Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (16 Նոյեմբեր 1965)

Նոյեմբեր 16, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ակնարկ

 Ներքին Փոխառութիւն

Լիբանանեան պետութիւնը մտադիր է արտաքին փոխառութիւններու դիմելու` Հնգամեայ ծրագրին առաջին մասը իրագործելու համար:

Կը խօսուի Քուէյթի, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի մասին: Քուէյթ արդէն 45 միլիոն լ. ոսկիի փոխառութիւն մը ըրած է Պէյրութի քաղաքապետութեան: Ամերիկեան դրամագլուխներու համար Ուաշինկթըն կը պահանջէ պետական երաշխաւորութիւն:

Ֆրանսայի պայմանները տակաւին յայտնի չեն:

Սկզբունքով հակառակ չըլլալով հանդերձ արտաքին փոխառութիւններու, որոնք կը հանդիսանան արտայայտութիւնը արտասահմանի մէջ Լիբանանի վայելած վստահութեան, կը խորհինք, թէ ներքին փոխառութիւնները այս պարագային շատ աւելի նպատակայարմար են:

Պետութիւնը իր Հնգամեայ ծրագրին առաջին մասին իրագործման համար պէտք ունի 272 միլիոն լ. ոսկիի: Լիբանանեան դրամատուները, որոնք ներդրումներ կը կատարեն անհատական ձեռնարկներու մէջ, կրնան շատ աւելի մեծ գումարներ հայթայթել պետութեան:

Անշուշտ այդ պարագային դրամատուները անջատաբար չեն կրնար գործել: Բայց օրէնքը երբեք չ՛արգիլեր դրամատուներու ընկերակցութեան (Consortium) ստեղծումը, որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ շատ աւելի մեծ գումարներ գոյացնել, քան` պետութեան պէտք եղած 272 միլիոն լ. ոսկին:

Դրամատուները միայն հարուստները հարստացնելու չեն սահմանուած: Չենք կարծեր, թէ նոյն նպատակին կը ձգտի ծառայել նաեւ ազատական տնտեսութիւնը, որ կը կիրարկուի Լիբանանի մէջ: Բայց իրողութիւն այն է, որ դրամատնային գործառնութիւնները եւ ազատական տնտեսութիւնը կը ծառայեն միայն հարուստ դասակարգին, մինչդեռ պետութեան պատրաստած Հնգամեայ ծրագրին նպատակն է միջոցներ ստեղծել` լիբանանեան ընկերութեան բարգաւաճումը ապահովելու համար:

Լիբանանեան դրամատուները կը յորդին դրամական գումարներով: Կարգ մը գնահատումներու համաձայն, լիբանանեան դրամատուներու մէջ երկուքուկէս միլիառ լ. ոսկի պահ դրուած է շահագործուելու համար: Բայց դրամատուներու բացած վարկերը կը նպաստեն միայն փոքրամասնութեան մը:

Ազատական տնտեսութեան աւելի բանաւոր ըմբռնում մը շատ աւելի նպաստաւոր պիտի ըլլար լիբանանեան ընկերութեան, որուն 90 տոկոսը կազմուած է միջին եւ համեստ դասակարգէն:

X

 

Հայ Կեանք

 ՀՅԴ 75-Ամեակը Ուստրի Մէջ

«Ոչ Մէկ Ուժ Կրնայ Արգիլել
Ազգերու Ինքնորոշումը»

 

«Հայրենիք», 9 նոյեմբեր 1965.

«Նոյեմբերի 7-ին, կիրակի դաշնակցական ընկերներու եւ համակիր բազմութեան մը ներկայութեան եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ տօնակատարուեցաւ ՀՅԴ 75-ամեակը Ուստրի մէջ:

Ատենապետեց Թորոս Հերոյեան: Գեղարուեստական յայտագրին մասնակցեցան` Թորոս Պօղիկեան (երգ), Յակոբ Պահարեան (արտասանութիւն), Կարապետ Աւետիքեան (ջութակ): Ուղերձներ ըրին` եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան կողմէ Վարդգէս Հայթայեան եւ ՀՕՄ-ի կողմէ Սիրանուշ Վարդանեան, ՀՅԴ-ի կողմէ Սիրակ Պարոնեան:

Ճաշկերոյթը սկսաւ հոգեւոր հովիւ Մուշեղ քհնյ. Տէր Գալուստեանի աղօթքով:

Օրուան ատենախօսներէն Խ. Ներսէսեան շեշտեց, թէ ՀՅԴ 75-ամեակը կը յիշեցնէր Հայաստանը, հայութեան ազատասիրութիւնը եւ Դաշնակցութեան մեծ հիմնադիրներուն պատգամը` սիրոյ, պարտականութեան եւ անձնուէր ծառայութեան` հայ ժողովուրդին հանդէպ:

Տոքթ. Ա. Վարժապետեան անգլերէն ճառով մը պատկերացուց ժամանակակից քաղաքական կեանքը, ժողովուրդներու անկախութեան ձգտումը եւ շեշտեց, թէ ո՛չ մէկ ուժ կրնայ արգելք հանդիսանալ ազգերու ինքնորոշման եւ անկախութեան իրաւունքի իրագործման, որ ամէն օր գրեթէ տեղի կ՛ունենայ մեր աչքերուն առջեւ:

«Մեր ժողովուրդը,- շարունակեց Ա. Վարժապետեան,- չորս հազար տարի գոյատեւած է, սակայն այս իրողութիւնը չի նշանակեր, թէ մենք յաւիտեան կրնանք ապրիլ: Ազգ մը, իր գոյութիւնը պահելու համար, անհրաժեշտ է, որ ունենայ ազատ հայրենիք, ազատ մշակոյթ, ազատ եկեղեցի, եւ այս կենսական նպատակներուն համար ՀՅ դաշնակցութիւնը պայքարած է 75 տարի ու կը շարունակէ պայքարիլ»:

Տոքթ. Ա. Վարժապետեանի կուռ ճառը խանդավառութեամբ ծափահարուեցաւ ներկաներէն: Ջերմ գնահատանքի արժանացան նաեւ յայտագրին միւս մասնակցողները:

Մոմավառութիւն տեղի ունեցաւ եւ գոյացաւ 469 տոլար:

Ցուցադրուեցաւ Մեծ եղեռնի շարժանկարը:

Ընկեր Գարեգին Էթեմեզեանի
Նուիրատուութիւնները
Յունաստանի Մէջ

«Ազատ Օր» (Աթէնք).

Թեսաղոնիկէի մեր աշխատակիցը կը գրէ այն առատաձեռն նուիրատուութեանց մասին, զորս վերջերս, Աթէնք այցելութեան առթիւ, ազգապատկան նորակառոյց շէնքի սրահի կահաւորման համար եւ Հ. Գ. Խաչի Շրջ. վարչութեան կրթական ֆոնտին ի նպաստ ըրած էր հիւրաբար Յունաստան գտնուող ամերիկահայ (Տիթրոյիթէն) մեր ծանօթ եւ հաւատաւոր ընկերներէն Գարեգին Էթեմեզեան:

Ուրախութեամբ կը հաղորդենք, թէ մեր սիրելի ընկերը 1200 տոլարի նուիրատուութիւն մըն ալ ըրած է Հ. Կ. Խաչի Շրջ. վարչութեան, որպէսզի այդ գումարով «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» վարժարանի բակին մէջ իր անունով կառուցուի ակումբ մը` ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն, սկաուտներուն եւ երիտասարդացի համար:

Յունահայ գաղութը երախտապարտ է ընկեր Էթեմեզեանին` իր այս նուիրատուութեանց համար ու վստահ է, որ ան այսուհետեւ ալ պիտի չմոռնայ այս թէեւ փոքրաթիւ ու տնտեսապէս տկար, բայց հաւատաւոր ու հայաշունչ գաղութը եւ իր սրտաբուխ նուիրատուութիւններով պիտի հասնի անոր կարիքներուն:

Ընկեր Էթեմեզեան 3250 տոլարի այլ նուիրատուութիւններ ալ ըրած է Թեսաղոնիկէի ազգ. հաստատութեանց:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Տաճկական Ֆէսը Եւ… Սրբազանին Վեղարը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?