Ակնարկ
Չինաստան Կը Մօտենայ
Այս տարի եւս Ժողովրդային Չինաստան չկրցաւ մուտք գործել Միացեալ ազգերու կազմակերպութենէն ներս: Ամերիկացիք անգամ մը եւս արժեցուցին իրենց խօսքը` Մանհաթընի երկնաքերին դռները փակելով Փեքինի առջեւ:
Բայց նկատելի է, որ Չինաստան հետզհետէ կը մօտենայ: Առնենք երեք թուական` 1953, 1959 եւ 1965, իրարմէ վեց տարի տարբերութեամբ, հաստատելու համար, թէ Չինաստանի անդամակցութեան կողմնակիցներուն թիւը հետզհետէ աւելցած է, մինչ նոյն համեմատութեամբ պակսած է դէմ արտայայտուողներուն համրանքը:
1953-ին ի նպաստ եղած է ՄԱԿ-ի անդամներուն 17 առ հարիւրը, դէմ` 80 առ հարիւրը, իսկ 3 առ հարիւրը ձեռնպահ մնացած է:
1959-ին, ի նպաստ 35 առ հարիւրը, դէմ` 55 առ հարիւրը, ձեռնպահ` 10 առ հարիւրը:
1965-ին, ի նպաստ 41 առ հարիւրը, դէմ 41 առ հարիւրը, ձեռնպահ 18 առ հարիւրը:
Անշուշտ համեմատութիւններու այս փոփոխութիւնը վերագրելի է ՄԱԿ-ի անդամներուն թիւին յաւելման, նոր անդամները գրեթէ բոլորն ալ կողմնակից ըլլալով Չինաստանի ընդունման: Բայց եւ այնպէս, մտքերու մէջ հետզհետէ սկսած է տեղ գտնել մտածումը, թէ կարելի չէ երկար ատեն միջազգային կազմակերպութենէ մը դուրս պահել 600 միլիոննոց ժողովուրդ մը:
Այս առնչութեամբ, յատկանշական է Ֆրանսայի պատուիրակին արտայայտութիւնը. «ՄԱԿ-ը աւելի պէտք ունի Փեքինին, քան թէ Փեքինը` ՄԱԿ-ին:
Այլ խօսքով, 600 միլիոննոց ժողովուրդ մը կրնայ ՄԱԿ-էն դուրս մնալ եւ չտուժել, մինչդեռ ՄԱԿ-ը առանց այդ ժողովուրդին մեծ բան կը կորսնցնէ իր տիեզերական հանգամանքէն:
Յատկանշական էր Խորհրդային Միութեան պատուիրակին ելոյթը: Ֆետերենքօ խօսեցաւ քսան վայրկեան` յարձակելով ամերիկեան քաղաքականութեան վրայ, բայց` առանց բառ մը արտասանելու Չինաստանի մասին: Եւ շատ բնականօրէն, քանի որ նոյն օրը, հազարաւոր քիլոմեթրներ անդին, Մոսկուայի «Փրաւտա»-ն եւ Փեքինի «Կարմիր դրօշակ»-ը աննախընթաց սաստկութեամբ կը վիճէին:
Վերջին քուէարկութեան արդիւնքը ամերիկացիները կը թուի բերած ըլլալ այն համոզման, թէ Վիեթնամի հարցին կարգադրութենէն ետք կարելի է վերաքննութեան ենթարկել Ուաշինկթընի քաղաքականութիւնը Չինաստանի հանդէպ:
Կ՛ըսուի, թէ ծերակոյտի արտաքին յանձնախումբի 19 անդամներէն 12-ը համաձայն են փոփոխութեան:
Խորքին մէջ այդ չափաւորականներուն կարծիքը շատ չի տարբերիր ափրիկեցի պատուիրակի մը տեսակէտէն, զոր խտացուած կը տեսնենք հետեւեալ արտայայտութեան մէջ.
«Չինաստան կը հաջէ, բայց չի խածներ: Միայն թէ պարապին մէջ հաջելով` կրնայ պատահիլ, որ օր մը խածնելու փափաքը արթննայ մէջը»:
Սաստիկ Ձմեռ
Ամբողջ Եւրոպայի Մէջ
Քառասուն տարիէ ի վեր այսքան ցուրտ չէր ըրած Եւրոպայի մէջ նոյեմբեր ամսուան ընթացքին: Ձիւնը, սառոյցը եւ մշուշը ամէն տեղ են:
Լոնտոնի մէջ, ուր ջերմաչափը իջաւ 7 աստիճանի կիրակիէն ի վեր, երկուշաբթի կէսօրէ ետք ձիւնի մեծ փաթիլներ սկսան իջնել:
Շուէտի մէջ երթեւեկը կանգ առած է ձիւնին պատճառով: Կին մը, որ մայրանոց կ՛երթար, երեխայ մը ծնաւ անշարժացած թաքսիի մը մէջ: Ագարակ մը հրկիզուեցաւ հրշէջներու աչքին առջեւ, որոնց մեքենաները 300 մեթր անդին անշարժացած էին:
Դանիոյ մէջ հովը, որ քանի մը օրէ ի վեր սաստիկ կը փչէր, մեղմացած է: Ձիւնը այնքան առատ է, որ գլխաւոր ճամբաները կարելի չեղաւ բանալ:
Լեհաստանի մէջ, Պալթիքի վրայ նաւային երթեւեկը կանգ առած է: Ամբողջ երկիրը 20 սանթիմեթր ձիւնի տակ է եւ շոգեկառքերը շատ ուշ կը հասնին:
Ֆրանսայի վիճակը աւելի նախանձելի չէ: Ձիւնեց Սթրազպուրկի, Կրընոպլի, Փիրենեան շրջաններու եւ Ռեննի մէջ: Երթեւեկը վտանգաւոր է սառոյցի պատճառով:
Սենտիքաները Որոշած Են
Մինչեւ Ծայրը Երթալ
Դեկտեմբեր 10-ին` Գործադուլ
Սենտիքայական բազմաթիւ կազմակերպութիւններ, յատկապէս համայնավար ազդեցութեան ներքեւ գտնուող ինքնավար սենտիքաները, Սայտայի սենտիքաներու դաշնակցութիւնը եւ այլ անկախ սենտիքաներ, ընդառաջ գացին Լիբանանցի աշխատաւորներու ընդհանուր համադաշնակցութեան հրաւէրին` վաւերացնելու համար նոյեմբերի սկիզբը տրուած որոշումները: Ծանօթ է, որ այդ որոշումներուն մէջ կը գտնուի աշխատավարձերու 10 առ հարիւր աւելցնելու պահանջը:
Հակառակ Սէ. Ժէ. Էլ. Թէ.-ի ղեկավարներուն նախատեսութեան` միւս սենտիքաները ինքնաբերաբար մերժեցին համամիտ գտնուիլ բոլոր որոշումներուն:
Ինքնավար սենտիքաները յատկապէս կ՛ուզեն վիճիլ տրուած որոշումներուն շուրջ: Սէ. Ժէ. Էլ. Թէ.-ի նախագահը` Կապրիէլ Խուրի դէմ կեցաւ համայնավարամիտ սենտիքաներուն, որոնց բանբերն է Էլիաս Հապրը: Ժողովի ընթացքին երկարօրէն խօսուած է ապրուստի սղութեան մասին, մինչ գլխաւոր նիւթը աշխատավարձերու յաւելումն էր:
Ժողովէն ետք ըսուեցաւ, թէ Սէ. Ժէ. Էլ. Թէ. երկուշաբթի պիտի գումարէ ժողով մը, ուր պիտի քննէ կառավարութեան հետ ունեցած իր խօսակցութեանց արդիւնքը: Համադաշնակցութիւնը վճռած է ամէն միջոցի դիմել` աշխատավարձերու յաւելումը ձեռք ձգելու համար: Եթէ կառավարութիւնը գոհացում չտայ, որոշած է դիմել գործադուլի, որուն թուականը այժմէն իսկ ճշդուած է` դեկտեմբեր 10:
Լիբանանեան Խնձորի Փոխարէն`
Անգլիական Օդանա՞ւ
Ֆորէյն Օֆիսի պետական նախարար Ճորճ Թոմսըն այսօր տեսակցութիւն մը ունեցաւ Լիբանանի տեղեկատուութեան նախարար Նեժիպ Ալամէտտինի հետ, որ ներկայիս Լոնտոն կը գտնուի:
ՌԷՈՅԹԸՐԶ-ի համաձայն, լիբանանցի նախարարը Լոնտոն եկած է համաձայնութեան մը համար: Անգլիա պիտի գնէ լիբանանեան պտուղներ, յատկապէս` խնձոր՝ փոխարէնը «Սուփըր Վայքաունթ – 10» օդանաւեր ծախելով:
Այս օդանաւերը պիտի գնուին «Միտըլ Իսթ»-ի կողմէ, որ նախապէս կ՛ուզէր ամերիկեան «Պոյինկ» 707 օդանաւեր գնել: