ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր աշխատանքէն առաջ կամ վերջ ժամանակ տրամադրեցէք մարզանք ընելու, ինչ որ կը բարձրացնէ ձեր տրամադրութիւնը:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Շատ գովասանքներ մի՛ ակնկալէք, անոնք բնաւ կարեւոր չեն: Կարեւորը ձեր շուրջիններուն ձեր վրայ ունեցած վստահութիւնն է:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Դուք ձեզ գեղեցկացուցէք, պիտի չկարենաք երեւակայել, որ մարդ ինչպէս կը փոխուի այս ձեւով, երբ լաւ ներկայանայ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Յարձակունակ մի՛ ըլլաք, այս ձեւը ձեզ ոչ մէկ տեղ կը հասցնէ, ընդհակառա՛կը վատ տրամադրութիւն կը ստեղծէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեզ կը մեղադրեն, որ դուք աւանդութիւններու կը հետեւիք, ինչ որ ձեզի ցաւ կը պատճառէ, մինչդեռ կարեւոր է համերաշխ ապրիլ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Եթէ փափաքը ունիք ժամանցի մը կամ պտոյտի մը, առաջարկեցէք ձեր շուրջիններուն: Անոնք պիտի հետեւին ձեզի, մանաւանդ` երեխաները:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Մտածեցէք, ինչ որ կը փափաքիք ունենալ. երբեմն չէք գոհանար դուք ձեզմէ` առանց որեւէ պատճառի:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր թուղթերը եւ ձեռային աշխատանքները կատարեցէք օրը օրին: Վաղուան մի՛ սպասէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր սխալները ծածկելու համար ուրիշները նկատի մի՛ առնէք: Պէտք է լաւ մտածել անոնց մասին:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Միշտ չէք կրնար վստահիլ երկու անձի միջեւ եղած համաձայնութեան մը: Միշտ պիտի գտնուի անձ մը, որ օգտուի ուրիշներու տկարութենէն:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Շաբաթավերջին համար յայտագիր մը պատրաստեցէք, որմէ շատ գոհ պիտի մնաք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Որոշ հարցերու կամ դժուարութիւններու առջեւ դուք ձեր վրայ կը կծկուիք եւ կը տխրիք: Հեռու մնացէք նման մտածումներէ:
