«Կտակն Էր Նահատակներուն
Հեղինակ` Արշաւիր Շիրակեան
Ահաւասիկ օրուան գիրքը:
Պատմութիւնը այն հերոսական գործին, ըսէք` աստուածային վրէժխնդրութեան, որուն լծուած էին խումբ մը երիտասարդներ, զինուորեալ մանկունք ՀՅ դաշնակցութեան:
Թեհլիրեան եւ Թորլաքեան պատմեցին իրենց յուշերը: Այժմ հրապարակ կու գայ ՀՅ դաշնակցութեան վրէժխնդրական բանակի կրտսերագոյն զինուորը` ԱՐՇԱՒԻՐ ՇԻՐԱԿԵԱՆ, որ իր օրհնեալ ձեռքով գետին փռեց հինգ հրէշներ, բայց երբեք չձերբակալուեցաւ: Ահա թէ ինչո՛ւ հայ ժողովուրդին ծանօթ չէ այս քաջին անունը:
Երբ Ա. Աշխարհամարտը ծագեցաւ, թուրքը ուզեց միանգամընդմիշտ բնաջնջել հայութիւնը Հայկական Բարձրաւանդակին վրայ, մինչեւ բիւթանական աշխարհ, մինչեւ Կիլիկիա: Հայութենէն ետք չթողուլ այն երկրին մէջ, ուր եկած թառած էր ինք` թուրքը, ընկեցիկ արարած, մոնկոլեան վիժուկ, զազրաբերան եւ պղծաշուրթն, մարա՜խ:
Արեւմուտք զբաղած էր մահու կենաց պայքարով մը. թուրքը, կռնակը Գերմանիոյ տուած` ինքզինք ազատ զգաց ի կատար` հանելու իր հրէշային ծրագիրը: Եւ իբր թէ ռազմաճակատը ապահովութեան մէջ դնելու նպատակաւ, տեղահանութեան հրահանգով մը, ձեռնարկեց ամէնէն հրէշային արարքին` ազգասպանութեան, հայասպանութեան:
Աշխարհ ցնցուեցաւ պահ մը: Մեծ պետութիւնները, անոնք, որ դեռ մարդկօրէն համակիր կը մնային հայոց, ազդարարութիւն մը ուղղեցին Թուրքիոյ, թէ պիտի դատեն կատարուած արարքը, երբ վերջ գտնէ պատերազմը:
Թուրքը շնականօրէն, ծաղրեց ազդարարողները եւ շարունակեց իր ոճրագործութիւնը:
Այս անգամ ՀՅ դաշնակցութիւնը, իր կարգին, ազդարարութիւն մը ուղղեց թուրք կառավարութեան, թէ պիտի պատժէ այս աննախընթաց վայրագութեան պատասխանատուները:
Թուրքը շնականօրէն ծաղրեց դարձեալ եւ շարունակեց իր բարբարոսութիւնները:
Իր ամբողջ արարքը ծանօթ է մեր պատմութեան մէջ Ապրիլ Տասնեւմէկ անունով: Այսպէս, նախ կորսնցուցինք մեր մտաւորականութիւնը, յետոյ անտէր ժողովուրդին մէկ հսկայ զանգուածը: Եւ երբ վերջացաւ պատերազմը, վերապրող որբերու եւ գաղթականներու բազմութիւնը ազգային սուգ հռչակեց այն առաջին օրը, երբ սկսած էր ապրիլեան ողբերգութիւնը, ողբաց իր մեռելները` «ժողովուրդին կէսը միւս կէսին յուղարկաւորը դարձած», ինչպէս կ՛ըսէր մեծ խմբագրապետը` Շ. Միսաքեան, Շիշլիի ազգ. գերեզմանատան մէջ: Եւ սպասեց, որ պատժուին ոճրագործները:
Մեծ պետութիւնները, որոնք ազդարարութիւն ուղղած էին Թուրքիոյ, ոչ մէկ հետաքրքրութիւն ցոյց տուին արդարութեան հատուցման մասին:
Ամէնուն ակնարկը, այն ատեն, ուղղուեցաւ դէպի ՀՅ դաշնակցութիւնը: Եւ օրհնեալ զինուորեալ մանկուքն ՀՅ դաշնակցութեան, ֆետայիներու երկրորդ սերունդը, եթէ կ՛ուզէք` նոր ֆետայիները նետուեցան հրապարակ: Դաշնակցականի ատրճանակն էր դարձեալ, որ սկսաւ խօսիլ: Շարժեցաւ ՀՅ դաշնակցութեան վրիժառու ձեռքը: Այս անգամ` ոչ թէ լեռներուն վրայ, այլ` քաղաքներու մէջ, քաղաքակիրթ մարդկութեան քիթին տակ: Գնդակ որոտաց… ինչպէս կ՛ըսէ դաշնակցական երգը:
