Տնտեսական Կեանք
Լիբանանի Ելեկտրական
Արտադրութիւնը
Լիբանանի ելեկտրական գրասենեակի հրատարակած տեղեկագրէն կ՛իմանանք, որ 1964-ին հսկայաքայլ յառաջդիմութիւն ունեցած են ելեկտրականութեան արտադրութիւնն ու սպառումը: Ներկայացուած վիճակագրական մանրամասն թիւերուն համաձայն, ելեկտրականութեան սպառումը 12,7 առ հարիւր յաւելում արձանագրած է` բաղդատմամբ 1933-ի: Այս սպառումը հասած է 530 միլիոն քիլովաթ ժամի, 1963-ի 470 միլիոնին դիմաց:
Ջրելեկտրականութեան եւ ջերմաելեկտրականութեան գործունէութիւնը գրեթէ հաւասար չափով զարգացած են: Արդարեւ, ջրայինը եղած է 276,6 միլիոն, իսկ ջերմայինը` 253,4 միլիոն քիլովաթժամ: Արտադրութեան բարձրացման մեծապէս նպաստած է Քարաունի ջրամբարը, որ կը գտնուի Պեքայի հարաւը:
Ծախսուած ելեկտրական հոսանքին քանակը բարձրացած է 493 միլիոնի քիլովաթժամի, կայ 227.958 բաժանորդ: Միւս կողմէ, 1964-ին նոր ծրագիրներու իրագործման համար ծախսուած է 10 միլիոն լ. ոսկի:
Պէյրութի մէջ 1964-ին, բաշխումի 120 նոր կեդրոններ հաստատուած են, յատկապէս` քաղաքին արեւմտեան կողմը, 5500 վոլթը բարձրացնելով 11 հազար վոլթի:
Ինչպէս ըսինք քիչ վերը, Լիբանանի ելեկտրականութիւնը կը ստացուի ջուրի եւ մազութի միջոցաւ: Հետեւեալ ելեկտրակայանները կ՛աշխատին ջրահոսանքներով. Ալպարատ, Ապու Ալի, Պալուզա, Մար Լիշա, Պեշարէ, Ժոզ, Նահր Իպրահիմ, Հրաշ, Վատի Արայէշ, Սաֆա եւ Ապտէլ Իւլ Գոր:
Իսկ մազութի միջոցաւ կ՛աշխատին. Պոհսաս, Հրայշի, Շեքքա, Զուք Միքայէլ, Զահլէ, Պէյրութ եւ Սայտա:
Ներկայիս ծրագրային աշխատանքներուն (որ գործադրութեան դրուած են) տրամադրուած է 120 միլիոն լ. ոսկի: Տրուած տեղեկագրին համաձայն, մեծ ուշադրութիւն պիտի դարձուի Պէյրութի լուսաւորութեան կանոնաւորման, տրուած ըլլալով, որ մայրաքաղաքը հետզհետէ կը մեծնայ եւ արդիւնաբերական գործարաններն ալ կը շատնան:
Այսպէս, Պէյրութի եւ շրջակայքին մէջ 5 հազար գործարաններ ելեկտրականութեամբ կ՛աշխատին, 800 միլիոն լ. ոսկի դրամագլուխով եւ 60 հազար աշխատաւորներով:
Ժէյիթայի Քարայրը
Լիբանանի բնական հրաշալիքներէն մէկն ալ Ժէյիթայի քարայրն է, որ կը գտնուի Պէյրութէն 15 քիլոմեթր հեռու, Ժիւնիէի ճամբուն վրայ, Նահր Քելպի հին կամուրջէն անմիջապէս ետք, դէպի աջ, մօտ երկու քմ հեռաւորութեան վրայ:
1965-ին այցելուներուն թիւը հասած է 143 հազարի: Դիւրացնելու համար երթեւեկը, քարայրին տնօրէնութիւնը ձեռնարկած է ճամբաներու շինութեան, ինքնաշարժներու համար մասնաւոր փարքինկներու յարդարման եւ ճոպանուղիի հաստատման աշխատանքներուն: Ճոպանուղին այն օգուտը պիտի ունենայ, որ տարին 12 ամիս կարելի պիտի ըլլայ այցելուներ փոխադրել դէպի քարայր, մինչդեռ ձմեռուան եղանակին, ջուրերուն պատճառով- 3-4 ամիս անկարելի կ՛ըլլար այցելել: Ապա ճոպանուղին 5 վայրկեանէն տեղ պիտի հասցնէ այցելուն` փոխադրելով ժամական 400 հոգի: Այցելուները, որոնք ամառը արեւին տակ, իսկ ձմեռն ալ անձրեւին տակ ստիպուած էին մօտ 500 մեթր տեղ քալել, այսուհետեւ ուղղակի մուտք պիտի գործեն քարայր:
Ինչպէս գիտէք, Զբօսաշրջութեան գրասենեակը մեծ կարեւորութիւն կու տայ Ժէյիթայի քարայրին, որուն ներքին մասը միայն հիացում կը պատճառէ այցելուներուն: Քարայրին ներսի պտոյտները կը կատարուին նաւակներով, գեղարուեստական լոյսերով զարդարուած մօտ 600 մեթր խորութեան մէջ:
Ուրեմն բոլոր աշխատանքները լրանալէ ետք, մուտքի գինը պիտի ըլլայ անձ գլուխ 3 լ. ոսկի: Կը կարծուի, որ 1970-ին կէս միլիոն այցելուներ պիտի երթան տեսնելու եւ սքանչանալու բնութեան այս հրաշալիքին վրայ:
