Ակնարկ
Ինտիրա Կանտի
Կին մը պիտի վարէ 400 միլիոն ժողովուրդի մը ճակատագիրը:
Ինտիրա Կանտի, 48 տարեկան, աղջիկը` հանգուցեալ վարչապետ Ժաւահարլալ Նեհրուի, Քոնկրեսի կուսակցութեան կողմէ, ձայներու ջախջախիչ մեծամասնութեամբ, կոչուեցաւ Լալ Պահատուր Շասթրիի դժուար յաջորդութեան:
Դժուարին, որովհետեւ Նեհրուի մահէն 19 ամիս ետք Հնդկաստան անճրկած կը մնայ այն բոլոր խնդիրներուն առջեւ, որոնք ցցուեցան հսկայ ցամաքամասին` քաղաքական ու տնտեսական անկախութեան ճամբուն վրայ:
Ժաւահարլալ Նեհրու, միջազգային դէմքի իր երազներով, անլոյծ ձգած էր այդ բոլոր խնդիրները: Ամէն անգամ որ անոնք կը սպառնային ներքին ճակատին Նեհրու արտաքին խնդիրներ կ՛արծարծէր (չինական վտանգ, Քաշմիրի թնճուկ) կարենալ իր հայրենակիցները հրահրելու եւ անոնց ուշադրութիւնը ներքին դժուարութիւններէն շեղելու համար:
Նեհրուի մահէն ետք Լալ Պահատուր Շասթրի, որուն համեստութիւնը առածի կարգ անցած է Գանգէսի ափերուն վրայ, ի զուր փորձեց ընթացք տալ այդ խնդիրներուն: Հնդկաստան, Դանայեան տակառի մը պէս կուլ տուաւ ամերիկեան միլիոնաւոր տոլարները, բայց անօթութիւնն ու թշուառութիւնը մնացին տիրապետող Կանտիի երկրին մէջ:
Շատ ճիշդ նկատել կու տար ֆրանսացի լրագրող մը, երբ կը գրէր.
«Շասթրի ձախողեցաւ քաղաքական իր ասպարէզին բոլոր ձեռնարկներուն մէջ, բայց յաջողցուց մէկ բան. իր մահը»:
Ունեցաւ հերոսի մը մահը, Թաշքենտի համաձայնութեան կնքումէն քանի մը ժամ ետք, ու թաղուեցաւ հերոսի մը պէս` արժանանալով իր ժողովուրդին յարգանքին:
Շասթրիի մահուան պատճառած յուզումէն ետք Հնդկաստանի վարիչները վերագտան իրենց մտահոգութիւնը: Քոնկրեսի կուսակցութիւնը` Կանտիի եւ Նեհրուի հիմնած քաղաքական մեծագոյն կազմակերպութիւնը, իր օրակարգին վրայ ունեցաւ Շասթրիի յաջողութեան ծանր խնդիրը:
Անուն մը պէտք էր, որ իր անձնական արժանիքներուն հետ ունենար նաեւ հմայքը Հնդկաստանի երբեմնի վարիչներուն:
Ինտիրա Կանտի, որ նոյն մականունը կրելով հանդերձ, ազգականական ոչ մէկ կապ ունի Մահաթմա Կանտիի հետ, հետ, կը լրացնէր բոլոր պայմանները` ըլլալու համար այն ղեկավարը, որ պիտի հանդիսանար Հնդկաստանի մեծութեան արտայայտութիւնը:
Համաշխարհային պատմութեան մէջ առաջին անգամն է, որ կին մը այսքան բազմամարդ ժողովուրդի մը ղեկավարութեան կը կոչուի, եթէ նկատի չունենանք Սէյլանի վարչապետուհին` Պանտարանէյքը, որ տարիներ շարունակ վարեց 90 միլիոննոց ժողովուրդ մը:
Իգական սեռին արժեւորումը եթէ Արեւմուտքի մէջ սկսաւ, Արեւելքը սակայն կրցաւ գործնականացնել զայն, Ինտիրա Կանտիներով:
«Բագին»-ի Զրոյցները
Դ. Զրոյց
Շաբաթ, 8 յունուար 1966-ին տեղի ունեցաւ «Բագինի զրոյցները» շարքին չորրորդը: Զրոյցին նիւթն էր Հայաստանի անուանի արձակագիրներէ Սերօ Խանզադեանի վերջերս (1965) լոյս ընծայած «Քաջարան» վէպը: Զեկուցաբեր` Կ. Սասունի:
Կ. Սասունի, ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացնելէ ետք «Քաջարան»-ը, շեշտեց, որ հեղինակը զգալի չափով ազատագրուած է սոցիալիստական իրապաշտութիւն անունով ծանօթ համայնավար գրական ուղղութենէն եւ յաջողած է տալ իրական պատկերացումը մեր երկրին մէջ Ստալինի եւ Բերիայի օրով ստեղծուած դաժան կեանքի դաժան պայմաններուն: Վէպին մթնոլորտին հետ` զեկուցաբերը տուաւ նաեւ գլխաւոր հերոսներուն բնութագիրը, առանձնապէս կանգ առնելով Բագրատ Ադամեանի, Գէորգ Փօլատեանի, Ոսկանեանի, ասոր աղջկան` Մայայի, Քաջարանի բնիկներ` Միքայէլ, Ափոյի ու Աթագ ազիի վրայ:Կ. Սասունիի զեկոյցէն ետք երեկոյթը վարող տոքթ. Բ. Փափազեան հրաւիրեց ներկաները, որ արտայայտուին «Քաջարան»-ի մասին:
Տեղի ունեցաւ մտքերու աշխուժ փոխանակութիւն:
Դիտուեցաւ, որ` «Քաջարան»-ի էջերուն կարեւոր մէկ տոկոսը խճողուած է կեանքի սովորական ու ամէնօրեայ մանրուքներով:
Շարժումը դանդաղ է:
Կիրքը` բացակայ:
Տիպարները` թերի եւ զուրկ ներկայացուցչական յատկանիշներէ:
Շահեկանութիւն ներկայացնող ամէնէն էական մասը, ընդհանուրին կարծիքով, վէպին մէջ տրուած վկայագրական բաժինը նկատուեցաւ, Ստալինի օրով ստեղծուած կամայականութիւններուն ու բարքերուն սեւեռումին նուիրուած բաժինը: