Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (4 Դեկտեմբեր 1965)

Դեկտեմբեր 4, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

 Նոր Հորիզոններ

(ՀՅ Դաշնակցութեան 75-Ամեակին Առիթով)

«Դաշնակցութիւնը մեր նահատակներու թափօրն է», ըսեր էր առիթով մը Ալեւոր Գրագէտը` Յ. Օշական:

«Դաշնակցութիւնը մեր հերոսներու փառահեղ շքերթն է», կրնանք աւելցնել մենք:

Նահատակներու եւ հերոսներու կամաւոր բանակ մը, արդարեւ, որ հրաբխային երկունքէ մը ետք պայթեցաւ կարծես Հայկական Բարձրաւանդակի խռովայոյզ ընդերքներէն, հայոց հնաւանդ պատմութեան խորագոյն խորերէն, մեր ոգեկան Արարատի խորախորհուրդ վիհերէն:

Գաղափարական յօժարակամ մահակիրներու փոքրիկ, այլ ընտրելագոյն բանակ մը հայկազուն, որ, հայկեան նետին պէս արշաւասոյր, վարարեց ծարաւի հոգիները բոլոր հայոց, մխրճուեցաւ մեր պատմութեան մութին մէջ եւ իր լոյսերը տարածեց հայոց աշխարհի ամէնէն մռայլ անկիւնները մինչեւ, համայնական խարոյկի մը պէս հրաբորբ ու անդիմադրելի:

Մեծցաւ ու աճեցաւ թափով, Սասունցի Ծուռ Դաւիթին պատկերով, օրը` տարիո՛վ եւ տարին` դարո՛վ, հետզհետէ վերածուելու համար վահագնեան վիշապաքաղ դիւցազնավէպի:

Դիւցազնավէպը հոգիո՛վ ու մարմնո՛վ յօժարներու փոքրաթիւ, այլ գաղափարական ու ոգեկան հզօրանքով անպարտելի բանակին, որ իր արի, կուռ ու կարգապահ շարքերով հերոսագործեց տեւաբար, ճակատէ ճակատ խոյացաւ միշտ: Երբեմն յաղթեց եւ երբեմն պարտուեցաւ թէեւ ֆիզիքապէս, կորսնցուց բազմաթիւ ճակատամարտեր, սակայն երբե՛ք չկորսնցուց պատերազմը:

Չկորսնցուց մանաւանդ իր հաւա՛տքը, կենսունակութիւնը, պայքարելու եւ տոկալո՛ւ անյողդողդ կամքը, հրա՛յրքը, իր ժողովուրդին դժխեմ ճակատագիրը արժանաւորութեամբ կրելու եւ վերափոխելու անբեկանելի վճռակամութիւնը:

Հակառակ իր կրած ծանր հարուածներուն եւ բազմազան փորձութեանց, երբե՛ք չշեղեցաւ իր սրբազան ուղիէն, չպարտուեցաւ իր տեսիլքէն եւ միշտ հաւատարիմ մնաց իր դրօշին, իր ուխտին, եւ արժանի` իր կոչումին ու պատմական առաքելութեան:

Հայ ժողովուրդի մահու եւ կենաց անհաւասար գօտեմարտին մէջ շատեր դիւցազնական մահով ինկան յօժարներու բանակին շարքերէն, սակայն ինկողներուն տեղ նորեր եկան, նորերու տեղ` նորագոյններ: Եւ կամաւոր զինուորեալներուն շարքերը հետզհետէ աւելի՛ խտացան ու ամրացան` որակով ու քանակով հաւասարապէս:

Եւ այսպէս, ծով արեամբ, քրտինքով եւ մտքի ու հոգիի խորախորհուրդ երկունքով հոյակերտուեցաւ սխրալի պատմութիւնը հայոց փառապանծ Յեղափոխութեան, որուն ամէն մէկ դրուագը դիւցազներգութիւն մըն է ամբողջ, յաւերժական Հայաստանի նորահրաշ յարութեան անկրկնելի փաստը, որ կրնայ փառքը կազմել հայրենանուէր որեւէ կազմակերպութեան:

Արդարեւ, միայն ֆետայական շարժման կազմակերպումը պիտի բաւէր` քաղաքական որեւէ կազմակերպութիւն անմահութեամբ պսակելու համար:

Մեծ եղեռնի ճգնաժամային օրերուն, հայաշխարհի զանազան կեդրոններուն մէջ կազմակերպուած կամ ղեկավարուած հերոսամարտերը բաւական պիտի ըլլային, որպէսզի որեւէ գաղափարական կազմակերպութիւն արժանանար դիւցազնութեան փառապսակին:

Կամաւորական շարժումը ինքնին պատմարժան սխրագործութիւն մըն է, որուն նախաձեռնարկ որեւէ կուսակցութիւն կրնար արդարացնել իր գոյութիւնը եւ բարձրաճակատ ներկայանալ իր ժողովուրդին:

Մայիսեան դիւցազնամարտը առանձին յեղափոխական որեւէ շարժման անմեռ երախայրիքը կրնար կազմել եւ իր անունը ոսկեղէն տառերով արձանագրել տալ ազգային որեւէ պատմութեան մէջ:

Հայաստանի հայացումը պատմակշիռ յաղթանակ մըն է, որուն իրագործման համար որեւէ կուսակցութիւն բարոյական ուժն ու իրաւո՛ւնքը ունի յետնորդ սերունդներուն հիացումն ու երախտագիտութիւնը նուաճելու:

Արտերկրի հայութեան կազմակերպումն ու ոգեշնչումը հայրենիքի երազով, ամբողջական Հայաստանի եւ միացեալ հայութեան իտէալով, կրնայ անկորնչելի փառքը կազմել քաղաքական ու հանրանուէր որեւէ կազմակերպութեան:

Անգնահատելի եւ անխորաչափելի է մասնաւորաբար այն միւս սխրագործութիւնը, որ կը յատկանշուի հայ մարդու հոգեկան ու իմացական աշխարհի վերափոխումով, հայ քաղաքական ու ստեղծագործ մտքի եւ հայ մշակոյթի անկախութեան ու բազմակողմանի զարգացման անօրինակ հրաշքով:

Կարելի է դեռ երկարել այս թուումն մասանցը: Սակայն էականը այդ չէ:

Յատկանշականը, հրաշալին եւ բարացուցականը այս բոլորին գումարով պատմութեան ու հանրային դատաստանին ներկայացող միակ կուսակցութեան գոյութեան փաստ է:

Գոյութեան փաստը կուսակցութեան մը, որ եօթնուկէս տասնամեակ ետք, իր կեանքին աւելի քան կէսը տարագրութեան մէջ անցընելով հանդերձ, այսօր եւս փաստը կու տայ իր կենսունակութեան, իր հաւատաւոր շարքերով, կուռ ու լայնածիր կազմակերպութեամբ, բարոյական անսպառ դրամագլուխով եւ գաղափարական ու ոգեկան յարաճուն հզօրանքով:

Գաղափարական հզօրանք մը, որ կ՛արտայայտուի ՀՅ դաշնակցութեան ազգային ու քաղաքական դաւանանքի ամբողջական յաղթանակով, երկրի եւ արտերկրի մէջ հաւասարապէս:

Եօթանասունհի՛նգ տարի: Եօթանասունհինգ դա՛ր եօթնապատո՛ւմ դիւցազնավէպ: Եւ եօթանասունհինգ տարուան խորախորհուրդ արարատացում:

Եւ ահա, կեցած այդ իւրատիպ արարատացումի կատարին, երբ կը նայինք աշխարհին, ճիշդ ինչպէս առասպելական Նոյը Արարատի կատարէն պիտի նայէր հայոց լեռնաշխարհին:

Երբ պահ մը կը վերապրինք անցեալը` բարոյական, գաղափարական, հայրենական ու ոգեկան նուաճումներու նորահրաշ լեռնաշխարհ մը ինքնին,

Երբ կը վերանորոգենք մեր ուխտը եւ կը վերանորոգուի՛նք հոգեւին,

Մեր աչքին առջեւ կը պարզուին իմացական ու ոգեկան տքնանքի նոր հեռանկարներ, գաղափարական ու քաղաքական պայքարի նորանոր հորիզոններ:

Այդ նոր հորիզոններուն սեւեռաբիբ, վարդակարմիր արշալոյսներու երազով եւ արութեան նոր գործերու սրբազան հրայրքով, առաջ պիտի ընթանանք միշտ, հորիզոնէ հորիզոն եւ հանգրուանէ հանգրուան, վերանորոգ թափով, անսասանելի հաւատքով եւ բազմապատիկ նուիրումով:

Ամբողջական նուիրում, բարոյական ու նիւթական անբաւ ու անսակարկ զոհաբերութիւն վասն հայրենեաց եւ ազգի. ահա՛ Դաշնակցութեան անցեալին խտացեալ պատմութիւնը:

Ամբողջական նուիրում` հայրենական արժէքներու, առհաւական սրբութեան եւ արմենաւանդ տեսիլներու:

Ամբողջական նուիրո՛ւմ եւ բոլորանուէր պայքա՛ր` ի խնդիր բարձրորակ հայութեան ստեղծման եւ ամբողջական ու անկախ հայրենիքի նուիրական իտէալին կենսագործման:

Մի՛շտ մեռելներուն հետքերով` նորանոր նուաճումներու տենդով եւ նոր հորիզոններու կարօտով:

Ահա՛ մեր կամքը, մեր ո՛ւխտը, հայոց պատմութեան անդառնալի եւ անվերաքննելի պատգա՛մը:

Ահա մեր ճակատագի՛րը:

 

Բոլոր Ընկերներուն

ՀՅ Դաշնակցութեան 75-ամեակի այս հանդիսաւոր պահուն, երբ մեր սիրելի կազմակերպութիւնը իբրեւ հաշուետու կը ներկայանայ հայ ժողովուրդին` եօթանասունհինգ տարուան փառաւոր անցեալի մը անկշռելի վաստակով,

Երբ մեր բիւրաւոր հերոսներն ու նահատակները, անպատմելի սխրագործութեանց ընդմէջէն, կը շարունակեն մնալ անաւարտ երազի մը անմար ջահերը,

Երբ հայ ժողովուրդը նոր յոյսերով ու վերանորոգ հաւատքով կը դիմաւորէ գալիքը,

Երբ մեր ազգային ու քաղաքական դաւանանքը աւելի քան երբեք բիւրեղացած կը ներկայանայ եւ Միացեալ, Ազատ ու Անկախ Հայաստանի նուիրական գաղափարը կը տիրապետէ բոլոր հայ հոգիներուն,

Պատմական ծանր պարտականութիւն մը կ՛իյնայ ՀՅ դաշնակցութեան ուսերուն, որ գիտցած է միշտ զոհաբերութեան եւ նուիրումի առաջին գիծերուն վրայ գտնուիլ` իբրեւ լուսամիտ առաջնորդ ու արթուն պահակը հայութեան գերագոյն շահերուն:

Եօթանասունհինգամեակի այս հանդիսաւոր պահուն կոչ կ՛ընենք մեր բոլոր ընկերներուն`

Աւելի՛ խոր հաւատքով փարիլ սրբազան գործին,

Նո՛ր թափով եւ նո՛ր եռանդով արժեւորել ու ժողովրդականացնել Դաշնակցութեան գաղափարները,

Տէր կանգնիլ բարոյական այն մեծ դրամագլուխին, որ մեր կուսակցութիւնը տասնամեակներու անխոնջ վաստակով ստեղծած է մեզի եւ գալիք սերունդներուն համար,

Բարձր բռնել այն դրօշը, յեղափոխական ու գաղափարական այն փառապանծ դրօշը, որ սերունդէ սերունդ կը փոխանցուի իբրեւ խորհրդանիշը յարատեւ պայքարի եւ ամբողջական անձնուիրութեան,

Անխոնջ պահանջատէրը ըլլալ այն արիւնագիր մուրհակին, որ միլիոններու ծով արեան գնով նուիրագործուեցաւ` իբրեւ մեր ժողովուրդին անկապտելի իրաւունքը,

Ըլլալ, վերջապէս, հաւատաւոր զինուորեալը մեր ուխտին, յաւերժական Հայաստանի ազատագրութեան դատին,

Բազմապատկել մեր ճիգերը, խտացնել մեր շարքերը, արիաբար ու աննահանջ վճռականութեամբ շարունակել պայքարը` ի խնդիր հայրենական արժէքներու պաշտպանութեան եւ հայութեան լուսաւոր ապագայի կերտումին:

Փա՜ռք ՀՅ դաշնակցութեան:

Փա՜ռք յաւերժական Հայաստանին:

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

ՔԱՀԼ-ի «Ուրախացի՛ր, Ուրախացո՛ւր» Ձեռնարկը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?