Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (30 Նոյեմբեր 1965)

Նոյեմբեր 30, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ակնարկ

 Ֆրանսական Արբանեակը

«A – 1» արբանեակին արձակումով Ֆրանսա դարձաւ անջրպետային երրորդ տէրութիւնը:

Խորհրդային Միութենէն ութ տարի ետք ու Միացեալ Նահանգներէն` եօթը, Ֆրանսա երկրային ծիրի վրայ զետեղեց իր առաջին արբանեակը, Սահարայի Համակիր խարիսխէն:

Անկախ այս արձակումին գիտական եւ թեքնիք յաջողութենէն, որուն համար շնորհաւորելի են ֆրանսացի գիտնականներն ու մասնագէտները, այս դէպքին նախագահական ընտրութիւններէն շաբաթ մը առաջ պատահիլը կը գրաւէ դիտողներու ուշադրութիւնը:

Կասկած  չկայ, որ ֆրանսացիներու ազգային արժանապատուութիւնը շոյող այս յաջողութիւնը նպաստաւոր կերպով պիտի անդրադառնայ զօրավար տը Կոլի հաւանական յաղթանակին վրայ:

Եօթը տարիէ ի վեր տը Կոլ քաղաքական, տնտեսական ու գիտական մարզերու մէջ բոլորովին անկախ Ֆրանսայի մը ախոյեանը կը հանդիսանայ: Երկիրը կ՛ենթարկէ շատ մեծ ծախսերու` կարենալ ձեռք բերելու համար այս անկախութիւնը, որ կ՛ընդգրկէ նաեւ զինուորական մարզը: Ֆրանսական հիւլէական հարուածող ուժին ծրագիրը եւս կը ձգտի նոյն նպատակին:

Ֆրանսայի այս յաջողութեան մէջ, որքանո՞վ իրականութեան կը համապատասխանէ չինական աղբիւրէ բխած այն յայտարարութիւնը, թէ` «ասիկա ամերիկեան կայսերապաշտութեան տրուած նոր հարուած մըն է»:

Խորքին մէջ ֆրանսական արբանեակը կարելի չէ բաղդատել ամերիկեան կատարելագործուած արբանեակներուն հետ: Ֆրանսա եւ իրմէ ետք անջրպետային տէրութիւն դառնալու կոչուած այլ երկիրներ, ինչպէս` Իտալիան ու Անգլիան, ո՛չ միջոցը ունին եւ ո՛չ ալ յաւակնութիւնը` Մ. Նահանգներուն հասնելու:

Բայց, դէպքը առած իբրեւ երեւոյթ, իբրեւ տը Կոլի անկախութեան տեսակէտին ուժ տուող յաջողութիւն, կրնայ նոր կացութիւններ ստեղծել Ատլանտեանի զինակցութեան ճակատին վրայ:

Պէտք չէ մոռնալ, որ ՕԹԱՆ-ի խորհուրդը երկու օր առաջ գումարուեցաւ Փարիզի մէջ` մասնակցութեամբ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար ՄաքՆըմարայի: Ֆրանսա բացակայ էր այդ ժողովէն: Պատճառները յայտնի են: Տը Կոլ դժգոհ էր ՕԹԱՆ-ի զինակցութեան մէջ տիրող ոգիէն ու ամերիկեան գործելակերպէն: Առիթ չի փախցներ այս իրականութիւնը յիշեցնելու ամերիկացի իր զինակիցներուն, որոնք, սակայն, կարծէք վարժուած են այս կացութեան եւ առաջուան մտահոգութիւնը չունին զօրավարին միակողմանի նախաձեռնութիւններուն առջեւ:

Արբանեակի պարագային ալ կասկած չկայ, որ պիտի շնորհաւորեն Փարիզը` դէպքը դնելով իր բուն սահմաններուն մէջ:

X

 

Ժողովրդային Բնակարաններու Վերաբերեալ
Օրէնքին Առաւելութիւնները

Համեստ Դասակարգը Պիտի Կրնայ Կալուածատէր Դառնալ,
Իսկ Բնակարաններու Վարձքերը Զգալի Անկում Պիտի Կրեն

Լիբանանեան խորհրդարանը քանի մը օր առաջ վաւերացուց ժողովրդային բնակարաններու ծրագիրը: Ընկերային հարցերու նախարար Ուաժտի Մալլաթ այս առթիւ յայտարարեց, թէ Երեսփոխանական ժողովը շատոնց այսպիսի կարեւոր օրինագիծ մը չէր քուէարկած:

«Որոշ է, թէ այս օրէնքին ստիպողականութիւնը հետզհետէ աւելի հրատապ կը դառնար,- աւելցուց նախարարը:- Սահմանափակ եւ տկար եկամուտ ունեցող մարդոց սահմանուած այս օրէնքին համաձայն, պիտի շինուին աժան բնակարաններ, որոնք պիտի ծախուին համեստ եկամուտ ունեցող լիբանանցիներու, վճարելի` տարիներու ընթացքին»:

Նախարարը ապա պարզեց այս օրէնքին գլխաւոր առաւելութիւնները, որոնք հետեւեալներն են.

1) Այս օրէնքը անհրաժեշտութիւն դարձած էր այն օրէն ի վեր, որ քուէարկուեցաւ պեր      ճագեղ բնակարաններու շինութիւնը քաջալերող օրէնքները: Արդ, այդ նոր շէնքերէն օգտուելու կարողութիւն ունեցող լիբանանցիները տկար համեմատութիւն մը կը ներկայացնեն, հազիւ բնակչութեան 10 առ հարիւրը:

«Պերճագեղ տուներու շինութիւնը,- ըսաւ նախարարը,- քաջալերեց տնտեսական զարգացումը: Բայց ճիգերն ու աշխատանքը ուղղելով դէպի այս դասակարգի շէնքերը, ի զօրու եղող օրէնքները կասեցուցին շինութիւնը սովորական բնակարաններու, որոնք շատ ակնբախ կերպով օգտակար են լիբանանցիներու ջախջախիչ մեծամասնութեան համար:

«Այս պատճառով քաղաքացիներու մեծ մասը, որոնք 1940-էն ի վեր բնակարանի պէտք ունէին, շատ բարձր գիներով շէնքեր գտան, յաճախ իրենց եկամուտին 40 առ հարիւրը վճարելով:

«Այս կացութեան առջեւ,- յայտարարեց Մալլաթ,- բնական կերպով մտածուեցաւ յարմար բնակարաններ շինելու մասին` սահմանուած այն անձերուն, որոնց տարեկան եկամուտը 12 հազար լ. ոսկին չ՛անցնիր: Այսպիսով, լիբանանցիք կալուածատէր պիտի դառնային չափաւոր գիներով: Այս ծրագրին գործադրութիւնը ոչ միայն պիտի դիւրացնէ վարձքի խնդիրը եւ մեծ թիւով քաղաքացիներ սեփականատէր պիտի դարձնէ, այլ նաեւ վարձքերու զգալի անկում մը պիտի յառաջացնէ:

«Անշուշտ այս օրէնքին արդիւնքները մէկ օրէն միւսը յայտնի պիտի չըլլան, հակառակ անոր որ գործադրութիւնը անմիջական է: Ուստի, օրէնքը բուն նպատակին պիտի հասնի քանի մը տարիէն:

2) Նոր օրէնքին համաձայն, զարկ պիտի տրուի ընկերային միասնականութեան: Ընդհանուրի շահուն համար սեփականազրկումի ըմբռնումը աւելի պիտի արմատանայ: Խրճիթներու բնակիչները նոր շէնքերու մէջ պիտի փոխադրուին:

3) Այն բնակիչները, որոնց բնակարանները պիտի քանդուին` բարեզարդումի մտահոգութեամբ կամ առողջապահական պատճառներով, ինքնաբերաբար իրաւունք պիտի ունենան նոր բնակարանի մը: Իսկ ոչ լիբանանցիները պիտի կրնան վարձակալ դառնալ:

 

Ընտանեկան Յատկացումէ Զրկելու Փորձեր

Լիբանանի Աշխատաւորներու ընդհանուր համադաշնակցութիւնը երէկ հրատարակեց զեկոյց մը, որուն մէջ կը դատապարտէ մեքենայութիւնները կարգ մը գործատէրերու, որոնք կը փորձեն իրենց պաշտօնեաները զրկել ընտանեկան յատկացումներէ:

«Նման փորձեր,- կ՛ըսուի զեկոյցին մէջ,- հակառակ են կառավարութեան ընկերային քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ` ընկերային ապահովութեան օրէնքին:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Վակների Մենամարտը Ընդդէմ Քաղցկեղիս

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?