Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ ( 1 Դեկտեմբեր 1965)

Դեկտեմբեր 1, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բերիոյ Թեմ

 Թեմական Այցելութիւններ

Հոկտեմբեր 31, կիրակի, Բերիոյ թեմի առաջնորդ Ղեւոնդ արքեպիսկոպոս, ընկերակցութեամբ Քաղաքական ժողովի ատենապետ Ժոզեֆ Պայրամեանի եւ տոքթէոր Գասպարեանի, Ռագգա մեկնեցաւ եւ ներկայ եղաւ Ս. պատարագին ու քարոզեց:

Սրբազան հայրը, ընկերակցութեամբ Վահան քհնյ. Գրիգորեանի, քաղաքական ժողովի եւ Թաղական խորհուրդի անդամներուն, այցելեց նահանգապետին եւ տեսակցութիւն մը ունեցաւ անոր հետ:

Նոյեմբեր 17, չորեքշաբթի, սրբազան հայրը, ընկերակցութեամբ Համազասպ քհնյ. Շաքարեանի եւ առաջնորդարանի դիւանապետ Ներսէս Պարսումեանի, այցելեց Արաբ-Բունար, իսկ հինգշաբթի օր` Թել-Ապիատ եւ եկեղեցական արարողութեանց ընթացքին քարոզեց: Այցելեց նաեւ հայկական վարժարանները եւ խօսեցաւ աշակերտներուն: Տեսակցութիւններ ունեցաւ նոյնպէս պետական անձնաւորութեանց հետ:

Նոյեմբեր 20, շաբաթ, սրբազան հայրը, ընկերակցութեամբ տ. Համազասպ քահանայի, Լաթաքիա մեկնեցաւ յաջորդ օր կիրակի, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ տօնախմբութեան առիթով, պատարագեց ու քարոզեց եւ օրհնեց աւանդական հերիսան:

Առաջնորդ սրբազան հայրը, ընկերակցութեամբ հոգեւոր հովիւ Դանիէլ քհնյ. Գէորգեանի, թաղական խորհուրդի անդամներուն եւ տնօրէնին, այցելեց բանակի հրամանատարին, նահանգապետին եւ կրթական տնօրէնին:

Կիրակի, կէսօրէ ետք սրբազանը մեկնեցաւ Քեսապ եւ կրօնական արարողութեանց ընթացքին քարոզեց: Երկուշաբթի առաւօտ, ընկերակցութեամբ հոգեւոր հովիւ Զաւէն քհնյ. Փոլատեանի եւ տ. Համազասպ քահանայի, այցելեց Միացեալ ու պետական միջնակարգ վարժարանները եւ խօսեցաւ աշակերտներուն: Ուրախութեամբ հաստատեց, որ պետական վարժարանին մէջ հայերէն դասաւանդութիւն տեղի կ՛ունենայ տէր հօր կողմէ:

Երկուշաբթի կէսօր, սրբազան հայրը, վերադարձին, այցելեց  Լաթաքիոյ Ս. Յակոբեանց ազգային վարժարանը եւ թելադրութիւններ ըրաւ աշակերտներուն:

Առաջնորդ սրբազանը, թեմական այցելութեանց ընթացքին, պաշտօնական մարմիններուն եւ ժողովուրդին կողմէ դիմաւորուեցաւ, եկեղեցիներուն մէջ քարոզներ խօսեցաւ` առաւելաբար շեշտելով հայ եկեղեցւոյ եւ հայ դպրոցին արժէքը եւ յանձնարարեց հաւատարիմ քաղաքացիները ըլլալ սուրիական հայրենիքին:

Սրբազան հայրը իր հետեւորդներով այցելեց  նաեւ պետական շրջանակները եւ ընդունեց անոնց փոխադարձ այցելութիւնները:

Պետական ներկայացուցիչներ գնահատանքով խօսեցան հայ ժողովուրդի մասին եւ յայտարարեցին, որ հայը սուրիական հայրենիքին մէջ պատիւ կը բերէ իր բոլոր կազմակերպութիւններով ու վստահութեան արժանի ժողովուրդ մըն է:

Առաջնորդ սրբազան հայրը, մեծապէս խանդավառուած պետական մարդոց արտայայտութիւններէն, օրհնեց  զանոնք եւ յաջողութեան լաւագոյն մաղթանքներ ըրաւ անոնց:

ԹՂԹԱԿԻՑ

 

Լիբանանահայոց Առաջնորդ
Տաճատ Արքեպիսկոպոս
Վերադարձաւ Ս. Էջմիածինէն

Լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արք. Ուրֆալեան, որ Խորէն Ա. կաթողիկոսի կարգադրութեամբ եւ ընկերակցութեամբ ազգային բարերար Գէորգ Չաթալպաշեանի Ս. Էջմիածին մեկնած էր ներկայ գտուելու եւ ներկայացնելու համար Կիլիկիոյ Աթոռը Վազգէն Ա. կաթողիկոսի գահակալութեան 10-րդ տարեդարձին առթիւ տեղի ունենալիք հանդիսութիւններուն, երէկ, երեքշաբթի, 30 նոյեմբեր, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, օդային ճամբով վերադարձաւ Խալտէի օդակայանը:

Սրբազան հօր դիմաւորելու եկած էին` կաթողիկոսարանի կողմէ Ներսէս Ծ. վարդապետ Սուրէն եւ Մեսրոպ վարդապետներ, լիբանանահայոց քահանայից  դասը, Ազգային իշխանութեանց եւ թաղականութեանց ներկայացուցիչներ, ազգային վարժարաններու տնօրէններ եւ բազմաթիւ ազգայիններ

Բարի գալուստի մաղթանքէն ետք սրբազան հայրը ինքնաշարժներու թափօրով առաջնորդուեցաւ կաթողիկոսարան:

Օրինական աղօթքը կատարելէ ետք Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, սրբազան հայրը Վազգէն Ա. կաթողիկոսի ողջոյնները փոխանցեց Խորէն Ա. կաթողիկոսին, Կիլիկիոյ միաբանութեան եւ լիբանանահայութեան:

Այնուհետեւ թափօրով առաջնորդուեցաւ վեհարան, ուր աջահամբոյրով ողջագուրուեցաւ վեհափառ հօր հետ:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ռուսաստան Եւ Արեւմուտք. Իրավիճակի Զարգացման Բեմագրութիւններ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?