Սամի Քարքապէ` Ժէյիթայի քարայրին տնօրէնը, վերաշինութեան եւ քարայրին ներքին լուսաւորութեան աշխատանքներուն համար 2.730.000 լ. ոսկի ծախս նախատեսած է:
Լիբանանի Զբօսաշրջութիւնը
Զբօսաշրջութիւնը Լիբանանի մէջ տարուէ տարի կը յառաջդիմէ` շնորհիւ թափուած կանոնաւոր աշխատանքին: Այսպէս, 1961-ին զբօսաշրջութեան ապահոված եկամուտը, որ գնահատուած էր 147 միլիոն լ. ոսկի, 1965-ին բարձրացած է 185 միլիոն ոսկիի: Բայց, ելեւմտական կարգ մը հիմնարկութիւններու կարծիքով, 1965-ի զբօսաշրջութեան եկամուտը հասած է 220 միլիոն լ. ոսկիի:
Արդարեւ, Լիբանանի հիւրանոցները բաղդատաբար թէ՛ աժան են եւ թէ՛ արդիական: Այսպէս, առաջին կարգի լիւքս հիւրանոցներու (ինչպէս «Ֆենիսիա» սակերը 2 անձի համար 40-60 լ. ոսկիի միջեւ կը տարուբերին: Իսկ միւս հիւրանոցներուն սակը (որոնք նոյնպէս ներկայանալի են) 12 լ. ոսկի է: Պէյրութ քաղաքը ունի 70 հիւրանոց` 3620 սենեակներով եւ 5800 մահճակալներով:
Այս հիւրանոցներուն միայն 11-ը առաջին կարգի են: Մնացածները բաժնուած են երկրորդ, երրորդ եւ չորրորդ կարգերու, որոշուած սակերով:
Զբօսաշրջութեան պատասխանատուներուն կարծիքով, Պէյրութ պէտք ունի աւելի շատ թիւով լիւքս հիւրանոցներու:
ԳԷՈՐԳ ՍԱԶՃԵԱՆ
Ակնարկ
Ճակատագիր
Խմբագրատուներու մէջ հեռագիր մեքենաները հազիւ աւարտած էին Թաշքենդի հնդիկեւփաքիստանեան համաձայնագրին լրատուութիւնը, երբ լախտի հարուածի մը նման իջաւ Հնդկաստանի վարչապետ Լալ Պահատուր Շասթրիի մահուան գոյժը:
Մինչ Ու Թանի եւ այլ ղեկավարներու նման դէմքեր կը պատրաստուէին շնորհաւորական հեռագիրներ ղրկել Շասթրիի եւ Էյուպ Խանի, վերջին վայրկեանին ստիպուեցան այդ հեռագիրները փոխել եւ ցաւակցական արտայայտութիւններով իրենց յարգանքը յայտնել յիշատակին մարդու մը, որ արժանաւոր յաջորդը եղած էր Նեհրուի:
Ժողովուրդներու կեանքին մէջ իսկապէս ժամեր կան, որոնք բախտորոշ դեր կը կատարեն: Եթէ մահը քանի մը ժամ առաջ հարուածած ըլլար Շասթրին, շատ հաւանաբար պիտի յետաձգուէր Թաշքենդի համաձայնագրին ստորագրութիւնը եւ պիտի յանձնուէր առկախումի մը անորոշութեան: Բայց ճակատագիրը ուզեց, որ Շասթրի իր աչքերը փակէ մարդկութեան եւ իր երկրին մեծ ծառայութիւն մատուցելէ ետք:
Այս իրողութենէն մեկնելով` նախախնամութեան տնօրինութեան հաւատալը քայլ մըն է միայն, որ շատերու կողմէ պիտի առնուի, մանաւանդ` ներկայ պարագային:
Թաշքենդի մէջ ստորագրուած համաձայնագիրը այսուհետեւ կտակի ուժ պիտի ունենայ եւ հաւանաբար կարենայ հալեցնել սառը, որ 1948-էն ի վեր գոյութիւն ունի երկու թշնամի եղբայրներու` Փաքիստանի եւ Հնդկաստանի միջեւ: Այդ պարագային, Շասթրիի մահը ի զուր պիտի չըլլայ:
Այս հաստատումէն ետք կարելի չէ լուռ անցնիլ նաեւ այլ իրողութեան մը վրայէն:
Խորհրդային դիւանագիտութիւնը անժխտելի յաջողութիւն մը արձանագրեց Թաշքենդի հանդիպումին բարեյաջող ելքով: Առաջին անգամն է, որ Մոսկուա իրաւարար կը կանգնէր ընկերվարական-համայնավար պլոքին չպատկանող երկու երկիրներու միջեւ, որոնք անդամ են Հասարակապետութեան եւ աւելի կամ պակաս չափով մաս կը կազմեն ազատ աշխարհի ընտանիքին:
Այսպիսով ստեղծուեցաւ նախընթաց մը միջազգային կեանքին մէջ: Բացի այդ, Խորհրդային Միութիւնը յաղթանակ մը տարաւ ի հեճուկս չինական դիւանագիտութեան, որ անցեալ օգոստոսին քաջալերած էր Քարաչին` Քաշմիրի տագնապին առթիւ վերջնագիր տալով Նոր Տելհիի:
Բոլոր նշանները ցոյց կու տան, որ ամերիկեան դիւանագիտութիւնը լաւ աչքով կը դիտէ Ասիոյ մէջ Խորհրդային Միութեան յառաջդիմութիւնը, որմէ վերջին հաշուով տուժողը պիտի ըլլայ Չինաստան:
Փեքինի մէջ Շելեփինի հանդէպ ցոյց տրուած վերաբերումը յայտարար նշանն է այս ճշմարտութեան:
X