, մինչ պաստառին վրայ մեր կազմակերպութեան զինանշանէն եւ անմահ երրորդութենէն ետք, սկսաւ տողանցքը զէնքի ու գրչի տիտաններուն:
Խաչիկ Արարատեան, իր ձայնին հաղորդականութեամբ եւ խոր ապրումով, տպաւորեց ներկաները, որոնք սրտեռանդն զգացումներով կը ծափահարէին տողանցող անմահները:
Երկրորդ բանախօսն էր տոքթ. Բաբգէն Փափազեան, որ իւրայատուկ գրաւչութեամբը իր խօսքին եւ հռետորի հաղորդականութեամբ, լեցուց հոգիները` Դաշնակցութեան իրական արժէքին եւ կատարած գործին մեծութեամբ:
Ընկերը, որուն համար Դաշնակցութիւնը հայ ժողովուրդի նոր Սասունցի Դաւիթը եղաւ, շեշտեց, որ հայ ժողովուրդը անխտիր Դաշնակցութեան հետ է, հայրենիքի մէջ թէ դուրս, ունի Դաշնակցութեան ապրումը, որովհետեւ Դաշնակցութեան գաղափարները կը դաւանի իր գաղափարները, անոր մէջ կը տեսնէ իր երազներուն եւ ձգտումներուն անձնուէր ծառայողը:
«Ի զուր կը փորձեն,- ըսաւ Բ. Փափազեան,- Դաշնակցութենէն անջատել ժամանակակից մեր պատմութեան հերոսական դէմքերն ու դէպքերը: Ինչպէս որ Վարդանանց պատերազմը անարժէք պիտի ըլլար առանց Վարդանանքի, Վարդանանքի ոգիին, այնպէս ալ Սարդարապատ եւ Բաշ Ապարան պիտի պարպուէին իրենց իմաստէն` առանց Դաշնակցութեան:
«Ան իր խոր հաւատքը յայտնեց, թէ պիտի գայ օրը, երբ բոլոր ազգերու ազատութեամբ պայմանաւորուած վերջնական խաղաղութիւնը պիտի տիրէ: Ու այն ատեն, հայ ժողովուրդը, իր ազատ, անկախ եւ միացեալ հայրենիքին մէջ, պիտի փառաբանէ Դաշնակցութեան գործը, տողանցելով դաշնակցական հերոսներուն պանթէոնին առջեւէն: Թնդանօթները պիտի գոռան` ի ցնծութիւն հայ ժողովուրդին: «Մինչ այդ, վերջացուց իր սրտայոյզ խօսքերը, թող ձեր սրտերը գոռան.
«Կեցցէ՛ հայ ժողովուրդը, կեցցէ՛ ՀՅ դաշնակցութիւնը»:
Հանդէսը փակուեցաւ «Յառաջ նահատակ»-ի յոտնկայս խմբերգութեամբ: