Ընկեր Մ. Օզանեանի Յուղարկաւորութիւնը
Դամբանախօսներ Յիշատակեցին Ընկերոջ
Վաթսուն Տարիներու Ազգային-Կուսակցական
Անձնուէր Աշխատանքները
Շաբաթ օր, նոյեմբեր 20, Մեծն Պոսթընի Ս. Ստեփանոս եկեղեցիին մէջ տեղի ունեցաւ թաղման արարողութիւնը մեր ողբացեալ վաստակաւոր ընկերոջ` Մերուժան Օզանեանի: Արարողութեանց նախագահեց ամերիկահայ եւ քանատահայ կիլիկեան թեմի առաջնորդ Հրանդ արք. Խաչատուրեան, մասնակցութեամբ Թորգոմ քհնյ. Յակոբեանի, տէր Սահակ քահանայի եւ Վարդան Ա. սրկ. Յարութիւնեանի:
Պատուոյ դագաղակիրներ եղան ներկայացուցիչները ՀՅԴ Կեդրոն. կոմիտէի «Հայրենիք»-ներու խմբագրութեանց, միջկոմիտէականի, Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, Պոսթընի կոմիտէի եւ ողբացեալին վաղեմի ընկերները:
Եկեղեցին լեցուն էր հանգուցեալ ընկերոջ գաղափարի ընկերներով եւ համակիրներով:
Թաղմանական արարողութենէն ետք առաջնորդ սրբազանը դամբանական խօսեցաւ: Յայտարարեց, թէ հայ ժողովուրդը կը կորսնցնէ իր առաջնորդող զաւակներն մէկը, որ երկար տարիներ նուիրուած էր իր ժողովուրդին: «Ան ծանօթ էր մեզի,- շարունակեց սրբազանը,- իր մարդկայնական նկարագրով եւ հայկական ոգիով: Դժուած է գտնել մարդիկ, որոնք ունենան այս երկու առաքինութիւնները միաժամանակ: Ուղղամիտ էր ու յստակ` իր մտածումներով: Մօտ վաթսուն տարի իր բոլոր ուժերը տրամադրեց իր ժողովուրդին: Հետզհետէ պիտի ծանօթացուին հայ մարդու եւ քրիստոնէական ոգիով կատարած իր աշխատանքները, որպէսզի օրինակ դառնան սերունդներուն եւ շարունակուին իր աշխատանքները հայ ժողովուրդի եւ հայրենիքի ազատագրութեան համար»:
Թորգոմ քհնյ. Յակոբեան ըսաւ, թէ ողբացեալ Մ. Օզանեան վաթսուն տարիներ աշխատած էր իր ժողովուրդին համար Հայաստանի մէջ, Եւրոպա եւ մանաւանդ Ամերիկա` իբրեւ ուսուցիչ, խմբագիր, գործիչ, կուսակցական ղեկավար, միշտ անշահախնդիր կերպով, իբրեւ մշակ առանց ամօթոյ: Զգալի բաց մը կը ստեղծուի իր մահով մեր կեանքին մէջ:
Ապա դագաղը փոխադրուեցաւ Քէյմպրիճի Մաունթ Օպըրն գերեզմանատունը, ուր վերջին արարողութիւններէն ետք, յանուն ՀՅԴ Ամերիկայի Կեդր. կոմիտէի դամբանական խօսեցաւ Ս. Տարտունի, որ ողբացեալ ընկերոջ երկար տարիներու գործակիցը եղած է: Ան ըսաւ, ի միջի այլոց, «ինչպէ՞ս խօսիլ ընկերոջ մը մասին, որ մեր կեանքին անբաժան մասը կազմած է: Դիւրահաղորդ էր, բարի, սիրելի: Անհնար է երկարամեայ իր գործունէութիւնը ամփոփել քանի մը խօսքերով: Իր մահով ՀՅ Դաշնակցութիւնը կորսնցուց իր բերդապահներէն մէկը: Բարոյական ինքնուրոյն տիպար մըն էր, որ իր ամբողջ ուժերը տրամադրեց մեր կազմակերպութեան` իբրեւ գործիչ, խմբագիր, քարտուղար: Գործեց միշտ խղճմտութեամբ. կարելի չէր չյարգել անոր անկեղծութիւնը: Մեզի` մնացողներուս պարտականութիւնն է միշտ բարձր պահել այն դրօշը, որուն կը հաւատար:
Համաստեղ Կը Սգայ Կորուստը
Գրագէտ Համաստեղ, որ երկար տարիներ ականատես եղած է մեր ողբացեալ ընկերոջ գործունէութեան, դամբանական մը խօսելով յանուն ՀՅԴ միջկոմիտէականին` ըսաւ ի միջի այլոց.
«Շատ ծանր է ինծի համար քանի մը խօսք ըսել սիրելի բարեկամի մը մահուան առթիւ, որովհետեւ խօսքը անիմաստ եւ անպէտ կը դառնայ մահուան առջեւ: Այս պարագային լռութիւնը եւ արցունքն է միայն, որ կը խօսին: Մահուան փոսին առջեւ կը փիլիսոփայենք: Գիտենք, թէ կեանքը կը դադրի, երբ կը սպառի մարմինը: Սակայն կ՛ուզենք մեր կեանքէն բան մը ձգել յաւիտենականութեան: Մեր ձգած ժառանգութիւնը կրնան ըլլալ մեր հաւատքը եւ զոհաբերութիւնը գաղափարականի մը համար, մեր ժողովուրդին համար, որպէսզի յաւիտենապէս ապրի ան: Մեր ողբացեալ ընկերը` Մերուժան Օզանեան, զարմանալի բնականութեամբ կատարեց, այդ իմաստով, իր պարտականութիւնը: Ունէր նահապետական ընտանիք մը` այնքան ջերմ մթնոլորտով, եւ հիմա կը զգանք, թէ որքա՜ն անցողական են այդ ամէնը: Սակայն իրմէ պիտի մնայ իր անշահախնդիր նուիրումը, իր աշխատանքի ոգին: Անոր սիրտը դադրած է հիմա, սակայն ինք կը շնչէ հայ ժողովուրդին հետ, անոր ձգտումներուն մէջ կ՛ապրի, որովհետեւ գիտենք, թէ ան պարպեց իր սիրտը, մարմինը` իր ժողովուրդին համար, յարատեւ աշխատանքի մէջ»:
Հրաժեշտի վերջին խօսքը ըրաւ տոքթ. Լ. Տաղլեան` յանուն ՀՅԴ Պոսթընի կոմիտէին եւ յարգանքով յիշատակեց ընկ. Օզանեանի` իբրեւ խմբագիրի, գործիչի, քարտուղարի կատարած վաթսուն տարիներու անձնուէր աշխատանքը. յայտարարեց, թէ իր ընկերները պիտի շարունակեն իր աշխատանքները` ՀՅԴ ազգային նպատակներու իրագործման համար: Ցաւակցութիւն յայտնեց ողբացեալի հարազատներուն:
«Մեզի կը մնայ վերանորոգել մեր ուխտը, շարունակել իր գործը», ըսաւ Լ. Տաղլեան, եւ այս բառերը եղան բոլոր դաշնակցական ընկերներուն հրաժեշտի խօսքը, խոր յուզումով հեռանալէ առաջ մեր բազմավաստակ ու յոգնաբեկ ընկերոջ` Մերուժան Օզանեանի վերջին հանգստավայրէն: