Ակնարկ
Նոյեմբեր 22
Քսաներկու տարի առաջ` նոյեմբեր քսաներկու:
Լիբանանի ամբողջ ժողովուրդը, բոլոր համայնքները անխտիր, ցնծութեան մէջ են:
Անոնք, որոնք յանդգնած էին տասը օր առաջ փոխելու սահմանադրութիւնը եւ անկախութեան դրօշակին գոյները որոշելու, գիշերը իրարու ետեւէ ձերբակալուած էին` ղրկուելու համար Ռաշայա բերդարգելութեան զրկանքները կրելու:
Բայց անոնց ետեւէն, ժողովուրդ մը ամբողջ ոտքի կանգնած էր` հոգատար իշխանութեան պատասխանատուներուն իսկ զարմանք պատճառող վճռակամութեամբ մը:
Այդ վճռակամութիւնը չէր կրնար ապարդիւն մնալ: Բարձր կոմիսարն ու իր գործակիցները պիտի ստիպուէին տեղի տալ եւ ձեւական բանակցութիւններէ ետք, որոնք ղեկավարուեցան զօրավար Քաթրուի կողմէ, երէկուան կալանաւորները 22 նոյեմբեր 1943-ին յաղթականօրէն կը վերադառնային մայրաքաղաք` հանդիսանալու համար անկախ Լիբանանի առաջին ղեկավարները:
Քսաներկու տարի անցած է այդ թուականէն ասդին: Այդ ղեկավարներէն շատեր ընդմիշտ բաժնուած են մեզմէ, ուրիշներ կը շարունակեն իրենց հանրային եւ քաղաքական գործունէութիւնը` ուրախութեամբ ողջունելով 22-րդ տարեդարձը այս երկրի անկախութեան, որ կերտուեցաւ անհուն զոհողութիւններու գնով:
Այդ ուրախութիւնն ու խանդավառութիւնը այսօր ամբողջ ժողովուրդինն է, լիբանանեան գեղեցիկ մոզայիքը կազմող բոլոր համայնքներուն, որոնք ազգային ուխտով մը եղբայրացած` աշխարհին ու մարդկութեան կու տան լայնախոհութեան եւ հանդուրժողութեան սքանչելի օրինակ մը:
Անկախ Լիբանանը հսկայաքայլ յառաջդիմեց բոլոր մարզերու մէջ: Եթէ կայ երկիր մը, որ առաւելագոյն չափով օգտագործեց անկախութեան ընծայած բարիքները, այդ ալ Լիբանանն է, որ քաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ այլ մարզերու մէջ մեծ նուաճումներ ունեցաւ, տիրացաւ միջազգային վարկի ու համբաւի, որ առաւելաբար հիմնուած է իր բարոյական ուժին եւ արժէքին վրայ:
Այսօր, Լիբանանի ղեկավարները, արժանի ժառանգորդները Պեշարա Խուրիներու, Ռիատ Սոլհերու եւ Հապիպ Ապի Շահլաներու, ոչ միայն նախանձախնդիր գուրգուրանքով մը կը պահեն այդ ժառանգութիւնը, այլ նաեւ պետական նոր ըմբռնում մը կ՛ուզեն տալ այս երկրին` նոր ժամանակներու համապատասխան ոգիով:
Լիբանանի հայութիւնը, իբրեւ մէկ անբաժանելի անդամը լիբանանեան մեծ ընտանիքին, ի խորոց սրտէ կ՛ողջունէ անկախութեան տարեդարձը` այն խոր վստահութեամբ եւ գիտակցութեամբ, թէ ինքն ալ մեծ դեր ունի կատարելիք այս գեղեցիկ երկրին բարգաւաճման եւ յառաջդիմութեան մէջ:
X
Պէյրութի Նաւահանգիստը
Լիբանանի առեւտրական կեանքին համար կենսական նշանակութիւն ունեցող ազդակներէն մէկը, կարելի է ըսել` կարեւորագոյնը, Պէյրութի նաւահանգիստն է:
Օսմանեան տիրապետութեան շրջանին Մերձաւոր Արեւելքի միակ նաւահանգիստն էր, ուրկէ կը փոխադրուէին Սուրիոյ, Իրաքի եւ արեւելեան Անատոլուի ապրանքները:
Փիւնիկեցիներու օրերէն որեւէ յիշատակութիւն չ՛երեւիր Պէյրութի նաւահանգիստին մասին: Մինչդեռ մենք յաճախ կը հանդիպինք Պիպլոս (Ժիպէյլ), Թիր (Սուր) եւ Սիտոն (Սայտա) անուններուն: Փիւնիկեան այս երեք նաւահանգիստներն ալ Միջերկրականի վրայ մեծ դեր կատարած են փիւնիկեցիներուն ծաղկեալ վաճառականութիւնը տարածելու համար աշխարհի չորս կողմը:
Հռոմայեցիներու տիրապետութենէն ետք, յատկապէս քրիստոնէական առաջին դարուն է, որ կը յիշուի Պէյրութի անունը: Իսկ խաչակիրներու գրաւումէն ետք Պէյրութի անուան յաճախ կը հանդիպինք պատմութեան զանազան շրջաններուն:
Այդ ժամանակներուն Պէյրութը քառակուսի ձեւով քաղաք մը եղած է: Այսպէս, հիւսիսէն` ծովը, հարաւէն` ներկայ Լազարիէյի շէնքը, արեւելքէն` Պուրճի հրապարակը եւ արեւմուտքէն` Մեծ սերայը:
Պէյրութի նաւահանգիստին երկարութիւնը հազիւ 150 մեթր եղած է, լայնքը` 100 մեթր, իսկ խորութիւնը` 2-3 մեթր:
Նաւահանգիստին անմիջական պաշտպանութիւնը ապահովուած է Հասանի աշտարակով (Սեն Ժորժ) եւ Խոտըրի աշտարակով (Քարանթինա): Նաւահանգիստը կրնար ընդունիլ 5-6 մեծ առագաստանաւեր, իւրաքանչիւրը` 30 մեթր երկարութեամբ:
Պէյրութի նաւահանգիստը մնացեր է իր նախնական վիճակին մէջ խաչակիրներու օրերէն (1125) մինչեւ 1887 թուականը, մօտ 762 տարի, երբ օսմանեան կառավարութիւնը արտօնած է զայն վերանորոգել:
Առաջին աշխատանքները սկսած են Խան Անթուն Պէյէն ծովուն մէջ կոհակաթումբ մը կանգնելով դէպի արեւելք, 806 մեթր երկարութեամբ, իսկ թեւ մըն ալ` Մտաւարէն դէպի հիւսիս: Նաւերու մուտքին համար ձգուած է 150 մեթր բացուածք մը: Աւազանը 21 հեկտար տարածութիւն ունէր նաւերը ընդունելու համար:
1934-ին նաւահանգիստի ֆրանսական ընկերութիւնը, աչքի առջեւ ունենալով շոգենաւային երթեւեկի յարաճուն զարգացումը, որոշեց 450 մեթր երկարել առաջին թումբը եւ ընդլայնել երկրորդ թեւը: Հետագային արդէն շինուեցաւ երկրորդ աւազանը Մտաուարի կողմէն դէպի արեւելք:
1960-ին, երբ Պէյրութի նաւահանգիստը Լիբանանի կառավարութեան հովանաւորութեան տակ դրուեցաւ, քարափին երկարութիւնը 2300 մեթր էր, իսկ լայնքը` 10-13 մեթր: Նաւահանգիստը իր երկու աւազաններուն մէջ կրնար ընդունիլ 7 հսկայ նաւեր եւ 10 նաւեր ալ` քարափէն քիչ հեռու:
Այսօր Պէյրութի նաւահանգիստը կրնայ օրական (8 ժամ) 6000 թոն ապրանք բեռցնել եւ պարպել: Ազատ գօտին, իր 123 հազար քառ. մեթր տարածութեամբ, կը պարունակէ բազմաթիւ մթերանոցներ, որոնք վարձուած են առեւտրականներու եւ օտար պետութիւններու կողմէ: Շինուած են զանազան գործարաններ, սառնարան – մթերանոցներ, հագուստեղէնի արհեստանոցներ, գորգի վաճառատուն մը եւ անուշահոտի գործարան մը: Պէյրութի ազատ գօտին տեսակ մը ճարտարարուեստական կեդրոն դարձած է արաբական երկիրներուն համար:
Երեսուն տարի առաջ նաւահանգիստին գործառնութիւնները տարեկան հազիւ 500 հազար թոն եղած են, 1964-ին բարձրացած են 2.100.000 թոնի: Գործերուն այս զարգացման եւ հետեւաբար առեւտրական պահանջին առջեւ յարմար տեսնուեցաւ, որ երրորդ աւազան մը եւս շինուի, երկրորդ աւազանին ուղղութեամբ` դէպի Քարանթինա:
Երրորդ աւազանի նուազուրդին մասնակցեցան 33 օտար ընկերութիւններ: Յունական «Արխիրոտրոն վանթիւր» ընկերութիւնը 34 միլիոն լ. ոսկիով ստանձնեց շինութիւնը: 1962 օգոստոս 18-ին աշխատանքները սկսան եւ պիտի լրանան 18 օգոստոս 1966-ին: Կը կարծուի, որ այս թուականը պիտի յարգուի ընկերութեան կողմէ:
800 մեթր պիտի երկարի առաջին կոհակաթումբը, աւազանը պիտի ունենայ 1450 մեթր քարափ, 10-15 մեթր լայնութեամբ եւ պիտի շինուի 900 մեթր քարափ` նախկին աւազանին մէջ: Այսպիսով, կէս միլիոն քառ. մեթր հող պիտի շահուի լեցուած ծովէն:
Բացի ծովային աշխատանքներէն, նախատեսուած է բազմաթիւ մթերանոցներու շինութիւնը յառաջիկայ տարիներու ընթացքին: Այսպէս, ծրագրին համաձայն, պիտի կառուցուին 2 ծովային կայաններ, ֆոսֆատի մթերանոց մը, փայտի եւ անասուններու յատուկ մթերանոցներ, ինքնաշարժներու բազմայարկանի կառատուն մը, սառնարան-ամբար մը, ազատ գօտիին ընդարձակումը եւ երկաթուղային ցանց մը:
Պէյրութի նաւահանգիստը, իր արդիական սարքաւորումով, 3200 մեթր քարափով, 65 հեկտար լեցուած գետինով եւ ապրանքներու մթերումին համար 300 հազար քառ. մեթր տարածութեամբ, ի վիճակի պիտի ըլլայ ընդունելու միաժամանակ 30 նաւ, որոնցմէ 20-ը կրնան քարափին մօտենալ: Նաւահանգիստին տարեկան գործառնութիւնները պիտի հասնին 3 միլիոն թոնի:
Այս բոլոր ծախքերուն գումարը կը հասնի 100 միլիոն լ. ոսկիի, որուն 60 միլիոնը արդէն վճարուած է: Կը մնայ 40 միլիոն լ. ոսկի գտնելու խնդիրը:
Ի՞նչ կը նախատեսուի ապագային համար:
Մասնագէտներուն կարծիքով, երրորդ աւազանի շինութենէն ետք, դարձեալ պահանջ պիտի ներկայանայ չորրորդ աւազանի մը համար: Շոգենաւային փոխադրութիւնները այնքան կը զարգանան, որ 1980-ին իշխանութիւնները կրկին պիտի մտածեն նաւահանգիստին ընդարձակման մասին:
Այս ընթացքով, 25 տարի ետք, չորրորդ, թերեւս հինգերորդ աւազանները շինուած պիտի ըլլան` հասնելով մինչեւ Պէյրութի գետին ծովափը:
ԳԷՈՐԳ ՍԱԶՃԵԱՆ