Հաղորդագրութիւն
Գարեգին Եպիսկոպոս Քոթայամի
(Հարաւային Հնդկաստան) Մէջ
Հնդկաստանի Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Պասիլիոս-Եւգինիոս կաթողիկոսէն Ս. Աթոռիս վեհափառ հայրապետ նորին Խորէն Ա. կաթողիկոսին ուղղուած հրաւէրին ի պատասխան, 23 դեկտեմբեր 1965-ին օդի ճամբով Քոթայամ մեկնեցաւ դպրեվանքիս տեսուչ Գարեգին եպս. Սարգիսեան` իբրեւ վեհափառ հայրապետին ներկայացուցիչը մասնակցելու համար Հնդիկ-Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ Քոթայամի դպրեվանքի հիմնադրութեան 150-ամեակի յոբելենական հանդիսութեանց:
Գարեգին սրբազան իրեն հետ կը տանէր վեհափառ հայրապետէն պատգամ մը` ուղղուած Նորին Սրբութեան եւ իր հաւատացեալ ժողովրդեան, որ կարդացուեցաւ բացման յոբելենական հանդիսութեան ընթացքին:
Երկու առիթներով, Երիտասարդաց համաժողովին եւ Եկեղեցականներու համագումարին, սրբազանը տուաւ զոյգ դասախօսութիւններ` «Երիտասարդութիւն եւ եկեղեցի» եւ «Աստուածաբանական ուսմունքները եւ եկեղեցւոյ վերազարթօնքը» նիւթերուն շուրջ: Հանդիսութեանց միոյն ընթացքին Կիլիկեան Ս. Աթոռին եւ վեհափառ հայրապետին շնորհաւորութիւններն ու մաղթանքները անգամ մը եւս ներկայացնելէ ետք, Պասիլիոս կաթողիկոսին յանձնեց վեհափառ հայրապետին նուէրը` Ճեզզինի ձեռարուեստի սեղանի կազմած մը:
Սրբազանը (հանդիսութեանց աւարտին) երբ հրաժեշտ կ՛առնէր Քոթայամէն, ի նշան եղբայրական սիրոյ եւ շնորհակալութեան, Պասիլիոս կաթողիկոս վեհափառ հայրապետին նուիրուած արծաթեայ բուրվառ մը յանձնեց անոր:
Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Մնայուն
Գործադիր Յանձնախումբին Ժողովը Գահիրէի Մէջ
Հնդկաստանէն վերադարձի ճամբուն վրայ, 4-12 յունուար 1966, Գարեգին եպս. Սարգիսեան Գահիրէի մէջ մասնակցեցաւ Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու հոգեւոր պետերու Ատիս Ապեպայի համագումարէն բխած մնայուն գործադիր յանձնաժողովի աշխատանքներուն: Սոյն խորհրդակցութեանց երկուական ներկայացուցիչներով կը մասնակցէին Եթովպիոյ, ասորի, ղպտի եւ հնդիկ ուղղափառ եկեղեցիները, ինչպէս նաեւ` Հայաստանեայց եկեղեցւոյ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը: Յունուար 7-ին, իբրեւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երկրորդ ներկայացուցիչ, Հալէպէն Գահիրէ մեկնեցաւ նաեւ Մեսրոպ վրդ. Աշճեան:
Ժողովը զբաղեցաւ Ատիս Ապեպայի անցեալ տարուան համագումարի որոշումներուն գործադրութեան միջոցներ գտնելու հարցով: Ժողովականներ այցելեցին նաեւ նախագահական պալատ, մասնակցեցան Ղպտի եկեղեցւոյ Ս. Ծննդեան արարողութիւններուն եւ ներկայացան ղպտի պատրիարքին: Յանուն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան` խօսք առաւ Գարեգին եպիսկոպոս եւ վեհափառ հայրապետին ողջոյններն ու բարեմաղթութիւնները փոխանցեց Կիրիլլոս պատրիարքին եւ Ղպտի եկեղեցւոյ հաւատացեալ ժողովուրդին:
Կիրիլլոս պատրիարքին եւս վեհափառ հայրապետը իբրեւ նուէր ղրկեց Ճեզզինի ձեռարուեստի սեղանի կազմած մը:
Միջեկեղեցական Օժանդակութեան Սուրիոյ Եւ
Լիբանանի Յանձնախումբին Ժողովը Անթիլիասի Մէջ
Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի միջեկեղեցական օժանդակութեան յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ վերջերս կազմուած միջեկեղեցական օժանդակութեան Սուրիոյ եւ Լիբանանի յանձնախումբը իր առաջին նիստը գումարեց Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, ուրբաթ, 21 յունուար 1966-ին, ատենապետութեամբ Երուսաղէմի անկլիքան արքեպիսկոպոս Մըքիննեսի:
Ժողովին կը մասնակցէին Անտիոքի յոյն-օրթոտոքս պատրիարքարանէն Թրիփոլիի առաջնորդ Իլիաս Գուրպան արքեպիսկոպոս (ժողովի անդամ Հալէպի Մուաուատ արքեպիսկոպոս կը բացակայէր), Ասորի եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Եփրեմ Աթանասիոս արքեպիսկոպոս, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչներ Գարեգին եպիսկոպոս եւ Մեսրոպ վրդ. Աշճեան, Հայ աւետարանական եկեղեցիէն` վեր. Յովհաննէս Ահարոնեան, Աւետարանական եկեղեցիներու խորհուրդէն` վեր. Տաղեր, Միջին Արեւելքի միջեկեղեցիներու գաղթականաց գրասենեակի քարտուղարուհի Հոութ Պլեք, որ միանգամայն այս ժողովին քարտուղարուհին էր, արաբ անկլիքան համայնքի հոգեւոր հովիւ Սամիր Քաֆիթի, Միջին Արեւելքի Աստուածաբանական դպրոցի դասախօս եւ ժողովին գանձապահ Թոփ, Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու երկրորդ ընդհանուր քարտուղար Ա. Իսթիրօ եւ Միջին Արեւելքի Քրիստոնեայ երիտասարդաց կազմակերպութեանց ընդհանուր քարտուղար Կապի Հապիպ:
Ի պատիւ հիւրերուն` վեհափառ հայրապետը ճաշկերոյթ մը տուաւ վեհարանին մէջ:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
24 յունուար 1966
Անթիլիաս