Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (25 Յունուար 1966)

Յունուար 25, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յիշատակի Հանդէս, Նուիրուած`
Յովհաննէս Վրդ. Մըսըրեանի

Յովհաննէս վրդ. Մըսըրեանի յիշատակին նուիրուած հանդէսը, նախագահութեամբ լիբանանահայ թեմի երեք համայնքներու հոգեւոր պետերուն եւ նախաձեռնութեամբ «Սեն Ժոզեֆ» համալսարանի հայագիտութեան ամպիոնի շրջանաւարտներուն, արժանավայել շուքով տեղի ունեցաւ կիրակի, 23 յունուար 1966, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, «Սեն Ժոզեֆ» համալսարանի հանդիսասրահին մէջ:

Ներկայ էին` Իգնատիոս-Պետրոս ԺԶ. Պաթանեան պատրիարք, լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոս, վերապատուելի Ա. Հատիտեան, եպիսկոպոսներ, վարդապետներ եւ գրասէր հասարակութիւն մը, որ ծայրէ ծայր լեցուցած էր հանդիսասրահը:

Լիբանանահայ քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքը ըրաւ եւ հանդէսը վարեց Ոսկեբերան Արզումանեան: Յովհաննէս վրդ. Մըսըրեանի բազմարդիւն գործունէութեան շուրջ յարգանքի եւ երախտագիտութեան իր խօսքը ընելէ ետք, հրաւիրեց ներկաները պահ մը յոտնկայս եւ Տէրունական աղօթքով յարգել յիշատակը հանգուցեալ գիտնականին:

Օրուան առաջին բանախօսն էր Եր. Պապայեան, որ Յովհաննէս վրդ. Մըսըրեանը ներկայացուց իբրեւ ուսուցիչ:

Յիսուն տարի առաջ հայր Մըսըրեան օգնութեան կը հասնէր մեր գաղթական ժողովուրդին: Հալէպ թէ Պէյրութ` դպրոցներ կը բանար: Ուսուցիչի կոչումը նկատած էր իբրեւ նուիրական պարտականութիւնը հայուն: Կը սիրէր դպրոցը, կը սիրէր ուսուցիչի կոչումը, կիրքի վերածած էր զայն եւ մինչեւ իր ծերութեան օրերը աշխատեցաւ երիտասարդի մը պէս:

Իր կիրակնօրեայ դպրոցներով, «Սեն Ժոֆեզ» համալսարանի հայագիտական ամպիոնի կազմակերպած դասընթացքներով լիբանանահայ գաղութին տուաւ անհրաժեշտ սնունդը հայ մշակոյթին` պատրաստելով ուսուցիչներ եւ հայագէտներ:

Իր յիշատակին առջեւ կը խոնարհինք այսօր երկիւղածութեամբ եւ յարգանքով:

Ժ. Գույումճեան, դաշնակի ընկերակցութեամբ Ժան Հազարապետեանի, ապրումով մեներգեց Կոմիտաս վարդապետի «Ծիրանի ծառ»-ը եւ Մոցարթի «Ալելուիա»-ն:

Երկրորդ բանախօսն էր Հրաչ Տասնապետեան, որ ներկայացուց Յովհաննէս վրդ. Մըսըրեանը` իբրեւ գիտնականի:

Խոր վերլուծումով ներկայացուց բազմավաստակ գիտնականին գործը` զայն բաժնելով հինգ մասերու:

Ա.- Կրօնական-եկեղեցագիտական աշխատասիրութիւններ:

Բ.- Հայանպաստ քարոզչութիւն:

Գ.- Մատենագիտական, գրախօսական գործեր:

Դ.- Հայագիտական, արեւելագիտական, բիւզանդագիտական եւ հնագիտական գործնական ուսումնասիրութիւններ:

Ե.- Ազգային գրութիւններ:

Քննող, պրպտող ու խուզարկու միտք մըն էր, գիտնական մը, որ եղաւ նաեւ յաւերժական Հայաստանի եւ ամբողջական հայութեան պաշտամունքով ապրող հայ մարդը:

«Կռունկ» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Ս. Չաթրեանի, յաջողութեամբ խմբերգեց Ճէյմս Գոզալեանի «Ծիծեռնակ»-ը եւ Թ. Ալթունեանի «Մայր Արաքսի»-ն:

Երրորդ բանախօսն էր Մեսրոպ եպս. Թերզեան, որ ներկայացուց Յովհաննէս վրդ. Մըսըրեանը իբրեւ եկեղեցական:

Յաճախ տեսած ենք հայր Մըսըրեանը վտիտ, դալկահար, պարզ, խոհուն, ընկերական, խստակեաց, աշխատասէր եւ զոհաբերող: Հայր Մըսըրեան կազմեց ու ազնուացուց իր սիրտը եկեղեցական կոչումի պատրաստութեան շրջանին:

Կրօնաւորի իր հանգամանքով յարատեւօրէն ծառայեց իր նմաններուն եւ իր ժողովուրդին:

Ճշմարիտ կրօնաւորի վայել համապարփակ սէր մը կը տածէր իր ազգի բոլոր զաւակներուն հանդէպ:

Փակման խօսքը ըրաւ «Սեն Ժոզեֆ» համալսարանի նախագահ Ա. Տաղէր: Յայտնեց, թէ պիտի շարունակուի հայր Մըսըրեանի սկսած գործը, «Սեն Ժոզեֆ» համալսարանի հայագիտական ամպիոնը այսուհետեւ եւս պիտի ծառայէ հայ մշակոյթին եւ հայր Մըսըրեանի անունն ու գործը պիտի մնան անմահ:

 ՀՐԱԶԴԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

100 Տարի Անց. Հայաստանը Եւ Թուրքիան 2015-ին

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?