Ու Ես Կ՛երթամ…
Աշտիշատ
19 յուլիս 1964, կիրակի:
Օրն է կիրակի, Մութն ու լուսուն կ՛արթննամ: Տարբեր աշխարհի մը մէջ եմ… Հոգիս ցնծութեան մէջ է: Քանի վայրկեանները կը սահին, ես անհանգիստ կ՛ըլլամ: Ներսս հրաբուխի պէս կ՛եռայ: Շարժավարը խօսք տուած էր, պէտք էր կանուխ գար… Արեւը չծագած պէտք է Աշտիշատ ըլլամ…
Կառքի մը դղրդիւնը սիրտս ուրախութեամբ կը լեցնէ: Անմիջապէս դուրս կը խոյանամ եւ կառքին մէջ կը նետուիմ… ցասումս դեռ չէ մեղմացած. շարժավարը կը յանդիմանեմ.
– Ահմետ, տղա՛ս, մեզ ուշ ձգեցիր, պէտք է աճապարես…
– Ամուճա, հոգ մի՛ ըներ. ես ձեզ շուտով կը տանիմ,- ըսելով` կառքը արագօրէն ճամբայ հանեց: Առաւօտեան մթնշաղին, կայծակի պէս սուրալով, դէպի Աշտիշատ… ես կ՛երթամ…
Մեղրագետի վրայ կառուցուած քարէ մեծ կամուրջի մը առջեւ կանգ կ՛առնենք: Այս կամուրջին շինութեան պատմութիւնը երէկ գիշեր իմացեր էի:
Մշեցի մեծահարուստ հայ մը` Քոճախան, զայն շինել տալու համար Կարինէն հայ վարպետներ կը հրաւիրէ: Առաջին գիշերը, երբ վարպետները Քոճախանին տունը կը հիւրասիրուին, ճաշէն ետք, հիւրերուն ծխամորճերը վառելու համար, աղային հարսը լուցկի կը վառէ: Աղան անմիջապէս տղուն կը հրամայէ, որ իր կինը վտարէ… «Այլապէս այս շռայլ կինը մեզ կը սնանկացնէ», կ՛ըսէ… Վարպետները այս կծծի մարդուն ելոյթը տեսնելով` համոզում կը գոյացնեն, թէ ան այսպիսի մեծածախս գործ մըն չի կրնար ընել տալ…
Յաջորդ առաւօտ, երբ Քոճախան վարպետները կամուրջին շինութեան վայրը կը տանի, վարպետները կ՛առարկեն, թէ հոն կարելի չէ կամուրջ շինել: Խորամանկ մարդը, վարպետներուն տրամադրութիւնը գուշակած ըլլալով, կը հարցնէ.
– Վարպետնե՛ր, հոս քանի՞ կամարով կամուրջ մը կարելի է շինել:
Վարպետներն ալ խորհելով, թէ մարդը այսպիսի մեծածախս յանձնառութեան մը տակ չի կրնար մտնել, տասներկու կամարով հազիւ կարելի է կը պատասխանեն: Քոճախան, առանց վարանելու մէջքի գօտիին մէջէն տասներկու քսակ հանելով, ասի մէկ, ասի երկու, ասի երեք ըսելով` տասներկու քսակ ոսկի ջուրը կը նետէ եւ կ՛աւելցնէ.
– Վարպետնե՛ր, ասոնք հիմերուն համար են: Եթէ պէտք ըլլայ, նորէն կու տամ… Դուք երէկ գիշերուան պատահարէն դատելով կարծեցիք, թէ ես մեծագումար ծախսեր չեմ կրնար ընել… Ես այս հարստութիւնս խնայելով դիզած եմ, բայց բարեգործութեան համար չեմ խնայեր…
Այդ ազնուասիրտ հայուն յիշատակը մինչեւ այսօր մշեցիներուն սրտին մէջ վառ կը մնայ եւ անոր անունը երախտագիտութեամբ կը յիշուի: Ես ալ կամուրջը քալելով անցնելէ եւ բարերար Քոճախանի հոգւոյն հոգոց մը արտասանելէ ետք ուղղուեցայ դէպի Աշտիշատ: Ու ես կ՛երթամ…
Արտերու մէջէն կ՛առաջանանք: Արեւու առաջին ճառագայթներով Աշտիշատը կ՛ողջունեմ: Վեհափառ է տեսարանը… Բարձրաձայն կը սկսիմ «Առաւօտ լուսոյ» երգել… Հի՜ն, շա՛տ հին դարերու գաղտնիքը ծածկող վարագոյրը բացուած է… Առուակի մը եզերքը կանգ կ՛առնեմ եւ հեռուի տեսարանը կուշտ ու կուռ կը դիտեմ…
Քովէս վազող ջուրը Արածանիի նուիրական ջուրն է: Կը ծնրադրեմ: կը լուացուիմ ու կ՛արբենամ: Նախնեացս մկրտարանէն մաքրուած ու վերածնած Վահագնի բագինին ընծայ` ու ես կ՛երթամ…
Վահէ-Վահեան եռաբագինեան մեհեանի բարձրաւանդակին քանի՛ կը մօտենամ, կուրծքիս հեւքը կ՛աւելնայ… Ա՛լ ամէն ինչ յստակ կը տեսնեմ: Անցեալի փառքի կոթողէն բեկոր մը միայն նորեկ ուխտաւորը կարօտով կը բարեւէ: Ոեւէ մէկէն արտօնութիւն չառած` ներս կը մտնեմ…
Ո՜հ, պապերուս նուիրական սրբավայրը… Դուք հոս աղօթեր, ձեր սպիտակ ցուլերը հոս զեներ էք… Սպիտակ աղաւնիներով ձեր իղձերը այստեղէն վեր առաքեր էք… Այսօր ձեր լռած դարաւոր օրհնութիւնը վերաձայնելու ես եկայ…
Մեծ խորհուրդի նուիրական պահը կը տողանցէ… Վերը` Սօսեաց անտառին մէջ դարաւոր հսկայ ծառերը կ՛երգեն: Ճերմակ ցուլերու հօտերը եւ ճերմակ ձիերու երամակները Արածանիի մաքուր ջուրերուն մէջ կը սրբագործուին… Ամբոխը լուռ ու գլխահակ եւ ծնրադիր Աստղիկը կը սպասէ… Մշուշին մէջ քողարկուած պարկեշտութեան տիպար օրիորդ ընծաները կը սրբագործէ… Մեծ իշխանը առջեւէն, ուխտաւորները ճերմակ ձիերու վրայ նստած, ճերմակ ցուլերու պախուրձէն բռնած` զոհարան ուխտի կ՛երթան.. Ես ալ, իբրեւ մեծ ուխտաւոր ու մեծ իշխան, ու ես կ՛երթամ…
Թափօրը դէպի մեհեան կը յառաջանայ… Առջեւէն, մէկ կողմը ճերմակներ հագած օրիորդներ, մէկ ձեռքով աման մը գինի, միւսով ալ ճերմակ աղաւնի մը բռնած են… Միւս կողմը` կարմիր պարեգօտներ հագած երիտասարդներ, որոնք մէկ ձեռքով սուր, միւսով ալ ճերմակ վարդերէ շինուած պսակ մը բռնած են…
Մեհեանին առջեւ գուսանները գոհաբանական մեղեդիներ կը սկսին նուագել… Աղաւնիները օդին մէջ կը ճախրեն… Երիտասարդները իրենց պսակները օրիորդներուն ճակատները կը դնեն եւ իրենց հրամցուած գինին կ՛ըմպեն… Ապա խարոյկը կը բոցավառի եւ շուրջպարը կը սկսի… Ուխտագնաց եւ մեծ քրմապետ ու ես կ՛երթամ…
Վահագնը խրոխտ, Անահիտը պահպանող, Աստղիկը պարկեշտ, ցեղիս առաքինութեանց խորհրդանիշ կոթողին դիմաց, ցեղիս ներկայացուցիչ, ու ես կ՛երթամ…
Ընդարձակ տարածութեան մը վրայ գետնի սալարկումները Վահէ Վահեան մեհեանի հոյակապ կառոյցին վկաները կը մնան:
Աշտիշատի մէջ 28 թիւ Տերվիշ աղայի տան մէջ գտնուած մեծ խաչքարը գլուխ գործոց մըն է: Տերվիշ աղան խոստովանեցաւ, որ այս քարին վրայի փորուած մասերը ոսկիով ու արծաթով լեցուած են եղեր…
Աշտիշատի մէջ, հոս-հոն, տուներու պատերուն վրայ խաչքարեր, հայերէն արձանագրութիւններ կան, բայց, դժբախտաբար, գիրերը մաշած ըլլալուն` կարելի չեղաւ կարդալ
ՇԱՒԱՐՇ ՔՀՆՅ. ՊԱԼԸՄԵԱՆ
15 Միլիոն Լ. Ոսկի
Ֆրանսական Նոր Հիւանդանոց Մը
Շինելու Համար Պէյրութի Մէջ
Ֆրանսական կառավարութիւնը պաշտօնապէս տեղեկութիւն տուաւ լիբանանեան իշխանութիւններուն, թէ 15 միլիոն լ. ոսկիի գումար մը դրուած է ֆրանսական հիւանդանոցային ընկերակցութեան տրամադրութեան տակ` Լիբանանի ֆրանսական հիւանդանոցներու արդիականացման համար:
Այս գումարը, ըստ լաւատեղեակ աղբիւրներու, պիտի յատկացուի 400 մահճակալնոց նոր հիւանդանոցի մը շինութեան, որ կախում պիտի ունենայ «Օթել-Տիէօ տը ֆրանս»-էն: Այս հիւանդանոցը պիտի օժտուի ամէնէն արդիական կազմածներով: Պիտի ունենայ ընդհանուր վիրաբուժութեան ճիւղ մը, դարմանումի ճիւղ մը եւ ուրիշ մը` ստիպողական պարագաներու:
Նոյն աղբիւրին համաձայն, այս գումարին յատկացումը ուղղակի արդիւնք է այն խօսակցութիւններուն, որ նախագահ Հելու ունեցաւ զօրավար տը Կոլի հետ, Ֆրանսա իր այցելութեան առթիւ:
Յիշեցնենք, որ այդ խօսակցութիւններուն փակումէն ետք հրատարակուեցաւ միացեալ զեկոյց մը, որուն համաձայն, ֆրանսական կառավարութիւնը յանձն կ՛առնէր իր օժանդակութիւնը ընծայելու Լիբանանի` զանազան մարզերու մէջ:
Ի պատասխան հարցումի մը, «Օթել Տիէօ»-ի տնօրէն փրոֆ. Ժոհաննի յայտարարեց, թէ Պէյրութի ֆրանսական դեսպանատունը պիտի հսկէ այս արդիական հիւանդանոցին շինութեան: Յատակագիծը պատրաստուած է եւ վաւերացուած` պատկան իշխանութիւններուն կողմէ:
Բուն աշխատանքները պիտի սկսին օգոստոսին եւ պիտի աւարտին երեք տարիէն: