Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (26 Յունուար 1966)

Յունուար 26, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաշտօնական Զեկոյց

Եղեռնի 50-Ամեակի
Կեդրոնական Յանձնախումբի

Եղեռնի 50-ամեակի ոգեկոչական, ազգային թէ յարաբերական ծանօթ գործունէութեանց իբրեւ բնական շարունակութիւն` Կեդրոնական յանձնախումբս վերջին քանի մը ամիսներուն իրագործած է եւ պիտի իրագործէ կարգ մը նոր նախաձեռնութիւններ, որոնք թէեւ տեղի կ՛ունենան անաղմուկ, սակայն սերտ կապ ունին հայութեան արդար Դատի ծանօթացման ու արծարծումի աշխատանքին հետ:

Կ՛ուզենք ապահովութիւն ընծայել ամերիկահայութեան, ու առհասարակ` բովանդակ հայութեան, թէ 1965-ով չենք սահմանափակեր մեր գործունէութիւնը ի նպաստ Հայ դատի արծարծումին եւ յատկապէս հետապնդումին` Թուրքիոյ կողմէ կապտուած հայկական հողերուն, որոնք պէտք է վերադարձուին իրաւատէր հայութեան: 1965-ը նոր հանգրուան մըն էր մեզի համար` թափ տալու Հայ դատին ի նպաստ տասնամեակներէ ի վեր ծրագրուած կամ իրագործուած աշխատանքներուն:

Մենք վստահօրէն առիթը պիտի ունենանք խօսելու այս ուղղութեամբ մօտաւոր ապագային:

Մինչ այդ կ՛ուզենք տեղեկացնել յարգոյ հասարակութեան, թէ`

Յարգանքի Այց` Վսեմ. Կարտինալ Քուշինկի

3 յունուար 1966, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, յանուն Եղեռնի 50-ամեակի Կեդրոնական յանձնախումբին ու ամերիկահայ Հայ դատի յանձնախումբին, փրոֆ. Սեդրակ Մինաս եւ իրաւագէտ Արամ Գալուստեան, ընկերակցութեամբ յանձնախումբի յարաբերական աշխատանքներու խորհրդատու պարոն Ուիլիըմ Ֆրերի Ֆոն Պլոմպերկի, մասնաւոր ժամադրութեամբ յարգանքի այցելութիւն մը տուին կարտինալ Ռիչըրտ Քուշինկի` հայութեան անունով յայտնելու համար իրենց շնորհակալութիւնը այն ազնիւ, անվերապահօրէն բարեացակամ ու արդար վերաբերումին համար, որով ինք, անձնապէս, ինչպէս նաեւ իր հովանաւորութեան տակ Կաթողիկէ եկեղեցին գործօն կերպով բերին իրենց մասնակցութիւնը Եղեռնի 50-ամեակի ոգեկոչական հանդիսութեանց եւ մասնաւորաբար Պոսթընի մէջ, 24 ապրիլ 1965-ին, կաթողիկէ մայր եկեղեցիին մէջ յարգանքի ու հոգեհանգստեան հանդիսաւոր արարողութիւն կատարեցին յատուկ պատարագով եւ օրուան պատշաճ քարոզով` շեշտելով քաղաքակիրթ հայութեան արժանաւորութիւնը` տէր դառնալու իր բոլոր տեսակի իրաւունքներուն:

Փրոֆ. Սեդրակ Մինաս այս այցելութեան առիթով կարտինալին յանձնեց Կեդրոնական յանձնախումբին կողմէ յատկապէս պատրաստուած ալպոմ-յուշամատեան մը, որուն մէջ յանձնախումբը մէկտեղած էր Պոսթընի 24 ապրիլ 1965-ի ոգեկոչական հանդիսութեանց նկարները, ինչպէս նաեւ հայութեան իրաւունքները բանաձեւող պաշտօնական գրութիւն մը` Կեդրոնական յանձնախումբին կողմէ:

Փրոֆ. Սեդրակ Մինաս այս առթիւ շեշտեց մասնաւորաբար. «Դո՛ւք, կարտինալ, ոչ միայն եկեղեցւոյ իսկական իշխան մը, այլեւ մարդկային իրաւունքներու ախոյեան մըն էք. ձեզի ընծայուած այս յուշամատեանով, որուն մէկ օրինակն ալ պիտի յղուի Պօղոս Զ. պապին, մենք եւ հայութիւնը կ՛ուզենք յայտնել ձեզի մեր երախտիքը»:

Շնորհակալութեան իր փոխադարձ արտայայտութեանց կարգին, կարտինալ Քուշինկ, պատրաստակամութիւն յայտնած ըլլալով ստանձնելու Հայ դատի յանձնախումբի բարոյական նախագահութիւնը, Կեդրոնական յանձնախումբի եւ Հայ դատի ներկայացուցիչները նաեւ այս առթիւ յայտնած են իրենց շնորհակալութիւնը եւ դիտել տուած են, թէ կարտինալին 1965-ին 50-ամեակին առիթով ըրած զանազան արդար ու կորովի յայտարարութիւնները կրօնական եւ աշխարհագրական սահմանները գլած անցած են եւ հասած` բոլոր ժողովուրդներու մտքին, հոգիին ու խղճին:

«Ձերդ վսեմութեան այս կեցուածքը ուժ ու քաջալերանք կը հանդիսանայ մեզի համար` նոր թափով ու կորովով շարունակելու արծարծումն ու հետապնդումը շատերէն մոռցուած մեր Դատին ու պատմական իրաւունքներուն: Այն իրողութիւնը, որ դուք գործնապէս կը պաշտպանէք հայոց իրաւունքները, կ՛արտայայտեն ձեր բովանդակ կեանքի հաւատոյ հանգանակը – ա՛յն է` պաշտպան կանգնիլ փոքր ու անիրաւուած ժողովուրդներուն»:

Կարտինալը այս առթիւ անգամ մը եւս հաստատեց, թէ իսկապէս «շատերէն անտեսուած արդար Դատ մըն է» հայոց ժողովուրդին Դատը եւ, թէ ինք ստանձնելով բարոյական նախագահութիւնը Հայ դատի յանձնախումբին, միշտ յօժարակամ ու պատրաստ պիտի ըլլայ ի նպաստ արդար իրաւունքներու գործնական արտայայտութեանց:

Կարտինալը ապա լուսանկարուած է մեր ներկայացուցիչներուն հետ եւ կէս ժամուան այս պաշտօնական ընդունելութիւնը վերջ գտած է ջերմ մթնոլորտի մէջ:

Քարտուղարութիւն Եղեռնի 50-Ամեակի
Կեդրոնական Յանձնախումբի

ԾԱՆՕԹ.- Կեդրոնական յանձնախումբս այլ նախաձեռնութեանց ու աշխատանքներու մասին առիթ պիտի ունենայ հրատարակելու իր պաշտօնական տեղեկատուութիւնը մօտաւոր օրերու ընթացքին:

ՆՈՅՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Հարցազրոյց – Խորհրդարանում Ինձ Ասում Են Հայ Կարօ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?