Սիմոն Վրացեանի Բացման Խօսքը
ՀՅ Դաշնակցութեան 75-Ամեակի
Տօնակատարութեան Առիթով
75 տարիներ առաջ, 1890 թուականի ամառը, արեւելահայութեան մտաւոր եւ տնտեսական կեդրոն Թիֆլիս քաղաքի մէջ հիմը դրուեցաւ մի կազմակերպութեան, որի 75-ամեակը կը տօնենք այսօր: Այդ կազմակերպութիւնը Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնն է:
Սկիզբի շրջանին կը կոչուէր Հայ յեղափոխականների դաշնակցութիւն: Որովհետեւ հիմնադիրներու նպատակն էր միացնել մինչեւ այդ գոյութիւն ունեցող բոլոր յեղափոխական կազմակերպութիւնները, խումբերը, անհատները մէկ կազմակերպութեան մէջ, Հայ յեղափոխականների դաշնակցութիւն անունով: Բայց, որոշ պայմաններով, այդ միութիւնը բոլոր կազմակերպութիւններու տեղի չունեցաւ եւ Հայ յեղափոխականների դաշնակցութիւն, այսինքն` մէկ նոր կազմակերպութիւն, գոյութիւն ունեցող կազմակերպութիւններուն մէջ:
Պէտք է յիշել ժամանակը: Հայ կեանքը յուզումնալից շրջանի մէջ էր: Դեռ նոր վերջացած էր Պերլինի վեհաժողովը իր չարաբաստիկ 61-րդ յօդուածով: Հայ ժողովուրդը դժգոհ, բայց եւ յուսալից` նոր միտքերու, նոր գաղափարներու ետեւէ էր:
Օդի մէջ էր Խրիմեան Հայրիկի երկաթէ շերեփներու քարոզը: Օդի մէջ էին Ներսէս Վարժապետեանի կոչերը, դէպի Երկիր, դէպի Հայաստան, Հայաստանի վերաշինութիւն, տնտեսական-մշակութային զարգացում: Յոյս կար եւրոպական միջամտութեան` թուրքահայոց վիճակի բարելաւման համար: Եւ Դաշնակցութիւնը ստեղծուեցաւ հոգեբանական այս մթնոլորտի մէջ, երկրի վիճակը, Թուրքահայաստանը հանգամանօրէն ուսումնասիրելէ եւ երկրի համար իրական կամ իրապաշտ առաջադրութիւններ ներկայացնելէ ետք:
Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, իր կազմակերպութեամբ, իր կազմակերպչական ձեւով, իր գաղափարներով հայ երկրի եւ հայ ժողովուրդի հոգիից եւ մտքից դուրս եկած գաղափարական մէկ միութիւն էր, գործի մարդոց միութիւն, որ հայոց կեանքի մէջ մտցուց նոր գաղափարներ եւ գործունէութեան նոր ձեւեր:
90-ական թուականներին, Թուրքահայաստանը անտանելի վիճակի մէջ էր: Ապտիւլ Համիտի վարչաձեւը կը ջանար հայութիւնը հայկական հողերի վրայէն հեռացնել: Բուն Հայաստան կոչուած երկիրը իր ժողովուրդով փոքրամասնութիւն կը կազմէր եւ նորաստեղծ կազմակերպութիւնը կը մեկնէր այս իրականութենէն:
Դաշնակցութենէն առաջ, 1887 թուականին, կազմուած էր Հնչակեան կուսակցութիւնը, որ կը դնէր Հայաստանի անկախութեան պահանջը: Այդ պայմաններուն մէջ անկախութիւն կը նշանակէր ոչ հայկական անկախութիւն, որովհետեւ հայութիւնը հայկական նահանգներու մէջ փոքրամասնութիւն կը կազմէր եւ կարելիութիւն չկար, ոչ մէկ հնարաւորութիւն` անկախ պետութիւն կազմելու համար: Պէտք է որ հայկական նահանգները հայանային, պէտք է որ հայ ժողովուրդը լցուէր այդ շրջանի մէջ, հաստատուէր, բնակութիւն հաստատէր, տեղական մշակոյթ, տեղական տնտեսական կեանք ունենար, որպէսզի կարողանար տէր ըլլալ, ինքնորոշուիլ, տէր ըլլալ իր հողի եւ իր հայրենիքի:
Դաշնակցութիւնը, նոր հիմնուած, իրեն նպատակ դրաւ հայկական նահանգներու բարենորոգման պահանջը, այսինքն այն, ինչ որ հայ ժողովուրդը ինքը ձեւակերպել էր դեռ Պերլինի վեհաժողովին ներկայացուցած իր ծրագրի մէջ: Եւ բարենորոգումներու աստիճանական զարգացումով, հայկական նահանգները կարող էին դառնալ Հայաստան, հայ ժողովուրդը կարող էր ինքնորոշուիլ, Օսմանեան կայսրութեան մէջ իր ուրոյն տեղը ունենալ, իր ուրոյն զարգացումը, իր ուրոյն կեանքը:
Այնուհետեւ սկսաւ ՀՅ Դաշնակցութեան գործունէութիւնը երկրի մէջ եւ երկրին կից, ժողովուրդի ընդհանուր համակրանքի, աջակցութեան առարկայ: Եւ տասնեակ տարիներու հայոց պատմութիւնը եղաւ տեսակ մը Դաշնակցութեան պատմութիւնը: Աստիճանաբար այս կազմակերպութիւնը տարածուեցաւ հայ ժողովուրդի բոլոր խաւերուն մէջ, թէ՛ Արեւելահայաստանի, թէ՛ Արեւմտահայաստանի, թէ՛ գաղութներու մէջ: Եւ եղաւ շրջան մը, երբ Դաշնակցութեան պատմութիւնը դարձաւ հայոց պատմութիւն եւ հայոց պատմութիւնը եղաւ Դաշնակցութեան պատմութիւն` մինչեւ որ հայ ժողովուրդը հասաւ իր ազգային բաղձանքներու իրագործման, ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ, եւ կեանքի կոչուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, այսինքն` հայ ժողովուրդը դարձաւ պետական ազգ, պետութեան տէր, որքան եւ սահմանափակ շրջաններու մէջ, որքան եւ դժուարին պայմաններու մէջ, բայց հայոց պետութիւն եւ հայոց ինքնորոշուած ազգ` ընդհանուր մարդկութեան համակեցութեան մէջ, ճանչցուած դուրսի եւ ներսի ժողովուրդների կողմէ:
Սիրելի՛ հայրենակիցներ, ես պիտի չներկայացնեմ ձեզի Դաշնակցութիւնը: Հետագայ ճառախօսները հանգամանօրէն կը ծանրանան մեր կուսակցութեան կեանքի ու գործունէութեան, գաղափարական պայքարի վրայ: Ես պիտի ըսեմ, որ Դաշնակցութիւնը եղաւ եզակի երեւոյթ հայոց կեանքի մէջ: Եւ ինչպէս երէկ, այսօր ալ հայ ժողովուրդի մեծագոյն մասի գաղափարներու արտայայտիչն է: Պատճառը այն է, որ Դաշնակցութիւնը եղաւ իրապաշտ` իբրեւ կուսակցութիւն, իրական գաղափարներու, իրական պայմաններու ծնունդ:
Միւս կողմէ, Դաշնակցութեան ղեկավարները եւ գործիչները եղան անձնուէր, անձնազոհ մարդիկ, որոնք ոչինչ խնայեցին, իրենց կեանքն իսկ զոհելով հայ ժողովուրդի բարօրութեան, հայ ժողովուրդի ապագայի համար:
Բազմաթիւ են անունները, որոնց յիշատակը մեր մէջ կ՛ապրի եւ պիտի ապրի հայ ժողովուրդի սրտի մէջ: Անունները չեմ յիշեր, բայց կ՛ուզեմ, որ մենք մէկ վայրկեան, ի յարգանս անոնց յիշատակին, ծանօթ եւ անծանօթ գերեզմաններու մէջ ամփոփուած նահատակ, հերոս, անձնուէր յեղափոխականների յիշատակին մէկ վայրկեան ոտքի կանգնիլ:
Ես գիտեմ, որ հայ ժողովուրդը ուր ալ գտնուի այսօր, Սփիւռքի մէջ, մայր հայրենիքի մէջ, աքսորավայրերու մէջ, ազատ պայմաններու մէջ, իրենց ազգային ապրումները, ազգային իտէալը կապած են Դաշնակցութեան հետ, եւ ես չափազանցութեան մէջ ինկած չեմ ըլլար, եթէ ըսեմ, որ Դաշնակցութիւնը այդ ինքը հայ ժողովուրդն է, հայ աշխատաւոր ժողովուրդը եւ քանի հայ աշխատաւոր ժողովուրդը կապուած է Դաշնակցութեան հետ եւ քանի Դաշնակցութեան գաղափարները կենդանի կը մնան, ըլլա՛յ հայրենիքի մէջ, ըլլա՛յ հայրենիքէն դուրս, մեր ժողովուրդը կ՛ապրի եւ մեր ազգային ապագան չի մեռնիր երբեք: Ժամանակի պայմանները կը փոխուին եւ հայ ժողովուրդը նորէն կ՛ըլլայ ազատ եւ անկախ` հայրենի հողին վրայ: