Հայ Կեանք
Յիսնամեակի Փառահեղ
Տօնակատարութիւնը Պելճիքայի Մէջ
Ներկայ Կ՛ըլլան Կրօնական Եւ
Պետական Անձնաւորութիւններ
Պելճիքայի հայկական գաղութը կիրակի, նոյեմբեր 7-ին մեծ հանդիսաւորութեամբ եւ շուքով ոգեկոչած է յիշատակը մէկուկէս միլիոն հայ նահատակներուն` յիսնամեակի փառահեղ տօնակատարութեամբ մը:
Պելճիքական ամբողջ մամուլը հետեւեալ օր լայնօրէն անդրադարձած է այս հանդիսութեան` ընդգծելով անոր վեհութիւնը եւ հայ ժողովուրդի դատին արդարութիւնը:
Պրիւքսէլի պատկերասփիւռը, ինչպէս կը հաղորդէ Էտտի Էմիրզեան, աւելի քան երկու ժամ ներկայացուցած է այս հանդէսը` իր զանազան երեսներով:
«ԼԱ ՍԻԹԷ» կը գրէ (8 նոյեմբեր).-
Բոլոր այն երկիրներուն մէջ, ուր 1915-ի եղերական դէպքերէն ետք, հայկական գաղութներ հաստատուեցան, այս տարի ոգեկոչուեցաւ յիշատակը օսմանեան պետութեան կողմէ չարչարուած ու ի վերջոյ սպաննուած մէկուկէս միլիոն քրիստոնեաներուն:
Մեր երկրին մէջ ապրող հազար հայեր, գրեթէ բոլորն ալ Պելճիքայի քաղաքացի կիրակի առտու ժամադրուած էին Սեն Ժաք Սիւր Քուտենպերկ եկեղեցին, որ կարտինալ Սիւենենսի կողմէ տրամադրուած էր Եւրոպայի կաթողիկոսական պատուիրակ Ս. արք. Մանուկեանի:
Արարողութեան ներկայ էին նաեւ պետական նախարարներ` Վան Զելանտ եւ Շրիժվեր, Պրիւքսէլի վերաքննիչ ատեանի առաջին նախագահ Պութըֆէօ, Պելճիքայի արքայական ակադեմիայի անդամներ` Փիրոն եւ Տելվօ եւ ուրիշներ:
Կէսօրէ ետք նիստ մը տեղի ունեցաւ Ակադեմիաներու պալատին մէջ, ուր ներկայ եղան, բացի վերոյիշեալ անձնաւորութիւններէն, նաեւ այլ եկեղեցական եւ քաղաքական դէմքեր:
Ներկաները նախ յոտնկայս լսեցին Փարիզի հայ եկեղեցւոյ երգչախումբը, որ երգեց «Տէր կեցո»-ն: Այնուհետեւ` «Մայր Արաքսի ափերով»-ը:
Ճառ մը խօսեցաւ Պելճիքայի հայկական միութեան նախագահ Վարդան Մուրտիքեան, որ իր ճառին մէջ յիշեցուց Անաթոլ Ֆրանսի խօսքը 1916-ին: «Հայաստան կը մեռնի, բայց յարութիւն պիտի առնէ»: «Եթէ մեր արժանապատուութիւնը կը թելադրէ մեր սրտերէն հանել վրէժն ու ատելութիւնը, ըսաւ Վ. Մուրտիքեան, մեր ուժը երբեք չմոռնալն է»:
Խօսք առաւ փրոֆ. Պոնիէ` յոյս յայտնելով, որ ցեղասպանութեան դէմ ՄԱԿ-ի քուէարկած օրէնքը այսուհետեւ պիտի արգիլէ 1915-ի ջարդերուն նման արհաւիրքներ:
Փրոֆ. Ֆէյտի իր կարգին պանծացուց հայ լեզուն` յիշելով յատկապէս բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանը, որ Կանտի համալսարանի ուսանող եղած է Պելճիքայի մէջ:
Մարդու իրաւանց պաշտպանութեան պելճիքական լիկայի նախագահ Արոնշթայն յայտնեց իր համոզումը, թէ 1915-ի զոհերը ի զուր չէին մեռած:
Փրոֆ. Արփատ Մխիթարեան խօսեցաւ հայ մշակոյթի գլուխ գործոցներու մասին` յայտնելով, թէ այդ ժառանգութիւնը միայն ազգային չէ, այլ կը պատկանի ամբողջ մարդկութեան:
Փակման խօսքը ըրաւ Մանուկեան արքեպիսկոպոս` քրիստոնեայ աշխարհէն պահանջելով, որ ամէն ճիգ թափէ արգիլելու համար նման ոճիրներու կրկնութիւնը:
Նոյն օրը հայկական գաղութէն պատուիրակութիւն մը ծաղկեպսակ մը դրաւ անծանօթ զինուորի յուշարձանին վրայ:
«Արդարութիւն` Հայաստանի»
«Թուրքերը Այն Ջարդարարներն Են, Որոնք
Հազար Տարիէ Ի Վեր Սարսափ Կը Տարածեն
Ամէն Տեղ», Կը Գրէ Փարիզի «Քոմպա» Թերթը
«Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը Պէտք Է
Հայկական Հարցը Արձանագրէ Իր Օրակարգին Մէջ»
Վերի գլխաւոր խորագրին ներքեւ, Կապրիէլ Մացնեֆ շահեկան յօդուած մը հրատարակած է Փարիզի «Քոմպա»-ի նոյեմբեր 11-ի թիւին մէջ: Ընդհանուր մուտքէ ետք յօդուածագիրը կը գրէ. «Թուրքերը տարօրինակ մարդիկ են: Երբեք Թուրքիա չեմ գացած, բայց բարեկամներ ունիմ, որ շատ գոհ վերադարձած են հիւրասիրութենէն, զոր գտած են… Եւ սակայն թուրքերը այն ջարդարարներն են, որոնք խոր Ասիայէն եկած են եւ հազար տարի է սարսափ կը տարածեն ամէն տեղ, ուրկէ կ՛անցնին: Բառերս կը կշռեմ: Հայերու, յոյներու, քիւրտերու ջարդերը, զորս 1915-էն ի վեր (սահմանափակուելով 20-րդ դարու մէջ) կատարած են, իրենց վայրագութեամբ, արհաւիրքով, հրէշութեամբ կը գլեն կ՛անցնին, ինչ որ նացիները ըրած են անցեալ պատերազմին: Եւ սակայն, եթէ Գերմանիա իր մեղքը քաւեց եւ ուրացաւ հիթլերական մղձաւանջը, թուրքերը իրենք բան մը չըրին եւ արձան մը բարձրացուցին ի փառս հրէշ Թալէաթին, որ 1915-ին եղաւ հայերուն համար, ինչ որ երեսուն տարի ետք Այխման պիտի ըլլար հրեաներուն համար:
Եւ յօդուածագիրը կը շարունակէ` դատապարտելէ ետք արեւմտեան մամուլը. «Թուրքիոյ պատմութիւնը ջարդերու, թալաններու երկար շարք մըն է եւ արեւմտեան մամուլը տարօրինակ ներողամտութիւն մը ցոյց կու տայ Թալէաթի հայրենակիցներուն հանդէպ:… Ինչ կը վերաբերի 1915-ի ցեղասպանութեան (առաջին կատարեալ ոճիրը մարդկութեան, ազգային աստիճանի վրայ), այսօրուան հայ երիտասարդները, ցրուած աշխարհի չորս կողմը, կը սկսին համախմբուիլ կազմակերպութեանց մէջ, ինչպէս` համակրելի Հայագիտական ուսմանց կեդրոնը եւ երկու բան կ՛ուզեն. յանցաւորներուն պատուհասումը եւ հողերուն վերադարձը: Պէտք է որ ՄԱԿ-ը Հայկական հարցը կամ, աւելի ճիշդ, թրքական հարցը արձանագրէ իր օրակարգին մէջ: Քաղաքակիրթ աշխարհի եւ Թուրքիոյ միջեւ շատ դիակ կայ, որպէսզի կարենանք տակաւին լռել»: