Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (29 Յունուար 1966)

Յունուար 29, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Բագին»-ի Զրոյցները

Ե. Զրոյց

Շաբաթ, 22 յունուարին տեղի ունեցաւ «Բագին»-ի Ե. զրոյցը, խմբագրատան սրահին մէջ: Նիւթն էր` «ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մտածումները թատրոնի մասին»: Զեկուցաբեր` տոքթ. Բաբգէն Փափազեան:

Զեկուցաբերը նախ ծանօթութիւններ տուաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կեանքին, գրական նախափորձերուն եւ թատերական գրականութեան նուիրուելու անոր պատճառներուն մասին եւ, բուն նիւթին անցնելէ առաջ, ներկայացուց անոր գործերէն երկուքին` «Ճաղատ երգչուհին» եւ «Աթոռները» թատերախաղերուն բովանդակութիւնը եւ ընդգծեց յառաջապահ թատերագրին ձգտումը, սովորական գործողութիւններու ու խօսակցութիւններու մէջ դրած բուն մտածումը:

Այս ծանօթութիւններէն ետք տոքթ. Փափազեան ծանրացաւ Էօժէն Իոնեսքոյի մտածումներուն վրայ` հիմնուելով անոր դասախօսութիւնները, վէճերը, վերլուծումներն ու հաստատումները ամփոփող «Նոթ է քոնթրնոթ» հատորին վրայ: Աշխարհի բոլոր յառաջադէմ երկիրներու թատրոններ մուտք գործած ու համաշխարհային համբաւի տիրացած թատերագրին մտածումներէն մէջբերումներ ընելէ եւ զանոնք մեկնաբանելէ ետք, զեկուցաբերը առաւելաբար շեշտը դրաւ թատերագիրին նոր լեզու մը ստեղծելու, մարդկութեան նոր պատգամ մը տալու անոր առաջատար ձգտումին վրայ:

Ընդարձակ եւ մեծապէս շահեկան այս զեկոյցէն ետք տեղի ունեցաւ մտքերու փոխանակութիւն:

Խօսուեցաւ Էօժէն Իոնեսքոյի գրականութեան բանաստեղծական եւ ոչ բանաստեղծական կողմերուն մասին: Ուրիշ թատերագիրներէ զինք անջատող մասնայատկութիւններու եւ առհասարակ առաջապահ թատրոնին մասին:

Համաձայն յայտարարութեան, գրական այս զրոյցները տեղի պիտի ունենան 15 օրը անգամ մը, շաբաթ օրերուն, «Բագին»-ի խմբագրատան սրահին մէջ:

 

Դամասկոս

«Համազգային»-ի
Տարեկան Խրախճանքը

Շաբաթ, 10 յունուար 1966-ին «Ռեսթորան Սիւիս»-ի շքեղ սրահներուն մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի աւանդական խրախճանքը Ամանորի առիթով, որ եղաւ կատարեալ յաջողութիւն մը: Համազգայինի վայելած լայն ժողովրդականութիւնը առիթ տուաւ, որ ակնկալուածէն աւելի մարդիկ ներկայ ըլլան երեկոյթին վայելելու համար այլազան յայտագրի մը ստեղծած ոգեւորիչ մթնոլորտը:

Ժամը 9-ին լուսազարդուած սրահներու մէջ եւ փարթամ սեղաններու շուրջ սկսան տեղ գրաւել անդամ-անդամուհիներ` իրենց ընտանեկան պարագաներով: Ժամը 9:30-ին միութեան անունով Ժոզէֆ Ղազարեանի բարի գալուստի խօսքով երեկոն բացուած յայտարարուեցաւ. բոլոր ներկաները միահամուռ երգեցին «Սեղանն է առատ»-ը: Օրուան հաւաքոյթին մասին արաբերէնով ճառ մը կարդաց Ա. Քէշիշեան: Ապա տեղի ունեցաւ օրուան թամատայի ընտրութիւնը, ընդհանուրի բաղձանքով ընտրուեցաւ շէնշող բնաւորութեան տէր Նշան Սեֆերեան:

Փոխնիփոխ տեղի ունեցան երգեր, խմբերգներ, արտասանութիւններ, հաճելի պատմութիւններ: Ծանօթ երգիչ Ս. Քէշիշեան քանիցս երգեց հայ ժողովրդական երգեր իր թովիչ ձայնով, իսկ Յակոբ Խաճարեան սրամիտ ու զուարթ մենախօսութիւններով զուարճացուց ներկաները: Կաղանդչէքներու դժուարին բաժինը յանձն առած էր Ս. Պոյաճեան, որ սեղանակիցներուն մեծ մասին բաժին հանեց հաճելի եւ յարմար կաղանդչէքներ:

Զուարթ ու կենսուրախ մթնոլորտի մէջ հացկերոյթը շարունակուեցաւ մինչեւ առաւօտեան ժամերը: Ժողովուրդը ակամայ բաժնուեցաւ սրահէն շնորհաւորելէ ետք վարչութիւնը` իր այս օգտաշատ ձեռնարկին համար:

ԹՂԹԱԿԻՑ

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն Թիւ 16

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?