Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (3 Դեկտեմբեր 1965)

Դեկտեմբեր 3, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ասմունքի Վարպետ
Սուրէն Քոչարեանի Արուեստը

Հայաստանի արուեստի վարպետներուն մէջ Սուրէն Քոչարեան մասնայատուկ տեղ կը գրաւէ: Ան հայ արուեստի մէջ գեղարուեստական ասմունքի հիմնադիրն է եւ անոր մեծ վարպետներէն մէկը` ամբողջ Խ. Միութեան մէջ:

Բանաստեղծութիւններու, արձակ ոչ մեծ ստեղծագործութիւններու եւ մենախօսութիւններու գեղարուեստական ասմունքը գոյութիւն ունէր իրմէ առաջ ալ: Սակայն Ս. Քոչարեանի կատարողական արուեստը ինքնատիպ է իր բազմաթիւ առանձնայատկութիւններով:

Ահա կը սկսի անոր գրական երեկոն: Պայծառօրէն լուսաւորուած բեմի կեդրոնը հանդիսականները կը տեսնեն միայն խոր բազկաթոռ մը եւ ուրիշ ոչինչ: Ոչ մէկ բեմազարդ, ոչ մէկ մասնակի առարկայ: Բեմ դուրս գալով եւ հանդիսականներուն գլուխ տալով` արուեստագէտը կը բազմի աթոռին: Ապա մեղմ, առանց ձայնը ուժեղացնելու, կ՛արտասանէ առաջին բառերը, կը սկսի պատմել: Եւ այդ պահէն դահլիճին մէջ գտնուողները 2-2,5 ժամ շարունակ լարուած ուշադրութեամբ կը լսեն զինք` մոռնալով բեմն ու անցնող ժամանակը: Անոնք կը տեսնեն միայն այն, ինչ որ կը պատկերացուի իրենց երեւակայութեան մէջ `ասմունքողի խօսքերով: Արուեստագէտին գեղեցիկ, հնչեղ ձայնը հնարաւորութիւն կու տայ իրեն բառերու միջոցով բացայայտելու ամէնէն քնքուշ յոյզերը, հոգիի անհամար գանձերը, մարդկային սրտի հարստութիւնները:

Հրաշալի է նաեւ Ս. Քոչարեանի արուեստագէտի շարժուձեւը: Ան օժտուած է վերամարմնաւորելու մեծ շնորհով, վարպետօրէն կը տիրապետէ ծաղրաշարժ շարժուձեւի արուեստին, ժլատ, սակայն արտայայտիչ է անոր շարժումներու լեզուն, ա՛լ չենք խօսիր անոր հաճելի ձայնի հարուստ ելեւէջներուն, պարզ առոգանութեան, յստակ արտասանութեան մասին, որոնց օգնութեամբ ան կը յաջողի դրսեւորել հերոսներուն անկրկնելի կերպարները:

Երբ Ս. Քոչարեան կը կարդայ, մենք կարծէք կը տեսնենք ստեղծագործութեան կենդանի անձերը, կ՛ընկալեն անոնց կեանքն ու պայքարը, անոնց վիշտն ու ուրախութիւնը, ապրումներն ու յոյզերը` իրենց ամբողջ բարդութեամբ:

Հարուստ ու բազմազան է Ս. Քոչարեանի յայտագիրը: Երեսուն տարիէ աւելի գեղարուեստական ասմունքի այդ հիանալի վարպետը պատրաստած է եւ կը ցուցադրէ քանի մը տասնեակ ինքնուրոյն ծրագրեր:  Պարբերաբար իր յայտագիրը հարստացուցեր է հայ գրականութեան նշանաւոր գործերով: Յովհաննէս Թումանեանի ստեղծագործութիւնները մեծ դեր խաղացած են Ս. Քոչարեանի արուեստի ձեւաւորման մէջ: Անոր առաջին ստեղծագործական յաջողութիւնները կապուած են Թումանեանի լաւագոյն գործերուն հետ: Ան այժմ ալ մեծ սիրով Թումանեան կ՛արտասանէ: Անոր յայտագրին մէջ պահպանուած է Գ. Սունդուկեանի հիանալի ստեղծագործութիւնը` «Մակակօ»-ն: Յայտագիրը կը զարդարեն նաեւ հայ գրականութեան միւս դասականներուն` Նար-Դոսի, Ա. Իսահակեանի, Ճուղուրեանի եւ խորհրդահայ գրականութեան մէջ աչքի ինկող գրագէտներու` Ստ. Զօրեանի, Արազիի, Սիրասի, Գեղամ Սարեանի եւ Եղիշէ Չարենցի լաւագոյն ստեղծագործութիւնները:

Կատարելապէս տիրապետելով ռուս ժողովուրդի լեզուին` ան հանդէս կու գայ նաեւ ռուս հանդիսականներուն առջեւ: Բայց միայն իբրեւ հասունցած ասմունքող չբարձրացաւ ռուսական բեմ:

Ըլլալով միաժամանակ խելամիտ գրականագէտ` Քոչարեան երեք տասնեակ գրական համադրութիւններու հեղինակ է. ի՛նք ալ է զանոնք կատարողը: Ստեղծագործական խելացի մօտեցումով ան կրնայ դիւցազներգական, դասական ու ժամանակակից գեղարուեստական երկերու հարիւրաւոր, հազարաւոր էջերը սեղմել, ի մի հաւաքել եւ ստեղծել օրկանապէս շաղկապուած, կուռ գրական համադրութիւններ` պահպանելով բուն ստեղծագործութեան գաղափարական ու գեղարուեստական առանձնայատկութիւնները: Ան տուեալ ստեղծագործութենէն կ՛առնէ առաւել տիպական, ցայտուն, արժէքաւոր մասը` ձգտելով, որ գեղարուեստական երկը, կերպարները ունկնդիրին համար դառնան ցցուն, գրեթէ շօշափելի, որպէսզի հնարաւոր եղածին չափ լիովին եւ խորապէս դրսեւորուի երկի բովանդակութիւնը:

Ս. Քոչարեան այդպիսի մօտեցումով ալ վերամշակած է «Սասունցի Դաւիթ» դիւցազներգութիւնը, «Վագրենաւորը», «Հազար ու մէկ գիշերները», «Տեկամերոն»-ը եւ այլն: Մասնաւոր ուշադրութեան արժանի են Ս. Քոչարեանի աշխատանքները հայ եւ ռուս դասական հեղինակներու գործերուն վրայ: Անմոռանալի են անոր համադրութիւնները Լ. Թոլսթոյի «Կրէյցերի սոնատը» գործէն եւ, վերջապէս, Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի» վէպին համադրութիւնը (հայերէն):

Ա. ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Փորձ-Հարցարան. Ձեր Պայուսակը Կը Պատմէ Ձեր Բնաւորութեան Մասին

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?