Կեանքը Էշրեֆիէի Մէջ (Պէյրութ)
Կարգապահ մթնոլորտի մէջ կատարուած ընտրութեամբ, հետեւեալ ազգայիններուն վիճակուեցաւ տանիլ թաղիս եկեղեցիին եւ վարժարանին ծանր, այլ քաղցր լուծը` իբրեւ թաղական.
Ս. Սարգիսեան (ատենապետ), Ժ. Փոլատեան (ատենադպիր), Գ. Գզիրեան (գանձապահ), Յ. Գույումճեան, Յ. Չպուքճեան, Պ. Նազարեան, Գ. Կիւրկենեան:
Նորընտիր թաղական խորհուրդը անմիջապէս անցաւ գործի եւ առաջին առիթով կազմակերպեց Ս. Յակոբայ տօնակատարութիւնը:
Թեմի առաջնորդ Տաճատ արք. Ուրֆալեան հրաւիրուած էր գլխաւորելու հոգեպարար արարողութիւնը, իր կողքին ունենալով, իբրեւ պատարագիչ, գերշ. Գարեգին եպս. Սարգիսեանը:
Ժողովուրդը խուռներամ եկած էր լսելու երկու սրբազանները եւ հաղորդուելու օրուան խորհուրդին:
Ի յարգանս առաջնորդ սրբազան հօր` շրջանիս արծուիկներն ու սկաուտները մինչ պատուի կը կենային զարդարուած դրան առջեւ, մատաղցուն իր արեամբ կը նուիրագործէր այս աւանդական օրը:
Եկեղեցական արարողութենէն անմիջապէս ետք Թաղական խորհուրդին կողմէ կազմակերպուած հիւրասիրութիւնը տեղի ունեցաւ աջահամբոյրի եկած ազգայիններուն, որոնց մէջ պատուոյ տեղ գրաւած էին Ս. Յակոբ եկեղեցիին համանուն ողբացեալ բարերար Ապաճեանի ազնիւ որդին` իր ընտանիքով, ինչպէս նաեւ` շրջանիս նորընտիր երեսփոխան Վ. Ամասեան:
Հիւրասիրութենէն ետք սրբազան հայրերը հրաւիրուեցան Թաղական խորհուրդին հիւրը ըլլալու Պաղտասար Նազարեանի տան մէջ:
Մտերմիկ, այլ շատ շահեկան խօսակցութիւն մը տեղի ունեցաւ այս առթիւ:
Գլխաւորաբար քննուեցաւ Ս. Յակոբայ «Եփրեմեան» միջնակարգ վարժարանը ընդարձակելու հարցը, որուն իրագործման համար առաջնորդ սրբազան հայրն ու Գարեգին եպս. Սարգիսեան, ինչպէս նաեւ երեսփոխան տիար Ամասեան խոստացան իրենց բարոյական աջակցութիւնը չզլանալ:
Փոխադարձ մաղթանքներով, յուսադրիչ խոստումներով եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ հիւրերը բաժնուեցան յաջորդ տարի զիրար գտնելու յոյսով, նորանոր յաջողութիւններու ակնկալութեամբ:
Ս. Յակոբայ «Եփրեմեան» Վարժարանի
Խրախճանք-Ճաշկերոյթ
Թաղական խորհուրդի գլխաւոր մտահոգութիւններէն մէկն ալ (չըսելու համար` գլխաւորը) իր խնամքին յանձնուած վարժարանին անհրաժեշտ վերելքն է:
Արդարեւ, այս տարի, 75 նորեկ աշակերտներով, անաղմուկ, այլ ինքնավստահ, միջնակարգի ծրագրով (պետական պրէօվէ) վարժարանը տակաւ ուռճանալու վրայ է:
Ծնողները եւ թաղեցիները ընդհանրապէս մեծ խանդավառութեամբ մէկտեղուած են դպրոցին շուրջ ու պատրաստ են ամէն զոհողութեան, վարժարանը նախանձելի եւ պատուաբեր բարձրութեան հասցնելու համար:
Այս մասին պերճախօս փաստ մը կարելի է նկատել դեկտեմբեր 25-ի երեկոյթը` կազմակերպուած վարժարանին կողմէ, Կաղանդի առթիւ, «Ազատամարտ» ակումբին մէջ:
Օրեր առաջ արդէն ծնողներ թէ դպրոցի բարեկամ ընտանիքներ պատրաստութեան մէջ են: Իւրաքանչիւրը խրախճանքի երեկոյեան համար պատրաստելիք ճաշ մը ունի, քաղցրեղէն մը: Ոմանք նիւթական նուէրներ կը փութացնեն, ուրիշներ խմիչք, պտուղ:
Ուսուցչական կազմը եւս իր ճաշի անակնկալը ունի:
Ձեռնարկ մըն է, որուն կազմակերպիչը լրիւ դպրոց մըն է իր մեծով-փոքրով: Ամէն ոք կ՛աշխատի բոլորին համար:
Ընտանեկան շա՛տ հարազատ մթնոլորտ:
«Ազատամարտ» ակումբին մէջ պարապ աթոռ-սեղան չկայ, քով-քովի, նեղ-նեղ նստած են ծնողները, բարեկամները:
Աշակերտները 4 պար պատրաստած են (արաբական տեպքէն` Մ. Պաշոյեանի կողմէ), որոնց յաջող ելոյթէն ետք պաշտօնական յայտագիրը կը վերջանայ:
Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբը հոն է իր զուարթ ու զուարթացնող անդամներով:
Մէկը կ՛արտասանէ, միւսը կ՛երգէ, խմբերգները կը յաջորդեն իրարու, խանդավառութիւնը կը տեւէ մինչեւ առաւօտեան ժամը 2:30:
Տպաւորիչ երկու խօսք կ՛ըսէ Յ. Իսկէնտէրեան` ազգային վարժարաններու ընդհանուր քննիչը:
Կենացները իրարու կը յաջորդեն, ինչպէս եւ` երգերը:
Ձեռնարկը չէ կազմակերպուած նիւթական ակնկալութեամբ:
Հիմնական մտահոգութիւնը վարժարանի տնօրէնութեան եւ Թաղական խորհուրդին մէկ ընտանիքի վերածուիլն է բանիւ եւ գործով:
Մտերմիկ այդ հաւաքոյթը վարժարանին կ՛ապահովէ մօտ 2000 լ. ոսկի:
Ոչ ոք ձեռնարկի մը իր մասնակցութիւնը բերած ըլլալու գոհունակութիւնը ունի:
Գոհունակութենէ աւելի է դէմքերուն վրայ տեսնուող ուրախութիւնը:
Ծնողները զգայնութիւնը ունին իրենց տան մէջ Կաղանդը տօնած ըլլալու հաճոյքին:
Իսկ վարժարանին նպաստելու կոչուած ձեռնա՞րկը. գիտեն էշրեֆիէցիները:
Մայիսին կազմակերպուելիք քերմե՛սն է, որուն շռնդալից յաջողութեան համար այժմէն իսկ կը պատրաստուին թաղի երիտասարդ-երիտասարդուհիները:
ԷՇՐԵՖԻԷՑԻ
Հալէպահայ Կեանք
Համազգայինի Երեկոները
Հինգշաբթի, 16 դեկտեմբերի երեկոյեան, անդամներու եւ համակիրներու խուռներամ բազմութիւն մը լեցուցած էր Հալէպի Համազգայինի «Մարտիկեան» սրահը: Միութիւնը բացումը կը կատարէր ձմրան եղանակի իր դասախօսական, գեղարուեստական, ընկերային ձեռնարկներու շարքին:
Միութեան նախագահ Պարգեւ Միսիրեանի բացման հակիրճ խօսքէն ետք օրուան նախագահ հայր Մեսրոպ Աշճեան իր խօսքը ըսաւ հայոց Գողգոթայի մասին, ապա բացատրողականը ըրաւ Յովհաննէս Շիրազի «Հայոց դանտէականը – հայ կոտորածների յաւերժասուգին» քերթուածավէպին:
Յարութիւն Ձորեցի ընթերցումը ըրաւ «Հայոց դանտէականը»-ին, ասմունքի ձեւով. անոր սահուն առոգանութիւնը, նիւթը ներկայացնելու ձեւը` կիսամութ սրահի մը մէջ, ապրումը յուզումի պահեր նուիրեցին ներկաներուն: Ձեռնարկը աւելի արժէքաւորուեցաւ իր նուագախառն եւ երգախառն բաժիններով. ամբողջ ասմունքի ընթացքին նիւթին հետ ներդաշնակ եւ առնչութիւն ունեցող երաժշտութիւն մը տրուեցաւ, իսկ երբ ակնարկութիւն կ՛ըլլար Կոմիտասին, Անդրանիկին, Սմբատին, Աղբիւր Սերոբին, Համազգայինի երգչախումբին մէկ մասը, ընկերակցութեամբ մենակատար Զուարթ Քէյվանեանի, անոնց նուիրուած երգեր կ՛երգէր, քովի սրահէն, մեղմ, գրաւիչ, յուզումնալից:
Համազգայինի այս եղանակին առաջին ելոյթը արձանագրեց յաջողութիւն մը, եւ լիայոյս ենք, որ անոր գրական, գեղարուեստական երեկոներուն շարքը պիտի արժանանայ նոյն ընդունելութեան` հալէպահայութեան շնորհելով վայելքի պահեր:
* * *
Կիրակի, 19 դեկտեմբերին, Համազգայինի անդամ-անդամուհիները հաւաքուած էին գինեսեղանի մը շուրջ, իրենց կեդրոնատեղին: Հանդիպումը կը կրէր զուտ անդամական բնոյթ:
Գործադրուեցաւ խիստ հետաքրքրական յայտագիր մը: Ընկերային յանձնախումբը ճիգ չէր խնայած տրամադրութիւնները բարձրացնելու առիթներ ստեղծելու համար: Մեներգ, նուագ, պար, սալոնային խաղեր իրարու յաջորդեցին` ստեղծելով ջերմիկ մթնոլորտ մը: Յաջորդաբար մեներգեցին` Զուարթ Քէյվանեան, Սարգիս Սարգիսեան, Կարապետ Ատանալեան, Գրիգոր Թիւթիւնճեան, Յովհաննէս Աւագեան: Մէջընդմէջ նուագեցին ՀՄԸՄ-ի երէց սկաուտներէ բաղկացած կիթառիստներու «Շեքըրս» խումբը, որ Հալէպի «Նետի Սաատ»-ին տրամադրած միջխմբային բաժակը շահած է, եւրոպական դասական պարերու ուղիով, ինչպէս նաեւ Համազգայինի նուագախումբը, որ հայկական պարերու շարք մը պարտադրեց ներկայ երկսեռ երիտասարդութեան, ոգեւորութիւնը հասցնելով գագաթնակէտին:
Ժամը 7:00-ին սկսած երեկոյթը վերջ գտաւ ժամը 10:15-ին:
Ծերանոցի Երեկոյթը
Հայ ծերանոցի խնամակալութեան օժանդակ տիկիններ գեղեցիկ գաղափարը ունեցած էին ճաշի սեղաններու շուրջ մէկտեղելու ծերանոցի բարեկամները: Ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ 16 դեկտեմբեր, հինգշաբթի, իրիկուան ժամը 8:00-ին:
Հարկ կա՞յ շեշտելու, որ այս հաւաքոյթն ալ մեծ յաջողութիւն ունեցաւ:
Ամէն ճաշկերոյթ առ հասարակ առ առաւելն մէկ ժամ կը տեւէ: Այս ժամը 8:00-ին յայտարարուած ճաշկերոյթը վերջացաւ կէս գիշերին, որովհետեւ ներկաներէն Գր. վրդ. Այվազեան, վեր. վեր. Խաչատուրեան եւ Գարճեան, Գարեգին քհնյ. Քիրազեան, բժիշկ Ահարոն Խաչատուրեան, Ասլան Ասլանեան, Յարութիւն Նազարեան, Լեւոն Երամեան, Բիւզանդ Պարսումեան, Թորոս Թերճանեան, Գէորգ Արմէնեան, Հրանդ Պարսումեան, Ալիս Նազարեան եւ Սիրուն Ճազուռեան իրենց անակնկալներով ստեղծեցին հաճելի մթնոլորտ:
Կը շնորհաւորենք օժանդակ տիկինները, որոնք շաբաթ մը ամբողջ, մոռցած իրենց ընտանեկան հոգերը, աշխատեցան ճաշկերոյթի յաջողութեան համար:
Փափաքելի էր, որ նման հաւաքոյթներ յաճախակի դառնային: