Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (30 Յունուար 1966)

Յունուար 30, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ Ժողովուրդի Հաւատարիմ Բարեկամ
Հարոլտ Պաքսթըն

Անգլիացի մեծանուն հայասէր Հարոլտ Պաքսթըն եպիսկոպոս, որուն ամբողջ կեանքը նուիրում մը եղած է մարդկութեան բարիքին, համալսարանական իր ուսումը ստացած է Քեմպրիճի մէջ:

Անկլիքան եկեղեցւոյ հոգեւորական, հովուական, հասարակական ու կրթական պաշտօններ վարած է Անգլիոյ, Կիպրոսի, Ճիպրալթարի եւ Անդրկովկասի մէջ, որոնց համար արժանացած է շքանշաններու:

1913-ին, Թուրքիոյ վարած հակահայ քաղաքականութեան շուրջ առարկայական տուեալներ ձեռք բերելու համար, Հարոլտ Պաքսթըն Անգլիոյ խորհրդարանի անդամ իր եղբօր հետ Հայաստան կ՛այցելէ:

1914-ին Պաքսթըն եղբայրները կը հրատարակեն «Ճամբորդութիւն եւ քաղաքականութիւն Հայաստանի մէջ» անգլերէն գիրքը, ուր հանգամանօրէն կը ներկայացնեն հայ ժողովուրդէն իրենց ստացած դրական, իսկ թուրքերէն եւ քիւրտերէն ստացած բացասական տպաւորութիւնները:

Գործօն անդամներէն «Պրիթիշ-Արմինիըն կոմիտէ»-ի Պաքսթըն եղբայրները յօդուածներով եւ գրքոյկներով անգլիացի ժողովուրդին կը ծանօթացնեն հայկական գաւառներու մէջ կատարուող անմարդկային արարքները եւ ամէն ճիգ կը թափեն, որպէսզի անգլիական խորհրդարանի միջոցով ճնշում բանեցուի թրքական կառավարութեան վրայ եւ իրագործուին խոստացուած բարենորոգումները:

Համաշխարհային Ա. պատերազմի օրերուն, Լոնտոնի քաղաքապետի նախագահութեամբ, կը հիմնուի «Լոնտոնի լորտ քաղաքապետի ֆոնտ` հայ գաղթականներուն համար» կազմակերպութիւնը, որ կը յաջողի մօտ կէս միլիոն անգլիական թղթոսկի գոյացնել:

Հարոլտ Պաքսթըն, իբրեւ պետը «Լորտ քաղաքապետի ֆոնտ»-ին, 1915-ին Մոսկուայի վրայով կ՛անցնի Արեւելեան Հայաստան: Իր ջանքերով Էրզրումի մէջ կը հիմնուի հիւանդանոց մը, իսկ Երեւանի մէջ` գաղթականներու տուն մը:

Հայաստանի մէջ Հարոլտ Պաքսթըն արժանացած է հայ ժողովուրդի անվերապահ յարգանքին ու վստահութեան:

Մեր յեղափոխական գործիչներէն Մուրատ Վանէն Հարոլտ Պաքսթընի գրած իր 14 յունիս 1916 թուակիր նամակին մէջ կը գրէ, ի մէջ այլոց.

«Աւելորդ է խօսիլ ձեր մարդասիրական զգացմանց մասին` մասնաւորապէս դէպի հայերը: Համաշխարհային այս ահեղ պատերազմի մէջ, որուն մասնակից է ձեր հայրենիքը եւս, դուք եկած էք սփոփելու մեզ` հայ ժողովուրդի մնացորդներս եւ սրբելու անտէր որբերու արցունքը: Ձեր այդ վարմունքը այսպիսի րոպէի մը մէջ` մեր ամենամեծ մխիթարութիւնն է»:

Զինադադարէն ետք, 1922-ին, իբրեւ նանսենեան կազմակերպութեան գործօն անդամ, Հարոլտ Պաքսթըն երրորդ անգամ ըլլալով կ՛երթայ Հայաստան` որբանոցներ հիմնելու եւ սովեալներուն օժանդակելու համար:

Գէորգ Ե. կաթողիկոս 1922 յունուար 12 թուակիր կոնդակով Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ շքանշանով կը պատուէ Հարոլտ Պաքսթընը` հայ ժողովուրդին մատուցած իր թանկագին ծառայութիւններուն համար:

Անգլիական շրջանակներուն ծանօթացնելու համար հայ ժողովուրդն ու եկեղեցին` Հարոլտ Պաքսթըն, 1919-ին կը հրատարակէ «Հայ եկեղեցին» գրքոյկը, որուն մէջ նկարագրած է իր Հայաստան կատարած երրորդ այցելութիւնը:

Այսօր, 85-ամեայ ծերունի,  Հարոլտ Պաքսթըն եպիսկոպոս կը շարունակէ հետաքրքրուիլ հայ ժողովուրդի կեանքով մնալով միշտ մեծ բարեկամ մը:

«ԱՐԵԳԱԿ»

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ցուրտ Շրջաններու Բնակիչները

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?