Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի
Այնճարի Մասնաճիւղի Նոր Վարչութիւնը
Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Այնճարի մասնաճիւղի վարչութեան ընտրութիւնը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 11 նոյեմբեր 1965, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, «Բաբգէն Սիւնի» ակումբին մէջ, ի ներկայութեան անդամուհիներու բացարձակ մեծամասնութեան եւ Շրջանային վարչութեան լրիւ կազմին:
Խօսք առին` տիկ. Լոլա Սասունի, տիկ. Առաքելեան եւ տիկ. Արծրունի, որոնք շեշտեցին հայ խաչուհիին նուիրական պարտականութիւնները եւ առաքելութիւնը հայ կեանքին մէջ: Ժողովը բացուեցաւ «Մեր հայրենիք» երգով:
Համերաշխ մթնոլորտի մը մէջ եւ բացարձակ մեծամասնութեան ձայներով 1965-66 տարեշրջանի Այնճարի մասնաճիւղի վարչութեան անդամ ընտրուեցան հետեւեալ անդամուհիները (որոնք յաջորդ օր ընտրեցին իրենց դիւանը).
Վարդուհի Շեմմեսեան` ատենապետ, Շուշան Քէօսէեան` ատենադպիր, Արշալոյս Չափարեան` գանձապահ, խորհրդականներ` Ռեբեքա Գոճանեան, Հայկուհի Մալգըճեան, Անուշ Խօշեան, Արմենուհի Պոյաճեան:
Ժողովը փակուեցաւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ:
ԽԱՉՈՒՀԻ
ՀՄԸՄ-ի Սկաուտներուն
Ջահագնացութիւնը
Լիբանանի անկախութեան 22-րդ տարեդարձին առթիւ, երկուշաբթի, 22 նոյեմբեր 1965, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, ընդհանուր խանդավառութեան մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Սկաուտական խորհուրդին կազմակերպած փառաշուք ջահագնացութիւնը, որուն կը մասնակցէին ոչ միայն Պէյրութի եւ Պուրճ Համուտի բոլոր մասնաճիւղերու, այլեւ Այնճարէն, Թրիփոլիէն եւ այլ շրջաններէ եկած ՀՄԸՄ-ի սկաուտներ, գայլիկներ ու արենուշներ, Լիբանանահայ օգնութեան խաչի արծուիկներ եւ ՀՄԸՄ-ական մարզիկներ:
Ջահագնաց խումբերը, առաջնորդութեամբ մոթորսիքլիստ ոստիկաններու եւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի սկաուտական նուագախումբին, կանոնաւոր շարքերով ճամբայ ելան քաղաքի ակումբէն:
Առջեւէն, երկու ջահակիր սկաուտներու մէջտեղէն կը քալէր մարզիկ մը` բարձր բռնած լիբանանեան ազգային դրօշը: Անոր կը հետեւէին, մէկ շարքի վրայ, ՀՄԸՄ-ի եւ սկաուտական բոլոր մասնաճիւղերու դրօշակիր սկաուտները, որոնց անմիջապէս կը հետեւէր կանաչազարդ ու լիբանանեան դրօշակներով երիզուած ինքնաշարժ մը, որուն վրայ զետեղուած էր հանրապետութեան նախագահ Շարլ Հելուի մեծադիր նկարը: Ապա, յաջորդաբար. ՀՄԸՄ-ի «Բարձրացի՛ր, բարձրացուր» նշանաբանը, արաբատառ ու հայատառ պաստառներ եւ սկաուտական զինանշաններ կրող սկաուտներ, հրթիռ մը եւ սկաուտներու, գայլիկներու, արենուշներու, արծուիկներու ու մարզիկներու ջահակիր խումբեր` այնքա՜ն տպաւորիչ ու համաչափ քալուածքով:
Յատկապէս Պուրճի հրապարակը եւ մինչեւ Պուրճ Համուտ, ճամբու երկու եզերքը խռնուած բազմահազար Ժողովուրդը անդրադրում ծափերով ու հրավառութիւններով կը դիմաւորէր ջահագնաց խումբերու փառաշուք անցքը:
Խանդավառութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ Պուրճ Համուտի մէջ: Հրավառութիւն ու հրացանաձգութիւն` ամէն կողմէ: Ջահագնաց խումբերը պահ մը կանգ կ՛առնեն քաղաքապետարանի շէնքին առջեւ: Քաղաքապետ Յակոբ Աշճեան, շրջապատուած քաղաքապետական խորհուրդի անդամներով, կ՛ընդունի շնորհաւորութիւնները խմբապետներուն: Նուագախումբը կը հնչեցնէ լիբանանեան ազգային քայլերգը:
Ապա ջահագնացութիւնը շարունակելով` կը հասնի Տորա, ուրկէ կը թեքի դէպի հայկական թաղամասեր, անցնելով Թրատէն, Նոր Սիսէն, Սին էլ Ֆիլէն, հասնելու համար նախագահական ապարանք:
Մեթնի գայմագամ Համիտ Խուրիի բնակարանին առջեւէն տողանցելէ ետք ջահագնացութիւնը կանգ կ՛առնէ նախագահի ապարանքին առջեւ:
ՀՄԸՄ-ական ախոյեան մարզիկ Եսթեր Մեծմօրուքեան, ընկերակցութեամբ արենուշի մը եւ սկաուտի մը, խմբապետ Ճանիկ Ոսկերիչեանի գլխաւորութեամբ կը մտնէ նախագահական դահլիճ նախագահ Շարլ Հելուի յանձնելու համար ՀՄԸՄ-ի կողմէ ծաղկեփունջ մը եւ շնորհաւորագիր մը:
Նախագահի փափաքին ընդառաջելով` ջահագնաց խումբերը մուտք կը գործեն ապարանքի արեւելեան դուռնէն բակ եւ կը տողանցեն ապարանքին քովէն:
Նախագահը, շրջապատուած մեթնի գայմագամ Համիտ Խուրիէ, քաղաքապետ Յակոբ Աշճեանէ, ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան անդամ տոքթ. Յ. Պէրպէրեանէ անձնաւորութիւններէ` սկաուտական բարեւով կը դիտէ տողանցող խումբերը շարունակ կրկնելով. «Հիանալի՜, հիանալի՜»:
Աւելի քան երեք ժամ տեւող եւ ՀՄԸՄ-ի ու հայ ժողովուրդի անունը փառաւորող այս փառաշուք ու տպաւորիչ տողանցքը վերջ կը գտնէ նուագախումբին հնչեցուցած լիբանանեան ազգային քայլերգով:
ՀՐԱԶԴԱՆ