Սկսաւ գործել ՀՅ դաշնակցութիւնը, պարծա՜նք հայութեան:
Եւ իրարու ետեւէ գետին փռուեցան արիւնարբու թուրք շուները Հռոմի մէջ, Պերլինի մէջ, Պոլսոյ մէջ, նոյն իսկ Թիֆլիսի մէջ, Չեկայի շէնքին առջեւ: Թրքական արիւնով ներկուեցան եւրոպական մայրաքաղաքներու փողոցները:
Իրար անցան արեւմտեան քաղաքակի՜րթ, բարեխի՜ղճ, մեծասի՜րտ պետութիւնները: Ի՞նչ, «թանկագին» թուրքերը կը ջարդուի՞ն: Կարելի՞ բան է, միթէ կարելի՞ է թոյլատրել:
Բայց չէ՞ որ իրենք հանդիսաւոր ձեւով խոստացած էին պատժել այդ ոճրագործները: Մոռցա՜ն, ուրացա՜ն իրենց ազդարարութիւնը. առաջին փաստ` իրենց անպատիւ ընթացքին:
Եւ հաւաքեցին բոլոր պատասխանատու թուրքերը, բոլոր ոճրապարտ իթթիհատականները եւ տարին… Մալթա: Կը կարծէք, թէ դատելո՞ւ համար, պատժելո՞ւ համար: Ոչ եւ ոչ: Տարին Մալթա` ապահովելու համար անոնց կեանքը, ազատելու համար դաշնակցականի գնդակէն: Այսպէ՜ս էր, որ մահուընէ փրկեցին թուրք մեծագոյն հայակերները:
Ի՜նչ լաւ կ՛ըլլար, որ քիչ մըն ալ ձգէին, որ մնային իրենց որջերուն մէջ, քիչ մըն ալ ապրէին Պոլսոյ մէջ: Ժամանա՜կ ձգէին մաքրագործումը կատարելու, վրէժխնդրութեան մեր ծարաւը յագեցնելու, տանձի պէս գետին թափելու մարդկութեան այս աւելցուկները:
Ահա այդ մաքրագործումին, ահա այդ վրէժխնդրութեան գործին նուիրուած էին ընտրեալ երիտասարդներ, ինչպէս` Սողոմոն Թեհլիրեան, Միսաք Թորլաքեան, Արշաւիր Շիրակեան եւ ուրիշներ:
Առաջին երկուքը կը ճանչնաք արդէն, որովհետեւ իրենց սրբազան գործը կատարած ատեն ձերբակալուեցան եւ հանդիսաւորապէս դատուեցան:
Երրորդը, որ հինգ մեծեր փռած էր գետին` Պերլինի մէջ, Հռոմի մէջ, Պոլսոյ մէջ, չձերբակալուեցաւ երբեք: Ահա թէ ինչո՛ւ իր անունը անծանօթ կը մնայ հայ ժողովուրդի լայն զանգուածին: Առաջին երկուքը պատմեցին իրենց յուշերը եւ դատարանին պատմութիւնը: Ահա երրորդը` Արշաւիր Շիրակեան, «ամէնէն վտանգաւոր եւ ամէնէն ահարկու տեռորիստը», ինչպէս կը գրէր թուրք ոստիկանութեան պարբերաթերթը, որ կը պատմէ իր յուշերը, կը նկարագրէ իր կատարած գործը եւ մեր ժամանակակից պատմութեան կը յանձնէ իր վկայութիւնը: Երիտասարդ մըն է, որ կը զարնէ, կը հարուածէ, արեան ճապաղիքներու մէջ գետին կը փռէ ոճրագործները, վասնզի այդպէս էր «նահատակներուն կտակը»:
Փայլո՜ւն գործ, ամէն երիտասարդ կը հպարտանայ կարդալով «արութեան այս գործը»: Արշաւիրի ձեռքը կը գործէ, ատրճանակը կը պայթի, հրէշը կ՛իյնայ, բայց ինք «լուի պէս կը ցատկէ, կ՛անհետանայ», «սնդիկի պէս կը կորսուի յանկարծ», ինչպէս կը վկայեն ականատեսներ: Հրաշալի է, հելլենական դիւցազնի մը պէս գեղեցիկ է իր նետուիլը կառքին վրայ, ուր բազմած են մեծ սատրազամը` Սայիտ Հալիմ փաշա եւ իր թիկնապահը, մինչ կառապանը արագօրէն կը վարէ կառքը, որ կը սուրայ, կը սուրայ. ձիերը խրտչած են, կ՛արշաւեն քառասմբակ: Արշաւիր կառչած է կառքին, մէկ ձեռքով կը կրակէ եւ ոտքերուն տակ կը փռէ Սայիտ Հալիմ փաշան ու կը հրամայէ թիկնապահ թուրք զինուորականին` վար նետել ձեռքի զէնքը, որ կը բարձրացնէր ինքնապաշտպանութեան համար: Երեւակայեցէք պատկերը. Արշաւիր կանգնած է կառքին մէջ, որ կը սուրայ, ոտքերուն տակ փռուած է թուրք փաշան, որ կը հռնդայ, քովը կծկտած է թուրք զինուորականը, որ կը դողդողայ, մինչ հայ հերոսը, ինչպէս Աքիլլէս, կը թռչի կարծես, երբ վերարկուն բացուած է հովէն ու կը ծփայ, եւ մինչ ձիերը կը վազեն սրարշաւ, քարատրոփ…
Արշաւիրի այս հերոսական յուշապատումը կը կարդացուի հեւ ի հեւ, մէկ շունչով:
Իր այնքա՜ն կենդանի նկարագրութեանց եւ դաշնակցականի հերոսերգութեան այս վկայութեանց արժէքը հաստատելէ ետք չեմ ուզեր մոռնալ Արշաւիրի մէկ ծրագիրը. թուրք արիւնարբու շուներուն` Իթթիհատի այս հրէշներուն հաշիւը մաքրելու համար կը հետեւի անոնց, տեղեկանալու համար, թէ ե՞րբ եւ ո՞ւր ժողով պիտի գումարեն, որպէսզի երկու ընկերով խուժեն ժողովատեղիէն ներս եւ տասը-քսանը մէկ անգամէն փռեն գետին:
Նման Սարդանաբաղեան խնճոյք մը միայն կրնար հովահարել հայուն սիրտը: Ափսո՜ս, ոմանք փախան ու պահուըտեցան, ոմանք Մալթա տարուեցան:
Սակայն Արշաւիր իր ծրագրին նախաճաշակը տուաւ Պերլինի մէջ` ընկերովի յարձակելով Պեհաէտտին Շաքիրի եւ Ճեմալ Ազմիի վրայ. երկու հրէշներ, որոնք նշանաւոր են` ծրագրած ըլլալով հայոց բնաջնջումը. մանաւանդ առաջինը, որ, ամէն մեղքիս վրայ, բժիշկ էր եւ թունաւոր ներարկումներով սպաննած է բազմաթիւ հայեր հիւանդանոցներու մէջ եւ հրահանգած է սակառներու մէջ լեցնել հայ մանուկները եւ ծով թափել, Տրապիզոնի առջեւ:
Ահա այս հրէշն էր, որ երբ դէմ յանդիման կու գայ Արշաւիրի, ատրճանակին փողը քիթին դէմ, սարսափահար կ՛աղաղակէ.
– Ա՜…
– Ա՞,- կը պատասխանէ Արշաւիր եւ կը կրակէ:
Միաժամանակ կը կրակէ ընկերը` Երկանեան եւ Պեհաէտտին Շաքիր ու Ճեմալ Ազմի կ՛իյնան իրարու վրայ, փողոցին մէջ, շանսատակ:
ՀՅ դաշնակցութեան օրուան առթիւ, յատկապէս այս օրուան առթիւ, ահա գիրքը, զոր պէտք է կարդալ: Այս օր ընթերցումի օր է, այս գիրքը կարդալու օրն է: Ի՞նչ կ՛ըսեմ, գիրք չէ, շարժանկա՜ր է, դիւցազներգական շարժապատկեր: Կարդացէք, ընթերցումի քաղցր պահեր ապրելու եւ հայու ձեր վրէժխնդրութեան ծարաւը յագեցնելու համար:
Նահատակները մեռան, մեր մեծ ու փոքր մեռելները ինկան` կտակելով, որ լուծուի վրէժը:
Այդ կտակն է, որ պիտի կարդաք այս գիրքով, եւ այդ կտակին գործադրութիւնն է, որ պիտի տեսնէք սքանչելի եւ կենդանի նկարագրութեան մը մէջ:
Երիտասա՛րդ, հա՛յ երիտասարդ, յիշէ, թէ ինչպէ՛ս կ՛աւանդուի. Մեծն Աղեքսանդր քսան տարեկան էր, երբ օր մը զինք գտան Աքիլլէսի գերեզմանին վրայ: Կու լա՜ր Աղեքսանդր: Երբ հարցուցին լացին պատճառը, պատասխանեց.
– Աքիլլէս դիւցազն էր արդէն, երբ քսան տարեկան էր: Ես ի՞նչ եմ դեռ, ոչի՜նչ, ոչի՜նչ, եւ քսա՜ն տարեկան եմ այսօր:
Հայ երիտասա՛րդ, քսանամեա՛յ երիտասարդ, կարդա՛ այս գիրքը, որպէսզի նման բարձր տենչեր, նման բարձր քոմփլեքսներ վառին հոգւոյդ մէջ` ի փառս հայութեան:
Շ. ՆԱՐԴՈՒՆԻ