Պետական Եւ Ժողովրդային Զոյգ Հանգամանքներով
Անկախութեան Փառահեղ
Հանդիսութիւնները
Նախագահ Շարլ Հելու Խորիմաստ Պատգամ Մը Ուղղեց
Ժողովուրդին` Պահանջելով Յարատեւ Ճիգ Ու Պայքար`
Ի Խնդիր Լիբանանեան Հայրենիքի Վերելքին Եւ Բարգաւաճման
Լիբանան բացառիկ շուքով եւ փառահեղ հանդիսաւորութեամբ երէկ տօնեց իր անկախութեան 22-րդ տարեդարձը: Այս տարի ամբողջ ժողովուրդը իր սրտագին մասնակցութիւնը բերաւ հանդիսութիւններուն, որոնք խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծեցին երկրին մէջ:
Բուն հանդիսութիւնները սկսան շաբաթ իրիկուն, աւանդական ջահագնացութեամբ, որուն մասնակցեցան բանակային ու ոստիկան զօրաց ջոկատներ` մեծ ոգեւորութիւն ստեղծելով ժողովուրդին մօտ, որ խռնուած էր մայթերուն վրայ:
Ռաշայայի Ուխտագնացութիւնը
Ռաշայա պզտիկ գիւղ մըն է արեւմտեան Պեքաայի մէջ, բայց մեծ տեղ կը գրաւէ Լիբանանի պատմութեան մէջ, որովհետեւ 22 տարի առաջ հոն է, որ արգելափակուեցան այս երկրին անկախութեան ռահվիրաները` գլխաւորութեամբ հանգուցեալ նախագահ Պեշարա Խուրիի:
Նախագահ Շարլ Հելու ուզեց ուխտագնացութեամբ մը յարգել յիշատակը այն հերոսներուն, որոնք նոյեմբերի ցուրտ գիշեր մը, սուինակիր զինուորներու առաջնորդութեամբ, տարուեցան Ռաշայայի բերդը, որովհետեւ ուզած էին հանդիսանալ հիմնադիրները Լիբանանի անկախութեան:
Նախագահը Ռաշայա գնաց կիրակի առտու` ընկերակցութեամբ վարչապետ Ռաշիտ Քարամէի եւ չորս նախարարներու` Ժոզեֆ Նաժժար, Մոհամետ Քնիօ, Ուաժտի Մալլաթ եւ Սլէյման Զէյն: Պուարեժի մէջ նախագահը դիմաւորուեցաւ Պեքաայի երեսփոխաններուն կողմէ, ապա հանդիպեցաւ Մրեժաաթ, Ժտիթա, Շթորա, Թալապիյա, Թանայել, Մարժ, Պար Էլիաս, Նապի Շիթ, Այնճար Մեժտել Այնճար, Ժեպ Ժաննին, Մազրաաթ, Էզզէ, Օքարտիս, Աքպէ: Ամէնուրեք յաղթական կամարներ բարձրացուած էին` բարի գալուստի պաստառներով:
Ռաշայայի բերդին առջեւ նախագահը աչքէ անցուց բանակային ջոկատ մը, ապա մուտք գործեց բերդէն ներս: Պտտեցաւ սենեակները, ուր արգելափակուած էին` Պեշարա Խուրի, Ապտել Համիտ Քարամէ, Սելիմ Թագլա, Ատել Օսէյրան, Քամիլ Շամուն եւ, վերջապէս, անկախութեան միւս ռահվիրան` Ռիատ Սոլհ:
Նախագահը Ռաշայայի մէջ խօսեցաւ ճառ մը` յայտարարելով, թէ` «լաւ է որ երբեմն հերոսութիւնը օրինակ ծառայէ»:
Սպայից Ակումբին Մէջ
Երեկոյեան նախագահ Հելու Պէյրութի մէջ հիւրը եղաւ լիբանանեան բանակին, Սպայից ակումբին մէջ, Աւընիւ տէ Ֆրանսէ, ուր տեղի ունեցան նաեւ սքանչելի հրավառութիւններ:
Բանակի հրամանատարութեան կողմէ ի պատիւ նախագահին տրուած ճաշկերոյթի ընթացքին ճառեր փոխանակեցին նախագահ Հելու եւ բանակի ընդհանուր հրամանատար զօրավար Էմիլ Պուսթանի:
Նախագահը իր ճառին մէջ ըսաւ. «Պարագաները փորձութեան ենթարկեցին ձեզ: Ձեր վարմունքը պատիւ կը բերէ ձեզի»:
Նախագահին Պատգամը
Անկախութեան տօնին առթիւ նախագահ Հելու գիշերը պատգամ մը ուղղեց Լիբանանի ժողովուրդին:
Նախագահական ճառին բանալի նախադասութիւնը եղաւ հետեւեալը. «Անկախութիւնը յարատեւ ստեղծագործութիւն է»:
Պատգամը առաւելաբար կը վերաբերի այն խնդիրներուն, որոնք տնտեսական եւ ընկերային կրկնակ գետիններու վրայ, կը զբաղեցնեն պետութիւնը: Նոյն ատեն հաշուեկշիռ մըն է իրագործումներու եւ զեկուցում մը` ապագայ աշխատանքներու: Հանրապետութեան նախագահը այդ պատգամին մէջ կը վերահաստատէ Լիբանանի տնտեսական քաղաքականութեան հիմնական սկզբունքները. անձնական նախաձեռնութեան ազատութիւն, բաց համակարգ, պետութեան կողմէ ղեկավարուած ազատութիւն մը:
Եզրակացնելով` նախագահը կոչ կ՛ընէ բոլոր լիբանանցիներուն, երկրաբնակ թէ գաղթական, անոնցմէ պահանջելով «զօրակոչ մը բոլոր կարողութեանց եւ ուժերու, որպէսզի պետութիւնը կարողանայ պահպանել ընդհանուրին շահերը»:
Փառահեղ Տողանցքը
Երկուշաբթի առաւօտ, Ֆուատ Ա. պողոտային վրայ տեղի ունեցաւ զինուորական աւանդական տողանցքը:
Նախագահը ժամը 9:00-ին հասաւ պատուոյ թրիպիւնին առջեւ, ուր տեղ գրաւած էին խորհրդարանի նախկին նախագահներ, նախկին վարչապետներ, նախարարներ, երեսփոխաններ, դիւանագիտական մարմնի անդամներ, կրօնական պետեր եւ այլ անձնաւորութիւններ: Նախքան այդ, նախագահը ծաղկեպսակ մը դրաւ անծանօթ զինուորի շիրիմին վրայ:
Տողանցքը տեւեց մօտ երեք քառորդ ժամ: Յաջորդաբար անթերի կարգապահութեամբ անցան ոստիկան-զօրաց, ոստիկանական եւ օժանդակ մարմիններու ջոկատներ: Այնուհետեւ կարգը եկաւ բանակային միաւորներուն,- հետեւակազօրք, մեքենազէն, թնդանօթակիր եւ զրահապատ: Ոստիկաց – զօրաց եւ բանակի փողերախումբերը փայլ կու տային տողանցքին, իրենց խանդավառ կանչերով: Երկնքին մէջ, լիբանանեան ինքնամուղ օդանաւեր թռիչք կատարեցին` յաճախ ձայնի պատը ճեղքելով:
Տողանցքէն ետք, նախագահը թափօրով գնաց Ռիատ Սոլհ հրապարակը, ուր ծաղկեպսակ մը դրաւ մեծ հայրենասէրի յուշարձանին առջեւ:
Երկուշաբթի ամբողջ օրը, լիբանանցի ժողովուրդը, ընդհանուր արձակուրդի մէջ, ցնծութեան եւ ոգեւորութեան պահեր ապրեցաւ, մանաւանդ որ պայծառ օդը կը նպաստէր հանդիսութիւններուն:
ՀՄԸՄ-ի Սկաուտներուն Տողանցքը
Երէկ երեկոյեան, ժամը 6:00-էն սկսեալ, ՀՄԸՄ-ի սկաուտները կազմակերպեցին ջահագնացութիւն մը, որ տեւեց մինչեւ ուշ գիշեր: Քաղաքի ակումբէն մեկնելով, անցան Պուրճի հրապարակէն, հասան Պուրճ Համուտ, ուրկէ մեկնեցան Սին Էլ Ֆիլ, նախագահական ապարանքը: Մարզիկներ եւ սկաուտներ ծաղկեփունջ մը նուիրեցին նախագահին, որ այնուհետեւ մեծ ուրախութեամբ դիտեց սկաուտներու տողանցքը, ապարանքի բակին մէջէն:
