Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (9 Դեկտեմբեր 1965)

Դեկտեմբեր 9, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ակնարկ

Տը Կոլ Եւ Սինսինաթի

Զօրավարը պիտի մնայ: Յաղթահարելով արժանապատուութեան հետ կապուած որոշ դիւրազգածութիւններ, Ֆրանսայի հանրապետութեան նախագահը, կիրակիի ընտրութիւններուն ձայներու 43 առ հարիւրը ստանալէ ետք, որոշեց մասնակցիլ դեկտեմբեր 19-ի նախագահական ընտրութիւններուն` մրցակից ունենալով ձախակողմեան հոսանքներու միակ թեկնածու Ֆրանսուա Միթերանը:

Կասկած չկայ, որ զօրավար տը Կոլ պիտի ընտրուի դեկտեմբեր 19-ին, որովհետեւ այն ձայները, որոնք դեկտեմբեր 5-ին պատճառ դարձան իր ձախողութեան (Լըքանուէի 3.770.771 ձայները, Թիքսիէ-Վինիանքուրի 1.261.095 ձայները, Մարսիլասիի 414.056-ը եւ Պարպիւի 278.422-ը), եթէ ոչ ամբողջութեամբ (ինչ որ անհնար է, մանաւանդ` աջակողմեաններու պարագային) առնուազն որոշ տոկոսով մը պիտի գան իրեն, որովհետեւ ո՛չ Լըքանուէի եւ ո՛չ ալ երկրորդական միւս թեկնածուներուն ետեւ կեցող ուժերը պիտի ուզեն համայնավարներու հետ դաշնակցած Միթերան մը տեսնել Էլիզէի մէջ:

Հետաքրքրական է այս առթիւ վերլուծել ձախերու թեկնածու Միթերանի եւ Էմ.Էր.Փէ.ի աջակցութիւնը վայելող Ժան Լըքանուէի ստացած ձայներուն համեմատութիւնը:

Եթէ պատահէր, որ Միթերան եւ Լըքանուէ գրեթէ հաւասար ձայներ ստանային, ընկերվարականները կրնային լքել համայնավարները եւ ճակատ կազմել Էմ.Էր.Փէ.ի հետ` պայքարելու համար զօրավար տը Կոլի դէմ: Այդ պարագային, տը Կոլի հաւանականութիւնները կը պակսէին: Բայց հիմա որ Լըքանուէ ստացած է ձայներուն միայն 15 առ հարիւրը, Կի Մոլլէի կուսակցութիւնը դժուար թէ բաժնուի համայնավարներէն, դեկտեմբեր 19-ի ընտրութեանց համար: Չենք խօսիր տեւական միացեալ ճակատի մասին, որովհետեւ երկու կուսակցութիւնները միայն ընտրական հարցերու շուրջ համաձայնած են եւ ոչ թէ` գործունէութեան:

Նոյնքան հետաքրքրական մեկնաբանութիւն մը կու գայ Ուաշինկթընէն: Միացեալ Նահանգները, որոնք կրնային փափաքիլ տը Կոլի պարտութիւնը, երկրորդ քուէարկութեան ընկերվարականները եւ հանրապետականները միացած տեսնելու հեռանկարով, հիմա այլեւս չեն կրնար տը Կոլի պարտութիւնը փափաքիլ, որովհետեւ Միթերան, հակառակ ընկերվարական մը ըլլալուն, համայնավարներու ձայներով վտանգած է իր դիրքը:

Անկախ այս խորհրդածութիւններէն, թէ՛ Ֆրանսայի եւ թէ՛ արտասահմանի մէջ կը տիրէ այն մտայնութիւնը, որ զօրավար տը Կոլ պէտք էր քաշուէր` առանց դեկտեմբեր 5-ի նուաստացումին ենթարկուելու:

Բայց պատմութիւնը շատ հազուադէպ օրինակներ կու տայ նման դէպքերու:

Կը յիշենք միայն Սինսինաթին, որ Հռոմը փրկելէ ետք վերադարձաւ իր հողերուն…

X

Պարզ Մարդու Մը
Կեանքը

Եթէ պարզ մարդ մըն էք կամ կին մը, 24 ժամուան մէջ ձեր սիրտը կը բաբախէ 103.680 անգամ, կը շնչէք 23.040 անգամ, կ՛արտասանէք 4.800 բառ: Կ՛ուտէք 3 լիպրա ուտելիք: Կը խմէք մէկուկէս լիթր հեղուկ, կը գործածէք 7 միլիոն ուղեղային բջիջ:

Կը շարժէք 750 գլխաւոր մկան:

Ձեր քունին մէջ կը դառնաք 25-35 անգամ:

Ձեր մազերը 0,171 ինչ կ՛երկարին:

Ձեր եղունգները 000.046 ինչ կ՛երկարին:

Ձեր ամբողջ կեանքի ընթացքին կը քնանաք 20-24 տարի եւ սովորաբար կ՛աշխատիք 14 տարի: Երեք տարի ալ կ՛անցընէք պարզապէս պոչի սպասելով ինքնաշարժներու կայանները, վաճառատուները, բուժարանները եւ այլն:

Անգլիոյ մէջ փողոցի պարզ մարդը մօտ 70 քիլօ կը կշռէ եւ երկու տղայ ունի: Միջին հաշուով, շաբաթը 44 ժամ կ՛աշխատի եւ ընդամէնը 15 թղթոսկի եկամուտ ունի:

Գլխարկը, եթէ կը գործածէ, թիւ 7 է: Կօշիկը` 8: Երեք զգեստ ունի: Երկու տարին անգամ մը մէկ ձեռք զգեստ կը գնէ եւ 1,62 զոյգ կօշիկ, 2,6 շապիկ եւ հինգ զոյգ գուլպայ:

Գարեջուրի մնայուն սպառող է: Տարին 51 կալոն կուլ կու տայ, մինչդեռ միայն 4 լիթր գինի կը խմէ եւ 3 շիշ ալ` ոգելից ըմպելի:

Թերթ Լափող

Իր ընտանիքը աշխարհի մէջ թերթերու ամէնէն մեծ ընթերցողն է: Հազար մարդ կը գնէ 573 թերթ: Ապա կու գայ Շուէտը, ուր 1000 մարդ 462 թերթ կը գնէ:

Շաբաթական մօտաւորապէս 4 լիպրա գետնախնձոր կ՛ուտէ, 2 լիպրա բանջարեղէն, մէկուկէս լիպրա միս եւ 14 ունկիա` կարագ ու մարկարին: Իր շահած ամէն մէկ թղթոսկիէն 5 շիլին ու 6 փենի կը ծախսէ ուտելիքի համար:

Եթէ անգլիացի է, կ՛ապրի 68 տարի, եթէ սկովտիացի է` 66: Կնոջմէն 6 անգամ աւելի հաւանականութիւն ունի թոքերու քաղցկեղէ մեռնելու եւ աւելի շատ հաւանականութիւն ունի ինքնասպան ըլլալու, քան թէ` թոքախտէ մեռնելու: Բայց կը շարունակէ տարին 10 լիպրա ծխախոտ սպառել:

Իր սիրելի զբաղումը շաբաթ կէսօրէ ետք ֆութպոլի մրցումի երթալը չէ. ինչպէս կը կարծուի. 37 հոգիէն միայն մէկը կ՛երթայ: Հաւանաբար գնումները կը կրէ: Ծրարներով բեռնաւոր` շատ չի նայիր աղուոր աղջիկներուն: Ամէն պարագայի մէջ, դեղձան մազերովները չեն իր նախընտրածները: Թուխերը եւ կարմրամազերը աւելի հրապուրիչ կը գտնէ:

Կիները

Անգլիացի կինը 5 ոտք եւ 4 ինչ հասակ ունի ու կը կշռէ 55 քիլօ: Կուրծքը 37 ինչ է, կոնքը` 39 եւ կ՛ուզէ մէջքը 24 ինչ պահել: Երբ ծանրութիւնը իրեն սպառնայ, հազար կ՛ուտէ եւ սննդականոնի կը հետեւի:

Սպասուհի կամ «օգնական» չունի, բայց ունի ելեկտրական աւել, լուացքի ելեկտրական մեքենայ, բայց դեռ ոչ` նաեւ ելեկտրական սառնարան: Տարին 5 ոսկի կը ծախսէ գեղանիւթերու համար եւ շաբաթը 30 գաւաթ թէյ կը խմէ, աշխարհի ուրիշ ոեւէ կինէ աւելի:

Վանդակով թռչուն ունի: Իր երկրորդ սիրելին կատուն  եւ երրորդը` շունը:

Պատկերասփիւռը ընտանիքի ամէնէն մեծ ժամանցն է: Անգլիացին եւ իր կինը շաբաթը 18 ժամ կ՛անցընեն ընկալուչին առջեւ: Ներկայիս իրենց միւս զբօսանքը ինքնաշարժն է, որ տարեկան 5000 մղոն ճամբայ կը կտրէ:

ՎԻՔԹՈՐ ԱՆՏԵՐՍԸՆ
Թարգմ. ՎԷՆ

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Սապրայի Եւ Շաթիլայի Ջարդերը Եւ Շէյխ Ամին Ժըմայէլի Նախագահ Ընտրութիւնը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?